Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտագին Արձագանգի Հետքերով. Օհանը Մեկնեցաւ, Բայց Իր Աւանդն Ու Վաստակը Կը Մնան (Քառասունքին Առիթով)

April 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

1964-65 տարեշրջան, Երեւան-Հայաստան:

Մեծ թիւով սփիւռքահայ ուսանողներ, տարբեր գաղութներէն, ժամանած են Երեւան, իւրաքանչիւրը` իր նախընտրած կամ նախասիրած մասնագիտութեամբ համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանալու:

Երեւանի պետական համալսարանը իմ մեկնակէտս էր բանասիրական-հայագիտական ճիւղէն վկայուելու` իբրեւ հայոց լեզուի, հայ գրականութեան ու Հայոց պատմութեան եւ յարակից այլ նիւթերու մասնագէտ:

Առաջին անգամ հոն հանդիպեցայ ու ծանօթացայ Օհան Պոտրումեանին, որ Հալէպ-Պէյրութէն ինքն ալ եկած էր հայրենիք` նոյն ճիւղին հետեւելու, մէկ դասարան ինձմէ աւելի բարձր կարգավիճակով:

Ոչ միայն այսքանով կը սկսէր մեր համալսարանական գոյերթը, այլ` աւելի սեղմ ու մտերիմ համակեցութեամբ անիկա ընթացք կ՛առնէր մեր ուսումնական ասպարէզին մէջ` մեզ դարձնելով անմիջական ընկերներ ու բարեկամներ, մանաւանդ որ նոյն հանրակացարանի «բնակիչ»-ներ էինք, մեր արտաուսումնական կեանքը եւս վայելելով, նախ` մնայուն կարօտով յիշելով մեր ծննդավայրերն ու ծնողները, բայց գործնապէս ու հոգեպէս ապրելով մեր այնքան երազած ու պաշտած մայր հայրենիքը:

* * *

Յետայնու, մեր աշխարհիկ եւ ընկերային յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնները, մեր դասախօսական յաճախումներուն եւ աշխատանքներուն զուգահեռ, դարձան մնայուն հանգրուաններու խօսեցնող, արտայայտող եւ ամրապնդող փայլուն օղակներ:

Օհանը իր պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուն իր ձայնային ունակութիւններով ու կարողութիւններով ճանչցուած էր ու փորձառութիւն շահած նաեւ Հայաստանի մէջ, իր համերգային շնորհներն ու կատարողութիւնները աւելի ուռճացնելով ու զարգացնելով, ազգագրական, աշուղական, հայրենասիրական ու ճազային ելոյթներով, շուտով գրաւելով լայն ուշադրութիւն, հայրենի արուեստագէտ եւ արուեստասէր շրջանակներու մէջ դառնալով ծանօթ եւ երեւելի մեներգիչ մը:

Այն ժամանակ, հայրենի խումբ մը երիտասարդներ, որոնք կազմած էին նուագախումբ մը` «Սերփանթինա» անունով, լսելով Օհանին երգարուեստի յաջող ելոյթները, անմիջապէս զինք հրաւիրեցին մաս կազմելու իրենց անձնակազմին` որպէս առաջնակարգ մեներգիչ:

Իսկ այս նախաձեռնութիւնը անոր առջեւ բացաւ նոր ու բեղմնաւոր դաշտ մը հայրենի պատկան գեղարուեստական համակարգին մէջ, ընդ որուն, տուեալ խումբը, երբ հիւրախաղերու կը մեկնէր այլ հանրապետութիւններ (օրինակ` Պալթեան), Օհանը եւս մաս կը կազմէր անոնց` իր ուրոյն եւ ուշագրաւ երգեցողութիւններով արժանանալով համապատասխան գնահատականներու:

* * *

Յետ շրջանաւարտութեան, երբ Պէյրութ վերադարձանք, Օհանին համակ կեանքը եղաւ նուիրում ու ծառայութիւն, խոնարհում ու կառչածութիւն, ազգային-գաղափարական, միութենական-լրագրական, արուեստային-կրթական բնագաւառներուն, իւրաքանչիւր կառոյցէ ներս (ՌԱԿ, ԹՄՄ, ՀԲԸՄ, մամուլ), իր մասնակցութիւնը բերելով որպէս հաւատացեալ, նուիրեալ, աշխուժ ու գործունեայ հայորդի մը, անխառն գիտակցութեամբ, պատրաստակամ յանձնառութեամբ ու բուխ ջանասիրութեամբ, միշտ լիուլի եւ յարատեւօրէն կատարելով իրեն վստահուած պարտականութիւնները, պատասխանատուի հանգամանքով թէ անդամի անձնուէր ժրաջանութեամբ:

Ազգային կեանքը եւ անոր հետ առնչուող գործունէութիւնները իրեն համար եղան ու մնացին առաջնային օրակարգեր, որոնց նկատմամբ միշտ ցուցաբերեց բծախնդրութիւն, հաւատարմութիւն, ազնուութիւն ու լաւատեսութիւն, իսկ նոր սերունդին նկատմամբ անոր վերաբերմունքը, արժանի էր գնահատանքի, որովհետեւ համոզուած էր, որ անիկա պիտի ըլլար ապագայի ժառանգորդն ու ջահակիրը, հետեւաբար անոր նկատմամբ պէտք էր տածել յատուկ դաստիարակութիւն, գուրգուրանք ու զօրակցութիւն, միանգամա՛յն:

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառած անկայունութիւնը եւ անապահովութիւնը, ինչպէս այլոց, խորապէս խռոված էր նաեւ զինք, եւ պատահական չէր, որ ան ամէնուրեք էր (ՀԲԸՄ-ի դարմանատուն, Թէքէեան կեդրոն, «Պայքար» ակումբ, «Անդրանիկ Սեւան» ակումբ, միութեան վարժարաններ) նախ` համախումբ տէր կանգնելու մեր հաստատութիւններուն, ապա` օժանդակութիւն ընձեռելու կարիքաւորներուն:

Երկարող ու խորացող կացութիւնը ստիպեց, որ Օհանը գործուղուի արաբական կարգ մը երկիրներ, սակայն` առանց կտրուելու իր շրջանակներուն նեցուկ կանգնելու բարի տրամադրութիւններէն, բարոյապէս ու նիւթապէս, իր աջակցութիւնը բերելով անոնց, ամէն առիթով, երբ իրեն կը դիմուէր:

Վերադարձին, երբ իրմէ խնդրուեցաւ, որ ան Թէքէեան Կեդրոնէն ներս ստանձնէ վարիչ-քարտուղարի պաշտօն, առանց վարանելու` համաձայնեցաւ եւ ձեռնհասօրէն վարեց այդ պաշտօնը, ապա, ՌԱԿ-էն ներս, երբ ատենապետի պաշտօնին նշանակուեցաւ, դարձեալ կամովին ընդունեց զայն` որպէս գաղափարական դպրոցի գաղափարապաշտ թեկնածու, ու հոն եւս ունենալով զգալի ներդրում` թէ՛ կուսակցական, թէ՛ միջկուսակցական ոլորտներու մէջ, իր անսակարկ եւ անշահախնդիր մասնակցութիւններով:

* * *

Վստահաբար կրթական ցանցը` իր դպրոցներով, աշակերտներով, դաստիարակութեամբ եւ, ընդհանրապէս, իր մթնոլորտով եւ ոգեշինութեամբ, ուրիշ երանգ ու բոյր ունէր, իսկ այդ արժէքները Օհանին համար հարազատ էին, որովհետեւ հոն կը տեսնէր իր ներկայ թէ ապագայ ովասիսներու կերտումը, միշտ կապուած` նոր սերունդին լուսաւորումին եւ արժեւորումին հետ, իր օրինակով ու ձեւաւորումով զայն պահելու իր հոգատարութեան ու սրտամօտիկութեան տակ:

Իսկ երբ պատեհութիւնը ներկայացաւ ընդառաջելու այն պաշտօնական հրաւէրին` ստանձնելու Ուրուկուէի ՀԲԸ Միութեան վարժարանի հայկական բաժնի տնօրէնութիւնը, Օհանը անմիջապէս մեկնեցաւ հոն ու շուրջ տասը տարի վարեց այդ պատասխանատու պաշտօնը:

Հոգեպարար ուրախութիւն մը ապրեցաւ Օհանը այդ տարիներուն` հաւատալով, որ այդ առիթը իրեն համար ոչ միայն ուրախութիւն ու հպարտութիւն էր, այլ` աշակերտութեան հետ շաղուելու ու շփուելու միջոց մը, որ այնքան իր սրտին կը խօսէր, մանաւանդ երբ նոր սերունդին հետ, իր հայրական ու ծնողական մերձեցումներով, զայն կը կամրջէր հայրենիքի հետ, հայրենասիրական, ազգասիրական ու հայաստանասիրական անաղարտ ոգիով լիացնելով բոլորը, հայկականութիւնը եւ հոգատարութիւնը նկատելով գերագոյն հրճուանք ու գոհունակութիւն, զանոնք ներարկելով աշակերտութեան ոգիին ու սրտին մէջ` որպէս թանկարժէք մասունքներ:

Այդ ժամանակամիջոցին Օհանին համար միայն կրթական աշխարհը չէր, որ զինք կլանած եւ ոգեշնչած էր, այլ` նոյնքան ազգային կեանքը, ուր ան գործօն մասնակցութիւն կը բերէր ՌԱԿ-ի ու ՀԲԸՄ-ի, Ուրուկուէյի միջմիութենական եռուն կեանքին մաս կազմելով, նաեւ աշխատակցելով տեղւոյն «Սարդարապատ» պարբերաթերթին:

Իր տասնամեայ տնօրէնի պաշտօնավարութեան աւարտին, Օհանը դարձեալ վերադարձաւ Պէյրութ եւ իր ազգային-միութենական վերանորոգ աշխատանքներուն մէջ շարունակեց իր դերն ու մասնակցութիւնը ընծայել, մանաւանդ` կրթական շրջագիծէն ներս, ՀԲԸ Միութեան վարժարաններուն մէջ (Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան), դասաւանդելով հայերէնագիտական նիւթեր, այն հաւատքով, որ ատոնք կը մնան նոր սերունդին ինքնութեան եւ էութեան արժանիքները, իսկ զանոնք ըմբոշխնելն ու ամրացնելը հաստատուն կռուաններ կը դառնան հայ աշակերտութեան համար:

Այլապէս ալ, Օհանը երբեք չզլացաւ իր ունեցած գիտելիքներն ու փորձառութիւնները ի սպաս դնելու այն շարժումներէն ու ձեռնարկներէն ներս, ուր իր ներկայութիւնը օգտակար կրնար հանդիսանալ, իսկ ինք` պատրաստակամ, այդ ուղղութիւններով, իր նպաստը բաշխելու:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթը եւ անոր մշակութային մարմինը Օհանին վերջին տարիներուն եղան ոչ միայն իր ուշադրութեան կիզակէտերէն, այլեւ` բանիւ ու գործով զօրավիգ կանգնելու անոնց արդիւնաւէտ ու բարեբեր աշխատանքներուն:

Այդ առումով ալ համեստ գոհունակութիւն մը կ՛ապրէր, մանաւանդ երբ ականջալուր կ՛ըլլար իր հասցէին կատարուած գովելի վերաբերմունքներուն եւ արժանի գնահատանքներուն:

* * *

Օհանը իր ընկերասիրութեամբ, հաճոյախօսութեամբ ու հաւատարմութեամբ, առանց տեղի տալու որեւէ արգելքի կամ դժուարութեան առջեւ, երբեք չէր ընկրկեր կամ խուսափէր որեւէ պարտաւորութենէ, որովհետեւ կ՛ըսէր. «Ես Միհրան եւ Զարուհի Պոտրումեաններուն դաստիարակած զաւակն եմ, զտարիւն հայ, անբասիր ազգային, հաւատաւոր գաղափարապաշտ ու ջերմ հայրենասէր»:

Այո՛, իրաւունք ունէր, այնքան ատեն որ այդպէս ապրեցաւ եւ գործեց, ծառայեց ու շնչեց:

Օհանին հետ մեր անցուցած եւ ապրած կեանքը խօսուն էր, իմաստալից, հաղորդական եւ անջնջելի, որ տեւեց շուրջ 62 տարի, ոչ միայն զուտ ընկերային մերձեցումներով, այլեւ` միջընտանեկան ու միջբարեկամական կապերով, որոնց յիշատակագրութիւնը եւ յիշողագրութիւնը ամբողջ պատմութիւն մըն է` իր կենդանի, պերճախօս, ջերմեռանդ, հարուստ եւ ոգեշունչ դրուագներով եւ անմիջական հարազատութեամբ:

* * *

Տխուր ու ցաւալի էր Օհանին մեկնումը, յատկապէս իր խնամատար կնոջ` Սիլվային եւ իր հոգեհատոր Նայիրիին համար, որոնց հետ այնքան ուժգնօրէն ու սերտօրէն կապուած էր եւ կ՛ապրէր անոնց սիրալիրութեամբ եւ ողջասիրութեամբ:

Յիշատակդ` անմոռանալի, սիրելի՛ Օհան, լոյսերու մէջ ննջես, երկնային արքայութեան մէջ:

Պէյրութ

Նախորդը

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Արուեստը

Յաջորդը

Վերժին Աբրահամեանի Մահուան Տարելիցը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.