ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Սփիւռքահայ գրագիտուհիներու սակաւաթիւ փաղանգին մէջ շատ փոքր է թիւը խմբագրուհիներուն, այնքան, որ չունինք պերճանքը անոնցմէ մէկն իսկ կորսնցնելու: Կեանքը սակայն յաճախ նկատի չ՛առներ այսքանը դժբախտաբար:
«Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեանը անմահացաւ «Փթիթ»-ով»:
Կարդացի մէկ տողանի այս նամակը ուաթցափիս վրայ եւ սիրտս կծկուեցաւ: Ափսոսացի իր կեանքը, որ այսպէս բիրտ կերպով կ՛անջատուէր: Եւ ափսոսացի «Փթիթ»-ը:
– Մենք զաւակ չունինք, «Փթիթ»-ը մեր զաւակն է:
Եւ հիմա այդ զաւակը որբ կը մնար:
Մանկական քանի՞ հանդէս ունինք այսօր, որ սփիւռքի մեր փոքրերուն ոչ միայն հաճելի ժամանց կը հրամցնէ, այլ նաեւ արեւմտահայերէնի հիմնական գիտելիքներ կը փոխանցէ` խաղերով, հաճելի վարժութիւններով, գեղեցիկ գոյներով եւ գծանկարներով:
Վերժինը ինք խիստ ափսոսալի է, որովհետեւ տակաւին այնքան տալիք ունէր իր հանդէսին էջերէն:
Կը կարծեմ, որ Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեանը շատ աւելին կ՛արժէ, քան` պարզ մահագրական մը իր մասին:
Ըլլալով շատ համեստ եւ ընդհանրապէս լռակեաց` շատերս չենք ճանչցած զինք` ինչպէս հարկ է, շատերս չենք գնահատած իր հսկայ աշխատանքը` ինչպէս հարկն է:
Հակառակ բարձրագոյն ուսում ստացած ըլլալուն Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքին մէջ (տնտեսական եւ վիճակագրական գիտութիւններու մասնագիտացումով) եւ աւարտած ըլլալով բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ, քանի մը տարի դրամատան մէջ աշխատելէ ետք, Չէրչեան-Աբրահամեան չէ վարանած մտնելու ուսուցչական ասպարէզ:
Մօտէն ապրելով հայ աշակերտներուն հետ` Չէրչեան-Աբրահամեան տեսած եւ հասկցած է, թէ ի՛նչ կը պակսի հայ աշակերտին` իր հետաքրքրութիւնները շարժող, արդիական, հաճելի մանկական թերթ մը, որ միաժամանակ ըլլար գեղեցիկ միջոց մը` արեւմտահայերէն սորվելու:
Իր մահուան տխուր առիթով ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի շրջանակը հրատարակած է մահագրական մը, որմէ կը քաղենք հետեւեալ տողերը «Փթիթ»-ի մասին.
«2010 թուականին լոյս ընծայած է «Փթիթ»-ի 0 համարը, որուն գլխաւոր խմբագիրը, աշխատակիցը եւ մնացեալը եղած է մինչեւ վերջ` հակառակ աշխատակիցներու խումբի մը գոյութեան:
Այնքան մեծ էր պարբերականին գրաւչութիւնը, որ ՀՀ ԿԳՄՍ-ի պատուէրով եւ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին գործակցութեամբ, Հայաստանի մէջ լոյս ընծայուեցաւ «Փթիթ»-ի 19-րդ թիւը` այնտեղ հաստատուած սփիւռքահայ մանուկներուն համար: Դժբախտաբար, սակայն, արցախեան երկրորդ պատերազմի բռնկումին պատճառով կարելի չեղաւ շարունակել յոյժ օգտաշատ այս ծրագիրը:
2015-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքներու պատասխանատու դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի խրախուսանքով, հիմնարկին նիւթաբարոյական նեցուկով եւ Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեանի ջանքերով ստեղծուեցաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան կայքը, որուն կանոնաւոր յաւելումները լայն արձագանգ գտած են սփիւռքահայ կրթական շրջանակներէն ներս:
«Փթիթ»-ը լայն ուշադրութեան արժանացած է սփիւռքահայ թէ հայրենի կրթական, մտաւորական եւ մամուլի շրջանակներուն մէջ եւ արժանացած է` 150-է աւելի գրախօսականներու, դրուատալից գնահատականներու եւ յօժարակամ ծանուցումներու:
2012 թուականին ան կը ստանայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հաստատած «Լաւագոյն մանկապատանեկան մամուլ» մրցանակը եւ պատուոյ գիրը, իսկ 2018 թուականին ալ` Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի ձեռամբ` համալսարանի պատուոյ յուշամետալը»:
Արեւելեան սփիւռքի գլխաւոր թերթերը կը գուժէին իր մահը եւ ցաւով դրուատիքի խօսքեր կ՛ընէին.
«Գիրը, գիրքը, մամո՛ւլն է, որ կը հմայէին զինք առաւելաբար: Ի զուր չէ, որ ան տասնամեակներ առաջ կանոնաւոր հետեւորդ մը եղած էր Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկին եւ իւրացուցած` հայագիտական բնագաւառէն շատ բան: Այդ գիտելիքները հետագային մեծապէս պիտի օգնէին իրեն, որպէսզի շուրջ 15 տարի առաջ ձեռնամուխ ըլլար մանկական գունագեղ պարբերականի մը հրատարակութեան` զայն խմբագրելով արտասովոր նուիրումով ու սիրով: «Փթիթ» կը կոչուէր այդ մանկաթերթը, որմէ լոյս պիտի ընծայուէին թերեւս քսանի չափ տպագիր թիւեր` խիստ ուսանելի բովանդակութեամբ եւ ակնախտիղ ձեւաւորումով»:
Աբրահամեան, հակառակ իր «զաւկին» մեծ յաջողութեան եւ բոլորին կողմէ սիրուած ըլլալուն, երբեք չկորսնցուց իր համեստութիւնը եւ մնաց հաւատաւորը «գործը աւելի բարձր կը խօսի, քան խօսքը» ասացուածքին: Համակ նուիրում էր իր ստեղծած եւ մեծ գուրգուրանքով պահած «Փթիթ»-ին: Արդեօք պիտի ըլլա՞յ մէկը, որ ուզէ, որ կարենայ շարունակել այս գեղեցիկ հանդէսը այնպէս, ինչպէս Աբրահամեան կ՛ընէր` իւրաքանչիւր թիւը հեքիաթներով, պատմուածքներով, խաղերով եւ ուսանելի այլ միջոցներով հարստացնելով:
Եւ որովհետեւ իրապէ՛ս սիրելի հանդէս մը դարձած էր «Փթիթ»-ը, սկիզբէն ալ արժանացեր էր շրջապատի բարձր գնահատանքին` անգամուան մը համար մոռացութեան տալով այն տխուր խօսքը, որ հայերուս համար սովորական դարձեր է` «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»: «Փթիթ»-ը սէր եւ գուրգուրանք վայելեց, եւ այսօր ափսոսանքի դառնութիւնն է, որ կը տխրեցնէ մեզ բոլորս: Պիտի ունենա՞նք նոր փթիթ մը, այլ փթիթ մը: Դժուար թէ:
Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեան եղած է անդամ Լիբանանի Մամլոյ եւ Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւններուն:
Մենք ալ, մեր կարգին, խորունկ համոզումով կը կրկնենք Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանի կողակիցին` մտաւորական Կարօ Աբրահամեանին խօսքը`
«Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեանը անմահացաւ «Փթիթ»-ով»: