Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Էմինի Թափառումները Եւ Վերադարձը Հնդկաստան

Օգոստոս 25, 2021
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սիմէոն Ա.ի Շինարարական Աշխատանքները
Եւ Մայր Աթոռին Իրաւասութիւնները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գիւլիստանի մելիք Յովսէփի եւ Մելիք Բեգլարեաններու իրենց հայրենի բնօրրան վերադառնալէն ետք անոնց մօտ հիւր կը մնար Յովսէփ Էմին: Ամբողջ ձմեռն ու ամառը անոնք անցուցին Իպրահիմ Խալիլ խանի ուղարկած պաշարներով:

Տասը ամիս ետք` 1767-ի աշնան, մելիք Յովսէփ իր հիւրին` Էմինի առաջարկեց հեռանալ Գիւլիստանի սահմաններէն:

Մելիք Յովսէփ իր հիւրին կը տեղեկացնէր, որ նկատի ունենայ երկրին կացութիւնը եւ ըստ կարելւոյն շուտ հեռանայ շրջանէն:

Գիւլիստանէն ճամբայ ելլելով Յովսէփ Էմին գնաց Գանձասար` Յովհաննէս կաթողիկոսին մօտ:

Կաթողիկոսը խորհուրդ տուաւ անոր անձամբ երթալ Շուշի` Իպրահիմ Խալիլ խանի մօտ:

Սուրբ Էջմիածին

Յովհաննէս կաթողիկոս Իպրահիմ Խալիլ խանի ուղղուած նամակ գրեց եւ յանձնեց Էմինի: Նամակին մէջ կ՛ըսուէր.

«Հաճութիւն ձեր բարձրութեան – նուաստիս հասցէն կրողն է Էմին: Իր նկարագիրը քաջ ծանօթ է ձեր բարձրութեան, որովհետեւ շատ խօսուած է իր մասին եւ ինք կրթուած է Ֆրանկիստանի պատերազմներուն մէջ:… Վարուեցէ՛ք անոր հետ ինչպէս յարմար կը դատէք: Բայց որչափ կրնամ նկատել ան բնաւ չի տարակուսիր, թէ պիտի գտնէ բարեկամներ կամ ազնիւ ուշադրութեամբ պիտի ընդունուի ձեր բարձրութեան կողմէ:… Ուրեմն խաղաղութիւն ընդ ձեզ եւ թող մարդասիրութիւնը տիրանայ ձեր սրտին այնպէս որ ազնուական հիւրն ընդունելու ատեն ձեր միտքը առաջնորդէ ասպնջականութեան օրէնքը, զոր կարգեց Աբրահամ նահապետ»:

Կաթողիկոսին նամակը առնելով Էմին ճամբայ ելաւ դէպի Շուշի, ընկերակցութեամբ Իսահակ անունով շուշեցի հայու մը:

Իպրահիմ Խալիլ խան իսկոյն հասկցաւ, թէ ով է Յովսէփ Էմին, ի՞նչ անցեալ ունի եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ:

Խանի փոխանորդ Աղասի բէկի կարգադրութեամբ Յովսէփ Էմին հիւրընկալուեցաւ մելիք Միրզախանի տունը: Միրզախան Փանահ Ալի խանին կողմէ Խաչենի մելիք կարգուած էր եւ հաւատարմութեամբ կը ծառայէր Շուշիի խանին:

Մելիք Միրզախան բացակայ էր տունէն. կինը Էմինի դառնալով ըսաւ.

– Մեծ սխալ գործեցիք կամովին գալով այն տեղ, ուր ձեր մահավճիռը պիտի գործադրուի: Դժուարաւ պիտի խուսափիք կատաղութենէն ձեր ախոյեանին, Իպրահիմի: Ձեր մասին ան լսած էր նախապէս եւ շատ ուրախ պիտի ըլլար գտնել մարդ մը, որ յանձն առնէր սպաննել ձեզ դրամական որեւէ գումարի փոխարէն: Ինչպէ՞ս կրնայիք գտնուիլ այսչափ անխոհեմ:

Յովսէփ Էմին շտապով հեռացաւ Շուշիէն եւ վերադարձաւ Գանձասար:

Յովհաննէս կաթողիկոս անկեղծօրէն Էմինի յայտնեց, որ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոս իրեն եւ մելիքներուն առանձին-առանձին նամակներով հրամայած է չընդունիլ Էմինը եւ անոր խորհուրդին չհետեւիլ, հակառակ պարագային կը սպառնար բանադրել բոլորը:

Յովսէփ Էմին այդ ժամանակ միայն հասկցաւ, թէ ինչու մելիք Յովսէփ այդպէս վարուած էր իր հետ:

***

Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոս ամէն ջանք կը թափէր բարձր պահելու Մայր աթոռին հեղինակութիւնը: Ան շինարարական ու վերանորոգման հսկայական աշխատանքներ ծաւալեց: Կաթողիկոսը նախ եւ առաջ վերաշինեց Սուրբ Էջմիածնի արտաքին պարիսպը, որ վաղուց խարխլած էր եւ միաբանութիւնն ու վանքին գանձերը թալանի ու աւարառութեան սպառնալիքի տակ էին:

Պարիսպի շինութեան ժամանակ Վաղարշապատի այն տուները, որոնք խառնիխուռն շինութիւններով շրջապատած էին վանքը, քանդուեցան ու հեռացուեցան դէպի հիւսիս:

Էջմիածնի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին

Այնուհետեւ կաթողիկոսը Էջմիածնի Մայր տաճարէն քիչ հեռու կառուցել տուաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին: Եկեղեցւոյ արեւելեան պատին` Աւագ խորանին ձախ կողմը արձանագրուած է. «Այս Սուրբ եկեղեցին կառուցուեցաւ եւ գիւղը անջատուեցաւ Աթոռէն անոր պարիսպի կառուցման հետեւանքով, Տէր Սիմէոն սրբազան կաթողիկոս Երեւանցիի ծախսերով եւ հրամանով` ի պատիւ Սուրբ Աստուածածնի, որուն անունով կառուցուեցաւ 1767 թուին»:

Սիմէոն Ա. Երեւանցի կառուցել տուաւ նաեւ մայրավանքի սեղանատունը, մոմատուն, դպրատուն, միաբանական խուցեր, նոր քանքան եւ ձիթհանք: Նորոգուեցան Մայր տաճարի չորս հաստահիմն եւ բարձր սիւները:

***

Աստրախանի թեմը տէրունի կը նկատուէր եւ անցեալին ուղղակի Էջմիածնի կապուած էր. անոր սահմանն էր բովանդակ Ռուսական կայսրութիւնը: Հետագային Աղուանից աթոռէն Ստեփանոս եպիսկոպոս Անանեան առաջնորդ եղած էր, եւ թեմը կապուած էր Գանձասարի կաթողիկոսութեան:

Սիմէոն կաթողիկոս վճռեց յօգուտ Մայր աթոռի հեղինակութեան լուծել Աստրախանի թեմի հարցը եւ իբրեւ նուիրակ Ռուսիա ուղարկեց Յովհաննէս վարդապետ Քանաքեռցին:

Սակայն Յովհաննէս վարդապետ չյաջողեցաւ նուիրակութիւն ընել, մինչեւ որ Սիմէոն Ա. վճռեց Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսը հնազանդութեան բերել եւ Երից Մանկանց Իսրայէլ կաթողիկոսն ալ տկարացնել:

Սիմէոն Ա. Երեւանցի ուղղակի Ռուսական կայսրութեան դիմեց Մայր աթոռին իրաւունքները վերահաստատելու Ռուսիոյ հայերուն վրայ, եւ Եկատերինա Բ. կայսրուհիի իշխանութեամբ օրինական կացութիւն մը ստեղծել: Ան Դաւիթ վարդապետ Տփղիսեցին Պետերբուրգ ուղարկեց եւ կայսրուհիին ու գահաժառանգ Փաւէլի ուղղուած լաւ պատճառաբանուած գիր մը պատրաստեց: Կաթողիկոսը նաեւ ռուսական արքունիքին ընծայ ուղարկեց Սուրբ Կարապետի, Հռիփսիմեանց եւ Սուրբ Գէորգի նշխարներ եւ Նոյեան տապանէն մասունք մը:

Կաթողիկոսը նաեւ բազմաթիւ յանձնարարականներ գրեց Ռուսաստան գտնուող ազգայիններուն, որպէսզի կաթողիկոսական նուիրակին պատշաճ պատիւներ ընծայեն եւ կառավարութեան մօտ անոր մուտքն ու յաջողութիւնը դիւրացնեն:

Ռուսաց արքունիքին առջեւ մեծ յարգ ունէր Յովհաննէս քահանայ Ջուղայեցի: Պետերբուրգի եւ Մոսկուայի մէջ առեւտրական ազդեցիկ դիրք ունէին Եղիազար, Ղուկաս, Ներսէս եւ Յովհաննէս աղաներ, ինչպէս նաեւ Բարթողիմէոս եւ Սարգիս Շամախեցի առեւտրականները: Սիմէոն Ա. անոնց իւրաքանչիւրին զատ զատ յանձնարարականներ գրեց: Յանձնարարական մըն ալ գրեց Աստրախանի ռուս մետրոպոլիտ Մեֆոդիի:

Եկատերինա Բ. կայսրուհի ընդառաջեց ամենայն հայոց կաթողիկոսի դիմումին եւ 30 յուլիս 1768 թուակիր հրովարտակով հաստատեց, որ բովանդակ Ռուսական կայսրութեան տարածքին հայ ժողովուրդը ամենապատուելի Սիմէոն կաթողիկոսի եւ անոր աթոռի իրաւասութեան ներքեւ ճանչցուի, եւ առանց Էջմիածնի աթոռին գրաւոր վկայութեան ոեւէ հայ հոգեւորական չընդունուի ռուսական տէրութեան մէջ:

***

Յովսէփ Էմին 1767-ին Գանձասարէն ճամբայ ելլելով մեկնեցաւ Շամախի: Հոն ան իմացաւ, որ Խոյի եւ Սալմաստի ասորիները, լսելով ազատագրութեան իր ծրագիրի մասին, պատրաստակամութիւն յայտնած են տասնութ հազար զինուոր դնել իր տրամադրութեան տակ:

Այդ լուրի տպաւորութեան տակ Էմին փոխեց ճանապարհը եւ մեկնեցաւ Խոյի մօտակայ Խոսրով ասորաբնակ գիւղը: Յովհաննէս անունով ասորի վարդապետ մը ընդունեց զինք եւ հաւաստիացուց, որ ասորի ժողովուրդը պատրաստ է զինուորագրուելու: Բայց երբ իմացաւ, որ Էմին հարստութիւն չունի, յայտարարեց, որ առանց դրամի ոչինչ կարելի է ընել:

Յովսէփ Էմին վճռեց վերադառնալ Թիֆլիս եւ անգամ մըն ալ բախտ փորձել Հերակլի մօտ, որովհետեւ թագաւորը յայտարարած էր, որ Էմինի վերադարձը ուրախութիւն պիտի պատճառէ իրեն:

Այս անգամ վրաց թագաւորը սիրով ընդունեց Էմինը եւ ներողութիւն խնդրեց իր վարմունքին համար: Հերակլ ըսաւ, որ Սիմէոն կաթողիկոս եւ Թիֆլիսի առաջնորդ Զաքարիա եպիսկոպոս դրդած էին զինք այդպէս վատ կերպով վարուելու իր հիւրին հետ:

Հերակլ Բ. Յովսէփ Էմինի առաջարկեց մնալ Թիֆլիս եւ օգնութիւն խոստացաւ անոր:

***

Շուշիի Ջաւանշիրներու ապարանքէն ներս

Գանձակի Շահվերտի խան վերսկսաւ իր դաւադրական քաղաքականութեան: Ան բանակցութեան մէջ մտաւ լեզգիներուն հետ, միասնաբար նուաճելու համար Շամշադին մեծ ցեղը:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Հերակլ Բ. հինգ հարիւր ձիաւոր ուղարկեց Գանձակ, որպէսզի խանը ստիպուէր հանդարտ մնալու:

Շահվերտի խան անտեսեց Հերակլի նախազգուշութիւնը եւ ծրագրեց սուրի քաշել վրացի զինուորները, անմիջապէս որ հասնէր լեզգիներու գունդը:

Շահվերտի խանին մօտ կը ծառայէր իսլամացած հայ երիտասարդ մը: Ան գիշերը հրացանը պատէն առնելով մօտեցաւ քնացած խանին եւ սպաննեց զայն:

Հայ երիտասարդը մահուան դատապարտուեցաւ: Մահապատիժի գործադրութենէն առաջ անոր հարցուցին, թէ ինչ շարժառիթներով սպաննեց Շահվերտի խանը:

– Սպաննեցի, որպէսզի լաւ համբաւ մը թողում, եւ որպէսզի յետոյ ես ալ սպաննուիմ եւ քաւեմ աստուածային կրօնս ուրանալու յանցանքս, պատասխանեց երիտասարդը:

***

Վրաց Հերակլ Բ. թագաւոր 1769 յունիսին կազմեց եւ Ռուսաստան առաքեց «Վրաստանի կից երկիրներու նկարագրութիւն» գրութիւնը, ուր կ՛ըսէր.

«Խամսա երկիր մըն է, ուր կան եօթը մելիքութիւններ: Անոնք բոլորը քրիստոնեաներ են, դաւանանքով` հայեր, եւ անոնք եւս պարսից թագաւորին արքունիքին հարկատու եղած են: Երբ քայքայուեցաւ պարսից թագաւորութիւնը, այնտեղի քոչուոր ցեղերէն մէկուն առաջնորդը, որ մահմետական էր տոհմով, Ջոանշէր, հզօրացաւ եւ այս Խամսայի կեդրոնին մէջ կայ հնուց ի վեր ամուր բերդ, խաբէութեամբ գրաւեց զայն: Քանի մը անգամ մեր եւ այս Ջոանշէրի միջեւ տարաձայնութիւններ եղան եւ զօրութեամբն Աստուծոյ մեզմէ եւ մեր զօրքերէն պարտուեցան եւ աւերուեցան, ո՛չ այն քրիստոնեայ հայերը, ո՛չ, այլ միայն Ջոանշէրները: Այժմ այնպիսի պատճառներ ծագեցան, որ մեր եւ անոնց միջեւ խաղաղութիւն կը տիրէ:

Խամսան ունի մեծ ամրութիւն, շատ լեռներ` անտառապատ ու ժայռաշատ եւ դաշտեր ունի ջրառատ, յոյժ բերքատու: Իր երկրին մէջ Ջոանշէր կրնայ հաւաքել երկու հազար հինգ հարիւր զինուոր, իսկ հայերը հանդէս կու գան չորս հազար հինգ հարիւր: Այս երկիրը կը գտնուի հարաւ-արեւելեան կողմը եւ կը տիրէ մինչեւ Ղարաբաղի եւ Գանձակի սահմանները եւ կը գտնուի Շիրվանի, Նախիջեւանի, Գանձակի եւ Ղարադաղի միջեւ:

Այս Խամսայի բնակիչները շատ քաջ են, պատերազմող եւ խիզախ»:

***

Յովսէփ Էմին առանց որեւէ պատճառաբանութեան Հերակլ Բ.էն հրաման ստացաւ անյապաղ հեռանալու Վրաստանէն:

Էմին Թիֆլիսէն անցաւ Իմերեթիա (մայրաքաղաքը` Քութայիս), որուն թագաւորն էր Սողոմոն Ա., եւ անոր հիւրը եղաւ:

Այնուհետեւ Էմին անցաւ Գանձակ, Շուշի, Օրտուպատ, Թաւրիզ, Պաղտատ, Պասրա եւ 1770-ին հասաւ Հնդկաստան:

 

 

 

Նախորդը

Մեսրոպեան Վարժարանի 2020-2021 Աւարտական Հանդէսը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?