Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դարաւոր Պայքարով Եւ Նահատակներու Արեամբ Կերտուեցաւ Լիբանանեան Անկախ Հայրենիքը

Մայիս 6, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Լիբանան ազատութեան եւ համայնքներու համակեցութեան հայրենիք է:

Լիբանանցի ժողովուրդը բազմիցս ճաշակած է օտար նուաճումներ, տիրապետութիւններ, աւերածութիւններ ու զրկանքներ տեսած է, բայց միշտ պահած է իր ազատատենչ ոգին:

Լիբանանի բնակչութիւնը համայնքներու խճանկար մը եղած է: Յոյն ուղղափառ եւ կաթոլիկ համայնքները հելլենիստական մշակոյթի յետնորդներ են: Մարոնիները ասորի եկեղեցիէն ճիւղաւորուած Սուրբ Մարունի հետեւորդներ են եւ Հոմսի շրջանէն Լեռնալիբանան հաստատուած են: Սիւննիները հին բնիկներ են եւ գլխաւորաբար ծովեզերեայ քաղաքներուն մէջ կեդրոնացած են: Շիիները Օմայեատներու ժամանակ, Է. դարուն հալածական Լիբանան հաստատուած պարսկական եւ եմէնական ցեղերու յետնորդներ են:

Տիւրզիները կրօնական թաքուն գիտելիքներու հետեւորդ իրանական եւ արաբական ցեղերու յետնորդներ են:

Օսմանեան սուլթան Սելիմ Ա. 1516-ին, Հալէպի մօտ, Մարժտապէքի ճակատամարտին պարտութեան մատնեց Եգիպտոսի մեմլուքները, նուաճեց արաբական երկիրները եւ մտաւ Լիբանան:

Տիւրզի Մաան ընտանիքի պետ Ֆախրէտտին Ա. իրեն միացուց տիւրզի ցեղերը, էմիրի տիտղոս առաւ եւ 1516-ին Լեռնալիբանանի իշխանութիւնը հաստատեց, իբրեւ կեդրոն ունենալով Պաաքլինը:

Լեռնալիբանանի իշխանութիւնը արդի Լիբանանի հիմնաքարը եղաւ:

Էմիր Ֆախրէտտին Բ. (1591-1635) ընդարձակեց իշխանութեան սահմանները եւ մայրաքաղաքը Տէյր Գամար փոխադրեց:

Տիւրզիներուն մէջ զօրացան Արսլան եւ Ժոմպլաթ ընտանիքները: Շիիներուն մէջ զօրացան Հարֆուշները, որոնք Պեքաայի մէջ իշխանութիւն հաստատած էին:

Մաաններուն իշխանութիւնը 1697-ին անշքացաւ եւ տիւրզի Շեհապ ընտանիքը տիրացաւ Լեռնալիբանանի իշխանութեան:

Լեռնալիբանանի տիւրզի տոհմերը գէյսի եւ եմէնի անուններով քաղաքական երկու խմբաւորումներու բաժնուած էին: 1711-ին, Այն Տարայի ճակատամարտին գէյսիները, Շեհապ եւ Ժոմպլաթ ընտանիքներուն գլխաւորութեամբ պարտութեան մատնեցին եմէնիները:

Էմիր Պեշիր Բ. Շեհապ (1789-1840) մայրաքաղաքը Պէյթէտտին փոխադրեց եւ իսլամ ու քրիստոնեայ գոյակցութիւն ու հանդուրժողութիւն հաստատեց:

Ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան կազմէն ներս, միայն Լեռնալիբանան եւ Եմէն մինչեւ վերջ արեան գնով պայքարեցան թրքական տիրապետութեան դէմ եւ յաջողեցան ինքնուրոյն գոյավիճակ պահպանել:

Շեհապներու իշխանութիւնը 1842-ին անշքացաւ: Համայնքային հակադրութիւնները սրեցան տիւրզիներուն եւ մարոնիներուն միջեւ եւ 1860-ի ջարդերուն 22 հազար մարոնիներ զոհուեցան:

Օսմանեան կառավարութեան որոշումով 1861-ին Լեռնալիբանանի մութասարիֆութիւնը կազմաւորուեցաւ, իբրեւ կեդրոն ունենալով Տէյր Գամարը: Մութասարիֆը օսմանեան քաղաքացի քրիստոնեայ պէտք է ըլլար: Մութասարիֆներէն երկուքը հայեր էին` Տաւուտ փաշա (Կարապետ Արթին Դաւիթեան)  եւ Յովհաննէս փաշա Գույումճեան:

Օսմանեան բռնատիրութեան դէմ արաբ ազգայնական շարժումը ծագում առաւ Լիբանանէն եւ տարածուեցաւ դէպի Սուրիա եւ Եգիպտոս: Մամուլ եւ կրթական ու մշակութային նպաստաւոր պայմաններ նպաստեցին արաբ ազգայնական շարժման ծաւալման:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք, 1914-ին, լիբանանցի ժողովուրդը ծառացաւ օսմանեան տիրապետութեան դէմ: Լեռնալիբանան պաշարուեցաւ օսմանեան բանակին կողմէ. սկսաւ ահաւոր սով մը, որուն զոհ գնաց շուրջ 200 հազար հոգի:

Արաբ ազգայնական շարժման թուրքը պատասխանեց իր ոճով` կախաղաններով:

Ճեմալ փաշայի հրամանով, 6 մայիս 1916-ին Դամասկոսի մէջ կախաղան բարձրացան Շաֆիք Ազմ, Ապտէլ Համիտ Զահրաուի, Ռուշտի Շամաա, Օմար Ճազայիրի, Շուքրի Ասալի, Սալիմ Ահմէտ Ապտէլ Հատի եւ Ռաֆիք Սալլում:

Նոյն օրը Պէյրութի մէջ կախաղան բարձրացան էմիր Արէֆ Շեհապ, հայր Ժոզէֆ Հայէք, Ապտէլ Քարիմ Խալիլ, Ապտէլ Ուահապ Ընկլիզի, Սալէհ Հայտար, Ժոզէֆ Պշարա Հանի, Մոհամէտ Մահմասանի, Մահմուտ Մահմասանի, Օմար Ալի Նաշաշիպի, Օմար Համատ, Թաուֆիք Պսաթ, Ֆիլիփ Խազէն, Ֆարիտ Խազէն, շէյխ Ահմէտ Թապպարա, Փետրօ Փաուլի, Ապտէլ Ղանի Արայսի, Մոհամէտ Շանթի, Ճըրճի Հատտատ, Սէյֆէտտին Խաթիպ, Սայիտ Ֆատըլ Աքլ եւ Մահմուտ Պուխարի:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, 1918-ի աշնան օսմանեան բանակները, պարտուած` հեռացան, որմէ ետք ֆրանսական զօրքեր մտան Լիբանան: 1 սեպտեմբեր 1920-ին, ֆրանսական հոգատարութեան տակ կազմաւորուեցաւ Մեծն Լիբանանը:

Նահատակներու արիւնով գծուած լիբանանցի ժողովուրդին յանուն անկախութեան երկարատեւ պայքարը ի վերջոյ յաջողութեամբ պսակուեցաւ եւ Լիբանան 22 նոյեմբեր 1943-ին դարձաւ անկախ պետութիւն:

 

Նախորդը

Անցեալը Ուրացող Ժողովուրդը Կը Կորսնցնէ Ապագան….

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. «Փոշիացած» Ու Քաղաքական Հանգանակէ Պարպուած Յուշարձանին Լո՜ւռ Ցասումը (Մայիսի 6)

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?