ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ոսկրաթեքութիւնը ոսկորներու հիւանդութիւն մըն է: Ան տեղի կ՛ունենայ, երբ Տէ (vit. D) կենսանիւթը, կրածինը (calcium) եւ ֆոսֆորը (phophoru ) կը նուազին մարմնին մէջ: Այս երեքը շատ կարեւոր ազդակներ են` ոսկորներու առողջ աճման, զօրաւոր կազմաւորման եւ առողջութեան: Ոսկրաթեքութիւն ունեցող անհատը կ՛ունենայ տկար, կակուղ եւ փխրուն ոսկորներ, աճման դանդաղում եւ ոսկորներու տձեւութիւններ:
Ոսկրաթեքութիւնը ընդհանրապէս մանկական հիւանդութիւն մըն է, բայց կրնայ պատահիլ նաեւ չափահասներու:
Տէ կենսանիւթը կ՛օգնէ բարակ աղիքներ հասած կրածինի եւ ֆոսֆորի ներծծման` աղիքներու պատերէն դէպի մարմին: Բնականէն նուազ Տէ կենսանիւթի գոյութիւնը աղիքներուն մէջ պատճառ կը դառնայ կրածինի եւ ֆոսֆորի նուազ ներծծման:
Տէ կենսանիւթը եւ կրածինը մեր սպառած կերակուրներուն հետ կը կանոնաւորեն ոսկրաթեքութեան ոսկրային հարցերը:
Տէ կենսանիւթի նուազումը մարմնին մէջ կը յառաջացնէ`
- Մկանային եւ ոսկրային թուլութիւն,
- Ընկճուածութիւն,
- Ցաւի բարձր զգայնութիւն,
- Լինտային երկարատեւ հիւանդութիւններ եւ արիւնահոսութիւն,
- Արեան բարձր գերճնշում,
- Յոգնածութիւն ու քնոտութիւն,
- Տրամադրութեան փոփոխութիւն,
- Դիմադրողականութեան եւ ուժականութեան նուազում,
- Մարսողութեան հետ կապուած խնդիրներ,
- Գերքրտնութիւն,
- Գերզգայնութիւն:
Տէ կենսանիւթի աղիքներուն պատերէն ներծծումը կը նուազի եւ կը խանգարուի կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառով: Այս հիւանդութիւններէն են` celiac հիւանդութիւն, աղիքներու բորբոքում, cystic fibrosis եւ երիկամային հիւանդութիւններ:

Ոսկրաթեքութեան ախտանշաններն են`
- Մարմնական ընդհանուր աճման դանդաղում եւ ուշացում,
- Քալելու, շարժելու եւ վազելու անկարողութիւն,
- Ողնայարի, կոնքի եւ սրունքներու ցաւ,
- Ոսկրային տձեւութիւններ` աղեղաւոր-կոր (bowed) սրունքներ, ներսադարձ ծունկ (knock knee),
- Դաստակի եւ կրունկի ծաւալում,
- Կրծքոսկորի (breast bone) ցցունութիւն,
- Ոսկորներու կոտրուածք,
- Ակռաներու հիւանդութիւններ եւ բոսիկներու կազմութիւն,
- Մկանային տկարութիւն եւ պրկուածութիւն:
Ոսկրաթեքութեան ախտապատճառներն են`
- Տէ կենսանիւթի, կրածինի եւ ֆոսֆորի քիչ սպառումը:
- Տէ կենսանիւթը առաւելաբար եւ բնականաբար կը ստանանք արեւու ճառագայթներէն եւ մեր սպառած սննդանիւթերէն, օրինակ` ձուկ, ձկան իւղ, հաւկիթ, կաթ:
Ոսկրաթեքութիւն ունենալու հաւանականութիւնը աւելի է`
- Թուխ-սեւ գոյն մորթ ունեցող անձերուն մօտ, որովհետեւ անոնք աւելի մելանին (melanin) ունին իրենց մորթին մէջ: Մելանինը արգելք կը հանդիսանայ Տէ կենսանիւթի ներծծման մորթէն ներս:
- Յղի կիներուն, որովհետեւ անոնք բաւարար Տէ կենսանիւթ չեն սպառեր:
- Արեւու ճառագայթներուն նուազ ենթակայ եղողներուն:
- Կանխահաս ծնող մանուկներուն (premature):
- Կաթնտու մայրերուն, որոնց կաթը բնականէն նուազ Տէ կենսանիւթ կը պարունակէ:
Ոսկրաթեքութեան պատճառով կը պատահին որոշ բարդութիւններ` կոր եւ անբնական ողնայար, ոսկորներու ընդհանուր տկարութիւն, ակռաներու տձեւութիւններ եւ մարմնական ցնցումներ:
Կարելի՞ է կանխարգիլել ոսկրաթեքութիւնը. Այո՛, հետեւեալ միջոցներով`
- Օրական 20-30 վայրկեան կէսօրէ առաջ եւ կամ ետք ենթակայ ըլլալով արեւու ճառագայթներուն: Սակայն երկար ժամեր արեւու ճառագայթներուն ենթակայութիւնը ունի իր վնասները, որոնցմէ կարեւորագոյնը մորթի քաղցկեղն է: Հետեւաբար երկար ժամեր եւ մանաւանդ կէսօրուան ժամերուն պէտք է գործածել յատուկ արեւարգելքներ եւ կամ պաշտպանողական հագուստներ:
- Տէ. կենսանիւթով հարուստ սննդեղէններ ուտելով` ձուկ, մասնաւորապէս սաղմոն (salmon) եւ որթձուկ (tuna), ձկան իւղ, հաւկիթի դեղնուց, Տէ կենսանիւթով հարստացուած կաթ, մածուն, պանիր եւ կարագ:
Ամէն երեխայ ստանալու է բաւարար Տէ կենսանիւթ: Մօր կաթը բաւարար Տէ կենսանիւթ չի պարունակեր, ուստի երեխաներուն տրուելու է ամէն օր յաւելեալ որոշ քանակութեամբ Տէ կենսանիւթ:
Ոսկրաթեքութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի`
- Մանկաբուժին կատարած բժշկական քննութեամբ: Ան կը քննէ երեխային ոսկորներուն իրավիճակը` կակուղութիւնը, տձեւութիւնները, գլխու ոսկորներուն միացումը, ոտքերու կորութիւնը, կրծքավանդակի ցցունութիւնը, դաստակի եւ կրունկի հաստութիւնը:
- Ք ճառագայթային (X-ray) նկարումներով:
- Արեան եւ մէզի տարրալուծարանային քննութիւններով:
Ոսկրաթեքութիւնը կը դարմանուի`
- Տէ կենսանիւթի եւ կրածինի յաւելեալ սպառումով: Բարելաւումը կը սկսի շուտով, նոյնիսկ 15 օր ետք ոսկրային տձեւութիւները կը մեղմանան եւ 3-4 ամսուան դարմանումէն ետք կ՛անհետանան:
- Արեւու ճառայթներուն օգտագործումով:
Ոսկրային տձեւութիւնները աճման ընթացքին տձեւութիւնները շտկելու համար յատուկ սարքերու կը կարօտին: Յառաջացած տձեւութիւններուն համար վիրաբուժական գործողութիւնները մեծապէս օգտակար կը դառնան:
Երեխաներու աճման շրջանին, 6-36 ամիսներու ընթացքին տեղի կ՛ունենայ արագ աճում, ուստի այս ժամանակաշրջանին երեխաները առաւելագոյն չափով Տէ կենսանիւթի, կրածինի եւ ֆոսֆորի կը կարօտին:
Մոնրէալ, 20 մայիս 2021