Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2022-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Օրակարգ – (1). Արտասովոր Պայմաններ` Արտասովոր Ընտրութիւններ

Ապրիլ 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հակառակ Լիբանանի ապրած աննախընթաց ճգնաժամին, շրջանառուող hակոտնեայ մեկնաբանութիւններուն եւ կանխատեսումներուն, երեսփոխանական ընտրութիւնները վերածուած  են շօշափելի փաստի, եւ 15 մայիսը օրէ-օր աւելի կը դառնայ ամրագրուած թուական: Քաղաքական բոլոր ուժերը արդէն լարած են իրենց ընտրական մեքենաները, եւ երկիրը մտած է ընտրական ճակատագրական փուլ:

Այս իրադրութեան լոյսին տակ պէտք է ընդգծել կարգ մը մտածումներ, որոնք այս ընտրութիւնները կը դարձնեն իրաւամբ արտասովոր ու աննախընթաց:

Ա.- Մուսթաքպալ հոսանքի յայտարարողական հոլովոյթով բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ սիւննի համայնքի աւանդական դէմքերու թեկնածութենէ հրաժարումը, սակայն նոյն այդ կողմերուն եւ դէմքերուն այլ սիւննի թեկնածուներուն եւ ցանկերուն տուած բացայայտ կամ թաքուն հովանաւորութիւնները աղօտ կը դարձնեն սիւննի համայնքի  ընտրազանգուածի կողմնորոշումը կանխատեսելու հանգամանքը:

Բ.- 2018-ին առաջին անգամ գործադրութեան դրուած ընտրական նոր օրէնքը, անոր ունեցած բացթողումները եւ օրէնքի լոյսին տակ իւրաքանչիւր կողմի ապրած փորձառութիւնը նոր հասկացողութիւններու ու համոզումներու դիմաց կը դնեն բոլորը, եւ առաւելագոյն թիւով թեկնածու յաջողցնելու առաջադրանքի յաջողութեան համար Լիբանանի բոլոր ընտրատարածքներուն մէջ մենք կը հանդիպինք աւելի ընտրական եւ ոչ թէ քաղաքական դաշինքներու:

Գ.- Ժողովրդային շարժումը կը թուի, որ այս ընտրութիւններու փուլին մէկդի դրած ըլլայ իր դաւանած քաղաքական եւ ընկերային առաջադրանքներն ու սկզբունքները: Թեկնածուներու մեծ թիւի մը առկայութիւնը տուեալ կողմին մէջ պատճառ կը դառնայ, որ միացեալ ճակատներով չներկայանան եւ աւելի՛ն` շատ մը շրջաններու մէջ անոնք դաշինքներ կը ստեղծեն տակաւին երէկ իրենց կողմէ կտրականապէս մերժուած քաղաքական աւանդական ուժերուն հետ, կամ ճիգ ի գործ կը դնեն, որ անհատապէս ներառուին աւանդական ուժերու ցանկերուն մէջ:

Դ.- Ընդհանրապէս ընտրական քարոզարշաւին մէջ բացակայ են ծրագիր ու տեսլական եւ երկիրը այս ճգնաժամէն դուրս բերելու յստակատես մօտեցումներ: Բոլորն ալ կը փորձեն ներկայ ճգնաժամի պատասխանատուութիւնը բարդել հակառակորդ կողմին վրայ եւ խուսափիլ պատասխանատուութենէ` վերծանելով դարձեալ հնաբոյր վերնագիրներ եւ լոզունգներ, պարզապէս ամբոխային տրամադրութիւն ու մթնոլորտ`  ի նպաստ իրենց ուղղորդելու համար քուէարկողները:

Ե.- Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ ներգործօն ազդեցութիւն ունեցող շրջանային եւ միջազգային ուժերու հայեացքներն ու ակնկալութիւններն ալ այս իմաստով կը ներկայացնեն անյստակ եւ տեղ մըն ալ յարափոփոխ ու նոյնիսկ իրենք զիրենք հակասող մօտեցում:

Զ.- Երկրին ապրած տնտեսական ծանր ճգնաժամին պատճառով ընտրակաշառքի գործօնը հիմնական երեւոյթի վերածուած է, եւ այս իմաստով շրջանառուող տեղեկութիւնները երեւակայական գումարներու մասին կը խօսին` կարծէք քարոզչական բացայայտ միջոցի վերածելով քուէներու «արժեգինի թանկացումը», ինչ որ կը ստեղծէ անբնական կացութիւն:

Է.- Այս բոլորին կողքին ակներեւ է նաեւ քաղաքական բոլոր կողմերուն թափած ճիգը` ժողովուրդը իր ճնշուած վիճակէն ու անտարբերութենէն դուրս բերելու եւ ընտրական հոլովոյթին մէջ ներգրաւելու առումով: Պէտք է մտահան չընել այն տրամաբանութիւնը որ որոշ զանգուածի մը մօտ այս ընտրութիւնները իբրեւ երկրի փրկութեան լաստ չեն նկատուիր, բայց եւ այնպէս դէպքերու ընթացքը եւ ընտրապայքարի թէժացումը կրնայ տարերային կերպով բոլորը առաջնորդել քուէատուփ:

Ը.- Համայնքային գործօնը իր կարգին եւ այդ ծիրին մէջ ընտրութեանց ընթացքին ճշգրիտ ներկայացուցչութեան նուաճումը նաեւ կը շարունակէ մնալ հիմնախնդիր, եւ այս իմաստով նաեւ քաղաքացիին մօտ առկայ է շահագրգռուածութիւն: Համայնքային իրաւունքներու լիիրաւ պաշտպանութեան նախապայմանը կը նկատէ խորհրդարանին մէջ իր համայնքի արդար ներկայացուցչութիւնը:

Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով` բնականօրէն կարելի է եզրակացնել, որ Լիբանան պիտի ապրի արտասովոր ընտրական հոլովոյթ մը:

 

 

 

Նախորդը

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Հայաստանին Օգնել Սահմանը Պաշտպանելու Եւ Բանակը Հզօրացնելու Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

«Ֆրանսան Պիտի Դառնայ Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխաւորը» Կ՛ըսէ Մաքրոն

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?