Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտա-Երեւակայական Հերթական Ահազանգ «Նոր Սառցէ Դար»

Ապրիլ 11, 2022
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Պատմական.- Լիբանանը եւս վերջին շրջանին ենթակայ եղաւ ցուրտի անսովոր ալիքի մը: Այդ կրնայ թեւ տալ այն վարկածին, որ երկրագունդը կ՛ընթանայ դէպի նոր սառցէ դար, ինչպէս կը գուշակեն «Վաղուան յաջորդ օրը» ժապաւէնը եւ շարք մը այլեւայլ խուճապասէրներ (Տե՛ս կողքի որմազդը եւ, օրինակ, youtube watch? v=BMoRDo7V_Bw) :

Հաւատալի ըլլալու համար հարկ է, որ վարկածը պարունակէ ճշմարտութեան որոշ բաժին: Երկրագունդը իսկապէս որ ունեցած է տարբեր տարողութեան քանի մը սառցէ դարեր: Վերջին հսկայ սառցէ դարը (Pleistocene epoch) տեւած է աւելի քան 2 միլիոն տարի եւ վերջ գտած միայն մօտ 12 հազար տարի առաջ: Սառոյցի շերտը ունեցած է  քանի մը քիլոմեթր հաստութիւն: Ովկիանոսներու մակերեսը ինկած է 4 հարիւր մեթրով: Սուրբգրային ջրհեղեղը պատահած է մօտ 8 հազար տարի առաջ` որպէս հետեւանք այդ սառոյցի հետագայ հալքին: Միջերկրականի բարձրացող ջուրերը Մարմարայի ճամբով հոսած եւ մեծապէս ընդլայնած են Սեւ ծովը, գլխաւորաբար դէպի հիւսիս, բայց նաեւ` դէպի հարաւ, ուր յօրինուած է ջրհեղեղի առասպելը, առնուազն 4 հազարամեակ առաջ (1): Այս տեսութիւնը հաստատուած է հնագիտական պեղումներով Պոնտոսի ծովամոյն թերակղզիին մէջ եւ այլուր:

Վերջին «Փոքրիկ սառցէ դարը» (Little Ice Age) փոփոխուող սաստկութեամբ Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած է 16-19-րդ դարերու միջեւ: Երեւոյթը նկարչական աչքով արտայայտուած է բազմաթիւ (յատկապէս 17-րդ դարու) պաստառներու մէջ (2): Ուրեմն նման բաներ ոչ հեռու անցեալին պատահած են եւ կրնան կրկին պատահիլ: Ա՛յդ է ահազանգը: Գլխաւոր մտավախութիւններէն մէկն ալ այն է, որ սառնամանիքի պատճառով տուժէ սննդամթերքի արտադրութիւնը, եւ տիրէ համատարած սով:

Վիճակագրական.- Ջերմաստիճանի փոփոխութիւնները ունին բազմաթիւ պատճառներ, որոնց համընկնումը կրնայ յանգիլ ծանր հետեւանքներու:

Երկրագունդի միջին ջերմաստիճանը այժմ 14oC  է: Այսինքն  բացարձակ  ջերմաստիճանն է մօտաւորապէս 287 Kelvin (14 + 273.2): Կրնայ թուիլ, որ ջերմաստիճանի 1 տոկոս նուազում մը (մօտ 3 oC) աննկատելի պիտի ըլլայ: Բայց այդ, ցաւօք, շատ սխալ է: Յստակացնելու համար ենթադրենք, թէ օրերու վիճակագրական բաժանումը ձեւաչափային է (Gaussian distribution): Ենթադրենք նաեւ, որ «տաք» կը նշանակէ աւելի քան 30oC աստիճան, եւ «ձիւն»` կը նշանակէ նուազ քան -2 oC :  Գծանկարին մէջ յստակօրէն կը տեսնենք, որ նման «սահանք» դէպի ձախ կը նշանակէ, որ «սառն» օրերը աւելի քան կը կրկնապատկուին, իսկ «տաք»` օրերը կը նուազին առնուազն 50 տոկոսով: Բարոյական. միջին ջերմաստիճանի փոքր փոփոխութիւներ կ՛ունենան մեծ հետեւանքներ:

Երկրի առանցքին ուղղութեան փոփոխութիւն.- Ջերմաստիճանի փոփոխութեան ամէնէն ծանօթ գործօնը դպրոցական այն գիտելիքն է, որ տարուան եղանակները հետեւանքն են երկրի առանցքի թեքութեան: Այդ առանցքին ուղղութիւնը պտոյտ կու գայ շուրջ 26 հազար տարուան պարբերութեամբ: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (3) (3):  Բայց այդ ոչ թէ միջին ջերմաստիճանի փոփոխութիւն կը պատճառէ, այլ` եղանակի թուականներու փոփոխութեան: Ինչպէս գծանկարը ցոյց կու տայ, 13 հազար տարի ետք նոյն դիրքի մէջ երկիրը ոչ թէ ամառնամուտ կ՛ունենայ, այլ` ձմեռնամուտ: Այստեղ կարելի է անցողակի նշել, որ ովկիանոսներու մեծ հոսանքները կը ծառայեն ջերմաստիճանի տարբերութիւնները մեղմելու:

Նուազ ծանօթ իրողութիւն է, որ առանցքի թեքութիւնը (գծանկարին մէջ` «?») որոշ չափով փոփոխական է եւ շուրջ 41 հազար տարուան պարբերութեամբ կը տատանի 22,1 եւ 24,5 միջեւ: Մեծ թեքութիւն` կը նշանակէ ծանր ձմեռներ: Ներկայիս այդ ոչ միայն միջին արժէք ունի (23 աստիճան), այլ նաեւ տակաւ կը նուազի: Այդ կը նշանակէ աւելի մեղմ եղանակներ, յատկապէս` ձմեռներ: Ուրեմն առանցքի գործօնը կարելի է բացառել:

Արեւու աշխուժութիւնը.- Այս այն գործօնն է, որուն վրայ հիմնուած են ներկայի եւ անցեալի ահազանգերը: Արեւը ունի գործունէութեան արագ եւ դանդաղ պարբերութիւն ունեցող շրջաններ: Այս  երեւոյթին ամէնէն ակնյայտ ցուցանիշը դիւրաւ տեսանելի «արեւաբիծ»-երու (sun-spot)  յաճախականութիւնն է: Գծանկարը ցոյց կու տայ տուեալ տարուան ընթացքին պատահած բծերու թիւը (ԲԹ): Թուականը կը սկսի աստղագիտական հեռադիտակի գործածութենէն(4): Կանոնաւոր արձանագրութիւններ կը սկսին 1749-ին: Արեւը իր առանցքին շուրջ կը պտտի 27 օր պարբերութեամբ: Իսկ բիծերը կը տեւեն լոկ քանի մը օր: Հետեւաբար երկրէն դիտած` կարելի չէ նկատել եւ արձանագրել բոլոր բիծերը (5): Գծագիրը ցոյց կու տայ, որ փոքր շրջանները կը տեւեն շուրջ 11 տարի, եւ որ այժմ (2020) կը գտնուինք աշխուժութեան նուազագոյն կէտի մը վրայ: Այստեղ կը սկսին համարձակ ենթադրութիւնները:

Թիւրիմացութիւններու զաւեշտ.- Թուաբանագէտ Վալենթինա Ժարքովայի գլխաւորած խումբը 2015 թուականին հրատարակեց ուսումնասիրութիւն մը, որ հիմնուելով արեւու նախորդ շրջաններուն վրայ` կը նախատեսէր, որ յաջորդ առնուազն երկու շրջանները պիտի ըլլան շատ թոյլ (6): Հաշուարկը կ՛ենթադրէ, որ արեւու երկու խաւեր ունին իրարմէ փոքր տարբերութիւն ունեցող երկու «բաբախումներ»:

Անոնք, որոնք ծանօթ են զոյգ կամ եռակի սիղեր ունեցող նուագարաններու (դաշնամուր, ուտ եւ այլն ), գիտեն, որ անոնց ձայները աւելի «բաբախուն» են` բաղդատած առանձին սիղեր կամ սալիկներ ունեցող գործիքներու, ինչպէս` կիթառ եւ զայլոֆոն (փայտանուագ): Այդ հետեւանք է երկու իրերամերձ թրթռացում ունեցող ձայներու միախառնումին (interference):  Երկու ձայներու գումարի ուժգնութիւնը եւս կը «բաբախ»-ի, բայց շատ աւելի փոքր յաճախականութեամբ: Բնագիտութեան բարբառով, ուժգնութեան բաբախումները կը կոչուին «զարկեր» (beats) (7): Երեւոյթը ձեւականօրէն նման է արեւու գործունէութեան երկար ու կարճ շրջաններուն:

Ժարքովայի խումբը անցեալ տարի հրապարակեց աւելի ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը, որ կը ներառէր երեք հազար տարուան վրայ տարածուող հսկայական ժամանակաշրջան մը: Այս գերհամարձակ հրապարակումը, սակայն, բախեցաւ սուր եւ համատարած քննադատութեան: Խմբագիրները 4 մարտ 2020-ին (այո՛, անցեալ ամիս) պարտադրուած  եղան ետ քաշել յօդուածը (8): Ժարքովա անձամբ կը մնայ անդրդուելի: Ի դէպ, անոր ազգանունը ռուսերէնով կը նշանակէ տաք, տաքարիւն:

Զաւեշտալի բաժինը այն է, որ բազմաթիւ կողմեր, տգիտութենէ թէ չարամտութենէ մղուած, կ՛եզրակացնեն, որ արեւի  ցած աշխուժութիւն կը նշանակէ, թէ երկրագունդը արեւէն պիտի ստանայ շատ աւելի նուազ ջերմութիւն: Այս բներգով արտադրուած են բազմաթիւ չարագուշակ ժապաւէններ, զգայացունց յօդուածներ (որոնց շարքին եւ` հայրենի մամուլին մէջ) եւ այլն(9):

Այդ դրոյթը բարեբախտաբար հիմնովին սխալ է: Արդար ըլլալու համար հարկ է նշել, որ ինք` Ժարքովա, իր ուսումնասիրութեան մէջ կլիմայական փոփոխութիւններու չէ ակնարկած:

Կան սնոտիապաշտ կողմեր, որոնք քանի մը քայլ անդին երթալով` մարդկային պատմութեան ելեւէջներն ու աղէտները (որոնց շարքին` թերեւս նաեւ «Քորոնա»-ն) կը վերագրեն արեւու աշխուժութեան (10):

Եզրակացութիւն.- Անձնապէս միջոցներ չունիմ ստուգելու Ժարքովայի հաշուարկները, որոնք կատարուած են գերհամակարգիչներու օգնութեամբ: Բայց այն դրոյթը, որ արեւու երկու իրերամերձ խաւեր կը բաբախեն իրերամերձ յաճախականութեամբ, կը թուի բխած ըլլալ ոչ թէ արեւու ներքին մեքանիզմի օրինաչափութենէն, որ քաոսային է, այլ` երեւութապաշտական (phenomenological) եւ «փնտռողական» (heuristic) մօտեցումէ:  Պիտի ենթադրեմ, այսուհանդերձ, որ Ժարքովայի նախատեսութիւնը` թէ 2020-2050 թուականներուն արեւը «ձմեռնաքուն»-ի մտնէ, ճի՛շդ է եւ պիտի իրականանայ: Այդ ոչի՛նչ կը փոխէ: Ահազանգերը անհիմն են:

Երկիրը իր ջերմուժը կը ստանայ արեւու արտաքին խաւէն, որ ոչ զարմանալիօրէն կը կոչուի «լուսագունդ» (photosphere): Այն վայրերու մէջ, ուր փոթորիկներ կան, ժայթքող նիւթերը քիչ մը կը պաղին եւ լոյսի ճառագայթումը կը նուազի: Այդ պատճառով անոնք կ՛երեւին որպէս մութ բիծեր: Բայց միեւնոյն մագնիսական փոթորիկի պատճառով  այդ վայրերուն մէջ կը բարձրանայ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու ուժգնութիւնը: Այո՛, կը բարձրանայ ճառագայթումը, բայց բաղդատած ընդհանուր արտադրութեան` փոփոխութիւնը գրեթէ աննշան է, նուազ քան`  0,1 տոկոս (11): Երկրի վրայ ազդեցութիւնը ամբողջ երեք անգամով նուազ է, քան` վառելանիւթերու արտադրած ածխի երկթթուակի (Carbon Dioxide – CO2) պատճառած ջերմոցացումը (greenhouse effect) (12): Ցարդ արտադրուած emitted CO2-ի քանակը բաւարար է արեւու բիծերու ազդեցութիւնը ջրելու առ նուազն 50-100 հազար տարուան համար: Այդ շատ աւելի երկար է, քան` քաղաքակրթութեան պատմութիւնը:

Ինչպէս վերը նշած էի, փոքրիկ Սառցէ Դար կրնայ պատահիլ, երբ համընկնին քանի մը գործօններ: Կը թուեմ հաւանական գործօնները:

1268-1815 տեղի ունեցած են ծծումբով հարուստ հրաբխային բազմաթիւ մեծ ժայթքումներ, որոնք մթնոլորտը փոշիով ծածկած են եւ` արգիլած, որ արեւու ճառագայթները հասնին երկիր:

Վերջին փոքրիկ սառցէ դարուն նախորդած է տաք շրջան: Այդ տարաբանօրէն (paradoxical) կ՛օգնէ սառցապատումի: Սառցահալի մաքուր ջուրը ովկիանոսի աղի ջուրէն աւելի թեթեւ է եւ համեմատաբար երկար ժամանակ կրնայ ծփալ մակերեսին վրայ (14): Անուշ ջուրը աղի ջուրէն աւելի դիւրին կը սառչի: Ձիւնահալի մօտակայ շրջաններու մէջ ձմրան աւելի լայնատարած սառցակալումներ տեղի կ՛ունենան: Խորքին մէջ ա՛յդ է «Վաղուան յաջորդ օրը» ժապաւէնին գիտական հիմքը: Բայց այդ չի նշանակեր սառցէ դար, ընդհակառակն, կը նշանակէ բեւեռներու սառցահալ: Իսկական մտահոգութիւնը մե՛ր, ոչ կանաչ ճարտարարուեստներու  պատճառած ջերմաստիճանի յարատեւ բարձրացումն է:

Ներկայ ցուրտի ալիքը մթնոլորտային պայմաններու տատանում է: Նման երեւոյթներ քաոսային են, որովհետեւ մթնոլորտի տարրերու փոխազդեցութիւնները ոչ գծային են (non-linear): (15) Քաոսային երեւոյթի մը ընթացքի փոքրիկ շեղում մը կրնայ աճիլ դէպի տրամագծօրէն տարբեր կացութիւններու (պայծառ արեւ կամ ամպ ու տեղում): Այս իմաստով անկարելի է երկարաժամկէտ նախատեսութիւններ կատարել: Եթէ կացութիւնը կարելի ըլլայ պարզեցուած ձեւով նկարագրել քանի մը տուեալով, ինչպէս` ջերմաստիճան եւ մթնոլորտային ճնշում, ապա լայն ժամանակամիջոցի վրայ (բազմաթիւ տարիներ) երկարող արձանագրութիւններ կրնան ցոյց տալ որոշ վարուելակերպ, կերպար (pattern): Կրնայ պատահիլ, որ կողքի նկարին մէջ ցոյց տրուած «ծիր»-երը իրերայաջորդ քանի մը տարի «խտանան» եւ կազմեն տաք կամ պաղ խուրձեր, շրջաններ»: Հարկ է նշել, որ պատկերները կազմուած են համակարգիչով եւ պարզապէս քաոսային վարմունքի գաղափարը յստակացնելու կը ծառայեն: Քաոսի տեսութիւնը կը կարօտի աւելի հանգամանալի բացատրութեան եւ թուաբանութեան որոշ իմացութեան:

Լուրջ գիտնականներ կը բացառեն ոեւէ սառցէ դար մօտիկ ապագային: Մենք արդէն իսկ դուրս եկանք այդ «խուրձ»-երէն:

———————————

  1. Նման դարաշրջաններու թուականները կարելի է որոշել բրածոներու (fossil) պարունակած շողարձակ նիւթերու միջոցով: Պատմական շրջաններու պարագային, այսինքն քանի մը հազար տարի, յարիր է ածուխի շողարձակ յարատեղը (C14): Այս նիւթերը կը կոչուին «յարատեղ» (Iso-tope), յունարէն` նոյն-ա-տեղ), որովհետեւ Մենտելեւի տախտակին մէջ կը գրաւեն նոյն տեղը:
  2. Տես www.nga.gov/features/slideshows/the-little-ice-age.html
  3. Աստղահնագիտական վարկածներ Ա. եւ Բ., «Ազդակ» 16 եւ 17 յուն. 2018
  4. Աստղագէտներ այս բիծերը արձանագրած են առնուազն երկու հազար տարի առաջ, բայց անոնց աւելի մանրամասն ուսումնասիրութեան 1609-ին սկսաւ Կալիլէօ` իր հեռադիտակով: Կալիլէօ շատ սուղ վճարեց, որովհետեւ կորսնցուց իր տեսողութիւնը հաւանաբար արեւու անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու պատճառով:
  5. Բիծերը մագնիսական փոթորիկներ են, որոնք լիցքաւոր մասնիկներու հոսանքի խողովակներ (flux tube) կը գոյացնեն եւ զանոնք մեծ արագութեամբ կ՛արձակեն դէպի դուրս: Մեծ փոթորիկներ երբեմն կը խանգարեն հաղորդակցութեան ցանցերը: (Տե՛ս, օրինակ,  https://en.wikipedia.org/wiki/Flux_tube):
  6. Zharkova V. V., et al «Heartbeat of the Sun from Principal Component Analysis and prediction of solar activity on a millenium timescale» Scientific Reports volume 5, 2015
  7. Յարաբերութեան արտաբերումը հիմնուած է եռանկիւնագիտութեան (Trigonometry) պարզ օրէնքի մը վրայ: Գծապատկերը ցոյց կու տայ, որ զարկերու յաճախականութիւնը հաւասար է երկու յաճախականութիւններու տարբերութեան (120-100): Եռակի սիղ ունեցող գործիքներու ձայնը աւելի բարդ եւ «կենսունակ» կրնայ ըլլալ, եթէ սիղերը ճիշդ ձեւով լարուին: Այդ շատ դժուար եւ նուրբ մասնագիտութիւն մըն է:
  8. V. V. Zharkova եւ այլք «Oscillations of the baseline of solar magnetic field and solar irradiance on a millennial timescale » Scientific Reports 9(1):9197 Յունիս 2019
  9. Տես.- https://alikonline.ir/news/other/item/26735-աշխարհը-շարժւում-է-դէպի-նոր-«սառցէ-դարաշրջան», www.imdb.com/search/keyword/?keywords=global-cooling, www.pinterest.com/pin/582723639258963205/?nic_v1=1a4wILAjwYXdqhwCIN24lIFelYwAH8oA%2BqRb4Ya4ffcTK08t1ApJiXyiS%2F97zKf8U8
  10. Տես Danson C C , «Rise & Fall of Empires, Nations & City States based upon the Energy Output of the Sun» 16 հոկտ, 2019
  11. Տես https://climate.nasa.gov/blog/2910/what-is-the-suns-role-in-climate-change/
  12. «Քորոնա»-ի մեծ չարիքի փոքր բարիքներէն մէկը այն է, որ այդ վառելանիւթերու գործածութիւնը այժմ նուազած է:
  13. Bawden, T, «Climate change» The Independent, 13 January 2016
  14. Աղի տարածումը (diffusion) դանդաղ գործընթաց (process) է, յատկապէս երբ ջերմաստիճանը ցած է, սառցահալի պարագային` 0oC
  15. Գծային է, օրինակ, Z = 2x , իսկ ոչ գծային` Z = x^2 (x քառակուսի)

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (9 Ապրիլ 2022)

Յաջորդը

Ինքը Եւ Ես

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?