20 մարտին ամբողջացաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան հանդէսի հեղինակ եւ խմբագրապետ Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանի մահուան տարելիցը: Ան, երկարատեւ եւ անողոք հիւանդութեան դէմ պայքարէ մը ետք, իր մահկանացուն կնքած էր` խոր սուգի մատնելով իր ամուսինը, թերթիս աշխատակից ու բարեկամ, գրականագէտ` Կարօ Աբրահամեանը, բարեկամներն ու մշակութային շրջանակները:
Վերժին Աբրահամեան նուիրեալ մշակութային գործիչ մըն էր, որ սերտ կապ պահած էր հայ կրթական ու գրական կեանքին հետ: Թէեւ տնտեսագիտութեան շրջանաւարտ էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն, սակայն իր իրական կոչումը գտած էր գիրի եւ մամուլի աշխարհին մէջ: Տասնամեակներ շարունակ հետեւած էր հայագիտական կեանքին եւ իր գիտելիքները ծառայեցուցած` ստեղծագործ աշխատանքի մէջ:
Ան յատկապէս յիշատակելի կը մնայ որպէս «Փթիթ» մանկական պարբերականի հիմնադիրն ու խմբագիրը, զոր մեծ նուիրումով ղեկավարեց տարիներ շարունակ` տղոց գրասեղանին վրայ դնելով կրթական ու գունագեղ բովանդակութեամբ հանդէս մը, իսկ վերջին տարիներուն` որպէս կայքէջ մը: Իր մահէն ետք «Փթիթ» կայքէջը երկու անգամ ունեցաւ նոր յաւելուածներ, յառաջիկայ օրերուն երրորդ յաւելուածը եւս տեղ պիտի գտնէ կայքէջին վրայ:
Մահուան տարելիցին առիթով յարգանքով կ՛ոգեկոչենք Վերժին Աբրահամեանը` մաղթելով, որ անոր սկսած գործը շարունակողներ ըլլան, որովհետեւ իրապէս օգտաշատ եւ իւրայատուկ աշխատանք էր:


