ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
22 ապրիլ 2025, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի հանդիսասրահ:
Մինչ մեծաթիւ լիբանանահայութեան հայեացքները ամենայն ուշադրութեամբ ուղղուած են բեմին, ուր Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան տակաւին նոր աւարտած էր իր բանաստեղծաշունչ, իւրաքանչիւր հայու կեանքն ու ճակատագիրը նկարագրող եւ ելոյթին մթնոլորտին ներկաները լաւագոյնս նախապատրաստած ազդեցիկ խօսքը, ձեռնարկին մեկնարկը կը տրուի սրահին ետեւի բաժինէն, ուրկէ ձեռք ձեռքի դէպի բեմ կ՛ուղղուին պապիկն ու թոռնիկը` մտերմիկ եւ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքին մէջ եղած յատուկ զրոյցով:
Թոռնիկին ձեռքին քանի մը կարմիր վարդեր են, որոնց հասցէատիրոջ մասին կ՛ուզէ գիտնալ ան, կը փափաքի իմանալ, թէ ինչո՞ւ այդքան խորհրդաւոր քայլերով եւ տրամադրութեամբ պապիկը զինք Ծիծեռնակաբերդ կ՛առաջնորդէ: Տղեկին այդ հարցումին լաւագոյնս կը պատասխանէ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Համազգայինի գեղարուեստի խումբերուն նախաձեռնութեամբ, կազմակերպութեամբ եւ գործադրութեամբ իրականացած, Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններուն մտայղացումն ու ժրաջան աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող «Նեմեսիս» ելոյթը:
Ելո՞յթ, ներկայացո՞ւմ, բեմադրութի՞ւն, երգ ու պարի հանդէ՞ս… Դժուար է ընտրել մէկն ու մէկը, այս բառերը բաւարար եւ դիպուկ չեն բացատրելու այն, որ շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին լիբանանահայ հանդիսատեսին հրամցուեցաւ բեմին վրայ: Հայոց պատմութեան ամէնէն ճակատագրական, ողբերգական եւ հպարտալի էջերը կը թերթատուէին հոն, հայութիւնը կը տագնապէր, կը ջարդուէր, կը վերապրէր ու կ՛արարէր հինգ տարեկանէն մինչեւ ութսուն տարեկան 160 համազգայնականներու երգին, պարին, բեմադրական պատկերներուն ճամբով: Ներկայացման տեւողութեան սրահը, ուր բառին ամբողջական իմաստով ասեղ նետելու տեղ չկար, եւ ուր բառացիօրէն ասեղ եթէ նետէին, ձայնը պիտի լսուէր, լեցուեցաւ հայկականութեամբ, տանջանքով, հերոսութեամբ, պայքարով ու յաղթանակով` Հայոց ցեղասպանութեան նախորդած ու յաջորդած տարբեր դէպքեր, դէմքեր, ժամանակներ ու իրադարձութիւններ ամենայն ներդաշնակութեամբ օղակելով զիրար: Բեմին վրայ էին` զոհն ու ոճրագործը, Տէր Զօրի աւազներուն մէջ իրենց ոտքերը խրող, սակայն կրկին դուրս բերող ու երթը շարունակող նահատակներն ու վերապրողները, Կոմիտասն ու Թեհլիրեանը, հայոց լեզուն, մշակոյթը, աւանդութիւնները, արուեստի տարբեր բնագաւառներ, մեր ողբն ու ցաւը, տարագրութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը, յարութիւնն ու նուաճումները:
Հոն` լիբանանեան ծովուն նայող «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի այդ սրահին մէջ համախմբուած էին խճանկարի մը բոլոր բաղադրիչները, որոնք իրարու ագուցելով կը կազմեն կեանքը սփիւռքահայութեան, կեանքը լիբանանահայութեան, որուն պապերը Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրելով երբ հասան Լիբանան, իրենց կեանքին վերսկսան ու նոր բոյնը շինեցին այդ միեւնոյն ծովուն կապուտակ ջուրերու եզրին` յուսալով, որ կրկին կը վերադառնան հարազատ տուն, հաւատալով, որ Արեւմտահայաստանէն բերած ջահը վառ պահողներ պիտի գտնուին: Համազգայինի Լիբանանի մեծ ընտանիքը իր այս նախաձեռնութեամբ հաստատեց, որ ջահը վառ է, կտակը առկայ է…
Դիւրին չէ տարբեր տարիքի, Համազգայինի տարբեր դպրոցներու ու միաւորներու այսքան մեծաթիւ ներկայացուցիչներ միեւնոյն ատեն բեմ բարձրացնել, այսքան ներդաշնակ ու միաձուլուած կերպով ներկայանալ` քաջ գիտակցելով, որ բոլորն ալ արհեստավարժ չեն, բայց կը վայելեն հոգատարութիւնն ու ցուցմունքները արհեստավարժ արուեստագէտներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններուն, որոնք անգամ մը եւս փաստեցին, որ տարբեր բարձրութեան կրնան հասցնել արուեստն ու Համազգայինը:
– Նորա՛, մեր ընտանիքէն մէկն ալ քալա՞ծ է անապատներէն:
Իր իսկ փափաքով ու «Իմ դպրոցս է, պէտք է երթամ» արտայայտութեամբ ինծի ուղեկցած քրոջս 8-ամեայ աղջնակին բազում հարցումներէն մէկն է այս, զոր ան ուղղեց արցունքոտ աչքերուս մէջ կեդրոնացնելով իր անմեղ հայեացքը:
– Այո՛, հոգիս, նանիին հայրը:
Թեթեւօրէն թեւիս փաթթուած Տեսիլը այլեւս չի նայիր ինծի, կը զգայ յուզումս, այլ ուշի ուշով կը հետեւի ներկայացման` երբեմն երբեմն կրկին բացատրութիւններ խնդրելով:
– Թեհլիրեանը սխալ չըրաւ Թալէաթ փաշան մեռցնելով, չէ՞,- կ՛ըլլայ անոր յաջորդ ազդեցիկ հարցումը, որուն պատասխանին առանց սպասելու` աղջնակը կը շարունակէ,- իրենք ալ մեր պապիկներն ու մամիկները մեռցուցին, նանիին պապան չարչարեցին…
Ելոյթը շատ արագ ու անզգալաբար հասած էր իր աւարտին, պապիկն ու թոռնիկը, համայն հայութիւնը Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին մօտ էին, ծաղիկներով կը յարգէին յիշատակը մէկուկէս միլիոն հայ սուրբերուն, կը վերահաստատէին իրենց հաւատարմութիւնը անոնց սուրբ կտակին:
– Պապի՛կ, շնորհակալ եմ: Ես երբեք պիտի չմոռնամ մեր պատմութիւնը, մեր արժէքները, մեր աւանդութիւններն ու մեր Դատը: Միշտ պիտի ըլլամ պահանջատէր, պայքարի ջահը ես ալ պիտի փոխանցեմ նոր սերունդին, մինչեւ որ հասնինք մեր ամբողջական նպատակներուն, մինչեւ որ հասնինք Արարատի գագաթին: Պապի՛կ, կը հաւատամ, ուշ կամ կանուխ պիտի հասնինք: ԱՆՊԱՅՄԱ՛Ն ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻՆՔ:
Յոտնկայս ծափահարութիւններուն ուժգնութիւնը ընդոստ զիս կը վերադարձնէ սրահ, կողքիս է Տեսիլը, որ կրկին կը նայի աչքերուս` կարծես փորձելով կարդալ յուզումիս պատճառը: Այս անգամ ափս սեղմած` ինք կը պատասխանէ չուղղուած, բայց ներքուստ զիս տագնապեցնող բազում հարցումներուս.
– Նորա՛, ես ալ պիտի չմոռնամ, լաւ հայ պիտի ըլլամ, եւ ԱՆՊԱՅՄԱ՛Ն ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻՆՔ:
Կը գրկեմ աղջնակը, որուն այս ելոյթին ներկայութիւնը եւ այս բոլորին հաղորդ ըլլալը տատամսում ու մտահոգութիւն յառաջացուցած էին մէջս, սակայն ճիշդ ըրած էինք գալով, պատգամը փոխանցուած էր արդէն` առանց պատգամելու, քարոզելու, խօսելու եւ յորդորելու:
Ա՛յս է, որ անհրաժեշտ է այս դարուն` կտակը փոխանցել ինքնեկ կերպով, ամենայն պարզութեամբ ու մատչելիութեամբ, միեւնոյն ատեն` ամենայն խորքով ու ազդեցիկութեամբ:
Կեցցե՛ն այս նախաձեռնութեան դիմած, բեմ բարձրացած, քուլիսներու ետին կանգնած, երեւելի եւ աներեւոյթ ամէն տեսակի աշխատանք տարած անձերը, որոնք անպայմա՛ն հասան իրենց նպատակին: