Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիութիւն Եւ Մասամբ Նորին

April 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Որեւէ երկրի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը սահմանադրութեան վրայ հիմնուած յատուկ օրէնսդրութիւն եւ նախապայմաններ ունի: Քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու իրաւունքը բոլորին համահաւասար իրաւունքն է, սակայն ենթական պարտաւոր է ամբողջացնելու ճշդուած պայմաններն ու պարտաւորութիւնները:

Տարբեր քաղաքացիութիւններու ձեռք բերումը ոչ մէկ ժխտական բնոյթ ունի, ընդհակառակը, թէ՛ անձին եւ թէ՛ տուեալ երկրին համար իր օգտակարութիւնները եւ առաւելութիւնները ունի: Եթէ անձին համար կեանքի մէջ նոր կարելիութիւններու ստեղծման առիթ է, երկրին համար զարգացման ու յառաջընթացի գործօն կը հանդիսանայ: Հարկ է ընդունիլ սակայն, որ առկայ են նաեւ մտահոգութիւններ` երկրի մը ազգային եւ մշակութային ինքնութիւնը պահպանելու առումով, ինչ որ անշուշտ այլ վերլուծելի եւ ուսանելի խնդիր կը մնայ:

Այս ծիրին մէջ, սակայն, շատ պարզ եւ ցայտուն երեւոյթ մը ուզեցի լուսարձակի տակ բերել, որուն անցնող տարիներուն չէի անդրադարձած, սակայն վերջերս սկսայ այդ մասին այլ կերպ նաեւ մտածել: Մայրուղիներու վրայ յաճախ զետեղուած կը տեսնենք այս կամ այն երկրի քաղաքացիութիւն ստանալու առիթներու ծանուցումներ: Ծանուցողական այդ պաստառներուն վրայ կը նշուի, որ կարելի է ստանալ տուեալ քաղաքացիութիւնը` վճարելով 100.000 կամ այլ տեղ մինչեւ 250.000 ամերիկեան տոլար: Աւելի՛ն. վերջերս ականատես կը դառնանք նաեւ զեղչ-վաճառքի յայտարարութիւններու եւ, օրինակ, կը ծանուցուի, որ փոխան 90.000 ամերիկեան տոլարի` կարելի է 85.000 ամերիկեան տոլարով քաղաքացիութիւնը` ձեռք բերել: Այլապէս ալ պետութիւններ ներդրումային նիւթական սահմաններով կը քաջալերեն այլ երկրացիներ` տարիներու ընթացքին ունենալու իրենց երկրի քաղաքացիութիւնը, որ անշուշտ դարձեալ տնտեսական եկամուտի յաւելեալ աղբիւր է տուեալ պետութեան համար:

Արդարօրէն հարց կու տամ, թէ արդեօք ի՞նչ ապրանքատեսակի կամ վաճառանիշի մասին է խօսքը: Կը բաւէ, որ ենթական գումարը վճարելու հնարաւորութիւն ունենայ եւ արդէն տէր կը դառնայ երկրի մը քաղաքացիութեան ու կը վայելէ տուեալ երկրի քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները:

Այստեղ արդէն տնտեսական շահոյթի միտումը ակներեւ է: Պետութիւններ իրենց այս քայլը կը հիմնաւորեն պետական պիւտճէին յաւելեալ ներդրումներ ապահովելու առաջադրանքով: Թերեւս պէտք չէ զարմանալ, երբ այսօր երկրագունդին վրայ համաշխարհային տնտեսական պատերազմ է, որ տեղի կ՛ունենայ, եւ այդ մէկը կը դրսեւորուի ` մերթ արհեստագիտական ոլորտի մէջ հսկայական նուաճումներով, ճարտարարուեստի եւ ուժանիւթի արտադրողական կարելիութիւններու բազմապատկումով եւ անշուշտ այլ տեղ` զինուորական հնարաւորութիւններու եւ կազմածներու գերարդիականացումով, որոնք այլեւս կը գլեն ու կ՛անցնին մարդկային երեւակայութեան սահմաններն անգամ:

Այլ պարագաներու եւ պայմաններու մէջ համաշխարհային տնտեսական այդ պատերազմը կը դրսեւորուի` ուժի գործածութեամբ, համատարած քանդումներով, տեղահանութիւններով եւ ժողովուրդներու ու  երկիրներու արդար իրաւունքներու ոտնահարումով: Այլեւս բացայայտ իրողութիւն է սակայն, որ այս բոլոր գործընթացներուն խորքը տնտեսական է: Պատերազմներու դադարեցման ու համաձայնութիւններու գոյացման համար կը փնտռուին տնտեսական փոխշահաւէտ հարթակներ: Այդ հարթակներու կայացումին համար, ի՛նչ փոյթ, մարդկային խիղճը նաեւ տեղ մը քարանայ եւ մարդկութիւնը նաեւ իբրեւ լուռ հետեւորդ դիտէ այդ բոլորը` իբրեւ պարզապէս հետաքրքրական ֆիլմաշար, ու շարունակէ իր բնական կեանքը:

Համաշխարհային այս տնտեսական պատերազմին մէջ ազգային ինքնութիւնն ու մշակոյթը նաեւ կը դիմագրաւեն ծանր ու աննախընթաց մարտահրաւէրներ: Հոս նաեւ գրոհը կը շարունակուի, եւ մշակոյթը զուտ արդիւնաբերական գործարքի վերածելու առաջադրանքով մեծերու կողմէ կը կլանուին փոքր մշակոյթները, ինչպէս նաեւ նոյն այդ փոքր երկիրները միջազգային այս ալիքին փոխանակ հակադարձելու` իրենց ուղղութիւնը կը փոխեն եւ նոյն այդ ալիքի ուղղութեամբ կը շարժին` առանց զգալու, որ արդէն իրենց սեփական մշակութային առանձնայատկութիւնները ծովուն յատակը հասնելու վտանգին դիմաց են:

Փաստօրէն դարաւոր պատմութիւն եւ մշակոյթ այսօր դէմ յանդիման կը գտնուին համաշխարհային տնտեսական պատերազմի իբրեւ արդիւնք ստեղծուած նոր համակարգի մը:

Թէ այս բոլորին մէջ ի՛նչ պէտք է ընել, բնականաբար այլ նիւթ է եւ կարիքը կայ խորիմաստ ու զգացական զեղումներէ անդին` լուրջ աշխատանքի եւ ռազմավարութեան մշակման: Անհրաժեշտ է սակայն, առաջին հերթին, աշխատանքի պատրաստակամութիւն, եւ մանաւանդ հիմնական է այդ աշխատանքը յաջողցնելու համար համապատասխան կարողականութեանց գնահատում:

Մտածենք միասին, սակայն պատրաստ ըլլանք նաեւ իր հրատապութիւնը օրէ օր շեշատդրող աշխատանքին:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանը` Պատերազմի Ընտրութեան Եւ Բանակցութեան Տրամաբանութեան Միջեւ

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Կրնայ Վճռուիլ «Պունտըսլիկա»-ի Ախոյեանը, Իսկ Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ` Գագաթի Մրցումներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.