Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Շատ Մօտիկ Ապագան

July 6, 2026
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՈՐՃ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

2042 թուականն է, սահմաններն ալ գոյութիւն չունին, անոնք պարզապէս քարտէսին վրայ աշխարհագրական գիծեր են: Երեւանի պատերէն կախուած են պաստառներ. «Բաց ճանապարհ, փայլուն ապագայ, խաղաղութիւն»:

Առաջին հինգ տարին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ «ապասահմանայնացման» համաձայնութիւններէն ետք, Հայաստան կ՛ապրի տնտեսական վերելքի ժամանակաշրջան մը: Թրքական ընկերութիւններ կը հաստատուին երկրին չորս կողմը, ազերիական դրամատուներու մասնաճիւղեր կը բացուին Երեւանի մէջ, օտարներ կը լեցնեն երկիրը…

Միմիայն առեւտուր է` կ՛ըսեն, տնտեսութեան բարելաւման կը նպաստէ, գործնական է, պարզ է…

Արամ` 15 տարեկան մանչ մը, կը վերադառնայ դպրոցէն եւ կ՛ըսէ մօրը` պայուսակը գետին դնելով.

– Մա՛մ, ալ Հայոց պատմութեան դասընթացք պիտի չունենանք:  Պիտի փոխարինեն տարածաշրջանային մշակոյթի եւ պատմութեան պահերով:

Հայրը, մօր կողքին նստած, լսելով այս մէկը` ջղայնութեամբ կը միջամտէ.

– Ինչպէ՞ս թէ Հայոց պատմութիւն բնաւ պիտի չունենաք:

– Պիտի սորվինք կարեւոր բաները տարածաշրջանային ընդհանուր պատմութեան ընդմէջէն: Օրինակի համար` խաղաղութեան պայմանագիրը, բաց սահմանները, տարածաշրջանային համագործակցութիւնը…

– Իսկ Ցեղասպանութի՞ւնը,-  հարց կու տայ հայրը ցած ձայնով:

– Ուսուցչուհին ըսաւ, որ այդ մէկը պիտի քննարկենք «մշակոյթ» բաժինին մէջ, բայց պիտի չկեդրոնանանք վրան: Կ՛ըսէ, որ պէտք չէ պատմութիւնը միայն ցաւով սորվիլ:

Արամ կը բանայ դասագիրքը եւ ցոյց կու տայ գլուխներէն մէկուն վերնագիրը.

«Օսմանեան աշխարհը` ժողովուրդներու ընդհանուր տուն»:

Մարիամ մատները կը սահեցնէ էջին վրայ: Գունաւոր նկարներ կան` պալատներ, կամուրջներ, շուկաներ, զինուորական բարեփոխումներ, սուլթաններու նկարներ: Հայերը յիշուած էին փոքրիկ շրջանակի մը մէջ` արհեստաւորներ, վաճառականներ, թարգմանիչներ:

Օգտակար մարդիկ:
Բայց` ոչ ժողովուրդ:
Ոչ հայրենիք:
Ոչ վէրք:
Ոչ դիմադրութիւն:

– Մա՛մ, նայէ,- կը շարունակէ Արամ: – Ուսուցչուհին ըսաւ, որ կրնամ մասնակցիլ Պոլսոյ աշակերտական ճամբարին, շատ լաւ ծրագիր է: Թրքերէն, ռոպոթիքս, պատմութիւն, մարզանք: Ահմետն ալ պիտի դիմէ:

Ծանր լռութենէ մը ետք կը կրկնէ.

– Լաւ առիթ է:

Ամէն ինչ հիմա առիթ էր:

Թրքերէնը` առիթ:
Ազերիական դրամատան կրթաթոշակը` առիթ:
Հայոց պատմութեան կրճատումը` առիթ:
Պոլիս երթալը` առիթ:

Ոչ մէկը կ՛ուզէ ըլլալ այն յետամնացը, որ «առիթ»-ներուն դէմ կը պայքարի:

Մայրը լուռ էր, կը սպասէր հօր պատասխանին, սակայն ան նոյնիսկ չի նայիր զաւակին դէմքին: Կաշկանդուած, Արամ այս ժխտական մթնոլորտը ձգելով` սենեակէն դուրս կ՛ելլէ:

– Չես կրնար ամէն բան քաղաքական դարձնել,- կ՛ըսէ մայրը:

Հայրը երկար ժամանակ լուռ մնալէ ետք կ՛ըսէ.

Կ՛ուզեմ, որ մեր տղան հասկնայ տարբերութիւնը մարդու եւ համակարգի միջեւ…- թէեւ ան կ՛ուզէ ամբողջացնել միտքերը, սակայն յուսահատութիւնը կը լռեցնէ զայն:

– Իսկ եթէ արդէն ուշ է:

Հայրը չի պատասխաներ, որովհետեւ առաջին անգամն ըլլալով հասկցած էր, որ պատերազմները եւ ցեղասպանութիւնը կրնան առանց կրակոցի ըլլալ:

 

 

Նախորդը

Յարատեւ Պայքար Մինչեւ Արժանապատիւ Յաղթանակ

Յաջորդը

Հայաստանի Ընտրութիւնները Եւ Աշխարհաքաղաքական Շահերը

RelatedPosts

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

October 6, 2026
Պատուհասի՞, Թէ՞ Պատեհութեան Օրակարգ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Պետականութիւն, Ռազմավարութիւն Եւ Երիտասարդութեան Պատասխանատուութիւն

September 29, 2026
Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.