Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցաւ Փարիզի Եւ Ալֆորվիլի Քաղաքապետարաններուն Մէջ
Ապրիլ 13-ին Ֆրանսա գտնուող Արցախի պատուիրակութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Փարիզի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Փարիզի փոխքաղաքապետ, միջազգային համագործակցութեան գծով պատասխանատու Օտրէ Փուլվարի հետ:
Դանիէլեան երախտագիտութիւն յայտնեց Փարիզի քաղաքապետարանին Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած հետեւողական ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար` ընդգծելով, որ այդ աջակցութիւնը յատկապէս կարեւոր էր թէ՛ Արցախի շրջափակման եւ թէ՛ անոր յաջորդած ծանր եւ ողբերգական զարգացումներու ընթացքին:
Կողմերը քննարկեցին Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ` Հայաստան ապաստանած արցախցիներու ընկերային եւ տնտեսական հարցերը եւ անոնց լուծումներ գտնելու միջոցները: Շեշտուեցաւ նաեւ Արցախի ժողովուրդին ապահով, արժանապատիւ եւ հաւաքական վերադարձին կարեւորութիւնը: Հանդիպումի աւարտին, նախնական համաձայնութիւն գոյացաւ Երեւանի մէջ միացեալ ձեռնարկ մը կազմակերպելու համար:
Նոյն օրը պատուիրակութիւնը այցելեց Ալֆորվիլի Քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ Լուք Քարվունասի, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Իզապէլ Սանթիակոյի եւ փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեանի հետ: Կողմերը բարձր գնահատեցին Ալֆորվիլի քաղաքապետական խորհուրդի եւ բնակչութեան կողմէ տարիներ շարունակ ցուցաբերուող աջակցութիւնը` Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընդգծելով, որ այդ աջակցութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցած է նաեւ Արցախի դէմ իրականացուած բռնարարքներու ընթացքին: Քննարկուեցան նաեւ` համագործակցութիւնը ընդարձակելու կարելիութիւնները:
Յայտնենք, որ նշեալ հանդիպումներուն մասնակցեցան նաեւ` Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան եւ Արցախի Թեմական խորհուրդի նախագահ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Արցախի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ֆրանսայի Հայոց Թեմ
13 ապրիլին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Խաչատրեան ընդունեց Ֆրանսա այցելող Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք շեշտուեցաւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը: Նշուեցաւ այդ աշխատանքին մէջ միասնական ջանքերու կեդրոնացման անհրաժեշտութիւնը` միջազգային մակարդակի վրայ յաջողութիւններ արձանագրելու համար:
Մտահոգութեան առարկայ էին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ սանձազերծուած ոտնձգութիւնները:
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը շեշտեց, որ Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները իրենց անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ այդ մասին տեղեկացուցած են Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին:
Գրիգոր սրբազանը պատուիրակութեան ընկերակցեցաւ դէպի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցի եւ ներկայացուց եկեղեցւոյ ու Ֆրանսայի համայնքին պատմութիւնը:
Մարաղայի Ցեղասպանութեան 34-Ամեակին Առիթով Կայացաւ Հանդիպում–Քննարկում` «Մարաղա 34. Չպատժուած Եւ Շարունակուող Ցեղասպանութիւն» Խորագիրով
Ապրիլ 10-ին` Մարաղայի ցեղասպանութեան 34-ամեակին օրը, «Մարդու իրաւունքներու եւ Ցեղասպանագիտութեան կեդրոն» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ հանդիպում-քննարկում` «Մարաղա 34. չպատժուած եւ շարունակուող ցեղասպանութիւն» խորագիրով:
«Մարդու իրաւունքներու եւ Ցեղասպանագիտութեան կեդրոն»-ի նախագահ Լիլիթ Մարտիրոսեան ներկայացուց կեդրոնին կողմէ 2019 թուականէն ի վեր կատարուած հետեւողական աշխատանքը` Մարաղայի ողբերգութիւնը հանրութեան յայտնի դարձնելու, օրէնսդրական բարեփոխումներու խթանման եւ Մարաղա գիւղի անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի տեղադրման ուղղութեամբ:
Ըստ անոր, Մարաղայի դէպքերը տակաւին պատշաճ ճանաչում չեն ստացած ո՛չ ներպետական, ո՛չ ալ միջազգային մակարդակի վրայ. անիկա առ այսօր հիմնահարց կը մնայ:
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու առաջին պաշտպան, «Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Լարիսա Ալավերդեան անդրադարձաւ Մարաղայի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանական գործողութիւններու միջազգային-իրաւական գնահատականներուն: Ան ներկայացուց, թէ ի՛նչ փաստարկներ ձեւակերպուած են կամ կրնան ձեւակերպուիլ միջազգային հարթակներու վրայ` կատարուածը ցեղասպանութիւն որակելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:
Հանդիպման կարեւոր մասը կազմեց «Մարաղա, 10 ապրիլի, 1992» վաւերագրական ժապաւէնի դիտումն ու հետագայ քննարկումը: Ժապաւէնը, որ հիմնուած է ականատեսներու վկայութիւններու, արխիւային փաստաթուղթերու եւ վերապրածներու յուշերու վրայ, կ՛արձանագրէ 40-է աւելի խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնը, գերեվարումը եւ գիւղի ամբողջական աւերումը:
Քննարկումը ամփոփուեցաւ կարելի ուղղութիւններու ուրուագծումով` ինչպէս ազգային, այնպէս ալ միջազգային մակարդակի վրայ աւելի արդիւնաւէտ քայլեր ձեռնարկելու ուղղութեամբ:
Արցախի Դրօշակը «Փառքի Անկիւն»-էն Չվերցնելուն Պատճառով Արմաւիրի Մարզէն Դպրոցի Տնօրէն Մը Գործէ Արձակուեցաւ
Արմաւիրի մարզի Սարդարապատ համայնքի դպրոցի տնօրէն Կարինէ Սմբատեան գործէ արձակուեցաւ «Փառքի անկիւն»-էն Արցախի դրօշակը վերցնելու հրահանգին չենթարկուելուն պատճառով:
Ան այս մասին գրած է. «Այսօր ես այլեւս չեմ զբաղեցներ դպրոցի տնօրէնի պաշտօն, բայց երբեք չեմ դադրիր հոգւոյս մէջ հայ մանկավարժ եւ հայ սպայ ըլլալէ: Հեռացումս կամ պաշտօնէ զրկուիլս փոքրագոյն գինն է այն ամէնուն դիմաց, որոնց կը հաւատամ եւ կը ծառայեմ: Ես չեմ կրնար լռել, երբ հարուածի տակ կը դրուին մեր սաներուն հոգեւոր եւ հայրենասիրական արժէքները: Այն դրօշը, որ այսօր դարձած է քննարկման առարկայ, պարզապէս խորհրդանիշ չէ. այն մեր աշակերտներուն համար կենդանի յիշողութիւն, սրբութիւն եւ պատգամ է` գրուած մերօրեայ հերոսներուն ձեռքով:
«Ես հպարտ եմ աշակերտներովս: Անոնք ապացուցեցին, որ մեր տարիներու աշխատանքը ի զուր չէ անցած: Երբ երեխաները կը բարձրացնեն Արցախի դրօշը կը բարձրաձայնեն մեր սուրբ մասունքը պաշտպանելու մասին: Այս կը նշանակէ, որ մենք կրթած ենք Արժանապատիւ Սերունդ:
«Պատասխանս անոնց, որոնք կը փորձեն հրահանգներով «մաքրել» մեր յիշողութիւնը, մէկ է.
«Պարո՛ն մարզպետ.
«Դուք կրնաք հեռացնել զիս պաշտօնէ, բայց չէք կրնար հեռացնել հայրենասիրութիւնը սրտէս:
«Դուք կրնաք հրամայել հանել դրօշը, բայց չէք կրնար ջնջել մեր հերոսներու ստորագրութիւնները մեր հոգիներէն:
«Ես միացած եմ «Ուժեղ Հայաստան» խումբին, որովհետեւ կը տեսնեմ, թէ այսօր մեր երկրին օդ ու ջուրի պէս պէտք է պայքար` յանուն արժէքներու, յանուն սրբութիւններու եւ յանուն մեր երեխաներու ապագային: Ես պիտի շարունակեմ պայքարս արդէն իբրեւ ազատ քաղաքացի` սատարելով իւրաքանչիւրին, որ չվախնան տէր կանգնելու մեր ինքնութեան: Պատիւ ունիմ», գրութիւնը եզրափակած է Արմաւիրի մարզի Սարդարապատ համայնքի դպրոցի տնօրէն Կարինէ Սմբատեան:
«Թեւանիկ» Բարեգործական Խումբը Սուրբ Զատկուան Տօնին Առիթով Կազմակերպած Է Հանդիպում Արցախի Հայ Օգնութեան Միութեան Անդամուհիներու Հետ
«Թեւանիկ» բարեգործական խումբը Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով կազմակերպած է հանդիպում Արցախի Հայ օգնութեան միութեան անդամուհիներու հետ: Նախաձեռնութիւնը սկսած է Տէրունական աղօթքով, այնուհետեւ Արցախի ՀՕՄ-ի ատենապետուհի Մելանիա Բալայեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Արցախի մշակութային հարուստ ժառանգութեան եւ ցաւով նշած է, որ այսօր Արցախը թշնամիին կողմէ կ՛ենթարկուի վանտալիզմի: Ան կարեւոր նկատած է «Թեւանիկ»-ի հետ համագործակցութիւնը եւ` նշած, որ միացեալ կազմակերպուած ամէն ծրագիր մեծ նշանակութիւն ունի տեղահանուած արցախցիներուն համար:
«Թեւանիկ» բարեգործական խումբի պատասխանատու Իվետ Դանիէլեան ողջունելով ներկաները` շնորհաւորած է տօնին առիթով, ապա յիշած է այն ծրագիրները, որոնք իրականացուած են Արցախի եւ Հայաստանի մէջ:
«Թեւանիկ»-ը կիներու ջանքերով միաւորուած խումբ մըն է, որ ստեղծուած է` օգնելու կարիքաւոր ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ` օգտակար ըլլալու հայրենիքին:
44-օրեայ պատերազմի օրերուն թեւանիկցիները հաւաքագրած են ուտելիք, սնունդ, մաքրութեան, անկողնային պարագաներ եւ բաժնած են մարդոց` այդպիսով քիչ մը թեթեւցնելով անոնց հոգերը:
Միաժամանակ, Երեւանի մէջ ՀՕՄ-ի հետ կազմակերպուած են արցախցի կիներու ձեռային աշխատանքի դասընթացք, որուն իբրեւ արդիւնք` պատրաստուած են Նոր տարուան խաղալիքներ եւ ուղարկուած են Միացեալ Նահանգներ վաճառքի: Հետագային անոնց հասոյթով կրկին օգնած են կարիքաւորներուն:
«Թեւանիկ» իր առաքելութեան հաւատարիմ մնացած է նաեւ Արցախի տեղահանութենէն ետք եւ շարունակած է աջակցիլ արցախցիներուն` գտնուելով անոնց կողքին:
Ձեռնարկի ընթացքին ներկաները դիտած են կարճ տեսահոլովակ մը, որ կը պատմէ Արցախի մէջ «Թեւանիկ»-ի կատարած կարեւոր աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` ապագայ ծրագիրները:
Սկսած Է Ցուցադրուիլ Հայաստան Վերադարձուած 12-րդ Դարու Եկեղեցւոյ Դուռը
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ սկսած է ցուցադրուիլ միջնադարեան հայկական փայտարուեստի եզակի ցուցանմուշներէն մէկը հանդիսացող հայկական եկեղեցւոյ մը փայտեայ դրան փեղկը:
Նիւ Եորքի մէջ բացայայտուած եւ 1188-էն մնացած բացառիկ դուռը անցեալ դեկտեմբերին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած աճուրդի մը ընթացքին գնուեցաւ Հայաստանի կողմէ: Գնումին եւ տեղափոխման համար կառավարութիւնը յատկացուցած էր աւելի քան 175 միլիոն դրամ` մօտաւորապէս 470 հազար տոլար:
Եկեղեցւոյ դրան փեղկը (190 ճ 57 ճ 12 սմ) պատրաստուած է արեւելեան ընկուզենիէ: Անոր պատկերագրութիւնը կը միաւորէ Աստուածաշունչի եւ արքունական խորհրդանիշներ: Կեդրոնին պատկերուած է Դանիէլը` առիւծներու մէջ, իսկ ստորին հատուածներուն ներկայացուած են տարբեր գազանամարտերու տեսարաններ, որոնք համեմատելի են Դանիէլի տեսիլքին հետ: Յօրինուածքի վերի մասին մէջ կայ հայկական թեւաւոր խաչը` ծաղկային ծիլերով եւ պտուղներով, որոնք կը համապատասխանեն հայկական եկեղեցական արուեստի կեանքի ծառի գաղափարին:


