ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Պերլինալի փառատօնը աչքառու դարձաւ երկու առումով: Մեր պարագային` նախ այն, որ ե՛ւ ոսկի ե՛ւ «արծաթ արջ»-երը ստացան թուրք բեմադրիչներ: Ապա համաշխարհային առումով, դատական կազմի նախագահ ականաւոր բեմադրիչ Վիմ Վենտերսի` Կազայի ցեղասպանութիւնը անտեսելու կապակցութեամբ այն յայտարարութիւնը, թէ արուեստը քաղաքականութեան թունադեղն (antidote) է, հարկ է, որ հեռու մնայ քաղաքական խաղերէ, եւ թէ` արուեստի բնագաւառին մէջ քաղաքականութիւնը պարզապէս «աղմուկ» է: Ելոյթը դատապարտուեցաւ հարիւրաւոր արուեստագէտներու եւ անմիջապէս տեղւոյն վրայ` փառատօնի շարք մը մասնակիցներու կողմէ:
Պատմական խորապատկեր.- Փառատօնը հիմնուած է 1951-ին, արեւմտեան Պերլինի մէջ: Այլ խօսքով, Պաղ պատերազմի թէժ օրերուն, ուղղակի խորհրդանշական ռազմագծի վրայ, արեւմտեան Պերլին: Աւելի՛ն. անոր հիմնադիրն էր Ալֆրետ Պաուէր (1911-1986), որ քանի մը տարի առաջ նացի քարոզչութեան տխրահռչակ ղեկավար Կեպելսի աջ բազուկն էր: Այդ պատահական չէր, աշխարհամարտի նախօրեակին (1938) Պաուերի պաշտպանած «դոկտորական» աւարտաճառի վերնագիրն էր` «Պետութեան դերը շարժապատկերի մէջ»: Արեւմուտքի եւ յատկապէս Գերմանիոյ մէջ բազմաթիւ մարդիկ ի հարկէ տեղեակ էին անոր անցեալին: Նշանակումի առաջին օրէն իսկ մամուլի մէջ լոյս տեսած էին ակնարկներ: Պերլինի ամերիկամէտ իշխանութիւնը ճնշած էր բողոքները: Պաուեր փառատօնի գահին վրայ մնաց մինչեւ խոր ծերութիւն (1976): Այդ ինքնին խօսուն է տիրող մթնոլորտին շուրջ: Փառատօնի առաջադրութիւնն էր` դառնալ «արեւմտեան արժէքներու ցուցափեղկ»: Խորհրդային Միութիւնն ու Արեւելեան Եւրոպան տեղ չունէին այդտեղ: Առաջնակարգ տեղ ունէին ի հարկէ այդ երկիրներու այլախոհնե՛րը: Խ. Միութեան փլուզումէն ետք առաջին շարքի վրայ կը մնան Արեւմուտքին հակադրուող Չինաստանի, Քուպայի եւ, ի հարկէ, Իրանի այլախոհները:
Նախադէպ.- Երկու տարի առաջ, այսինքն` Կազայի ճգնաժամի սկիզբէն տարի մը անց, չորս երիտասարդներ` երեք հրեայ եւ մէկ պաղեստինցի, «Չկայ այլ հող» (No other land, 95վ) վաւերագրական ժապաւէն մը ներկայացուցած էին փառատօնին: Իսրայէլեան բանակը կ՛որոշէ գրաւել Անդրյորդանանի Մասաֆեր Եաթթա շրջանը եւ վերածել գնդաձգութեան դաշտի: Պարզ է, թէ այդ բացայայտ պատրուակ է տեղահանելու համար պաղեստինցիները: Գնդաձգութիւնը ապահով կերպով կարելի է կատարել Նաքապի (եբրայերէն` Նակեւ) անապատին մէջ, որ աւելի ընդարձակ է, քան` Լիբանանը: Քանդուած տուներու փոխարէն` տեղացիք գիշերով կը շինեն հիւղեր, զորս բանակը կրկին ու կրկին կը քանդէ, եւ տեղացիք կրկին ու կրկին կը վերականգնեն, որովհետեւ «չկայ այլ հող», ուր կարող են երթալ: Ժապաւէնի ակնյայտ ասքը այն էր, որ կարելի է պաղեստինցիներու իրենց հողերուն վրայ գոյատեւումը` ի գին ամէնօրեայ անդուլ եւ աննահանջ պայքարի: Աւելի՛ն. թէ կարելի է «սրտցաւ հրեաներու»-«ողջմիտ պաղեստինցիներու» գործակցութիւն: Վաւերագրական ժապաւէնը ստացաւ «Ոսկէ արջ», ջերմ ընդունելութիւն հանդիսատեսի կողմէ եւ… ջերմ ընդդիմութիւն ոչ զարմանալիօրէն Իսրայէլի եւ անգիտաց համար զարմանալիօրէն գերման մշակոյթի նախարարին կողմէ:
Անգիտաց այստեղ կը նշանակէ ոչ ծանօթ յետ Բ. Աշխարհամարտ Գերմանիոյ մէջ տիրող մթնոլորտին: Պաուեր վստահաբար բարձր թէ ցած դիրքերու վրայ միակ անձը չէր, որ ունէր մութ անցեալ: Զարմանալի չէ ուրեմն, թէ ինչո՛ւ իշխանութիւնները (եւ ոչ միայն) տասնամեակներ շարունակ կամովի կուրութեան դիմած էին: Այժմ թերեւս բոլոր ֆաշական ցեղակրօն պաշտօնատարները մահացած են: Կը մնան, սակայն, յետպատերազմ անոնց հիմնած եւ երկար ժամանակ բանած հաստատութիւնները, ինչպէս` Պերլինալը: Հարկ է պահպանել այդ հիմնարկներուն վարկը: Պազարի մէջ ամէնէն խարդախ խանութպանն է, որ ամէնէն արագը կը վազէ միջօրէի աղօթքին: Գերմանիոյ պետական այրերն են, որ ամէնէն արագ Իսրայէլի աննպաստ որեւէ ակնարկ կը պիտակեն «հակասեմական»: Իմա` հակահրեայ: Մինչդեռ, Հին կտակարանի իսկ վկայութեամբ, պաղեստինցիներ (փղշտացիք) յստակօրէն տեղացի սեմական ժողովուրդ են, իսկ հրեաներու` միայն որոշ տոկոսը:
Վիմ Վենտերս դասալի՞ք, թէ… Բազմավաստակ վեթերան բեմադրիչը իր 1991-ին հրատարակած «Պատկերներու տրամաբանութիւնը (The Logic of Images») գիրքին մէջ ըսած է. «Ամէն ժապաւէն քաղաքական է»: Բանիմաց մարդիկ, ներառեալ` նոյնինքն Վենտերս, ի հարկէ քաջ գիտեն այդ: Ինչո՞ւ ուրեմն Վենտերս այժմ կը թուի ջատագովել «արուեստ արուեստի համար» դրոյթը եւ քաղաքականութիւնը կ՛որակէ «աղմուկ»: Արեւմուտքի մէջ քաղաքականութիւնը կը ներկայացուի որպէս արհեստավարժ քաղաքական մարդոց հանապազօրեայ ճամարտակութիւն, այլ ոչ պայքար` յանուն հաւաքականութեան մը իրաւունքներուն: Կարելի չէ մտնել Վենտերսի գլխէն ներս:
Անձնապէս կը կարծեմ, թէ այդ արտառոց կեցուածքը ծխածածկոյթ (smokescreen) էր պարտկելու համար իր իսկական մտավախութիւնը: 81-ամեայ Վենտերս ինք իր դիրքին կամ նիւթականին շուրջ մտահոգուելու պատճառ չունի: Մտահոգութիւնը հաւանաբար ապագան է գերման շարժապատկերի, որ գլխաւորաբար կը ֆինանսաւորուի պետութեան կողմէ: Մշակոյթի նախարութեան պիւտճէն շուրջ 2,7 միլիառ տոլար է: Պետութիւնը իրաւատէրն է նոյնինքն փառատօնին (1): Գերման բեմադրիչներու ժապաւէնները ընդհանրապէս կը կազմեն փառատօնի մասնակիցներու 25-30 տոկոսը: Այդ կրնայ լրջօրէն վտանգուիլ նախարարի որոշումով:
«Չկայ այլ հող» ժապաւէնի առիթով 2004-ին հրաժարիլ պարտադրուած էր գեղարուեստական ղեկավար Քարլօ Շաթրիան: Այժմ հրաժարիլ պարտադրուեցաւ անոր յոյժ կարող եւ փորձառու յաջորդ Թրիշիա Թաթըլը, որովհետեւ ան ոչ միայն արտօնած էր Իսրայելի դէմ բողոքի ելոյթները, այլեւ լուսանկարուած` քուֆիէ կրող անձերու հետ: Այդ ի հարկէ աններելի է պետութեան մը համար, որ Միացեալ Նահանգներէն ետք Իսրայէլի հետ զէնքի մեծագումար երկկողմանի առեւտուր ունի: Առեւտուր մը, որ ամօթալիօրէն տասնապատկուած է Կազայի բռնկումէն ետք (2): Վենտերս կը փորձէ ապահովեցնել Գերմանիոյ իշխանութիւնները, թէ փառատօնը գիծէ դուրս չէ եկած: Այդ ցաւօք ճիշդ է:
Մեծ համբերութեամբ պրպտեցի մրցանակի համար ընտրուած 22 ժապաւէններուն նիւթերը: Կարելի է ըսել, որ բոլորը կը համընկնին շուկայադրումի «ճիշդ քաղաքականութեան» չափանիշներուն, այսինքն` բարեմիտ թուացող անվտանգ նիւթեր: Սեւեր, գաղթականներ, կենսոլորտ, միասեռականութիւն, թմրամոլութիւն, ծէսեր, անհատական յիշողութիւններ, կեղծ բարեկամութիւն, առանձնութիւն, ինքնութեան փնտռտուք, ամուսնական յարաբերութիւն, հօրենական ժառանգի կառչածութիւն, մտասեւեռումներ, չափահաս դառնալու ցաւեր, անչափահաս գործաւորներ, մտագարութիւն (dementia), աղջնակի մը խորհրդաւոր տեսիլքը, եւ … նորածին «հակաքրիստոս» (նեռ) մը եւս (3):
Թուրք մրցանակակիրները.-
«Արծաթ արջ».- Փրկութիւն (Salvation /Քուրթուլուշ), բեմագիր-բեմադրիչ Էմին Ալփեր, խաղարկային, 120վ: Ըստ բեմադրիչին, ինք ներշնչուած է 2009 թուականի Մարտինի մէջ տեղի ունեցած մեծ ոճիրէն, որ կը ճանչցուի որպէս «Մարտինի սպանդ» (քաթլիամ): 2009-ի 4 մայիսին գիւղի «պահապան»-ի (քորուճու) մը գլխաւորութեամբ խումբ մը անձեր նշանտուքի մը մասնակիցներէն 44 հոգի կ՛առանձնացնեն, գնդացիրներու միջոցով կը սպաննեն եւ ձեռնառումբերով կը բզկտեն: Ժանտարմի ոչ համոզիչ տեղեկագիրը կ՛ըսէ, որ յարձակողները հակադրուած էին նշանտուքին: Թրքական պետութիւնը Մ. Քեմալի օրով հիմնած էր «գիւղի պահապաններու» զինեալ արտօնեալ խմբակները` ցեղախումբերը սիրաշահելու համար: Այդ յիշել կու տայ աւազակաբարոյ Համիտիէ գումարտակները: Ընդդիմացող ցեղախումբեր ենթակայ եղան բռնի տեղահանման: Անոնցմէ մէկն էր պեզարին, որուն հողերը տրուեցան հազերաններու: Ժապաւէնը առայժմ շուկայ իջած չէ: Ըստ հրապարակուած ակնարկներու, բեմադրիչը ոճիրին կը մօտենայ այլաբանական, այսինքն ոչ պատմական դիտանկիւնէ: Աւելի՛ն. ցոյց կու տայ, թէ ժանտարմը միջամտած է ի նպաստ ոչ վստահելի պեզարի ցեղախումբին: Այդ յոյժ զարմանալի է, որովհետեւ 1984-ի քրտական զինեալ դիմադրութեան բռնկումէն ետք 1985-ին «պահապանները» ժանտարմ (քաղաքապահ) ուժի հանգամանք ստացած էին: Դերակատարներուն մեծամասնութիւնը, որոնց շարքին` հայանուն Արամ Տիլտար, քիւրտ է, ոմանք` Մարտինի շրջանէն (4): Մրցանակը ստանալու հանդիսութեան ընթացքին Տիլտար «Առանձին չէք» յայտարարած է` իր խօսքը ուղղելով տարիներէ ի վեր բանտարկուած արուեստագէտներուն:
Դեղին պահարաններ (Սարը զարֆլար).- Իլքեր Չաթաք, խաղարկային 128վ, օտար լեզուով թարգմանութիւնը եղած է «Դեղին նամակներ» (Yellow letters /Gelbe Briefe), ինչ որ կորսնցուցած է իմաստը: Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր պետական գրասենեակներու կամ դատական գործերու վերաբերեալ թուղթերն են, որոնք կ՛ուղարկուին չարագոյժ դեղնաւուն պահարաններու մէջ: Նկարահանումները կատարուած են Պերլինի եւ Համպուրկի մէջ` որպէս փոխնակ Անգարայի եւ Պոլսոյ: Թատերագիր-թատրոնի տնօրէն մը եւ իր դերասանուհի կինը անորոշ, կամայական պատրուակով մը կը ստանան դեղին պահարան, կը հեռացուին պաշտօնէ: Զոյգը, որ ունի աղջնակ մը, կը մատնուի թշուառ կացութեան, կը պարտադրուի զիջիլ իրենց սկզբունքներէն եւ կիսամերկ դերեր վերցնել յիմար ֆիլմաշարերու մէջ եւ կամ դառնալ վարորդ: Ընտանիքը կը սկսի քայքայուիլ, ինչպէս կողքի որմազդները կը թելադրեն: Անոնք ֆիզիքապէս կը գոյատեւեն, բայց կը պահե՞ն արդեօք այն համոզումը, թէ թատրոնը ատակ է յեղափոխելու ընկերութիւնը: Աւելի ճիշդ` արդեօք իրենց ժապաւէնը յաջողա՞ծ է որեւէ բան փոխել շուկայական նկարագրի փառատօնի մը մէջ:
Ժապաւէնը դիտաւորեալ կերպով «ֆլու» է: Ցոյց տրուած միակ ցոյցին մէջ կը տեսնուին ուքրանական, պաղեստինեան եւ… միասեռական դրօշներ: Բացակայ են, սակայն, Թուրքիոյ ընդդիմադիր կազմակերպութիւններու դրօշները: Ոչ մէկ ակնարկութիւն, թէկուզ` քողարկուած, այն 150 հազար անբաղձալի անձերուն, որոնք բեմադրուած պետական հարուածէն ետք աշխատանքէ հեռացուեցան եւ արգելափակուեցան (5): Ժապաւէնը, ուրեմն, ճակատային ձեւաչափով ուղղուած չէ Թուրքիոյ իշխանութեան: Ժապաւէնը նաեւ իրապաշտ չէ, որովհետեւ Պերլինն ու Համպուրկը նման չեն Անգարայի եւ Պոլսոյ: Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ ժապաւէնը ահազանգ մըն է` ի տես Եւրոպայի մէջ աճող ֆաշիստական շարժումներուն: Բեմադրիչը աղօտած է գետնի վրայ գործող ծանօթ բռնատիրութիւնը առաջին գիծ մղելով անդէմ, անհասցէն: Զարմանալի չէ, որ իր ֆաշական անցեալը քողարկող գերման պետութիւնը «Ոսկի արջ»-ը նուիրեց իր հողերուն վրայ գործող այս ուշիմ աշակերտին:
Հուսկ բանք. Ինչպէս կրկնակիօրէն անդրադարձած եմ «Ոսկէ ծիրան»-ի կապակցութեամբ, փառատօները վաղուց արդէն կորսնցուցած են իրենց վարկը: Յանձնառու, «աղմկոտ», իմաստալից ասք ունեցող գործերը կը ցուցադրուին նեղ շրջանակներու մէջ, հեռու` փառատօնային պազարներէ: Անձնապէս չեմ փափաքիր դիտել ժապաւէն մը, որ ստացած է, օրինակ, Օսքար:
————–
- Իրաւատիրութիւնը պարտկուած է Գերմանիոյ յատուկ GmbH պիտակի ընկերութեան մը ձեւաչափով, որուն բնոյթը հասկնալու չափ տնտեսական իրաւաբանութեան ծանօթ չեմ:
- Այդ կը հաստատէ Stockholm International Peace Research Institute (SIPRI)-ի տեղեկագիրը:
- Շարժապատկերի մէջ հակաքրիստոսի բներգը առկայ է ի սկզբանէ: Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի կը ներկայացնէ վտանգ մը կամ մտավախութիւն մը, որ չէ առնչուած ս. գրային Յովհաննու յայտնութեան:
Թերեւս Արամ ընթացիկ անուն է: Տիգրանակերտի մէջ կանգնեցուած է արձանը աշուղ Արամ Տիգրանի (Մելիքեան, 1934-2009), որ կ՛երգէր գլխաւորաբար քրտերէն, բայց նաեւ երբեմն հայերէն: Արամ Տիլպար աշխուժ է քրտական մշակոյթի մէջ: Ունի շարք մը ժապաւէններ:- Պաշտօնական աղբիւրները ի հարկէ վստահելի չեն: Այնքանը հաւաստի է, որ 2016-էն ետք բանտարկեալներուն ընդհանուր թիւը շուրջ 200 հազարէն բարձրացած է աւելի քան 400 հազարի: Յաւելեալ 200 հազարին մեծ մասը հեծիկի կամ հաւու գողեր չեն վստահաբար: Ըստ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու, քաղաքական բանտարկեալներուն թիւը հաւանաբար շուրջ 40 հազար է:
