Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք

April 11, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ընդհանրապէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր կազմակերպական եւ գաղափարական կառոյցով, իր ուղեկից միութիւններով եւ փորձառութեամբ պէտք չի զգար ինքնիր քարոզչութիւնը ընելու:

Փաստօրէն Դաշնակցութիւնը միշտ ալ եղած է եւ կը մնայ ժողովուրդին կողքին:

Փաստօրէն Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեամբ եւ ծառայութիւններով միշտ ալ պահած է իր համակիր զանգուածը:

Ո՛չ անցեալէն օրինակներու կարիքի կայ, ո՛չ ալ վերջին տարիներու տնտեսական տագնապէն, «Քորոնա»-էն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն, կրթական, առողջապահական, օրինական, ապահովական եւ այլ մարզերու վերաբերող օրինակներ տալու պէտք կայ, որպէսզի հաստատենք, որ մեր ժողովուրդը հաւատարիմ է մեր կազմակերպութեան:

Այսօր, թրքական ուղղակի եւ անուղղակի թափանցումով, Լիբանանի մէջ քաղաքական կասկածելի թափանցումներով բնականաբար աշխատանք պիտի տարուի, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընտրուին անհատներ եւ ոչ` աւանդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Արդարեւ, անհատը աւելի դիւրին հակակշռելի է, մինչ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը հաւաքական ղեկավարութեամբ կը գործէ: Արդարեւ, անհատը ի վերջոյ իր անձը կը ներկայացնէ, բայց համայնքին կրնայ վնաս հասցնել, մինչ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը իր անձը կրնայ զոհել յանուն համայնքին:

Վայրկեանի մը համար մտաբերենք 2000-էն սկսեալ այն բոլոր հայ անհատ երեսփոխանները, որոնք ընտրուեցան, եւ որոնց անունները կը յիշուին մինչեւ օրս, եւ հարց տանք` ի՞նչ ըրին այդ հայերը լիբանանահայութեան համար: Պատմութեան մէջ` իբրեւ համայնքի ներկայացուցիչ, ի՞նչ աւելցուցին: Իրենց պատկանած կամ անկէ գանձում կատարած կողմին, զիրենք ոչ հայ քուէներով «ընտրած» զանգուածին շահերը առաջնահերթ դասեցին, քան` մերը: Եղան նաեւ երեսփոխաններ, որոնք իրենց պաշտօնավարութեան ամբողջ տարիներուն ոչ իսկ մէկ հայկական ձեռնարկի, կառոյցի մը, եկեղեցւոյ մը օգտակար դարձան:

Այսօր, տնտեսական այս ճգնաժամին, բնականաբար ընտրական կաշառքը իր դերը պիտի ունենայ եւ ունեցած է:

Սակայն այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, ներկայացուցչական ճիշդ ընտրանք կատարելը ճակատագրական է ո՛չ միայն լիբանանահայութեան համար, այլ` ամբողջ հայութեան համար, Հայ դատին համար, մեր կառոյցներու բարօրութեան համար, մեր միութիւններու հզօրացման համար, մեր գաղութը ոտքի պահելու եւ վերակազմակերպելու համար:

Մենք ունինք նաեւ հաշուետուութիւն, մեր ժողովուրդն ալ գիտէ այդ մէկը: Ինչ որ կրնանք, որու որ կրնանք, ինչ միջոցներ ալ կան, մեզի հետ կամ մեզի դէմ, կը հաւատանք, որ աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու ընտրութիւնը անհրաժեշտ է եւ էական:

Ամէն բանէ առաջ եւ վերջ, մենք գիտենք մեր ժողովուրդին պահանջները եւ մենք ենք միշտ մեր ժողովուրդին բարոյական եւ ֆիզիքական պաշտպանը:

 

 

Նախորդը

Այսօր Համակարգիչս Ազգային Բեւեռի Երկու Գոյժ Հաղորդեց

Յաջորդը

Իրաւունք Եւ Պարտաւորութիւն` Երեսփոխանական Ընտրութեան Ճամբով

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.