ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի հայաթափումէն հազիւ քանի մը տարիներ ետք, անգութ ու անհաւասար պատերազմ մը մղուեցաւ պաղեստինեան Կազա երկրամասին վրայ, պաղեստինեան երկու գլխաւոր զինուորական-քաղաքական կազմակերպութիւններու (Համաս եւ Ժիհատ Իսլամի) եւ Իսրայէլի միջեւ:
Այս պատերազմը ամէն ինչով կը տարբերէր դասական պատերազմներէն: Մէկ կողմէն զինուորական ամէնէն արդիական միջոցներ ունեցող Իսրայէլը, իսկ միւս կողմէն` նկուղներուն մէջէն բուսնող, սահմանափակ միջոցներ ունեցող, պաղեստինեան փարթիզանական խմբակներուն միջեւ:
Պաղեստինցիք մաս կազմած են, այսպէս անուանուած, «Դիմադրութեան ճակատ»-ին, որուն բաղկացուցիչներ են` հզօր Իրանը, Սուրիան (նախապէս` մինչեւ 2024), Լիբանանի Հըզպալլան կամ Դիմադրութիւնը, Իրաքի Ժողովրդային համախմբումը եւ Եմէնի հութիներու իշխանութիւնը: Իրանը` ըլլալով ողնայարը Դիմադրութեան, ունէր իր սրածայրը` պաղեստինեան դիմադրութիւնը:
Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ բռնկած ուքրանական պատերազմը առիթն ու պատճառը հանդիսացաւ, որ միջազգային տնօրինումով մը, 2024-ի դեկտեմբեր 8-ին, Սուրիոյ 60 տարուան Պաաս կուսակցութեան ղեկավարած Ասատ ընտանիքի 54-ամեայ իշխանութիւնը յանկարծ փուլ գայ` տեղի տալով 15 տարիներէ ի վեր մարտնչող զինական ընդդիմութեան յառաջխաղացքին առջեւ, եւ օրուան նախագահ Պաշշար Ասատը, անլոյս ու մութ գիշեր մը, երբ «Լուսին չկար, մութ գիշեր էր», հեռանայ (փախչի) դէպի Ռուսիա` իր բախտին ձգելով երկիրը, ժողովուրդն ու բանակը:
Այլ բացատրութեամբ, Սուրիան այսպիսով յանկարծ դուրս եկաւ դիմադրութեան ճակատէն:
Ասոր զուգահեռ, Իսրայէլ կը յաջողէր ջլատել ու չէզոքացնել (իբր թէ) Լիբանանի Դիմադրութեան զինեալ ուժը` որսալով անոր քաղաքական ու զինուորական ղեկավարութիւնը, թիրախաւորելով անոր` Իրանի ու Սուրիոյ կողմէ տրամադրուած զինուորական կազմածներն ու կեդրոնները:
Ուրեմն հրապարակին վրայ կը մնար դիմադրութեան պատկառելի զինուորական կարողութիւններու տէր Իրանը, որ հակառակ տասնամեակներէ ի վեր իրեն պարտադրուած տնտեսական ու այլ բնոյթի պաշարումներուն` Արեւմուտքին կողմէ, յաջողած էր արտադրել, արդիականացնել ու զարգացնել հեռահար բազմատեսակ գերարդիական հրթիռներ` գերձայնային արագութեամբ, ճշգրիտ հարուածներու կարելիութիւններով, ինչ որ լուրջ սպառնալիք կը նկատուէր արեւմտեան երկիրներուն ու անոնց շահերուն եւ մանաւանդ ամերիկեան ու իսրայէլեան ռազմատնտեսական թիրախներուն:
Արեւմուտքը այն կարծիքին էր, որ Իրան յաջողած էր արտադրել հիւլէական հրթիռներ, մինչ անցեալին Իրանի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւնները չէին յաջողած զայն ու մանաւանդ անոր հիւլէական ճարտարարուեստը հսկողութեան տակ առնել, եւ կը կարծուէր, թէ ան շրջանցած է խաղաղ կարիքներու հիւլէական արտօնուած կարելիութիւնները` կուտակելով մօտ 500 քկ հարստացուած իւրանիոմի պաշար մը, անհրաժեշտ` հիւլէական ռումբերու արտադրութեան:
Միացեալ Նահանգները, յատկապէս նախագահ Թրամփի օրերուն, ի տես Չինաստանի ռազմատնտեսական ու Ռուսիոյ աճող կարողութիւններուն (թէեւ վերջինս խրած է Ուքրանիոյ հետ պատերազմի ճակատին մէջ), ջանք չէին խնայեր աշխարհը վերստին վերածելու միաբեւեռ իրավիճակի, որուն դէմ առ դէմ, յամառօրէն ու միայնակ (առ երեւոյթ) կը պայքարէր տնտեսական շատ դժուար օրեր ապրող Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը:
Ապա տեղի կ՛ունենար 13-24 յունիս 2025-ի 12-օրեայ պատերազմը, որուն կարճ տեւողութեան հակառակ` անոր ծալքերը ցարդ ամբողջովին չեն բացայայտուած:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Իսրայէլը այդ պատերազմին ընթացքին հեռահաս հրթիռներ օգտագործեց ու երբեմն ծանր հարուածներ հասցուց Իրանի ռազմական կարեւորութիւն ներկայացնող կեդրոններուն, սակայն վերջինս յաջողեցաւ Իսրայէլ հասցնել 200 հեռահաս եւ 100-է աւելի անօդաչու սարքեր, որոնցմէ քանի մը հատը ինկան Տիմոնայի հիւլէական կայանի տարածաշրջանին մէջ:
Տնտեսական դժուարութիւններու վերնագիրին տակ Արեւմուտքին կողմէ հրահրուած հակաիշխանական տրամադրութիւնները բարձր էին Իրանի մէջ: Մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած ու խրախուսուած սահմանափակ ցոյցերը, անցեալին, ապարդիւն մնացած էին:
Արեւմուտքը իր լրատուամիջոցներով լծուած էր սեւցնելու ու հրէշացնելու Իրանն ու անոր վարչաձեւը` օգտագործելով կարելի ամէն հնարաւորութիւն:
Փոխարէնը, անշուշտ որ Իրանի վարչաձեւի ի նպաստ քարոզչութիւն կատարող լրատուական միջոցները ձեռնածալ մնացած չէին ու լարուած անդուլ աշխատանք ի գործ կը դնէին արդարացնելու համար իրենց ձեռնարկած բազմաբնոյթ քայլերն ու միջոցները, սակայն միշտ կը հանդիպէին Արեւմուտքի խափանման կարողութիւններուն:
* * *
Գրութեանս յաջորդ բաժինները քաղած եմ մասնաւորաբար Իրանի վարչաձեւին ի նպաստ արտայայտուող լրատուական միջոցներէն:
* * *
Ըստ վերոյիշեալ լրատուական միջոցներուն, 12-օրեայ պատերազմէն ետք հակաիշխանական աճող ցոյցերուն հանդէպ իշխանութիւնները շատ խիստ ու կարծր կեցուածք ցուցաբերեցին:
Այսպէս, Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդը (բանակին զուգահեռ` արտակարգ կարողութիւններով, կազմածներով ու լիազօրութիւններով օժտուած կառոյց) յաջողեցաւ այդ ցոյցերուն, անոնց կազմակերպիչներուն ու դուրսին ծառայող գործակալներուն մատները կտրել:
Միեւնոյն ատեն Իրան միջնորդներու ճամբով (Քաթար, Օման ու այլ երկիրներ) տեղեկացուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ որեւէ ռազմական արարքի պիտի հակադարձեն` հարուածելով անոնց տնտեսական եւ ռազմական խարիսխները, ո՛ւր ալ ըլլան անոնք:
Լրատուական միջոցները (Իրանի) մինչ այդ կը յայտնէին, որ ընդդիմադիր ցուցարարները, համեմատած երկրի բնակչութեան թիւին, շատ չնչին տոկոս մը կը կազմեն:
Իրանի կողմէ ձեռք առնուած բազմատեսակ միջոցները կը մղեն Արեւմուտքը, որ Արեւմուտքը հարուածելու մտադրութիւնը յետաձգուի մինչեւ յառաջիկայ պայմաններու բարելաւումն ու հասունացումը:
Սակայն կարեւոր հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. արդեօք Իրանի փլուզումը կը բխէ՞ր անոր դրացի եւ մանաւանդ Արաբական ծոցի երկիրներուն շահերէն` նկատի ունենալով, որ Իրանը տարածաշրջանի երկիրներու հիմնասիւներէն է:
Կը նշուի նաեւ, որ միլիոնաւոր ցուցարարներ` ի պաշտպանութիւն իշխանութիւններուն ու վարչաձեւին, դուրս եկան ցոյցի, ճիշդ յար եւ նման այն ցոյցերուն, որոնք տեղի ունեցած էին Յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար, նահատակուած Քասեմ Սուլէյմանիի թաղման, երկրի զանազան շրջաններուն մէջ: Եւ կ՛ակնարկուի, որ այդ միլիոնաւորներու ցոյցերը անակնկալի բերին Միացեալ Նահանգներն ու անոր նախագահը, որ հրամաններ արձակեց հակացոյցի եւ խափանարար արարքներ կատարելու: Իշխանութեան լրատուական միջոցները այդ ցոյցերուն թիւը կը գնահատէին 20-24 միլիոնով` երկրի զանազան շրջաններուն մէջ:
Հակաիշխանական ցոյցեր կազմակերպելու համար Արեւմուտքը յաջողած էր հիմնել գործողութիւններու յատուկ կեդրոն մը, որ պիտի ղեկավարէր այդ ցոյցերը:
Եւ այդ ցոյցերուն ընթացքին իշխանութիւններուն կը հասնին աւելի քան 400 հազար հեռաձայնային կապեր, որոնք բացայայտելով կ՛իմացնէին այդ արարքները կատարողները, անոնց հեղինակներն ու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ` ընդհանրապէս այդ երեւոյթներուն մասին:
Այսպէս, կը պատմուի, որ աւազակ մը, որ մուտք գործած էր ամայի վայրի մը մէջ գտնուող ապարանքէ մը ներս` զայն կողոպտելու տրամադրութեամբ, ապարանքին գետնայարկի սրահներէն մէկուն մէջ կը բացայայտէ անօդաչու սարքերու պատրաստութեան գործարան մը: Ան անմիջապէս կ՛իմացնէ ապահովական մարմիններուն իր բացայայտումին մասին, ու երբ անոնք կը հասնին, աւազակը չի վարանիր անոնց յայտնելու, որ ինք ապարանք մուտք գործած է կողոպուտի նպատակով, սակայն զանոնք իրազեկ պահած է իր յայտնաբերումին մասին:
Այս ու նման բազմաթիւ դրուագներ կ՛արձանագրուին մամուլին մէջ, ինչ որ անառարկելի փաստերէն է իրանցիներուն, մանաւանդ անոնց պարսիկ-ֆարս հատուածին հայրենասիրութեան:
Ձեռք առնուած արտակարգ քայլերուն շնորհիւ` շուտով կը սանձուին ու կը սահմանափակուին խափանարարական ցոյցերը: Սակայն այդ չի նշանակեր, որ քուն մտած, դարանակալ բջիջներ չեն մնացած Իրանի բազմերանգ ժողովուրդին մէջ, կամ գէթ առժամաբար անդամալուծուած են անոնք:
Խափանարարները յաջողած էին հրապարակել տեսերիզներ` արհեստական բանականութեամբ վերարտադրուած, ի նպաստ հրահրողներու ծրագիրներուն, որպէսզի անոնք հասնէին միջազգային հանրային կարծիք ստեղծելուն` ի ծառայութիւն անոնց յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Պարզուած վերոյիշեալ իրողութիւնները, վարանում ստեղծելով Արեւմուտքին մօտ, վարանում կը ստեղծեն հարուածելու թէ նահանջելու ծրագիրներուն գծով:
Վերոյիշեալ երեւոյթները կը թելադրեն մտածել, որ իրարու միջեւ փոխանակուած նամակները կ՛ենթադրէին բանակցութիւններու թեքիլ:
Այսուհանդերձ, երկուստեք ռազմական կառոյցները գերլարուած ու սպասողական վիճակի մէջ կը մնային:
Լարուած կացութիւնը մեղմացնելու ձգտումով շրջանային ազդեցիկ երկիրներ` Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ այլն, այդ գծով միջամտութիւններ կատարած են մարտնչող կողմերուն միջեւ:
Ամերիկացիներուն` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին ահաբեկելու կոչին դիմաց, անոր արձակած հրահանգը` ամերիկեան բոլոր կառոյցները, շահերը, ուր ալ ըլլան անոնք, հարուածելու, ինքնին բարացուցական է:
Նշենք, որ 12-օրեայ պատերազմին սկիզբէն, յարձակումի առաջին իսկ ժամերուն, Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգներ փորձ կը կատարէին հարուածելու Իրանի կենսական կեդրոնները ու թիրախաւորելու Իրանի հոգեւոր առաջնորդն ու պետութեան վերնախաւը: Սակայն այդ փուլին այդ ձգտումները յաջողութիւն չէին արձանագրեր:
Փոխադարձ սպառնալիքները մագլցում արձանագրելով` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը թիրախաւորելու ամերիկեան կոչին կը հակադարձեն` սպառնալով թիրախաւորել երկրագունդի տարածքին ամէն ինչ, որ ամերիկեան կը սեպուի` իբրեւ «Սրբազան պայքար` ժիհատ»:
Այս բոլորէն ետք, 2026-ի սկիզբը Իրանը հարուածելու այլընտրանքը որոշ նահանջ կ՛արձանագրէր` հակառակ գերլարուած պատրաստութիւններուն ու իրանեան վարչակարգը տապալելու ամերիկեան կեցուածքին:
12-օրեայ պատերազմին ընթացքին Իրանի ձեռնարկած միջոցները կը ստիպէին, որ Իսրայէլ (իմա` Միացեալ Նահանգներ) դադրեցնէ իր թիրախաւորումներն ու յարձակումները` ի տես Իրանի աննախատեսելի ռազմական կարողութիւններուն, հակառակ այն իրողութեան, որ յաջողած էին ահաբեկել կարգ մը ռազմաքաղաքական ղեկավարներ ու գիտնականներ, յատկապէս` հիւլէական մարզին մէջ:
Հաստատենք նաեւ, որ իրանեան հեռահաս հրթիռները այդ ժամանակ թիրախաւորեցին բացառաբար միայն իսրայէլեան կառոյցները` բացառելով Միացեալ Նահանգներու շրջանային կեդրոնները, խարիսխները` Արաբական ծոցի թէ Թուրքիոյ կամ այլ երկիրներու մէջ տեղակայուած:
Վերոյիշեալ անցուդարձները անշուշտ իրենց շուքը տարածեցին Իրանի դրացի երկիրներուն վրայ, նեղուցներուն մէջ երթեւեկութեան ու ուժանիւթի փոխադրութեան գործընթացներուն ու շրջանային թէ համաշխարհային շահերուն վրայ:
Պէտք է նաեւ ընդգծել, որ շրջանային երկրորդ ուժանիւթի երկիրը` Սէուտական Արաբիան, ճիշդ կը կարդար շրջանային ելեւէջները, մինչ Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները կը ձգտէին իրենց միջեւ բաժնել տարածաշրջանը, մինչ ան կը փորձէր իր յարաբերութիւնները դարձնել հաւասարէ հաւասարի մակարդակի` Միացեալ Նահանգներուն հետ:
* * *
Արժէ նաեւ հպանցիկ ակնարկ մը նետել սայպըր պատերազմի (Cyberwarfare) ընթացքին վրայ:
Այս բնոյթի պատերազմ կիրարկուեցաւ 12-օրեայ պատերազմին, որուն ընթացքին օգտագործուեցաւ արհեստական բանականութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ փորձեցին խանգարել ու կասեցնել Իրանի հաղորդակցութեան ելեկտրոնային միջոցները, խափանել լրատուութեան տարածումն ու փոխարէնը` յղել շինծու լուրեր, պատկերներ, տեսերիզներ, փորձեցին խափանել Իրանի զանազան շրջաններուն միջեւ կապը, անջատել համացանցի կապը, փոխարէնը` փորձեցին օգտագործել անջրպետային` արբանեակային համացանցը (Starlink), իրենց տեղեկութիւններն ու հրահանգները տեղացնել` ղեկավարելու համար իրենց գործակալներն ու անոնց բջիջները:
Այս բջիջները ուղղելու ու ղեկավարելու համար նախապէս անոնց հետ նախապատրաստած էին համաձայնուած ծածկագիրներ եւ գաղտնագիրներ:
Իրանի ապահովական կառոյցները կը յաջողէին քակել այդ ծածկագիրներուն կապերը` քոտերը, ամբողջ երկրի տարածքին եւ այդ ապահովական արշաւը անուանեցին «Մոսատի գործակալներու բջիջներու անկման գիշերը»:
Ծրագրուած էր, որ կարգ մը խումբեր` բջիջներ, ընթանան դէպի մայրաքաղաք, Թեհրանի արեւմտեան շրջաններ, ինչպէս նաեւ` Իրաքի Քիւրտիստանի ուղղութեամբ, որովհետեւ կը կարծուէր, թէ Իրանի հրթիռները կամ պաշտպանական կառոյցները տեղակայուած էին այդ վայրերուն մէջ:
Ապահովական կառոյցները երբ կը բացայայտեն Իսրայէլի գործակալներուն ցանցերը, կը յաջողին անոնց` իրարու հետ յարաբերութեան միջոցները խանգարել ու չէզոքացնել, այդպիսով յաջողելով նաեւ խափանել անոնց յարաբերութեան արբանեակային միջոցները:
Անոնց հասած հրահանգները կը դրդէին, որ անոնք` խմբաւորումները, արեւելեան` մերձփաքիստանեան շրջաններէն սկսած, մեկնին դէպի ներքին շրջաններ, ինչպէս` Թեհրան, Սպահան, Մաշհատ եւ այլուր:
Միւս կողմէ` հարաւարեւմտեան Ահուազի մէջ (որ կը կոչուի նաեւ Արաբիստան) տեղւոյն արաբախօս ու պարսկախօս ցեղախումբերը կը դրսեւորէին հայրենասիրական պատուաբեր կեցուածք` ձախողեցնելով խափանարար այդ խմբաւորումներուն արշաւները, կամ հանրային, պետական ու անձնական կալուածներուն թէ կառոյցներուն քանդումը` համագործակցելով պետական ապահովական կառոյցներուն հետ:
* * *
Վերոյիշեալ 12-օրեայ պատերազմէն 7-8 ամիսներ ետք, մոխիրին տակ անթեղուած կրակը վերստին բորբոքեցաւ ու ճարճատեցաւ այս տարի` 2026-ի սկիզբը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին մշտափոփոխ եւ յաճախ հակասական յայտարարութիւններն ու մամուլին փոխանցած տեղեկութիւնները կու տային այն տպաւորութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւնները Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ (թէ այլուր), որոնք կայացած էին ուղղակի կողմերուն միջեւ, ի հեճուկս Իսրայէլի այն պնդումներուն, որ բանակցութիւնները անիմաստ էին, եւ որ` հարկաւոր էր դիմել ռազմական միջոցներու, փլուզելու համար Իրանի հիւլէական, ռազմատնտեսական եւ այլ միջոցները, գրաւել անոր հարստացուած իւրանիոմի պաշարը, ինչպէս նաեւ` տապալել անոր իսլամական վարչաձեւը… Ու այս նպատակներով Իսրայէլի արիւնարբու ու ռազմատենչ վարչապետը քանիցս այցելած էր Միացեալ Նահանգներ` ճնշումները բանեցնելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու անոր վարչակազմին վրայ, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ դիմեն ռազմական լուծումներու: Մինչ այդ շատեր կը կարծէին, թէ Օմանի մէջ կայացած բանակցութիւնները դրական ու բարւոք լուծումներ պիտի տային թէ՛ կողմերուն, թէ՛ տարածաշրջանին ու երկրագունդին:
Խաղաղութեան երկնակամարը լուսաւորուած էր, այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը բացայայտէր իր յաւակնութիւնը` տիրանալու Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին, յայտարարելով, որ ինք արդէն յաջողած էր քանի՜ քանի պատերազմներ կանխել ու դադրեցնել:
Ու յանկարծ, 2026-ի յունուարի առաջին իսկ կիսուն, նոյն նախագահը յայտարարութիւն մը կը կատարէ` խրախուսելով եւ հրահանգելով, որ Իրանի վարչաձեւի ընդդիմադիրները վերսկսին ցոյցերու, դիտել տալով, որ անոնց համար իր ուղարկած օգնութիւնները արդէն ճամբու վրայ են:
Միւս կողմէն, սակայն, վերոյիշեալ բանակցութիւնները կը շարունակուէին Օմանի մէջ փետրուար 6-17` համեմատական լաւատեսութեամբ:
Սակայն շաբաթ, 28 փետրուար 2026-ին վերոյիշեալ լաւատեսութիւնը յօդս կը ցնդէր, ու կը սկսէր անողոք պատերազմը: Յունուարի կէսէն սկսեալ արդէն Միացեալ Նահանգներու նաւատորմիղէն մաս մը (օդանաւակիր եւ մարտանաւեր) մօտեցած էին Իրանի ծովային շրջանային ջուրերուն:
Փետրուար 28-ին ծայր առած պատերազմին Միացեալ Նահանգները ուղղակիօրէն Իսրայէլին կողքին դերակատար էին:
Ռազմական օդանաւեր, հեռահար հրթիռներ, անօդաչու սարքեր կրակ կը թափէին կառոյցներուն վրայ Իրանի, որ իր կարգին օր ըստ օրէ զօրացող բացայայտուած միջոցներով կը հարուածէր ոչ միայն Իսրայէլը, այլ նաեւ` Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ թէ աւելի հեռուն (օրինակ` Կիպրոս) տեղաբաշխուած Միացեալ Նահանգներու ռազմական կառոյցներն ու նոյնիսկ խարիսխները, այնտեղ, ուր կային ամերիկացիներ:
Գրութեանս փակագիծներէն դուրս կը թողում այս` նոր պատերազմին մանրամասնութիւնները, սակայն կ՛ուզեմ հաստատել, որ այս պատերազմը շատ աւելի բիրտ ու արիւնալի էր, քան նախկինը, մանաւանդ որ զոհերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը խաղաղ քաղաքացիներն էին:
Իսրայէլ իր հարուածները կ՛ուղղէր նաեւ Լիբանանի, մանաւանդ` անոր հարաւի շրջաններուն, ուր կը թուէր, թէ Դիմադրութիւնը վերականգնած էր իր կարողականութեան մեծ մասը:
Լիբանանցի խաղաղ բնակչութիւնը հարկադրուած կը գաղթէր այդ տարածքներէն` յարաբերաբար աւելի ապահով ու խաղաղ կարծուած շրջաններ: Հարուածներէն անմասն չէին մնար նաեւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններն ու անոր մերձակայ վայրերը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի արեւելեան կարգ մը շրջաններ:
Լիբանան մնացած էր երկու սուրերու միջեւ` իր անզօրութեան լուծին տակ կքած: Լիբանանցիին դէմ կը կիրարկուէր ջարդ ու տեղահանութիւն:
Միջազգային միջնորդութիւններով ու ճնշումներով մարտնչող կողմերը 8 ապրիլին զինադադարի համաձայնութիւն մը կը ստորագրէին Փարիզի մէջ, ուր ակներեւ էր Չինաստանի դերը:
Սակայն այդ հրադադարը չէր ընդգրկեր Լիբանանը, որ սուղ կը վճարէր այդ գինը:
Այսպէս, 8 ապրիլի կէսօրին, մինչ կեանքը եռուն էր, Իսրայէլի օդուժի 50 օդանաւերէ բաղկացած տորմիղ մը կը գործադրէր քստմնելի ոճիր մը, երբ 10 վայրկեաններու մէջ կը թիրախաւորէր 100 կէտ` արձակելով 160 ռումբեր:
Գործուած ջարդին «հասոյթը» հետեւեալն էր.
– 300 զոհ
– 1200 վիրաւորներ, որոնցմէ շատեր ծանր վիճակի մէջ,
– 50 անհետ կորածներ:
Ու քանդուած բնակարաններ ու շէնքեր:
Այստեղ կը գոհանանք միայն նշելով, որ Լիբանանի դատարկուած շրջաններէն քանդուած են քանի մը տասնեակ գիւղեր:
Լիբանանի ժողովուրդին յիշողութեան մէջ վերստին կ՛արթննար 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումը` ի տես Պէյրութի հիւանդանոցներուն մեծաթիւ վիրաւորներուն, որոնց բուժման հասնելու անկարողութիւնը կը յամենար:
Իսրայէլ կը յաջողէր զուգահեռներ գծել Կազայի եւ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն միջեւ: Ան բացայայտօրէն յայտարարեց, որ Լիբանանը երկրորդ Կազայի պիտի վերածէ:
Երկու եղեռնագործ պետութիւններ իրենց արարքներով կու գային հագեցնելու իրենց մեծապետական ընչաքաղց կիրքերը:
Կը թուի, թէ աշխարհի ճակատագիրը մնացած է ձեռքը ոճրագործ ուղեղներուն ու կառոյցներուն, որոնք կը կիրարկեն անտառի արիւնադունչ գազաններուն օրէնքը:
Հարց կու տանք, թէ աշխարհը դէպի ո՞ւր կը սլանայ:
Երէկ Հայաստանն ու Արցախը, ապա` Ուքրանիան, այսօր` Իրանը, Արաբական ծոցի երկիրներ, տարածաշրջանն ու երկրագունդը:
Քեսապ, 10 ապրիլ 2026


