Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Թրամփը Արժանի Չէ Արտասանելու Ցեղասպանութիւն Բառը

May 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Տանըլտ Թրամփի 24 ապրիլ 2025-ի ուղերձը, որուն մէջ ան խուսափեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելէ` իբրեւ ցեղասպանութիւն, ամօթալի ետդարձ է Միացեալ Նահանգներու տասնամեակներու ճանաչումներէն: Թրքական եւ ազրպէյճանական շրջանակները արագօրէն օգտուեցան Թրամփի յայտարարութենէն: Թրքական «Թուրքիէ թուտէյ» (Turkiye Today) թերթը 24 ապրիլին հրապարակեց յօդուած մը` «Թրամփ ապրիլ 24-ին խուսափեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրէն` իբրեւ բարեկամական շարժոյթ Թուրքիոյ նկատմամբ» խորագիրով: Ազրպէյճանական «Ազերնիուզ» լրատուամիջոցը, իր կարգին, 25 ապրիլին հրապարակեց յօդուած մը` «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը 1915-ի վերաբերող յայտարարութեան մէջ խուսափեցաւ «ցեղասպանութիւն» եզրէն» խորագիրով:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1951 թուականին` պաշտօնական փաստաթուղթով, որ ներկայացուած է Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան):

Ներկայացուցիչներու տունը 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունած է երկու բանաձեւեր, որոնցմով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն զայն ճանչցած է 22 ապրիլ 1981-ի իր հռչակագիրին մէջ:

Ներկայացուցիչներու տունը կրկին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը 29 հոկտեմբեր 2019-ին` 405 թեր եւ 11 դէմ ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ: Հակառակ նախագահ Թրամփի քանի մը փորձերուն` զայն խոչընդոտելու, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը 12 դեկտեմբեր 2019-ին ընդունեց բանաձեւ մը, որով միաձայնութեամբ (100 թեր եւ 0 դէմ) ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այնուհետեւ նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը 24 ապրիլ 2021-ին հրապարակուած գրաւոր յայտարարութեամբ:

Այս բոլոր ճանաչումներէն ետք հայերը այլեւս չի հետաքրքրեր, թէ 2025-ին Թրամփ ի՛նչ ըսաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Անկասկած, Թրամփ պարզապէս հրաhանգ ստացած է իր մտերիմ ընկերոջմէն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն, որով այնքա՜ն հմայուած է Թրամփ:

Ամիսներ շարունակ Թրամփի հայ համակիրները հպարտօրէն կը նշէին, որ նախագահը շրջապատուած է կառավարութեան երեք բարձրաստիճան հայամէտ անդամներով` առողջապահութեան եւ մարդկային ծառայութիւններու նախարար Ռոպերթ Ֆ. Քենետի Կրտսեր, Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Թուլսի Կապպարտ եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ: Բացի Ռուպիոյէն` առաջին երկուքը ոչ մէկ կապ ունին արտաքին քաղաքականութեան հետ: Այս երեքէն ոչ մէկը փորձեց ազդել Թրամփի ապրիլ 24-ի յայտարարութեան վրայ, կամ նախագահը պարզապէս անտեսեց անոնց խորհուրդները: Ռուպիոն նոյնիսկ Թրամփէն ալ աւելի մեղմ յայտարարութիւն կատարեց ապրիլ 24-ին` նշելով. «Աննկարագրելի կորուստի շուքին տակ հայ ժողովուրդը տոկացած է եւ յաղթած: Այսօր Մեծ եղեռնը կը յիշենք ոչ միայն սգալով, այլ նաեւ` վճռակամութեամբ: Յարգելով անցեալը` մենք կ՛ակնկալենք աշխատիլ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան, բարգաւաճման ու ապահովութեան ուղղութեամբ»: Ուշադրութիւն դարձուցէք` ոչ մէկ յիշատակում կայ Թուրքիոյ կամ Օսմանեան կայսրութեան` իբրեւ Ցեղասպանութեան կազմակերպիչ:

Հայերը նաեւ ստիպուած էին առերեսուիլ նախագահ Էրտողանի ապրիլ 24-ի խեղաթիւրուած յայտարարութեան հետ, որուն նպատակն էր մոլորեցնել անոնք, որոնք այնքան միամիտ են նման հնարքներով խաբուելու: Էրտողան յղեց «ցաւակցական ուղերձ», զոր պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան պարտաճանաչ կերպով կարդաց Պոլսոյ Ֆերիքէօյ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Հեռու ըլլալով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ` Էրտողանը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները նենգօրէն հաւասարեցուց Համաշխարհային Ա. պատերազմին սպաննուած թուրք զինուորներուն հետ: Աւելի հեռու երթալով` Էրտողան մեղադրեց հայ զոհերը` «ապստամբութիւններու, աւազակախումբերու աճող շարժումներու, զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ խափանարար գործողութիւններու» մասնակից ըլլալու մէջ, ասոր կողքին, յիշատակեց «պատերազմի տարիներուն տիրող համաճարակներուն» պատճառով կորսուած կեանքերը: Ասիկա ճշմարտութիւնը ժխտելու նողկալի այլ փորձ մըն է:

Բազմաթիւ հայերու համար ամէնէն ցաւալին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութիւններն են, ըստ որոնց` «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այլեւս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն չէ»:

Աւելի՛ն. վերջին ամիսներուն Փաշինեան հարցեր բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական փաստերուն վերաբերեալ, օրինակ` թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է եւ ինչո՞ւ, այդպիսով հիասթափեցնելով աշխարհի մեծաթիւ հայեր, սակայն մեծ ուրախութիւն պարգեւելով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն: Բարեբախտաբար Փաշինեան չէ մասնակցած Հայոց ցեղասպանութեան բացայայտ ժխտման` ապրիլ 24-ի իր հաշտեցման յայտարարութեան մէջ օգտագործելով թէ՛ Մեծ եղեռնը եւ թէ՛ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սակայն անիմաստ հարցումներ ուղղելը միայն կասկածի տակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը: Իրավիճակը առաւել վատթարացնելով` Փաշինեան քննադատած է հայ ժողովուրդին կողմէ Արարատ լերան պաշտամունքը, աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին, քայլերգին եւ Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան: Անոր հակազգային յայտարարութիւնները կը քաջալերեն ժխտողականները Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Անկասկած Փաշինեան տեղի կու տայ Ալիեւի եւ Էրտողանի զիջումներու պահանջներուն` Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու եւ Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու համար:

Մինչ Փաշինեան մեղմ դիրքորոշում որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ, ան խստօրէն դատապարտեց այն հայերը, որոնք ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ այրեցին ազրպէյճանական եւ թրքական դրօշները, նոյնիսկ` այս երկու երկիրներուն կողմէ բողոք ստանալէ առաջ: Իմ կարծիքովս, թշնամի երկրին դրօշը այրելուն մէջ ոչ մէկ վատ բան կայ: Այս արարքը բողոքի արտայայտութիւն է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութեան դէմ: Բացի ասկէ` դրօշները այրողները ոչ մէկ օրէնք կը խախտեն: Փաշինեան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ շատ աւելի փափաք ունի գոհ պահելու Հայաստանի թշնամիները` միաժամանակ չափազանց կոշտ վարուելով իր հայրենակիցներուն նկատմամբ, որոնք համաձայն չեն իր քաղաքականութեան:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վասն Նահատակաց

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.