Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սգակիր Ենք, Բայց Կը Պահենք Կամքը

Սեպտեմբեր 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերանկախացման 30-ամեա՞կ: Ո՛չ, կարելի չէ տօնել ընթացիկ, սովորական ձեւով:

Ինչպիսի՞ տօնական մթնոլորտ, ի՞նչ տողանցք, ի՞նչ հանդիսութիւն…

Նմանօրինակ միջոցառումներու ամենադոյզն գաղափարն իսկ անընդունելի է, աւելի՛ն, ամօթալի է:

Վայրկեան մը մտածե՛նք, խոկա՛նք, ենթագիտակցի՛նք:

Վտանգուած է մեր հայրենիքը:

Լուրջ հարցականներու տակ կը գտնուին երկրին պաշտպանութիւնն ու բանակը:

Յիշե՛նք. ամիսներէ ի վեր թշնամին առօք-փառօք մուտք կը գործէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս եւ ամենայն համարձակութեամբ կը գրաւէ շրջաններ, արջառ, բերք եւ, աւելի՛ն, դիտմամբ կը խանգարէ Սիւնիքի ճանապարհներէն բնականոն եւ ապահով երթեւեկը:

Այո՛, կարելի չէ ծածկել իրականութիւնը: Աղաղակող իրականութիւն է, որ ամիսներէ ի վեր Հայաստանը Իրանի կապող միջպետական մայրուղիին Գորիս-Կապան բաժինէն որոշ հատուածները Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը մնան: Ազերին ամենայն համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ յանդգնած է նաեւ անցակէտեր տեղադրել: Որոտանի մօտակայքը, վարչապետին անուանումով` Էյվազլի շրջանէն ներս, ազերի ոստիկաններ, իրենց պաշտօնական տարազներով եւ կառոյցներով, կը ստուգեն Պարսկաստանէն Հայաստան մուտք գործող բեռնակառքերուն եւ վարորդներուն փաստաթուղթերը, քանի մը օր առաջ ալ սկսած են տուրք գանձել իրանեան բեռնատարներէն` յայտարարելով, որ անոնք Ազրպէյճանի տարածքէն կ՛անցնին:

Հայրենի ղեկավարութեան լռութենէն, անկարողութենէն եւ թափթփածութենէն թեւեր առած` թշնամին լայնածաւալ կերպով կը շարունակէ «անտառի քաղաքականութիւն»-ը: Պաքու, ինքզինք շահագործուողն ու օգտագործուողը նկատելով, մինչեւ իսկ բողոքի նամակներ յղած է ո՛չ թէ միայն Արցախի շրջակայքին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան, այլ նաեւ` Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, շեշտելով, որ` «այլ երկիրներու փոխադրամիջոցներ ապօրինի ձեւով կ՛անցնին Ազրպէյճանի տարածքէն»:

Հայաստանի հարաւը վտանգուած է բացայայտ կերպով. Գորիսը, Կապանն ու Մեղրին կրնան անջատուիլ Հայաստանէն ու դասուիլ գրաւեալ Արցախի ցանկին` իբրեւ հետեւանք թշնամիին հետեւողական սանձարձակութեան եւ անոնց հանդէպ Երեւանի ներկայ իշխանութեան անտարբեր, անկարող կեցուածքին եւ ցնորական խաղաղասիրութեան հետամտութեան:

Այս խորապատկերին դիմաց, խօսիլ գունագեղ տօնախմբութեա՞ն մասին…

Այո՛, դժբախտաբար ինկած ենք վիճակի մը մէջ, որ կը յիշեցնէ «Մեր հայրենիք»-ին սկզբնական բառերը. հայրենիքը հիմա թշուառ ու անտէր է, «Մեր թշնամեաց ոտնակոխ»:

Հայաստանի վերանկախացման 30-ամեակ կը դիմաւորենք, յետոյ նաեւ մօտ օրէն` սեպտեմբեր 27-ին ծայր առած եւ 44 օր տեւած ծանր պարտութեան տարելիցը:

Սգակիր ենք: Պիտի այցելենք Եռաբլուր` աշխարհի «ամէնէն մատղաշ» անշունչ հողատարածքը, ուր դեռ աճիւններ, անճանաչելի դիակներ կը բերուին եւ հողին կը յանձնուին` աւելի աղիողորմ ու սահմռկեցուցիչ միտոյթ (momentum) մը ստեղծելով:

Խունկ ու մոմ: Սգակիր է եւ գունագեղութենէն զիջած է նոյնինքն եռագոյնը:

Այս բոլորով հանդերձ, հայորդին, հայրենասէր ու իր պատմութեան հաւատարիմ Հայը գիտէ, որ այս բոլոր ժամանակաւոր են, պէ՛տք է ժամանակաւոր ըլլան: Ան գիտէ, որ հայութիւնը այս սուգին մատնողները անտարբեր են ու անկարող, կամքը չունին սրբելու արցունքը, սակայն նման խմբաւորումներ չեն կրնար ընդմիշտ բռնանալ մեր ճակատագրին:

Հայորդին գիտէ նաեւ վերականգնիլ եւ խորտակել պարտադրուած ընկրկումները, վերագտնել վերելքի ճամբան: Վկա՛յ մեր կերտած յաղթական հերոսամարտերը:

 

Նախորդը

Ռուսերու Արարատեան Դաշտ Մուտքէն Մինչեւ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը. Հայաստանի Գրաւումը Ռուսերու Կողմէ

Յաջորդը

Անմոռանալի Հայկական Լեգէոնը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?