ՀՌԻՓ ԿԱՆԱՆԵԱՆ
Հինգշաբթի, 25 նոյեմբեր 2021-ին մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեր շրջանակին մէջ իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը` Վանուհի Իսաջանեանը:
Տարբեր էր անոր ապրած կեանքը եւ յատկանշական` իր մանկութեան տարիներէն սկսեալ: Մէկ հատիկ զաւակն էր վանեցի Բաբգէն Իսաջանեանին, որ իր դուստրը կ’ուզէ իշխանավայել մեծցնել:
1954-1955 տարեշրջանի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի Գ.հունձքի շրջանաւարտներէն էր Վանուհին, Մինաս Թէօլէլեանի օրերուն: Ապա մեկնած էր Լիբանան` Ecole Superieure Des Lettres-ի մէջ հետեւելու մանկավարժութեան դասընթացքներու, Արփի Սապունճեանի հետ:
Շրջան մը Լիբանանի մանկապարտէզներուն մէջ փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք, 1962-ին կը վերադառնայ Հալէպ եւ անմիջապէս կը ստանձնէ Ազգ. Սահակեան վարժարանի մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը, հինգ տարի շարունակ, մինչեւ յուլիս 1967:
Արդիական շունչով մանկապարտէզի դասարանները կը կահաւորէ, որուն ծախսը կը հոգայ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը: Կ’արդիականացնէ մանկապարտէզի ծրագիրը: Կը կազմակերպէ փոքրիկներու ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսներ ու բացառիկ յաջողութեամբ` ամավերջի հանդէսներ:
Իր պաշտօնավարութեան շրջանին` Ազգ. Սահակեան վարժարանի յաջորդական տնօրէնները եղած են` 1962-1963 Եդուարդ Էլոյեան, 1963-1965 Քրիստափոր Իֆատեան, 1965-1967 Նազարէթ Սապունճեան:
1968-ին Վանուհին կը մեկնի Լիբանան եւ կարճ ժամանակ մը վերջ` Քանատա-Մոնրէալ, ուր կ’անդամակցի Հայ օգնութեան միութեան` որպէս Հալէպի նախկին արծուիկ եւ խմբապետ շարունակելու իր ուխտը:
Առողջ մտքի եւ ինքնավստահ խառնուածքի տէր Վանուհին առաջնորդ էր, գիտակից` իր կոչումին եւ առաքելութեան: Իրեն համար գործի մը յաջողութեան գրաւականը կը կազմէին հաւատքը, նուիրումը եւ անխոնջ աշխատանքը:
Երկար տարիներու վաստակ ունեցող Վանուհին ղեկավարի կոչումով, հաղորդական բնաւորութեամբ, սիրուած եւ գնահատուած էր շրջապատին կողմէ: Հալէպի Վանուհին էր, որուն տարեդարձը ամէն տարի 6 մայիսին պէտք էր յիշատակուէր, ա՛յն օրերուն, երբ հազուադէպ երեւոյթ էր տարեդարձներու նշումը: Իրենց Հալէպի բնակարանին պատերը կը յուշէին իր մասնակցութիւնը նշանաւոր բեմադրիչ Մանուէլ Մարութեանի բեմադրած թատերախաղերուն, տակաւին, կիրակի օրերու յաջորդական այցելութիւնները` Սէլեաններու եւ Պետիկեաններու ընտանիքներուն, որոնց հետ ինք եւ իր ընտանիքը լռելեայն դաշինք կնքած էին կարծէք:
Վանուհին ընկերուհի մըն էր, որ երկար տարիներու բեղուն եւ հարուստ վաստակով, գործի նկատմամբ իր յանդգնութեամբ եւ յամառութեամբ զարմանք կը պատճառէր բոլորիս: Իր գործունէութեան գլխաւոր շարժառիթը դարձած էր մարդոց երջանկութիւնը:
Քանատայի Շրջանային վարչութիւնը անդրադարձած էր շրջանին մէջ Վանուհիին ունեցած ներդրումներուն, իսկ մենք` հալէպահայերս, զինք կ’ընդունէինք որպէս օրինակելի, տիտանային դէմք մը, տիպար մը, որ միանգամայն հպարտութիւն կ’առթէ մեզի:
Տեսիլք, նուիրում եւ յանձնառութիւն` իր մղիչ ուժերն էին, որոնք յարգանք կը պարտադրէին: Տեսլական ունեցող անձնաւորութիւն էր, ազգային գաղափարներով իր ժողովուրդին փարած ու պատուաբեր բարձունքներ նուաճած` ընկերութեան ծառայութեան ճամբով:
Ամէն առիթով, որ այցելած էր Սուրիա, մղում տուած էր համայնքին ու թելադրած` ծառայել ազգին:
Իր բազմակողմանի կարողութիւններով շինիչ կամուրջներ ստեղծած էր հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Յատուկ գուրգուրանքով զարկ տուած էր Մոնրէալի մէջ արդէն իսկ գործող շաբաթօրեայ վարժարանին` Սուրէն վրդ. Գաթարոյեանին հետ, ինչ որ նախաքայլը եղաւ ապագայի ամէնօրեայ Ս. Յակոբ վարժարանին, ուր Վանուհին ստանձնեց մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը` օժտուած ըլլալով տարբեր առաքինութիւններով, յարգուած ու սիրուած բոլորէն:
1992-1998 տարեշրջաններուն ՀՕՄ-ի 64-րդ եւ 65-րդ Համահայկական ժողովներուն կողմէ ընտրուած էր Կեդրոնական վարչութեան անդամ` ստանձնելով ատենապետի պաշտօնը:
Հետաքրքրական էր, որ Վանուհին 1978-էն մինչեւ 1980 ՀՕՄ-ի Համահայկական 58-րդ եւ 59-րդ պատգամաւորական ժողովներուն կողմէ դարձեալ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուած էր, որմէ անտեղեակ էինք:
Կը բանամ յիշողութեանս վարագոյրը, ուր կը տեսնեմ Վանուհին` Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի բեմին վրայ, 11 յուլիս 1997-ին, ուրբաթ երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի յիսնամեայ յոբելեանի հանդիսութեան, ուր ներկայացուց ՀՕՄ-ի Կեդր. վարչութեան խօսքը` համեմուած ճեմարանական ուսանողի դէպքերով:
1991-ին կը մասնակցի Երեւանի մէջ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովին:
1992-ին գործադրութեան կը դնէ ՀՕՄ-ի Կեդր. վարչութեան նախապէս ծրագրած «Որբերու խնամակալութեան» ծրագիրը, նաեւ Վանաձորի եւ Գիւմրիի մէջ դպրոցական շէնքերը ջերմամեկուսիչ սարքերով օժտելու ծրագիրը:
1993-ին կը տեսնենք ՀՕՄ-ը` հայ ազատամարտիկներու կողքին, յատկապէս` Արցախի ինքնապաշտպանական բանակի փայլուն յաջողութիւններու ընթացքին, ու ապա, 1994-ին, Նոր տարուան առիթով ամանորեան ծրարներ պատրաստած եւ յանձնած Հայաստանի եւ Արցախի հայոց բանակի զինուորներուն, ինչ որ իւրօրինակ ծրագիր էր եւ մտայղացում:
28 դեկտեմբեր 1994-ին, Հայաստանի նախագահական տխրահռչակ հրամանագիրէն ետք, Վանուհին կ’այցելէ Հայաստան` Ակնունիի ուղիէն քալելով, դէպի Երկիր ճամբայ ելած «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» բնաբանով, իրեն հետ տանելով «Որբերու խնամակալութեան ծրագիր»-ին յատկացուած գումարները: Կը հանդիպի պետական անձնաւորութիւններու, կ’այցելէ Ս. Էջմիածին ու տեսակցութիւն կ’ունենայ Ներսէս արք. Պոզապալեանին հետ, տրուած ըլլալով, որ Հայ եկեղեցին ժողովուրդին համար ունեցած է ո՛չ միայն կրօնական, այլեւ ազգային նշանակութիւն:
Վանուհին յաջորդաբար գլխաւորած է «Լաւագոյն ուսանող» եւ «Լաւագոյն ուսուցիչ» մրցանակաբաշխումները Երեւանի մէջ, նաեւ` «ՀՕՄ օփտիք» ակնոցավաճառատան բացումը: Կազմակերպած է զոհուած ազատամարտիկներու յատուկ ճամբարներ` այլ ծրագիրներու կողքին:
Մայիս 1995-ին, ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 85-ամեակին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 80-ամեակին առիթով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, կը կազմակերպուի յատկանշական ուխտագնացութիւն` դէպի Տէր Զօր ու Մարկատէ` 120 ուխտաւոր խաչուհիներու ու համակիրներու մասնակցութեամբ: Այդ առիթով Տէր Զօրի յուշահամալիրի հայոց եղեռնի թանգարանին նուիրուած որմնաքանդակին բացումը կը կատարուի իր ձեռամբ: ՀՕՄ-ի Կեդր. վարչութեան այս աննախնթաց ձեռնարկը լաւագոյն պատեհութիւնը հանդիսացաւ հայ կնոջ վերապահուած իւրօրինակ յանձնառութեան:
Ինչպէ՞ս չյիշել 13 մայիս 1998-ին, Հայաստանի անկախութեան 80-ամեակին առիթով, Սօսէ Մայրիկի աճիւններուն փոխադրութիւնը Հայաստան (մահացած եւ թաղուած` 1953-ին, Աղեքսանդրիա) եւ հայրենի հողին յանձնումը Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ, Վանուհիին գլխաւորութեամբ: Արարողութեան աւելի քան 300 ներկայացուցիչներ ժամանած էին Երեւան, Սօսէ Մայրիկի Հայաստանի եւ արտերկրի հարազատներուն առընթեր: Սօսէ Մայրիկի հոգեհանգստեան պաշտօնը նախաձեռնած էր պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգիսեանը:
Դեռ չեմ մանրամասներ «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցին ծրագիրները, որոնք ընթացք առին Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու եւ Արցախի մէջ` գիւղական համայնքներու զարգացման ի խնդիր:
Որքանո՞վ կը ճանչնանք Վանուհին հաւաքական մեր կեանքին մէջ: Մեծ վաստակ ու ներդրում ունեցած ՀՕՄ-ականը: Համացանցի այս դարուն Քանատայի Շրջանային վարչութեան կայքէն իմացանք անոր մահուան գոյժը, թէ Վանուհին մահացած էր Մոնրէալի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Վերջերս, երբ Հալէպ ժամանած էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, խոր ցաւով տեղեկացուց, որ Վանուհին վատառողջ վիճակի մէջ էր: Թանկագին հարազատի մը նման, ընկ. Յակոբ Պուլկարեան, Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Անի Օհանեան, Աննա Պուլկարեան, Օժիկ Գրիգորեան, բժշկուհի Սալբի Յակոբեան-Տարաքճեան եւ տակաւին ուրիշներ առանձին չձգեցին զինք: Անոնց բոլորին ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք համազգային մեծարանքի արժանի Վանուհիին նկատմամբ ցուցաբերած հոգածութեան եւ մերթ ընդ մերթ հիւանդանոց այցելութեան համար, որուն վերջինը եղաւ Նարեկս, մահանալէն մէկ օր առաջ, ուր անգիտակից վիճակի մէջ գտած էր իմ տաք ու պաղ օրերու ընկերուհիս:
Մահը իր խլած զոհով չի քայքայեր մեզ: Այսօր կ’ափսոսանք մեզմէ յաւէտ բաժնուած նման միութենականի մը, անխոնջ վարչականի մը եւ համակ նուիրում դարձած ընկերուհիի մը կորուստը:
Իր յիշատակը մարտահրաւէրներ կը ներկայացնէ մեզի, որպէսզի առաւել արդիւնաւէտ դարձնենք մեր աշխատանքը ՍՕ Խաչէն ներս` իրագործումներով պսակուող ներկայութեամբ:
Սիրելի՛ Վանուհի, վստահ ենք, որ յիշատակդ պիտի ապրի իւրաքանչիւր ՀՕՄ-ականի մտքին մէջ, որովհետեւ վաստակդ մեծ էր եւ անցած ճանապարհդ` բարի արարքներով լեցուն:
Սիրած ընտանիքդ կորսնցուց` հաւատաւոր ու պարտաճանաչ անդամ մը, նուիրեալ միութենական մը, յարգալիր ու սիրուած վարչական մը, անխոնջ պատասխանատու մը եւ յաջողակ ղեկավար մը:
Յարգա՛նք յիշատակիդ: