Յօդուածներ

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Դիմադրողականութեան արխիւացումը Ծննդավայրերու յիշողութիւնը պահպանելը եւ անոնց պատմութեան փաստագրումը կենսական գոյաբանական հարց մըն էր, որ ահազանգեց օսմանեան վերջին սերունդին` 1920-ականներէն սկսեալ տարբեր շրջաններու եւ ցամաքամասերու մէջ ցրուած հայերուն: Թրքական պետութեան աճող ժխտողականութեան դիմաց, բազմաթիւ հայեր ձեռնարկեցին իրենց ծննդավայրերը անմահացնելու աշխատանքին` յուշամատեաններու միջոցով: Անոնք յաճախ կը հրատարակէին յետօսմանեան աշխարհագրութեան մէջ բազմացող հայրենակցական միութիւններու հովանիին տակ եւ ֆինանսական աջակցութեամբ: Այս...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Գողացուած Ընտրութիւններ, Չաւարտուած Գործընթացներ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Գողացուած Ընտրութիւններ, Չաւարտուած Գործընթացներ

Հայաստանի 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնները շատերն էին բնորոշում որպէս երկրի ապագայի համար ճակատագրական: Իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը մարմնաւորող Նիկոլ Փաշինեանի համար նոյնպէս գործընթացը ճակատագրական էր, բայց ոչ թէ ժողովրդի ու պետութեան հեռանկարի, այլ` իր անձի համար: Բոլորին ակնյայտ էր, որ իշխանութեան ընձեռած անպատժելիութեան դիմադրողականութիւնը կորցնելու պարագայում Նիկոլ Փաշինեանն անխուսափելիօրէն յայտնուելու է պատասխանատուութեան առջեւ` Արցախի, Հայաստանի եւ հայութեան դէմ կատարած իր...

Հրապարակուեցաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Վեցերորդ Թիւը

Հրապարակուեցաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Վեցերորդ Թիւը

Հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի այս տարուան վեցերորդ թիւը: Յունիս 2026-ը Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի նախընտրական գործընթացներու եզրափակման եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ամիս էր: Այս գործընթացները իրենց անդրադարձը ունեցան «Դրօշակ»-ի մէջ հրապարակուած նիւթերուն վրայ: Օրուան քաղաքական զգայուն հիմնահարցերէն մեկնելով` քաղաքական վերլուծաբան Արամ Շահնազարեան կ՛անդրադառնայ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «Արեւմտեան Ազրպէյճան» բնաբանին: Յօդուածի հեղինակը խորութեամբ եւ համակողմանիօրէն կը մեկնաբանէ խնդիրը` ներկայացնելով, թէ զաւթողական...

Քեսապցիներու Արշաւանքը Թուրքմէնական Գիւղերուն Վրայ

Քեսապցիներու Արշաւանքը Թուրքմէնական Գիւղերուն Վրայ

Զինուորական Իշխանութեան Եւ Ազգային Միութեան Կազմաւորում ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պետրուսիա Քեսապի հարաւային կողմը գտնուող Պայըրի եւ Պուճագի թուրքմէնները 1919-ի ամրան, ալեւիներուն վրայ իրենց տարած յաղթանակէն ետք սկսան կեդրոնանալ Վարի Պաղճաղազի սահմաններուն վրայ: Նոյն օրերուն Պայըրի եւ Պուճագի թուրքմէնները սկսան հարցեր ստեղծել Վարի Պաղճաղազի հայ գիւղացիներուն հետ: Պետրուսիա եւ Ֆագ Հասան գիւղերու թուրքմէնները Վարի Պաղճաղազ գալով կը գողնային կամ գիւղացիներէն կը խլէին...

2026 Թուականի 100 Ամէնէն Ազդեցիկ Մարդիկը

2026 Թուականի 100 Ամէնէն Ազդեցիկ Մարդիկը

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Սիւզի Ուայլզ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ոչ ընտրեալ ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն է Սիւզի Ուայլզը: 2016-ին եւ 2020-ին Տանըլտ Թրամփի Ֆլորիտայի գործերը յաջողութեամբ ղեկավարելով` ան ստանձնեց անոր քաղաքական ձեռնարկութիւնը եւ զայն Սպիտակ տուն վերադարձուց: Այժմ` իբրեւ նախագահ Թրամփի աշխատակազմի ղեկավար, Ուայլզ կը տիրապետէ այնպիսի հեղինակութեան, որ կարգապահութիւն կը պարտադրէ խմբակային ներքին պայքարը շրջանցելու եւ հաւատարմութեամբ շարքերը խտացնելու: Ան յաճախ...

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան Նախկին օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը կը շարունակէ մնալ թրքահայ համայնքի գլխաւոր հաստատութիւնը: Մինչեւ 1920-ականները ան կը պահէր հսկայական արխիւ մը, ուր կը գտնուէին` դիմումներ, տեղեկագիրներ, նամակագրութիւններ եւ բազմաթիւ այլ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերէին օսմանահայ կեանքին` սկսեալ տասնհինգերորդ դարէն, որ ընդունուած է իբրեւ պատրիարքութեան հիմնադրութեան թուական: Այսօր պատրիարքարանի գրադարանը սահմանափակ չափով հասանելի է...

Լիբանան

Բացական

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ Կու գայ պահը Եւ աչքերուդ մէջ բացական կը մնամ ես միմիայն։ Անծանօթի քունքերն ի վար կաթող անձրեւն անընդհատ զիս կը փակէ Դուռներու արտասովոր լռութեամբ, ինչպէս քայլե՛րդ խոնաւ՝ նոյեմբերի վերջերուն, Ինչպէս ծիծա՛ղը դէմքիդ՝ օտարի ցուրտ այտերուն։ Մէկը երկչոտ կը հակի էջերուն վրայ շրթներուդ՝ վերջալոյսի շշուկներն ընթեռնելու։ Կը շիկնի քար մը յանկարծ, մեր մթագնող մենութեանց տարածքները ցոյց տալու... Բոլոր գոյներն...

«Ազդակ»-ի Մատենաշարի Ցանկի Ամբողջացման Աշխատանք

«Ազդակ»-ի Մատենաշարի Ցանկի Ամբողջացման Աշխատանք

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը վերջին տարիներուն ձեռնարկած էր «Ազդակ»-ի թերթօն-մատենաշարի հաւաքածոն համալրելու աշխատանքին: Մեր ընթերցողներուն ուղղուած կոչերուն  ընդառաջ, ուրախ ենք յայտնելու, որ հաւաքածոյի նկատառելի թիւ մը (ներկայացուած ստորեւ) տեղ գտան «Ազդակ»-ի գրադարանին մէջ: Հետաքրքրական է, որ յատկապէս թերթօններու պարագային, օրուան ընթերցողները հաւաքած են զանոնք օրը օրին եւ կազմած իբրեւ առանձին հատոր: «Ազդակ»-ի մատենաշարի ընդհանուր ներկայացումը` թեմաներ, հեղինակներ, բովանդակութիւն, կու տանք մեր էջերով:...

Ալիեւը Հարցը Հասցուց ՄԱԿ` Պահանջելով 300 Հազար Ազրպէյճանցիներու Վերաբնակեցումը Հայաստանի Մէջ

Ալիեւը Հարցը Հասցուց ՄԱԿ` Պահանջելով 300 Հազար Ազրպէյճանցիներու Վերաբնակեցումը Հայաստանի Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը օրէ օր կը սաստկացնէ ճնշումը Փաշինեանի վրայ` Հայաստանէն նորանոր զիջումներ խլելու համար: Փաշինեանն ու Ալիեւը տարբեր դրդապատճառներով յառաջ կը մղեն, այսպէս կոչուած, «Խաղաղութեան ծրագիր»-ը: Փաշինեանի նպատակն էր յունիս 7-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ապահովել հայ ընտրողներու քուէները եւ պահպանել իշխանութիւնը` մոլորեցնելով զանոնք` իբր թէ խաղաղութիւն հաստատած է: Միւս կողմէ` Ալիեւ բոլորովին այլ նպատակ կը հետապնդէ: Ան չի...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Հայաստանի պատմութեան մէջ կան պահեր, որոնք լոկ քաղաքական իրադարձութիւններ չեն, այլ` ամբողջ ազգին ճակատագիրը կերտող վճռական փուլեր: Բազմաթիւ հայերու ընկալմամբ, Նիկոլ Փաշինեանի երրորդ անգամ վարչապետի պաշտօնին վերահաստատուիլը նման փուլ մը կը ներկայացնէ: Այս ընտրութիւնը ոչ միայն կը շարունակէ վերջին տարիներու ապազգային քաղաքական ուղեգիծը, այլ նաեւ կը խորացնէ այն մտահոգութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի անվտանգութեան եւ ազգային արժանապատուութեան պահպանման: Վերջին տարիներուն...

Ընտրութիւններ, Ազգային Մարտահրաւէրներ Եւ Վաղուան Հայաստանի Հարցը

Ընտրութիւններ, Ազգային Մարտահրաւէրներ Եւ Վաղուան Հայաստանի Հարցը

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կը գտնուի իր անկախութեան շրջանի ամէնէն վճռորոշ փուլերէն մէկուն մէջ: 2020-ի պատերազմը, Արցախի հայաթափումը, տարածաշրջանային ուժերու վերադասաւորումը եւ ներքաղաքական խոր բեւեռացումը ստեղծած են նոր իրականութիւն մը, որուն հետեւանքները երկար տարիներ պիտի շարունակեն ազդել Հայաստանի ապագային վրայ: Այս պայմաններուն մէջ ընտրութիւնները պարզապէս իշխանափոխութեան կամ իշխանութեան վերարտադրութեան միջոց չեն: Անոնք դարձած են...

Հայաստանի Ընտրութիւնները Եւ Աշխարհաքաղաքական Շահերը

Հայաստանի Ընտրութիւնները Եւ Աշխարհաքաղաքական Շահերը

ԿԱՐԷՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ Հայաստանի ընտրութիւնները մակերեսային դիտարկմամբ կը թուին ըլլալ փոքր իրադարձութիւն մը, սակայն երբ հարցը կ՛ուսումնասիրուի մօտէն, ի յայտ կու գայ, որ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը կը շահագրգռէ շարք մը մեծ պետութիւններ: Ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական կողմերը ոչ միայն կը տարբերին իրենց քաղաքական ներքին վարչական ծրագիրներով, այլ անոնք յառաջ կը տանին մեծ պետութիւններու առաջադրած օրակարգերը: Շատ պարզ...

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը

Ոչ Շատ Մօտիկ Ապագան

ՃՈՐՃ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ 2042 թուականն է, սահմաններն ալ գոյութիւն չունին, անոնք պարզապէս քարտէսին վրայ աշխարհագրական գիծեր են: Երեւանի պատերէն կախուած են պաստառներ. «Բաց ճանապարհ, փայլուն ապագայ, խաղաղութիւն»: Առաջին հինգ տարին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ «ապասահմանայնացման» համաձայնութիւններէն ետք, Հայաստան կ՛ապրի տնտեսական վերելքի ժամանակաշրջան մը: Թրքական ընկերութիւններ կը հաստատուին երկրին չորս կողմը, ազերիական դրամատուներու մասնաճիւղեր կը բացուին Երեւանի մէջ,...

Յարատեւ Պայքար Մինչեւ Արժանապատիւ Յաղթանակ

Յարատեւ Պայքար Մինչեւ Արժանապատիւ Յաղթանակ

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ 7 յունիս 2026-ին տեղի ունեցան  Հայաստանի իններորդ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները, որոնց մասնակցեցան Հայաստանի քաղաքացիներուն 58,97 առ հարիւրը, ինչ որ նախորդ ընտրութիւններէն 9,57 առ հարիւր` 195 հազար 523 ընտրող աւելի է: Հարկ է նշել, որ այս ընտրութիւնը Արցախի յանձնումէն ետք առաջին ընտրութիւնն էր, սակայն Արցախի հայութիւնը ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք չունէր: Ազգային ժողովի ընտրութիւններու ընթացքին...

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Այս գրութիւնը մասամբ հիմնուած է Վարագ Գեթսեմանեանի եւ Պետրոս Տէր Մաթոսեանի համահեղինակած « Ո՛չ կայսերական, ո՛չ ալ ազգայի՞ն. (յետ)օսմանեան հայերու արխիւային հետքերն ու ժառանգութիւնները»  «Neither imperial nor national? The archival trails and legacies of (post)Ottoman-Armenians») յօդուածին վրայ` հրատարակուած օգոստոս 2025-ին «Archival Science» գիտական հանդէսի 25-րդ հատորի 41-րդ թիւին մէջ, ինչպէս նաեւ հեղինակին` Պոլսոյ Եսայեան միութեան սրահին մէջ տեղի...

Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը

Ճշմարտութիւնը Չի Լռեր

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Ազգերու պատմութեան մէջ կան պահեր, երբ  պետական որոշում մը կը գերազանցէ դիւանագիտական իրադարձութեան սահմանները եւ կը վերածուի բարոյական վկայութեան: Այդպիսի պահ մըն է, երբ պետութիւն մը կը համարձակի խոնարհիլ պատմական ճշմարտութեան առջեւ` հակառակ քաղաքական հաշիւներուն, ճնշումներուն կամ ժամանակաւոր շահերուն: Եթէ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը ամբողջութեամբ իրագործուի, անիկա պիտի արձանագրուի ոչ միայն իբրեւ քաղաքական քայլ, այլ...

Օր Վերանայումի

Օր Վերանայումի

ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն ետք ընդդիմութենէն եւ  մեր կուսակցութենէն ակնկալուած յօդուածագիրին մտածումներուն տեղ կու տանք` ազատ կարծիքի սկզբունքէն մեկնած, կարեւոր ընդգծում աւելցնելով: Նախընտրական, ընտրական եւ յետընտրական իրավիճակներուն գնահատականի որեւէ փորձ անպայման պէտք է նկատի ունենայ` իշխանութիւններուն օգտագործած անպատշաճ հռետորաբանութիւնը, սպառնալիքները, բռնաճնշումները, կալանաւորումներն ու ընդհանրապէս ընդդիմադիր դաշտին նկատմամբ կիրարկուած հալածանքն ու վարչական լծակներու համատարած եւ համակարգային օգտագործումը: Նաեւ`...

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարիւրամեակը` Յիշատակում Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Նոր Տեսլական

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարիւրամեակը` Յիշատակում Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Նոր Տեսլական

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ 25-28 յունիս  2026-ին կիպրացի ժողովուրդը, բայց մանաւանդ հայկական գաղութը ապրեցան զգացական ջերմ օրեր`յիշատակելով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հարիւրամեակը: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ Կիպրոս ժամանեցին Մելգոնեանի նախկին աշակերտներ թէ շրջանաւարտներ, որոնք իրենց զգացումները միացուցին տեղական գաղութին եւ ստեղծեցին շատ գեղեցիկ «ապրող» օրեր` արժեւորելով վարժարանին դերը անոր ծաւալած ազգային-կրթական մեծ առաքելութեան ընդմէջէն` պատմութեան տարբեր հոլովոյթներու ընթացքին: Մեծ «Պրաւօ՛» մը կիպրահայ գաղութին,...

Եկո՛ւր, Գաւաթ Մը Սուրճ Խմենք…

Եկո՛ւր, Գաւաթ Մը Սուրճ Խմենք…

ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ Այս առաւօտ, սուրճի տաքուկ գաւաթը ձեռքիս, պատուհանին մօտ նստած էի: Գոլորշին դանդաղ կը բարձրանար, իսկ անոր բոյրը կարծես զիս տարիներ ետ կը տանէր` դէպի հանդիպումներ, զրոյցներ, յիշատակներ ու դէպքեր, զորս ժամանակը չէր կրցած մաշեցնել: Այդ պահուն մտածեցի, թէ որքա՛ն մեծ խորհուրդ կրնայ ունենալ այս փոքրիկ գաւաթը: Ան պարզ ըմպելիք մը չէ. ան կեանքի լուռ ուղեկիցն է, որ...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

«Ծաղիկով Աղջնակ Մը» (Լռութեան մէջ հնչող խաղաղութեան պատգամ մը)

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ «Ծաղիկով աղջնակ մը» (Fillette à la fleur, 1970) — Ուրսուլա Մալպինի պղնձաձոյլ քանդակը. Սեն-Ժան զբօսայգի, Ժընեւ։ Աւելի քան երեսուն տարի է, որ կ’ապ­րիմ Ժընեւ ու կը բնակիմ Սեն-Ժան (Saint-Jean) զբօսայգիին մօտակայքը։ Երկու զաւակներս յաճախած են զբօ­սայգիին յարակից Seujet դպրոցը։ Բազ­միցս անցած եմ այս զբօսայգիէն աշ­խատանքի երթալու ճանապարհին, յա­ճախ գտնուած եմ այնտեղ ճեմելու կամ պարզապէս խաղաղ պահ...

Page 22 of 1110 1 … 21 22 23 … 1,110

Արխիւներ