Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

July 8, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Դիմադրողականութեան արխիւացումը

Ծննդավայրերու յիշողութիւնը պահպանելը եւ անոնց պատմութեան փաստագրումը կենսական գոյաբանական հարց մըն էր, որ ահազանգեց օսմանեան վերջին սերունդին` 1920-ականներէն սկսեալ տարբեր շրջաններու եւ ցամաքամասերու մէջ ցրուած հայերուն: Թրքական պետութեան աճող ժխտողականութեան դիմաց, բազմաթիւ հայեր ձեռնարկեցին իրենց ծննդավայրերը անմահացնելու աշխատանքին` յուշամատեաններու միջոցով: Անոնք յաճախ կը հրատարակէին յետօսմանեան

աշխարհագրութեան մէջ բազմացող հայրենակցական միութիւններու հովանիին տակ եւ ֆինանսական աջակցութեամբ: Այս յուշամատեաններով անոնց հեղինակները կը ձգտէին պահպանել կամ վերականգնել անցեալի կեանքը` խարսխելով կորսուած քաղաքի մը պատումը իրերայաջորդ սերունդներու հաւաքական յիշողութեան մէջ: Ցեղասպանութեան տառապանքը եւ կորուստի խոր զգացումը եղան այս գրական-պատմագիտական ոճի ծնունդի հիմնական դրդապատճառները:

Հիմնականօրէն սփիւռքեան արտադրութիւն մը հանդիսանալով` մինչեւ այսօր գոյութիւն ունին 110-է աւելի հատորներ, որոնք կը պարունակեն հարուստ նիւթեր` տարածուած  90.000 էջերու մէջ եւ նուիրուած` Օսմանեան կայսրութեան զանազան շրջաններու հայերու պատմութեան(1): Այս ծաւալուն գործերը, յարմարեցնելով լեզուն (հայերէնը) եւ տեղայնական նկարագրութիւնները սփիւռքեան գաղափարական, աշխարհագրական եւ մշակութային նոր միջավայրին, դարձան դիմադրողականութեան վաղ դրսեւորում մը` վերաձեւաւորելով յետօսմանեան ինքնութիւն մը` ամփոփուած մշակութապէս համատարր համայնքի մը մէջ, հակադրուելով այսպիսով նախկին կայսերական համակարգը բնորոշող բազմազանութեան:

Հայերու յետկայսերական փորձառութեան աւելի ընդգրկուն ուսումնասիրութեան համար պարարտ հող կը ներկայացնեն բաղդատական հետազօտութիւնները մասնաւորաբար այն ժողովուրդներուն հետ, որոնց դարավերջը նոյնպէս եղած է ցաւոտ եւ կորստաբեր: Պետական արխիւներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, միջպատերազմեան շրջանը թէ՛ պաղեստինցիներու եւ թէ՛ հայերու համար նշանաւորուեցաւ փաստագրութեան, արձանագրութեան եւ պատմական յիշողութեան փրկութեան «տենդով»: Ինքնակենսագրական փաստաթուղթեր` յուշագրութիւններ եւ օրագիրներ, դարձան այլընտրանքային պատմողական աղբիւրներ, որոնք լայն տարածում ստացան այս երկու յետօսմանեան համայնքներուն մէջ: Իրենց առատութեամբ հանդերձ, հայ յուշամատեանները տակաւին կը սպասեն քննական արժեւորման` որպէս ժամանակակից հայ պատմագրութեան աղբիւրներ:

Համակարգուած ուսումնասիրութիւնները կրնան նպաստել ձեւաւորման «գիտաբանական բազմազանութեան» մը, որ կը գերազանցէ գերիշխող խումբերու եւ պետական կառոյցներու շուրջ ձեւաւորուած պատումներու սահմանները: Թէեւ այս յօդուածը համեմատական ուսումնասիրութիւն մը չէ, սակայն յուշամատեանները կը թոյլատրեն դիտելու յետօսմանեան հայ եւ պաղեստինեան վիճակները շաղկապուած դիտանկիւնէ: Չափազանցութիւն մը չըլլար ըսել, որ Զարթօնք/Ցեղասպանութիւն հայկական պատմական աւանդոյթին զուգահեռ գոյութիւն ունի արաբական Նահտա/Նաքպա/Նաքսա եռապատումը, որ արաբական մշակութային արդի պատմութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ վերածնունդի եւ անկման պատմութիւն: Պաղեստինի մէջ եւս 1917-ի անգլիական գրաւումը եւ 1948-ին Իսրայէլ պետութեան հիմնադրութիւնը պաղեստինցիները դարձուցին պետականազուրկ գաղթականներ եւ տարագրեալներ, որոնք իրենց հետ կրեցին գիւղերու անունները, յիշողութիւններն ու պատկանելիութեան նշանները` վերածելով զանոնք «գիւղական յուշամատեաններու», զորս Rochelle Davis կը կոչէ «հաւաքական ինքնակենսագրութիւններ»: Կայսրութեան փլուզումը երկու վերապրած համայնքները մղեց հասարակութեան ծայրամասեր, ուր ցրւումը, զրկումը եւ կորուստի ամբողջական զգացումը դարձան անորոշ գոյութեան մը հիմնական բնութագիրները:

Օսմանահայ աշխարհին բնորոշ լեզուական, կրօնական, ազգային եւ մշակութային բազմազանութիւնը փաստագրելու համար պատմաբաններ Էլքէ Հարթմանն եւ Վահէ Թաշճեան ստեղծեցին www.hushamadyan.org առցանց հարթակը, որ կը սպասարկէ անգլերէն, հայերէն եւ թրքերէն լսարաններու: Թուային դարաշրջանին, երբ տեղեկութիւնը դարձած է հանրամատչելի, նման հարթակները կը վկայեն նոր մեթոտներու որդեգրման` Հայոց պատմութիւնը կորուստէ փրկելու համար (2):

Հայկական արխիւներու տարածական մասնատումը, աշխարհագրական անհամապատասխանութիւնը այս աշխատանքը աւելի դժուար կը դարձնեն: Ի տարբերութիւն օսմանեան յոյներուն, պուլկարներուն կամ արաբներուն` հայկական նիւթերու յետնագիծը մեծ մասամբ դուրս մնաց իրենց «սկզբնական արտադրութեան վայրերէն»: Քսաներորդ դարուն հայերը ստիպուած էին բանակցիլ իրենց «միջանկեալ» կարգավիճակին շուրջ` իբրեւ գաղթականներ կամ փոքրամասնութիւն, նորաստեղծ ազգային պետութիւններու մէջ: Անոնք ո՛չ թուրքեր էին, ո՛չ ալ արաբներ, ուստի ստիպուած էին տարբեր ռազմավարութիւններով յարմարիլ նոր քաղաքական ու մշակութային միջավայրերուն: Հակառակ այս դժուարութիւններուն` հայերու բազմակեդրոն ցանցը եւ անոնց ձգած արխիւային հետքերը կը ներկայացնեն կարեւոր մեթոտաբանական եւ վերլուծական առաւելութիւն մը` հասկնալու համար ուշ օսմանեան շրջանի բազմազան եւ տարածական փորձառութիւնները: Հետզհետէ հայկական գիտական ուսումնասիրութիւններու զարգացումը եւ նիւթերու հասանելիութեան աճը կը նպաստեն Ցեղասպանութեան շուրջ գոյացած պարզեցուած, «գոյաբանական» պատմութիւններու վերանայման: Նման արխիւային եւ մեթոտաբանական վերաքննարկումները կը նպաստեն վերակառուցման օսմանեան վերջին տասնամեակներու աւելի բազմակողմանի եւ բարդ պատկերի, ուր կը բացայայտուին ոչ միայն խզումները, այլ նաեւ` շարունակականութիւնները, որոնք ձեւաւորեցին յետկայսերական հայ իրականութիւնը քսաներորդ դարուն:

Եզրափակիչ խոհեր

Արխիւները հիմնական գործիքներ են հաստատութեան, պետութեան կամ համայնքի մը ինքնութեան կառուցման մէջ: Անոնք կը յայտնաբերեն ինքնութիւններու միջեւ փոխազդեցութիւնները: Այս յօդուածը համառօտ ակնարկ մըն է սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւային պահեստարաններու, ինչպէս նաեւ ամփոփ ուրուագիծ մը` օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ կեանքերու վերակառուցման կարելիութիւններուն ու սահմանափակումներուն:

Պատմութեան ընկալումը, պատմական յիշողութիւնն ու պատմագրութիւնը միայն արխիւներով պայմանաւորուած չեն անշուշտ: Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անոր արձագանգը սփիւռքի մէջ լաւ ցուցիչներ են` հասկնալու եւ տեսնելու, թէ պատմական պատումները ինչպէս կը յարմարեցուին պահու առաջադրանքներուն եւ գաղափարախօսական ուղեգիծներուն: Այս առումով, տեղի ունեցածը նորութիւն մը չէ. պատմութեան վերանայումներն ու խմբագրումները յաճախ ուղեկցած են քաղաքականութեան վերիվայրումներուն եւ հասարակական նոր խօսոյթներուն: Այս իմաստով Հայաստանի մէջ ընթացող «պատմութեան կռիւները» պէտք է դիտարկել աւելի լայն համատեքստի եւ պատմական շարունակականութեան մը մէջ, որ սկսած է նոյն այդ կայսրութիւններու փլուզման վաղորդայնին եւ անցնելով քաղաքական տարբեր համակարգերէ` հասած է մինչեւ մեր օրերը:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին փորձերը բարիդրացիական յարաբերութիւններ կառուցելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ` ձերբազատուելով «պատմական բեռերէն» եւ վախերէն, խարսխուած չէ միայն իրապաշտական քաղաքականութեան վրայ, որքան ալ ներկայացուի որպէս այդպիսին: Պատմական յիշողութեան վերախմբագրումը տեղի կ՛ունենայ ոչ միայն աւանդական եւ ազգայնական պատմագրութեան հարցականացմամբ, այլ` շատ յաճախ նոյն այդ պատումներու ամենապարզունակ ուստի եւ վտանգաւոր փոխառինմամբ: Ի տարբերութիւն արհեստավարժ պատմաբանութեան` քաղաքականութիւնը բարդ խօսոյթներ չի սիրեր:

Ընդունուած յարացոյցներու վիճարկումը ողջունելի է, եթէ խթանէ պատմագիտական մտքի զարգացումը: Սակայն պատմութիւնը կռուախնձոր դարձնելու թէ՛ իշխանական եւ թէ՛ ընդդիմադիր ուժերու քայլերը աւելի մոլորեցնող են, երբ բացառապէս քաղաքական շահագրգռուածութիւնը եւ ոչ պատմական ճշմարտութեան փնտռտուքը կը դառնան հասարակութիւնը առաջնորդելու եւ կողմնորոշելու հիմնական դրդապատճառը: Օսմանեան աշխարհի վերջին տասնամեակներու պատմութեան ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ծիրին մէջ Ռուսական կայսրութեան ներգրաւուածութեան պատշաճ լուսաբանումը կը պահանջեն շատ աւելի երկար շունչ, գիտական աշխատանք եւ լուրջ գիտելիք, քան այսօրուան քաղաքական պահն ու յարմարուողականութիւնը կ՛ենթադրեն կամ կը տրամադրեն: Հետեւաբար որեւէ անցեալի եւ յատկապէս օսմանեան դարավերջին առողջ մօտեցումը կը պահանջէ գիտական հանրութեան հետ առողջ երկխօսութիւն, ինչպէս նաեւ` պատմութիւնը «փրկելու» առաքելութենէն անյապաղ հրաժարումը: Այո՛, պատմութիւնը փրկել է պէտք ինչպէս լոկ հերոսապատումներէ կամ զոհի հոգեբանութիւնէ, այնպէս նաեւ ինքնախարազանումներէ եւ մտաւորական խեղաթիւրումներէ: Իսկ քաղաքականութիւնը այն տարածքը չէ, ուր այս վերընձիւղումը պիտի կատարուի: Սոյն յօդուածով ներկայացուած տարբեր հաւաքածոներն ու պահոցները, ինչպէս նաեւ տարիներու վրայ կուտակուած գիտական եւ ակադեմական փորձերը կրնան համեստ ներդրում մը բերել համահայկական այս հրամայականին:

(Շար. 3 եւ վերջ)

(1).- Յուշամատեաններու ամբողջական մատենագիտական ցուցակը տեսնելու համար կարդալ` https://www.houshamadyan.org/arm/themes/bibliography.html

(2).- Նորանոր թուային նախաձեռնութիւններու եւ քարտէսագրումներու համար, որոնք նոյնպէս կ՛օգտագործեն հայ յուշամատեաններու հարուստ ժառանգութիւնը տեսնել` https://armenianatlas.com/ եւ https://turkiyekulturvarliklari.hrantdink.org/

***

(Շար. 1)
(Շար. 2)

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Գողացուած Ընտրութիւններ, Չաւարտուած Գործընթացներ

Յաջորդը

Պատնէշել Գահավիժումը

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Դ.)

October 8, 2026
Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի
Անդրադարձ

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի

October 8, 2026
Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.