Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացումին մասին անցնող օրերուն բաւական խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ: Վստահաբար յառաջիկայ օրերուն եւս ներկայացումին մասին շատ պիտի խօսին, մինչ կազմակերպիչները նաեւ պէտք է սերտեն աշակերտական-երիտասարդական յաւելեալ ներկայացում մը կատարելու կարելիութիւնները:
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած այս ներկայացումը տափակ, ընթացիկ, սովորական եւ «յոգնեցնող» ձեռնարկ մը չէր: Դժբախտաբար ապրիլեան ձեռնարկները ընդհանրապէս վերածուած են «աւանդական» աշխատանքներու, որոնց յաջորդող օրերուն արդէն իսկ կը վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին` մոռնալով, որ մենք ունինք առաքելութիւն ու Դատ, որ չի սահմանափակուիր` ապրիլեան շաբաթով, մոմավառութեամբ, մեծ-մեծ խօսքերով եւ քայլերթներով:
Իսկ «Նեմեսիս»-ի իւրաքանչիւր երկվայրկեան իր իմաստն ու պատգամը ունէր: Յստակ էին` ամէն մէկ պարի խորքը, երգի բառերուն մեկնակէտը, բեմական շարժումներուն ու խօսքերուն պատգամը, տեսերիզներով փոխանցուած պատմական տեղեկութիւնները եւ նոյնիսկ լոյսերու գոյներուն ընտրութիւնը…
Այո՛, Համազգայինը նշեալ ներկայացումով ամրագրեց, որ կարելի է արուեստի ճամբով պայքարի ոգին մարմնաւորել եւ «Նեմեսիս»-ի շունչը նոր սերունդին փոխանցել, երբ առկայ է հաւաքական աշխատանք, երբ գոյութիւն ունի նորարարութիւն բերելու կամք, երբ նախանձախնդրութիւն կայ «քառակուսիէն դուրս» մտածելու ու գործելու…
Այս բոլորին դիմաց, տակաւին կան մարդիկ, որոնք «ճանճ» փնտռելու գործընթացին մէջ են, երբ նոյնիսկ ներկայ չեն գտնուած ներկայացումին, եւ երբ տակաւին տեսերիզն ալ չէր տեղադրուած առցանց: Արդէն հոսկէ կը սկսի ենթակայական մօտեցումը եւ արժեւորումներուն մէջ ոչ առարկայական ըլլալու հանգամանքը:
Եւ այսպէս, այստեղ ու այնտեղ ասոր ու անոր «չսիրողները» «կը հաստատեն», որ «1300 ներկաներուն մեծամասնութիւնը ծնողք էին եւ պատանիներ, այլապէս այսքան մեծ թիւ չէր հաւաքուեր»: Ուրիշներ պարզապէս «Քազինօ»-ի անուան տակ ըլլալը, այսպէս կոչուած, յաջողութեան գրաւականը «կը նկատեն»: Շատեր ալ պարերու համաչափութեան մասին «արժեւորումներ» կը կատարեն: Տակաւին, ոմանք կրնայ ըլլալ նեղացած են, որ շատ դաշնակցական համ ու հոտ ունեցող ձեռնարկ էր, մոռնալով, որ Համազգայինը մեծ ընտանիքին մէկ օղակն է, եւ անտեսելով ա՛յն իրողութիւնը, որ «Նեմեսիս»-ի գործողութիւնները իրականացնողը Դաշնակցութիւնն է, մինչ պատիւը համայն հայութեան է:
Եւ այսպէս, մանր ու մունր կարծիքներ, «ան-մասնագիտական քննարկումներ» եւ յաջողութիւնը ձախողութեան վերածելու անտեղի ճիգեր: Բայց ինչո՞ւ: Անհատական ճաշակներէն ու անուններէն վեր պէտք է ելլել: Փոքր մարդիկ անձերու ու նախապաշարումներու հիման վրայ արժեւորումներ կը փորձեն կատարել, մինչ մեծութիւնը գործը արժեւորելուն մէջ է` մոռնալով բոլոր ենթակայական տուեալները, որոնք կը խոչընդոտեն ճիշդ դատողութիւնը, ճիշդ գնահատումը:
Պէտք է լաւին լա՛ւ ըսենք, ճիշդին` ճի՛շդ, վատին` վա՛տ ու սխալին` սխա՛լ, առանց նախաճաշակներու եւ նախատրամադրուածութիւններու:
Եւ ասիկա` ոչ միայն այս պարագային, այլ ընդհանրապէս…
Ե՞րբ պիտի դադրինք մենք զմեզ ատելէ: Օրէ օր կը փոքրանանք, օրէ օր կը նօսրանանք, օրէ օր հող կը կորսնցնենք, աւելի ցիրուցան կ՛ըլլանք, կը մասնատուինք, կտոր-կտոր կ՛ըլլանք:
Թո՛ղ «Նեմեսիս»-ը նաեւ առիթ ըլլայ` մենք զմեզ արժեւորելու, համախմբուելու, նեղ հաշիւներէն դուրս գալու, բոլոր տեսակի բամբասանքները դադրեցնելու եւ հաւաքաբար թիավարելու բազմատեսակ հոսանքներուն դիմաց, ամէն տեղ:
Վա՛րձքը կատար Համազգայինին, որ գաղութի մէջ 110-ամեակի ծրագիրներու ամէնէն արժանավայել ու յոյս ներշնչող հաւաքը ներկայացուց լիբանանահայութեան:
Շնորհակալութիւն բոլորին` ամէնէն փոքր գործ ստանձնողէն մինչեւ ամէնէն մեծ պատասխանատուութիւն վերցնողներուն, որոնք միասնաբար հաւատք ներշնչեցին, ուժ ու կորով տուին:
Վերջապէս, պէտք չէ մոռնանք, որ արեւը ո՛չ ցեխով, ո՛չ սուրճի մրուրով եւ ո՛չ ալ ֆէյսպուքեան գրառումներով կարելի է ծածկել: Բացառուած է, անկարելի է:
Յարատեւ վերելք եւ նորանոր իրագործումներ Համազգայինին: