Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026 Թուականի 100 Ամէնէն Ազդեցիկ Մարդիկը

July 7, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Սիւզի Ուայլզ

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ոչ ընտրեալ ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն է Սիւզի Ուայլզը: 2016-ին եւ 2020-ին Տանըլտ Թրամփի Ֆլորիտայի գործերը յաջողութեամբ ղեկավարելով` ան ստանձնեց անոր քաղաքական ձեռնարկութիւնը եւ զայն Սպիտակ տուն վերադարձուց: Այժմ` իբրեւ նախագահ Թրամփի աշխատակազմի ղեկավար, Ուայլզ կը տիրապետէ այնպիսի հեղինակութեան, որ կարգապահութիւն կը պարտադրէ խմբակային ներքին պայքարը շրջանցելու եւ հաւատարմութեամբ շարքերը խտացնելու: Ան յաճախ վերջին անձն է, որուն Թրամփ մտիկ կ՛ընէ իր կարեւորագոյն որոշումները տալէ առաջ: Մարտին` Ուայլզի քաղցկեղի ախտորոշումէն ետք, Թրամփ յայտնեց, որ ան բուժումի ընթացքին պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ: Աշխատակազմին համար սա այն վկայութիւնն էր, թէ անոր կարգապահութիւնն ու վճռակամութիւնը կենսական են: Իսկ Թրամփին համար սա ընդգծեց, թէ Ուայլզ այն հազուագիւտ խորհրդատուն է, առանց որուն` Թրամփ չի կրնար կառավարումը պատկերացնել:

Թարիք Ռահման

Քանի մը ամիս առաջ Թարիք Ռահմանը Լոնտոնի հարաւ-արեւմուտքը անհոգ կ՛ապրէր աքսորի մէջ: Սակայն Պանկլատեշի միահեծան վարչապետ Շէյխ Հասինայի 2024-ի տապալումը 57-ամեայ ժառանգորդը ընդդիմութեան քարոզիչէն վերածեց ազգային առաջնորդի, երբ փետրուարին Ռահման ընտրական պայքարին մէջ յաղթեց 17 տարի իր հայրենիքէն հեռու ապրելէ ետք: Այս յաղթանակը կը նշանակէր, որ Ռահման հետեւած էր հետքերուն իր մօր` Խալետա Զիայի, որ Պանկլատեշի առաջին կին վարչապետն էր եւ մահացաւ Տաքքա վերադառնալէն հինգ օր ետք: Մօր վիշտը դեռ թարմ էր, երբ Ռահման յունուարին հարցազրոյց տուաւ «Թայմ»-ին, որ ուղղուած էր իր 175 միլիոն բնակչութիւն ունեցող հայրենիքին միաւորումին, եւ միաժամանակ կրկին աշխուժացուց հարաւային Ասիոյ երկրորդ մեծագոյն տնտեսութիւնը: Պանկլատեշ կը տառապի բարձր գնաճէ եւ երիտասարդներու անգործութենէ, իսկ տարածաշրջանային գերտէրութիւն Հնդկաստանի հետ անոր յարաբերութիւնները հասած են պատմական անկումի: Այս բոլորը արագ լուծում կը պահանջեն: Ոստիկանութեան կողմէ փտածութեան մասին մեղադրանքները, որոնք դատարաններէն չեղեալ յայտարարուած են, կրնան առաջնահերթ տեղ գրաւել վարչապետ Ռահմանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մէջ: Ան վճռած է ժամանակ չվատնել. «Մենք պէտք է միասին աշխատինք, միաւորուինք, որպէսզի մարդիկ կարենան ունենալ իրենց քաղաքական իրաւունքները», կ՛ըսէ Ռահման:

Մարք Քելի

Տիեզերագնացները սովոր են փոթորկալից կեանք վարելու: Արիզոնայի ծերակուտական Մարք Քելին, որ շատոնց հեռու էր ՕԹԱՆ-ի տիեզերանաւի օդաչուի իր օրերէն, անցեալ տարի օդ բարձրացաւ, երբ օգնեց նկարահանել այն տեսանիւթը, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերուն կը յուշէր, որ անոնք պարտաւոր չեն կատարել անօրինական հրամանները: Այս մէկը ժամանակին ռազմական օրէնքի սովորական պնդում կրնար համարուիլ, սակայն քաղաքական բուռն ալիք յառաջացուց: Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քելիին արարքը «խռովարար» եւ «մահուամբ պատժելի» որակեց, իսկ պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ սկսաւ Փենթակոնի վերադասաւորում կատարել` նպատակ ունենալով Քելին զրկել ռազմածովային հրամանատարի կոչումէն եւ նուազեցնել անոր կենսաթոշակը: Քելին հակադարձեց` Փենթակոնին դէմ դատ բանալով եւ Դեմոկրատական կուսակցութեան մէջ դառնալով Թրամփի վարչակազմին ամէնէն ակնառու հակառակորդներէն մին: Դաշնակիցներ կ՛ըսեն, որ երկար ատեն կարգապահ, զուսպ եւ օրինապահ եղած Քելին այսպիսով իր քաղաքական դիրքը ամրացուց: 2024-ին ան արդէն փոխնախագահի պաշտօնին համար թեկնածուներու ցանկին մէջ էր. այժմ դեմոկրատականներ բացայայտօրէն կը քննարկեն անոր ներուժը 2028-ին համար, եթէ ոչ որպէս նախագահական թեկնածու, ապա` գուցէ որպէս ապագայ պաշտպանութեան նախարար:

Հեթըր Կըրքըն

Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հետեւողական իրաւաբանական մտածողներէն եւ գիտնականներէն մին` Հեթըր Կըրքըն, վաղուց իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է ազատ եւ արդար ընտրութիւններու, ամուր քաղաքացիական ճարտարապետութեան եւ օրէնքի գերակայութեան պաշտպանութեան վրայ: Սակայն անոր ղեկավարութիւնը` որպէս Եէյլի իրաւաբանական դպրոցի երկարամեայ տեսուչ եւ «Ֆորտ» հիմնադրամի նոր նախագահ, իսկապէս կը մարմնաւորէ արդարադատութիւնը ի գործ դնելու Կըրքընի բարոյական հեղինակութիւնն ու գործնական ազդեցութիւնը: Ան Եէյլի մէջ ուսած տարիներուն մեծապէս ընդլայնած է իրաւաբանական կրթութեան հասանելիութիւնը` ուսանողներուն կարելիութիւն տալով օգտագործել օրէնքը` կեանքը բարեփոխելու համար: Կըրքըն հարցեր լուծող է եւ երբեք բեւեռացումներէն չի տատանիր, այլ, ընդհակառակը, արդիւնաւէտօրէն ներգրաւուած է կուսակցական լարուածութեան մէջ: «Ֆորտ» հիմնադրամի մէջ ան արդէն իսկ սկսած է ամրապնդել հիմնադրամին յանձնառութիւնը` մարդկային իրաւունքներու, ընկերային արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան հանդէպ: Կըրքըն օժտուած է անսահման տեսլականով եւ իր իտէալները գործնականացնելու անսպառ կամքով: Ան օրէնքի գերակայութեան վրայ անսասան հաւատք ունի եւ մնայուն կերպով կը գիտակցի, որ ժողովրդավարութիւնը կը գոյատեւէ ո՛չ թէ հռետորաբանութեամբ, այլ` զայն պաշտպանող մարդոց ամէնօրեայ ջանքով:

Տեն Քէյն

Տանըլտ Թրամփ լարուած յարաբերութիւններ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան զօրավարներուն հետ: Հարցուցէք այն պարգեւատրուած զինուորական առաջնորդներուն, որոնք նախագահ Թրամփէն անտեսուեցան: Այսօր այդ անկայուն վիճակի կեդրոնական դէմքը Տեն Քէյնն է` ռազմաօդային ուժերու նախկին կործանիչ օդաչուն, որ Թրամփի ամէնէն վստահելի ռազմական խորհրդականն է: Քէյնի վերելքը անհաւանական էր. հանգստեան կոչուած երեք աստղանի զօրավարը Բանակի պետերու միացեալ վարչութեան նախագահ ընտրուեցաւ` Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն փոխարէն: Բարդ գործողութիւններու շարքը, ինչպէս` Իրանի հիւլէական կեդրոններուն ռմբակոծումները եւ Վենեզուելայի վրայ նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի գերեվարումին համար գործուած յարձակումը, Քէյնի հանդէպ Թրամփի վստահութիւնը ամրապնդեցին: «Ան միայն մէկ բան գիտէ` ինչպէս յաղթել», փետրուարին գրած էր Թրամփ Քէյնին մասին: Մինչ Թրամփ կը պայքարի Իրանի դէմ, Քէյնին խորհրդականները կը շարունակեն արտակարգ կշիռ ունենալ` ձեւաւորելով ո՛չ միայն նախագահին պատմական դիրքորոշումը, այլ նաեւ` Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը աշխարհին մէջ:

Հենա Վիրքունըն

Հենա Վիրքունըն Եւրոպական յանձնաժողովին մէջ իր վարած դերով կը կիրարկէ նոյն կարգապահ տոկունութիւնը, ինչպէս` այն մարաթոններուն, որոնց մասնակցած է. օրինակ` 84 քիլոմեթր կրկնակի մարաթոնը: Մանկութենէն ձիավարող ըլլալով` ան նոյնքան նուիրուած է  ֆիզիքական աշխարհին, որքան որ կը տիրապետէ թուային աշխարհին: Այս նուիրուածութիւնը կենսական է, քանի որ անոր` որպէս ճարտարագիտական ինքնիշխանութեան, անվտանգութեան եւ ժողովրդավարութեան գործադիր փոխնախագահի պաշտօնը` մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ այս յանձնաժողովին մէջ: Վիրքունըն պարտաւոր է Եւրոպայի թուային կանոնակարգին հսկողութիւնը պահպանել` գոհացնելով քաղաքացիներուն ակնկալութիւնները ի հեճուկս Ուաշինկթընի շարունակական ճնշումին եւ միաժամանակ արդիւնաւէտ դարձնելով կարգաւորումը եւ իսկապէս բաց ճարտարագիտական ինքնիշխանութիւն կառուցելով` Եւրոպայի մէջ արհեստական բանականութիւնը զարգացնելու, թուային ենթակառոյցները աւելի լաւ խթանելու եւ ճարտարագիտական ինքնիշխանութեան սատարելու առաջարկներ ներկայացնելով: Եւրոպան կարիքը ունի Վիրքունընին պէս կարող անձի:

Ռաֆայէլ Մարիանօ Կրոսի

Դիւանագէտի յատկանիշերէն մին այն է, որ նոյնիսկ երբ միջազգային կառավարումը վատթարանայ, պետութիւնները տակաւին իրենց դռները կը բանան անոր դիմաց: Ուքրանիոյ Զափորիժիոյ Հիւլէական կայանին վրայ ռուսական զօրքերու յարձակումէն ետք երկու կողմերն ալ առիթ տուին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Մարիանօ Կրոսիի գլխաւորած քննչական խումբին վնասը գնահատելու եւ միջուկը սառեցնելու: Արժանթինցի Կրոսին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնի յառաջատար թեկնածուներէն է, որ հետեւեալը յայտարարեց. «Եթէ նայիք Կազային, Հարաւային Սուտանին, Կովկասին, Հնդկաստանին, Փաքիստանին եւ Քամպոտիոյ, ընդհանուր յայտարարը ՄԱԿ-ի բացակայութիւնն է: Սա չի՛ կրնար այսպէս շարունակուիլ»: Անշուշտ առաջնային է Իրանի միջուկային ծրագիրի վիճակին գնահատումը`   Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի զանգուածային յարձակումէն ետք:

(Շար. 3 եւ վերջ)

—–
(Շար. 1)
(Շար. 2)

Նախորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ծրագիրներու Զօրակցութեան Երեկոյ

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Դ.)

October 8, 2026
Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի
Անդրադարձ

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի

October 8, 2026
Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.