Յօդուածներ

Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Նպատակ. Սա Է Մեր Ուժականութեան Աղբիւրը

Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Նպատակ. Սա Է Մեր Ուժականութեան Աղբիւրը

ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ապահովմանն ուղղուած պետական քաղաքականութիւն` որպէս այդպիսին, ըստ էութեան, գոյութիւն չունի, իսկ ինչ արւում է, աւելի շատ վնասաբեր է, քան` օգտակար: Ընդհանրապէս այս վարչախմբի 8-ամեայ գործունէութիւնը կարճ կարելի է բնորոշել որպէս գիտակցուած վնասարարութիւն` ուղղուած համազգային ձեռքբերումների մսխմանը եւ ազգային ինքնութեան վրայ խարսխուած պատմականօրէն մեզ միաւորած արժեհամակարգի նսեմացմանը: Ստեղծուած իրավիճակը արմատապէս փոխելու անհրաժեշտութիւնից է բխում այս խորհրդաժողովի անցկացումը:...

«Պատերա՞զմ, Թէ՞ Խաղաղութիւն» / «Բնական Կա՞զ, Թէ՞ Եւրոպա Ազատ Մուտք».

«Պատերա՞զմ, Թէ՞ Խաղաղութիւն» / «Բնական Կա՞զ, Թէ՞ Եւրոպա Ազատ Մուտք».

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սեպտեմբեր 2013-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին իր մօտ կանչեց իր հայ պաշտօնակիցը` Սերժ Սարգսեանը, եւ հրապարակային կերպով ազդարարեց, որ Հայաստանը չէր կրնար մաս կազմել ե՛ւ նորաստեղծ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ե՛ւ գործընկերութեան պայմանագիր կնքել Եւրոպական միութեան (ԵՄ) հետ: Նկատի առած Հայաստանի տնտեսութեան կախուածութիւնը Ռուսիայէն, Սերժ Սարգսեանին այլընտրանք չէր մնար` բացի չեղարկելու Պրիւքսելի հետ այդքան խնամքով բանակցուած...

Տեղահանուածներն Ալ Մարդ Են Ի Վերջոյ

Տեղահանուածներն Ալ Մարդ Են Ի Վերջոյ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Տեղահանութիւնը նոր տագնապ մը չէ. պատմութեան ընթացքին զանազան պատճառներով միշտ եղած են իրենց տուներն ու երկիրները լքած մարդիկ: Այսօր սակայն գաղթականութեան համաշխարհային ճգնաժամ է իր բոլոր ցաւերով, որոնք մեր ազգին համար նորութիւն չեն: Նախքան Միջին Արեւելքի վերջին պատերազմը` «Concern Worldwide» կայքը հրապարակած է այս բնաբանով յօդուած մը` շեշտադրելով հոգեբանական կողմը: Կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. Աշխարհի  Զանազան  Երկիրներու...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Մնայուն Թշնամի, Մնայուն Բարեկամ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ  Այսօրուան աշխարհի չափանիշները դժբախտաբար փոխուած են: Մնայուն թշնամիներ եւ մնայուն բարեկամներ չկան: Շահերու վրայ հիմնուած մեծապետական քաղաքականութիւնները օրէ օր աւելի ցայտուն կը դառնան: Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը առաջին դիրքի վրայ են: Արաբական երկիրներն ու Իսրայէլը` երկրորդ: Լիբանանին հաշիւ ընող չկայ, ո՛չ այս, ո՛չ ալ միւս կողմի հաշիւներուն մէջ է: Այսօրուան աշխարհի չափանիշները կապ ունին ո՛չ բարոյականին հետ, ո՛չ...

Տիրամօր Օրօրոցայինը…

Տիրամօր Օրօրոցայինը…

ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ Բարսեղ Կանաչեանի անունը լսել եմ դեռեւս իմ վաղ պատանեկան տարիներին, գիտէի, որ անուանի երաժիշտ է, երգահան, սքանչելի երգերի հեղինակ: Իմ ուսանողութեան ժամանակը համընկաւ 1960-ական թուականների կէսերին, երբ մեր ժողովուրդն իր գիտակցական մեծ վերելքի շրջանն էր ապրում: 1966-ին լոյս էր տեսել Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ը` նոր, շքեղ ու պատկերազարդ հրատարակութեամբ: 1969-ին լրանում է Կոմիտասի ծննդեան հարիւր տարին: Ամբողջ...

Անդրադարձ.   Անհեթեթութիւն Անհեթեթութեանց

Անդրադարձ. Անհեթեթութիւն Անհեթեթութեանց

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Օդանաւը վայրէջք կատարեց Լառնաքայի օդակայանը: Վերջապէս հասանք... Տարօրինակ է, չէ՞, քսանհինգ վայրկեան տեւած թռիչք մը այսպէ՛ս սահմանելը: Այո՛, եթէ բնական պայմաններու մէջ ճամբորդես: Կը վերյիշես 2002-ի Լառնաքա-Պէյրութ փոթորկալից թռիչքդ, երբ զուարթախօս ճամբորդակիցդ` Ճորճ Սալիպա մետրոպոլիտը, ըսաւ. «Եղբա՛յր, աս ի՛նչ վտանգաւոր թռիչք դարձաւ: Հիմա եթէ օդանաւը իյնայ, մարդիկ մեր վրայ պիտի խնդան: Եթէ օդանաւդ պիտի խորտակուի, գոնէ Սիտնի-Պէյրութ...

Ինքս Ինծի Հետ

Ինքս Ինծի Հետ

ՇԱՂԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Դարձեալ ու նորէն կալանաւոր եմ: Մտատանջութեան հաւատարիմ կալանաւորը: Ինքս ինծի հետ սեւաթոյր ամպերու տակ կը քալեմ դէպի անորոշութեան սիրտը, որ ներկայիս շղթայած է ամբողջ Միջին Արեւելքը: Ինքս ինծի հետ կը պտտիմ այս փէյճէն միւսը` անգամ մը եւս կարդալու եւ ապացուցելու ես ինծի, որ «մեծ պետութիւնները» այնքան ալ մեծ ու յարգելի երկիրներ չեն, միայն խումբ մը մարդակերպ ճիւաղներ, Նենգ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կիպրոս  Վարդգէս Մահտեսեան Ոգեկոչեց Ցեղասպանութիւնը Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ի առաւօտուն,  Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, իր յատուկ պատգամը յղեց Կիպրոսի խորհրդարանի լիագումար նիստին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգող ներկաներու մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ: Սուրիա Սրբազան Հայրը Լանջախաչով Շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Շուքրի Թումա Քահանան` Իր Քահանայական Օծման 50-Ամեակին Առիթով 13 ապրիլին Մակար...

Սթափելու Ժամանակը

Ընտրական Գործընթացը Սկսած Է Հայաստանի Մէջ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Կիրակի, 7 յունիս 2026-ին կը կայանան Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները կը կատարուին համամասնական ընտրակարգով. քաղաքացիները կը քուէարկեն ցուցակներու, որոնք ներկայացուած են կուսակցութեան մը կամ երկու կամ աւելի կուսակցութիւններու դաշինքի մը կողմէ: Խորհրդարանին մէջ տեղ ունենալու համար առաջադրուած առանձին կուսակցութիւն մը պէտք է ապահովէ քուէարկողներու ձայներուն գէթ չորս առ հարիւրը, կուսակցութիւններու դաշինքը` ութ առ հարիւրը: Այս համեմատութիւնները...

Պատերազմեան Օրագիր Լիբանանէն

Պատերազմեան Օրագիր Լիբանանէն

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Պատերազմի ընթացքին մարմիններն ու հոգիները կամայ թէ ակամայ կը փոխակերպուին, իսկ ժամանակի ազդեցութիւնը անոնց վրայ բնականէն աւելի արագ կերպով կը ներթափանցէ: Անորոշութիւնը, վախն ու կորուստը ներսէն կը փոխակերպեն անհատը, եւ բոլոր արժէքներուն վրայ կու գայ իշխելու ողջ մնալու բնազդը: Այս վերջինը աւելի սուր դրսեւորում կ՛ունենայ անհատի առօրեային վրայ բազմաշերտ եւ զանազան համայնքներէ բաղկացած երկիրներու մէջ, ինչպիսին է Լիբանանը:...

Երբ Աշխարհում Մահ Ու Աւեր Է…

Երբ Աշխարհում Մահ Ու Աւեր Է…

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Աշխարհն արդէն երկար տարիներ երբեմն մասնակի ցոյցերով, բայց հիմնականում անտարբեր լռութեամբ հետեւում է Ամերիկայի աջակցութեամբ Իսրայէլի կողմից կատարուող ցեղասպանութիւններին, սանձազերծուած պատերազմներին` Կազայում, Լիբանանում, Եմէնում, Իրանում, Սուրիայում, ողջ Միջին Արեւելքում: Ամենակարող իսրայէլեան բռունցքը կաթուածահար է արել աշխարհի զգայարանները, եւ ահաբեկումը այնքան հզօր է ու անմիջական, որ կարծես  իւրաքանչիւր երկիր իրեն չէզոք պահելով` փորձում է նոյն կործանման  չարժանանալ:...

Լիբանան` Պատմութեան Դասերու Եւ Անոնց Մերժումին Միջեւ

Լիբանան` Պատմութեան Դասերու Եւ Անոնց Մերժումին Միջեւ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Ապրիլը, որ գարնան վերածնունդը պիտի խորհրդանշէր, Լիբանանի մէջ դարձած է յիշողութեան ծանր բեռ: 1975-ին սկիզբ առած քաղաքացիական պատերազմը ոչ միայն խլեց շուրջ հարիւր հազար կեանք, այլեւ խորտակեց երկիր մը` իր քաղաքներով, իր տուներով, իր երազներով: Քանդում, աւերում, գաղթականութիւն. այս բառերը դուրս ելած են պատմութեան էջերէն եւ կը շարունակեն արձագանգել լիբանանցիի հոգիին մէջ: Պատերազմը ներքին բախում մը չէր պարզապէս:...

Հաւատք, Որ Չի Խախտիր Յոյսի Եւ Հաւատքի Ուժը

Հաւատք, Որ Չի Խախտիր Յոյսի Եւ Հաւատքի Ուժը

ՍԻԼՎԻԱ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ Սուրբ Զատկուան առիթով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հաւատացեալներ` աղօթքի, յոյսի եւ Քրիստոսի յարութիւնը տօնելու համար: Եկեղեցին ամբողջութեամբ լեցուն էր, մարդիկ լուռ ու խոնարհ կը հետեւէին աղօթքներուն, իսկ վեհափառ հայրապետին քարոզը կը հասնէր իւրաքանչիւրի սրտին: Դուրսը կիրակի առտուան մեղմ հով մը կը փչէր: Անթիլիասի մայրավանքին շրջակայքը խաղաղ կը թուէր, իսկ եկեղեցւոյ մէջ վառած մոմերուն լոյսը, շարականներուն ձայնը...

Մեռած Հոգիներ

Մեռած Հոգիներ

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Չեմ գիտեր, վստահ չեմ, բայց հաւանաբար կան բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ մեռած հոգիներու մասին,  մեռած հոգիներ մոխրացած սրտերով, մեռած հոգիներ, որոնք երբեք տուն պիտի չվերադառնան, չեն յոգնած թափառելէ, մեռած շնչաւորներ, որոնց հոգիները այնքան մեռած են, որ այլեւս չեն խօսիր, չեն խօսիր ոտքերու տակ հողին հետ: Արդեօք որքա՞ն է այս մեռած հոգիներուն թիւը: Ազգային ինքնութեան մասին  խօսակցութիւնները այսօր  մեր ժամանակներու հասարակութեան...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  50 Տարուան Անվերջանալի Պատերազմը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 50 Տարուան Անվերջանալի Պատերազմը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ           Արդէն 50 տարին անցած է լիբանանեան պատերազմի սկսելէն եւ մինչեւ օրս, նորանոր պատերազմներու վերնագիրներու տակ, տակաւին վերջ չէ գտած, եւ մնայուն ու հաստատուն խաղաղութեան չէ հասած մեր սիրելի Լիբանանը: Լիբանանցիին խորքը մաքուր է, եւ երբ վայրկեան մը քաղաքական կամ կրօնական պատկանելիութիւնը մէկ կողմ դնենք, իսկապէս անհաւատալի եղբայրութեան եւ մարդասիրութեան հոգին, առանց նախապայմանի, կը տիրապետէ: Դժբախտաբար, սակայն, տարբեր...

Ի Յիշատաակ Նորոգ Հանգուցեալ Օհան Պոտրումեանի

Ի Յիշատաակ Նորոգ Հանգուցեալ Օհան Պոտրումեանի

Մեծ ցաւով տեղեկացայ որ Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ուրուկուայի մեր համայնքի նախկին անդամ, ՀԲԸ Միութեան  կրթական բազմավաստակ մշակ, իմ լաւ ու հաւատարիմ բարեկամ` պրն. Օհան Պոտրումեանը: Շատ դրական բան կայ ըսելու եւ գրելու Օհանի մասին, բայց հինականը կ’ուզեմ այս հակիրճ տողերուն մէջ արտայայտել, աւելի մանրամասն կը փորձեմ ապագային գրել: Ան մարդկային իր տեսակին մէջ բարի, հայրենասէր եւ բարեսիրտ...

Մարդկութեան Խիղճը Կը Խեղդուի Անմեղներու Արեան Ծովուն Մէջ

Մարդկութեան Խիղճը Կը Խեղդուի Անմեղներու Արեան Ծովուն Մէջ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 80 զոհ, 200 վիրաւոր... …………………… 120 զոհ, 510 վիրաւոր... …………………… 180 զոհ, 920 վիրաւոր... …………………… 300 զոհ, 1200 վիրաւոր, շուրջ 50 անհետ կորսուած… Սոսկ թիւեր չեն ասոնք, թուաբանութեան գիրքի մը մէջ կամ հաշուապահական տոմարի էջերուն վրայ արձանագրուած չոր թուանշաններ չեն։ Իւրաքանչիւր թիւ անուն մըն է, ընտանիքի անդամ մը, սիւն մը, զաւակ մը, լոյս մը, ապաւէն մը, իւրաքանչիւր թիւ...

Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնները, Իրանի Դէմ Պատերազմը Եւ Հայաստանի Գոյութենական Վտանգը

Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնները, Իրանի Դէմ Պատերազմը Եւ Հայաստանի Գոյութենական Վտանգը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Հայ-իրանական յարաբերութիւնները ունին հազարամեակներու փորձ: 4-րդ դարուն յոյն պատմիչ Քսենոփոնը գրած է, թէ պարսկական պետութեան հիմնադիր Կիւրոս Մեծը Հայաստանի թագաժառանգ Տիգրան Մեծի մտերիմ ընկերը եղած է: Իսկ հայ-իրանական յարաբերութիւններու գործնական սերտացումը տեղի ունեցած է պարթեւական ծագում ունեցող Արշակունիներու արքայատոհմի Հայաստան հաստատումով: 16-րդ դարէն սկսեալ հայ վաճառականները մեծ դեր խաղացած են Իրանի առեւտուրի զարգացման մէջ: Նոյն դարու կիսուն` Շահ...

Տէ՛ր, Չներես

Տէ՛ր, Չներես

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ Նժարին մէկ կողմը Զատիկն է, իսկ միւս կողմը պատերազմին ծանր կշռաքարն է: Որքան ալ փորձեմ ` տօնը խորհրդանշող պատգամին վրայ կեդրոնանալ, Քրիստոսի յարութեան յաղթանակով ոգեւորուիլ ու խանդավառութեամբ ներշնչուիլ, կը մնամ թերի ու կ՛ապրիմ պատերազմին ստեղծած ծանրութիւնը, որ կը գերակշռէ տօնին պարգեւած դրական տրամադրութիւնը: Այո՛, պատերազմը լայնատարած է, բայց զիս ամէնէն աւելի մտահոգողը ծննդավայրիս` Լիբանանին մէջ տեղի ունեցած աննկարագրելի...

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին

Մտավախութիւնը

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Համաարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ Վերջերս ոչ պաշտօնական լրագրական աղբիւրներէ եւ անորոշ կեդրոններէ շշուկներ տարածուեցան այն մասին, որ հարուածներ կրնան տրուիլ նաեւ շրջանին մէջ ամերիկեան տարբեր հաստատութիւններու, որոնց կարգին նաեւ` կրթական կառոյցներու: Այդ կը նշանակէ, որ վտանգուած են նաեւ Լիբանանի մէջ գործող զոյգ ամերիկեան համալսարանները` 160 տարեկան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (AUB) եւ անոր կէս տարիքը ունեցող Լիբանանի ամերիկեան...

Page 39 of 1110 1 … 38 39 40 … 1,110

Արխիւներ