Հայաստանի պատմութեան մէջ կան պահեր, որոնք լոկ քաղաքական իրադարձութիւններ չեն, այլ` ամբողջ ազգին ճակատագիրը կերտող վճռական փուլեր: Բազմաթիւ հայերու ընկալմամբ, Նիկոլ Փաշինեանի երրորդ անգամ վարչապետի պաշտօնին վերահաստատուիլը նման փուլ մը կը ներկայացնէ: Այս ընտրութիւնը ոչ միայն կը շարունակէ վերջին տարիներու ապազգային քաղաքական ուղեգիծը, այլ նաեւ կը խորացնէ այն մտահոգութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի անվտանգութեան եւ ազգային արժանապատուութեան պահպանման:
Վերջին տարիներուն Հայաստանի ժողովուրդը դիմագրաւեց իր նորագոյն պատմութեան ծանրագոյն ժամանակաշրջաններէն մէկը: Պատերազմ, մարդկային կորուստներ, արցախահայութեան բռնի տեղահանում, սահմանային մնայուն լարուածութիւն եւ ապագայի նկատմամբ խորացող անորոշութիւն: Այս զարգացումները դժբախտ պատահարներ չէին, այլ հետեւանք` իշխանութիւններուն որդեգրած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի իշխանութիւնը ոչ միայն անտեսած է արցախահայութեան կարիքներն ու մտահոգութիւնները, այլ նաեւ նմանօրինակ վերաբերմունք ցուցաբերած է սփիւռքի նկատմամբ` թուլացնելով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները: Սփիւռքը տասնամեակներ շարունակ եղած է Արցախի ու Հայաստանի հզօրագոյն նեցուկներէն մէկը` իր նիւթական, քաղաքական եւ մարդասիրական աջակցութեամբ, սակայն այսօր սփիւռքահայութեան ձայնը դուրս մղուած է որոշումի հարթակներէն` անոր մասնակցութիւնը անտեսելով:
Մեծագոյն հակասութիւններէն մէկն այն է, որ Ն. Փաշինեան իշխանութեան գալէ առաջ իր քաղաքական պայքարը հիմնած էր նախկին իշխանութիւններու նկատմամբ խիստ քննադատութեան վրայ: Ան կը բարձրացնէր իշխանութեան չարաշահման, ընտրական խարդախութիւններու, քաղաքական հետապնդումներու, ժողովրդավարական համակարգի թուլացման եւ երկարատեւ իշխանութեան պահպանման երեւոյթները: Սակայն այսօր նոյն երեւոյթները կը վերագրուին նաեւ իր իշխանութեան:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ընկալումով, Հայաստանի լիարժէք ապագան կը պահանջէ նոր ղեկավարութիւն մը, ՀԱՅ ղեկավարութիւն եւ ոչ թուրք գործակալ ղեկավարութիւն: Անհրաժեշտ է ղեկավարութիւն մը, որ պիտի վերականգնէ ազգային արժանապատուութիւնը, ամրապնդէ Հայաստանի անվտանգութիւնը, հզօրացնէ հայկական բանակը եւ գործէ վասն Հայաստանի շահերուն:


