Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան Զօրութիւնը Իրեն Զօրակցող Հաւաքականութեան Մէջ Է

Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

Մայիս 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Լիբանանի մէջ վերստին նախընտրական մթնոլորտ կը տիրէ եւ լիբանանցիք կրկին կը պատրաստուին քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն:

Լիբանանի հայութիւնը իր կարգին, ինչպէս միշտ, կը ձգտի ապահովել լիբանանահայութեան համար արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն:

Ինչպէս նախորդող ընտրութիւններուն, ընտրական ամբողջ ցանց մը կը գործէ արհեստավարժ կառոյցով, կամաւոր բանակի հիմունքով:

Մարտահրաւէրները այսօր ալ նոյնն են, եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը փորձէ ըստ կարելւոյն վերականգնել լիբանանահայութեան իրաւունքները:

ՀՅԴ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին հսկողութեամբ Դաշնակցութեան իւրաքանչիւր ակումբի մէջ տիրող ընկերական ջերմ մթնոլորտը եւ ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւնը միեւնոյնն է:

«Ազդակ» միշտ լայնօրէն անդրադարձած է ընտրութիւններու կարեւորութեան, լիբանանահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր:

Դաշնակցութեան կոչին անսալով` լիբանանահայ մեծաթիւ հայորդիներ միշտ մասնակցած են երեսփոխանական թէ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն: Հայորդիներ կամաւոր կերպով  ներկայացած են Դաշնակցութեան ակումբներ եւ` հետեւելով պատասխանատուներու ցուցմունքներուն ու թելադրանքներուն, ուղղուած են իրենց ընտրական կեդրոնները, իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու եւ զօրակցելու կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն:

Դաշնակցութիւնը եւ անոր համակիրները միշտ տիրական ներկայութիւն եղած են նաեւ գետնի վրայ ընտրական կեդրոնական դռներուն մուտքին, անցքերուն եւ սենեակներուն մէջ: Անոնք միշտ զատորոշուած են ՀՅԴ զինանշանը կրող տարազներով, աշխուժութեամբ եւ կորովով զինուած, միշտ պատրաստ օժանդակելու հայ քուէարկողին, որպէսզի ան առանց որեւէ դժուարութեան հասնի քուէարկութեան վայրը եւ նոյն պայմաններուն մէջ վերադառնայ իր բնակարանը:

Ընտրացուցակներու կազմութեան եւ քուէարկութեան եղանակները Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան կողմէ իբրեւ առանցք ունեցած է համախոհութիւնը:

Դաշնակցութեան դիրքորոշումը յատկանշուած է ինքնուրոյնութեամբ, քաղաքականն ու ընտրականը զատորոշելով եւ միաժամանակ հայկական միասնականութիւնը պահպանելով: Հաւասարակշռուած ուղղութիւններու վրայ արձանագրուող այս մօտեցումը պատճառ դարձած է, որ ոչ միայն յաղթանակ տանին Դաշնակցութեան թեկնածուները, այլ նաեւ որոշումի ինքնուրոյնութեան քաղաքական վարքագիծը եւ ընտրական մարտավարութիւնը իրարմէ տարանջատող դիրքորոշումները Լիբանանի մամուլի ներկայացուցիչներուն կողմէ նկատուին իբրեւ «ճկուն քաղաքականութիւն»:

Լիբանանի հայ համայնքը արմատներ ունեցող ու հիմնական համայնք է, որ պատմականօրէն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է:

Դաշնակցութեան զօրութիւնը իր ժողովուրդին, իրեն հաւատարիմ հայորդիներուն հաւատքին, պատրաստակամութեան եւ իրեն նկատմամբ անոնց տածած վստահութեան մէջ կայացած է մի՛շտ: Վաղեմի այս իրականութիւնը կը շարունակէ առկայ մնալ նաեւ այսօր` մեծ կարեւորութիւն եւ արժէք ներկայացնելով:

Լիբանանահայութիւնը հոծ զանգուածով իր պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը կատարած է` փաստելով, որ լիիրաւ քաղաքացի է այս երկրին, որպէսզի պարտքը կատարէ եւ իրաւունքները պահանջէ:

Հայերը մեծ ներդրում ունեցած են Լիբանանի մէջ: Անոնք եղած են հիմնադիրները Լիբանանի առաջին օրաթերթին, իսկ երբ լիբանանեան կուսակցութիւններ չկային, արդէն իսկ կը գործէր Զաւարեան ուսանողական միութիւնը:

Ժողովուրդին հաւատարմութիւնը եւ Դաշնակցութեան կոչերուն ընդառաջումը արժէքաւոր են: Համակիրներ իրենք կը դիմեն Դաշնակցութեան ակումբներ, որպէսզի երթան քուէարկելու: Դաշնակցութեան ուժը իրեն զօրակցող հաւաքականութեան մէջ է, որ լաւապէս կը գիտակցի ու կը զգայ, թէ մեր հաւաքական կամքի արտայայտիչն ու շահերուն պաշտպանն է Դաշնակցութիւնը:

Շատ հետաքրքրական եւ յատկանշական է, որ յաճախ տարեցներ իրենք կատարած են ընտրութեան բացումը, քալելու անկարող ծերունիներ շարժական աթոռներով գացած են ընտրութեան եւ մեր տղոց հետ բարձրացած համապատասխան յարկ` քուէարկելու:

Մեր ակումբներուն մէջ կ՛արտացոլայ լիբանանահայութեան միասնական ոգին. բոլորը համախմբուած են, որովհետեւ բոլորն ալ կը հաւատան, որ այդպէս զօրաւոր ենք, ամուր եւ անսասան:

Կրկին ընտրական փուլի սեմին ենք:

Մեր ուժը կ՛ամբողջանայ մեր թիւով. որքան մեծ թիւով ընտրութեան մասնակցինք, այնքան օգտակար դարձած կ՛ըլլանք հայ համայնքի արդար իրաւունքներուն:

 

 

Նախորդը

Անմահացաւ

Յաջորդը

Համազգայինի «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Ողջունելի Ներկայացման Առիթով. «Անպայմա՛ն Պիտի Հասնինք»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?