Հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի այս տարուան վեցերորդ թիւը: Յունիս 2026-ը Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի նախընտրական գործընթացներու եզրափակման եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ամիս էր: Այս գործընթացները իրենց անդրադարձը ունեցան «Դրօշակ»-ի մէջ հրապարակուած նիւթերուն վրայ:
Օրուան քաղաքական զգայուն հիմնահարցերէն մեկնելով` քաղաքական վերլուծաբան Արամ Շահնազարեան կ՛անդրադառնայ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «Արեւմտեան Ազրպէյճան» բնաբանին: Յօդուածի հեղինակը խորութեամբ եւ համակողմանիօրէն կը մեկնաբանէ խնդիրը` ներկայացնելով, թէ զաւթողական յաւակնութիւններէն բխող այս ծրագիրը լրջագոյն ի՛նչ սպառնալիք կը պարունակէ Հայաստանի նկատմամբ, հակառակ անոր որ իշխանութիւնը կը փորձէ կարելի եղածին չափ շրջանցել ու նուազեցնել թշնամի դրացիին կողմէ հանրայնացուող սպառնալիքը:
Մանուէլ Մկրտչեան լուսարձակի տակ կը բերէ հայաստանեան հասարակութեան մտքի ներկայ շփոթը, որ միտումնաւոր կերպով ձեւաւորած են գործող իշխանութիւնները` ծրագրուած կերպով թիրախ դարձնելով ազգային ինքնութիւնը:
Ազգային արժէքներու, յիշողութեան եւ երազանքներուն դէմ ուղղուած այս արշաւին կ՛անդրադառնայ նաեւ Անժելա Յարութիւնեանը` մասնաւորապէս գրելով. «Այսօր հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած վտանգը միայն տարածքային կորուստները, անվտանգային սպառնալիքները կամ էլ քաղաքական մարտահրաւէրները չեն: Աւելի խոր եւ երկարաժամկէտ վտանգ է ազգային դիմագիծի խեղումը, ազգի ինքնութեան, պատմական յիշողութեան թուլացումը եւ ազգային երազանքի վերացումը: Եթէ ժողովուրդին գիտակցութեան մէջ կը սերմանուի այն միտքը, որ անոր հազարամեայ պատմութիւնը երկրորդական է, որ` անոր պատմական հայրենիքը պարզապէս անցեալի էջ է, իսկ ազգային նպատակներն ու ձգտումները վտանգաւոր կամ աւելորդ են, ապա հարուած կը հասցուի ինքնին ազգի գոյութեան հիմքերուն»:
Պատմաբան Տարօն Յակոբեան «Դրօշակ»-ին տրամադրած է իր յօդուածաշարի երկրորդ բաժինը, որ կը կոչուի «Միացումից անկախացում: Ներքաղաքական խմորումները Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւնում (1992-1993 թթ.)»: Արցախի ազատագրական պայքարի եւ պետականութեան կայացման դժուարին շրջանին նուիրուած այս յօդուածաշարը հետաքրքրական է բազմաթիւ մանրամասնութիւններով, որոնք այսօր ալ հետաքրքրական կը մնան Արցախի ճակատագիրով ապրող մարդկանց համար:
Շարունակելով արցախահայութեան դէմ ազրպէյճանական իշխանութիւններու ձեռնարկուած ոճրագործութիւններուն անդրադարձը, Մարի Յովհաննիսեան արժանի հաւաստիութեամբ եւ մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ հետեւեալ նիւթը` «Օղակ» գործողութիւն. արցախահայութեան բռնի տեղահանում եւ պետական ահաբեկչութիւն»: Հեղինակին համոզումն է, որ մարդկութեան դէմ ուղղուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած ոճրագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին, եւ հայ ժողովուրդը ուշ թէ շուտ պէտք է բարձրաձայնէ այս մասին:
ՀՅԴ պաշտօնաթերթի այս թիւը կարելի է կարդալ այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2026/07/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-6-2026%D5%A9.pdf


