Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Օմեկա-3. Ի՞նչ Կրնայ Եւ Ի՞նչ Չի Կրնար Ընել Ան Առողջութեան Համար

Դեկտեմբեր 17, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Օմեկա-3 ճարպաթթուները (fatty acids) կը գովաբանուին իրենց առողջական տարբեր օգուտներուն համար, որոնցմէ են բորբոքումներու նուազեցումը ու սրտի եւ ուղեղի առողջութեան բարենպաստ ըլլալը: Այնուամենայնիւ, կան քանի մը հակասութիւններ անոնց արդիւնաւէտութեան եւ մարդու առողջութեան համար օգուտներուն վերաբերեալ: Այս յօդուածով մենք կը փորձենք բացատրել, թէ ինչ են օմեկա-3 ճարպաթթուները եւ կ՛ուսումնասիրենք վերջին գիտական ապացոյցները` պարզելու, թէ անոնք ի՛նչ կրնան ընել եւ ի՛նչ չեն կրնար ընել առողջութեան համար:

Օմեկա-3 ճարպաթթուները ճարպերու տեսակ մըն են, որոնց նաեւ տրուած է «առողջ ճարպեր» անունը եւ կը գովաբանուին շարք մը երկարատեւ հիւանդութիւններու պարագային (ինչպիսիք են սրտի հիւանդութիւնը եւ չորացումը (ուղեղի) ) իրենց տուած օգուտին համար:

Անոնք մարմնի բջիջներու թաղանթներուն (membrane) հիմնական շինարարական տարրերէն են եւ կը մնան գիտական հանրութեան հետաքրքրութեան առարկան:

Օմեկա-3 ճարպաթթուներու ընտանիքը կը ներառէ.

  • Alpha-linoleic Acid (ALA)
  • Stearidonic Acid (SDA)
  • Eicosapentaenoic Acid (EPA)
  • Docosapentaenoic Acid (DPA)
  • Docosahexaenoic Acid (DHA)

DHA-ը եւ EPA-ը ուղեղի բջիջներու թաղանթներուն առաջնային ճարպերն են եւ տարածուած եւ յաջողութեամբ շուկայահանուած (marketed) են որպէս սննդային յաւելումներ (supplements):

Օմեկա-3 ճարպաթթուները անհրաժեշտ (essential) են, այսինքն մարդու մարմինն ի վիճակի չէ ինքնուրոյն ստեղծել զանոնք: Անոնք պէտք է մաս կազմեն մեր սննդակարգին:

Օրինակ, բոյսերու սերմերէ ստացուած ALA-ը մարմնի մէջ կրնայ վերածուիլ օմեկա-3 ճարպերու բոլոր այլ տեսակներուն` EPA-ի, SDA-ի, DHA-ի, DPA-ի:

Այնուամենայնիւ, այս փոխարկումը բաւական անարդիւնաւէտ է, որովհետեւ ALA-ի ընդհանուր 3%-էն պակասը միայն կը փոխակերպուի DHA-ի կամ EPA-ի տղամարդոց մօտ եւ 10%-էն պակասը` կիներու մօտ:

Օմեկա-3ը մեր սննդակարգին մէջ
ջրիմուռ

DHA, EPA եւ DPA օմեկա-3 ճարպաթթուները կը շինուին ծովային օրկանիզմներու կողմէ, որոնցմէ են ջրիմուռները (algae):

Երբ ճարպաթթուները կը սպառին ձուկերու, ջրային կաթնասուններու եւ էակներու կողմէ, անոնք կը մտնեն սնունդի շղթայ եւ կը պահուին մարմնի ճարպին եւ լեարդին մէջ: Այնուհետեւ անոնք կը սպառուին մարդոց կողմէ:

DHA-ի, EPA-ի եւ DPA-ի սնունդի աղբիւրներէն են`

  • Ձուկերը, օրինակ` սալմոն, սարտին (աղկեր), մաքերել, մենհաթեն կամ հերինք
  • Նիհար, ճերմակ ձուկերու լեարդը, ինչպիսիք են հալպութը կամ քոտը
  • Փոկերու կամ կէտազգիներու ճարպերը
  • Ձկան իւղեր

ALA կը գտնենք նաեւ բուսական աշխարհին մէջ եւ ան ամենայաճախակի օմեկա-3 ճարպաթթուն է, որ կ՛օգտագործուի օրկանիզմին կողմէ` բոլոր այլ տեսակի օմեկա-3 ճարպաթթուներ ստեղծելու համար:

ALA-ի աղբիւրները կը ներառեն ընկոյզը, սերմերը, ինչպիսիք են կտավատի (flaxseed) եւ շիայի սերմերը, ինչպէս նաեւ` իւղերը, ինչպիսիք են կանոլայի եւ սոյայի իւղերը:

Ըստ Առողջապահութեան ազգային հիմնարկին (NIH), Միացեալ Նահանգներու մեծահասակներուն մեծ մասը կ՛օգտագործէ օմեկա-3-ի առաջարկուած քանակութիւնը` 1,1 կրամ չափահաս կիներու համար եւ 1,6 կրամ չափահաս տղամարդոց համար` ALA-ի տեսքով:

Այնուամենայնիւ, հաշուի առնելով, որ ALA-ի փոխակերպումը DHA-ի եւ EPA-ի վատ է, կը յանձնարարուի ALA-ով, EPA-ով եւ DHA-ով հարուստ մթերքներով սննդակարգ ունենալ:

Աւելի՛ն. շարք մը DHA եւ EPA օմեկա-3 յաւելումներ հասանելի են եւ զգալիօրէն կը նպաստեն օմեկա-3-ի ամէնօրեայ ընդունման: Ձկան իւղը ամենատարածուած օմեկա-3 յաւելումն է, որ կ՛օգտագործուի մեծահասակներու եւ երեխաներու կողմէ:

Ի՞նչ կրնան օմեկա-3-ի ճարպերը ընել ձեր առողջութեան համար:

Օմեկա-3 ճարպաթթուներու առողջութեան վրայ ունեցած տասնամեակներու հետազօտութիւնները հակասական արդիւնքներ տուած են: Ահա` օմեկա-3 ճարպաթթուներու օգտագործման որոշ ապացոյցներով հաստատուած առաւելութիւններ:

Հակաբորբոքային յատկութիւններ

Երկարատեւ բորբոքումը, որ նաեւ կը կոչուի ցած աստիճանի բորբոքում, կապուած է գիրութեան, սրտի հիւանդութեան եւ քաղցկեղի զարգացման հետ:

Ապացուցուած է, որ օմեկա-3 ճարպաթթուները հակաբորբոքային ազդեցութիւն ունին մարդու մարմնին մէջ եւ կրնան օգնել բորբոքման յառաջընթացը մեղմացնելու:

Օմեկա-3 ճարպաթթուները այն ամենաուժեղ ճարպերէն են, որոնք կրնան նուազեցնել օքսիտացումի ճնշումը(1) (oxidative stress) ու բորբոքումը:

Կը նուազեցնէ քոլեսթրոլը

Վեց շաբաթ տեւած ուսումնասիրութեան ընթացքին, առնուազն 1,2կ DHA-ի ամէնօրեայ յաւելումը զգալիօրէն նուազեցուց թրիկլիսերիտի մակարդակը եւ աւելցուց «լաւ» քոլեսթրոլը կամ HDL-ը:

Բացի այդ, օմեկա-3 ճարպաթթուները նուազեցուցին «վատ» քոլեսթրոլը` LDL-ը:

Թրիկլիսերիտի եւ LDL-ի բարձր մակարդակները սրտի հիւանդութեան մեծ վտանգներ են:

Արեան ցած ճնշում

Ապացուցուած է, որ օմեկա-3 ճարպաթթուները կը բարելաւեն անօթային առողջութիւնը` մեծցնելով ազոթի օքսիտի (nitric oxide) (2) կենսամատչելիութիւնը (bioavailability):

Կրնայ նուազեցնել սրտի հիւանդութեան վտանգը

Օրական 4կ զուտ EPA-ի յաւելումը կրնայ բարձր թրիկլիսերիտի մակարդակ ունեցող մարդոց մօտ նպաստել է սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու 25%-ով կրճատման:

Բարելաւել հանդուրժողականութիւնը քաղցկեղի բուժման նկատմամբ

Օմեկա-3 ճարպաթթուները կրնան բարելաւել քիմիական բուժումի արդիւնաւէտութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը եւ գործուն օժանդակ բուժում կը նկատուին քաղցկեղի բուժման ենթարկուող մարդոց համար:

Աւելի ճշգրիտ ձեւով, EPA-ի եւ DHA-ի ամէնօրեայ յաւելումը կ՛օգնէ գլխու, վիզի եւ կուրծքի քաղցկեղով հիւանդներուն պահպանել մարմնի ծանրութիւնը եւ նուազեցնել քաղցկեղի հետ կապուած մկաններու կորուստը:

Կը բարելաւէ ընկճուածութիւնը

Աւելի քան 2000 մասնակից ունեցող հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ EPA օմեկա-3 ճարպաթթուներու բարենպաստ ազդեցութիւնը ընկճուածութեան վրայ, ընդ որում` DHA-ը քիչ օգուտներ կու տայ:

Այս բացայայտումը կը հաստատուի այլ ուսումնասիրութիւններով նաեւ:

Աւելի՛ն. ճարպային ձկան եւ ծովամթերքի չափաւոր ընդունումը ընկճուածութեան աւելի քիչ դէպքեր կը յառաջացնէ:

Ի՞նչ չեն կրնար Omega-3 ճարպաթթուները ընել ձեր առողջութեան համար

Omega-3 ճարպաթթուները յաջողութեամբ կրնան նուազեցնել սրտի հիւանդութեան հետ կապուած անբարենպաստ հետեւանքներու վտանգը:

Այնուամենայնիւ, որոշ պայմաններու համար անոնց դերը եւ առողջութեան օգուտները քննարկման առարկայ դարձած են:

Ահա` քանի մը պայմաններ, զորս օմեկա-3 ճարպաթթուները չեն կրնար կանխել կամ բարելաւել` հիմնուելով գիտական վերջին ապացոյցներու վրայ:

Նուազեցնել սրտի հիւանդութենէն մահուան վտանգը

Թէեւ օմեկա-3 ճարպերը կը նուազեցնեն սրտային հիւանդութիւններու զարգացման վտանգը` իջեցնելով թրիկլիսերիտը, «վատ» քոլեսթրոլն ու արեան ճնշումը, սակայն, աւելի քան 80.000 անհատներու պարագաները ցոյց տուած են, որ անոնց յաւելումները ո՛չ կը կանխեն մահը, ո՛չ ալ սրտի հիւանդութիւնը:

Արեան լերդացումներու նուազեցում

Շատերու յանձնարարուած է օմեկա-3 ճարպաթթուներ` անոնց հակալերդացման յատկութիւններուն համար: Այնուամենայնիւ, այս բացայայտումը հակասական է, եւ այս առումով ապացոյցները թոյլ են: Սննդամթերքէ եւ յաւելումներէ օմեկա-3 ճարպերու բնորոշ չափաբաժինները մեղմ ազդեցութիւն ունին:

Կանխարգիլել կամ բուժել շաքարախտը

Evidence-ը ցոյց կու տայ, որ օմեկա-3-ի յաւելումներ սպառելը չի կանխեր կամ բուժեր շաքարախտը:

Ան չ՛ազդեր արեան շաքարի, ինսուլինի դիմադրութեան(3) կամ 2-րդ տեսակի շաքարախտի հիւանդներու վրայ:

Կանխարգիլել քաղցկեղը

Կը նշուի, որ օմեկա-3 ճարպաթթուները կը նուազեցնեն որոշ քաղցկեղով հիւանդներու բարդութիւնները, եւ կանուխ յայտնաբերումները խոստմնալից կը թուին: Այնուամենայնիւ, չկայ օմեկա-3-ի որեւէ ապացոյց, որ կը յայտնէ քաղցկեղի զարգացման կանխումը:

Հետեւաբար օմեկա-3-ի չափազանց ցած կամ չափազանց բարձր սպառումը կրնայ վնասակար ըլլալ:

Եզրակացութիւն

Օմեկա-3 ճարպաթթուները բջիջներու թաղանթներու եւ յատկապէս ուղեղի շինարարական հիմնական բաղադրիչներէն են:

Տասնամեակներ շարունակ անոնք եղած են գիտական հետաքրքրութեան առարկայ, սակայն բացայայտումները եղած են հակասական եւ անհամապատասխան:

Ապացոյցները ցոյց տուած են, որ օմեկա-3 ճարպաթթուները հակաբորբոքային յատկութիւն ունին եւ կրնան նուազեցնել քոլեսթրոլը, արեան ճնշումը, ընկճուածութիւնը, քաղցկեղի բուժման ընթացքին ծանրութեան կորուստը եւ սրտի հիւանդութեան վտանգը:

Այնուամենայնիւ, օմեկա-3-ի սպառումը չի նուազեցներ սրտի հիւանդութեան հետ կապուած անբարենպաստ եւ ծանր հետեւանքներու վտանգը, ներառեալ` յանկարծակի մահը եւ ուղեղային կաթուածը: Բացի այդ` ան չի կրնար կանխել կամ բուժել շաքարախտը կամ կանխել արեան լերդացումը:

Այս բոլորը տակաւին քննարկման առարկայ են, եւ հետագայ արդիւնքները կը շարունակեն տեղեկացնել առողջապահական յանձնարարութիւններուն մասին:

(1) Օքսիտացումի ճնշում- անհաւասարակշռութիւն` բջիջներու եւ հիւսուածքներու (tissue) մէջ թթուածինով ազդուող նիւթերու արտադրութեան եւ կուտակման միջեւ, եւ կենսաբանական համակարգի կարողականութիւնը` այդ թունաւոր արտադրանքներէն ազատելու:

(2) Ազոթի օքսիտ- նիւթ, որ կ՛արտադրուի մարդու մարմնի գրեթէ բոլոր տեսակի բջիջներու կողմէ եւ արեան անօթներու (vessel) առողջութեան համար ամենակարեւոր նիւթերէն մէկն է: Ան կը հանգստացնէ (կը թուլցնէ) արեան անօթներու ներքին մկանները եւ, հետեւաբար, երակները կը լայննան: Այս ձեւով ազոթի օքսիտը կ՛աւելցնէ արեան հոսքը եւ կ՛իջեցնէ արեան ճնշումը:

(3) Ինսուլինի դիմադրութիւն – Ինսուլինի դիմադրութեան ժամանակ մկանները, ճարպերը եւ լեարդի բջիջները լաւ չեն արձագանգեր ինսուլինին եւ չեն կրնար դիւրութեամբ դուրս բերել շաքարը ձեր արիւնէն:

Աղբիւր` «Մետիքըլ նիուզ թուտէյ»

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (16 Դեկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Անսպասելի, Անտեղի, Անզուսպ Խնդուք

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 28, 2023
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 21, 2023
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 14, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In