Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» Թատերակը` Իբրեւ Արցախի Ազատագրման Ուղեգիծ

May 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԻՐԱՅՐ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

Ասիկա մեծատաղանդ արուեստագէտ, ազգային գործիչ Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» պատմական թատերակին վերաբերեալ ո՛չ գրախօսական մըն է, ո՛չ ալ քննադատութիւն, այլ փորձ մը` վերծանելու թաքնուած պատգամները Շանթի թատերակին:

Արեւմտեան պատմիչները զայն անձնասէր եւ դրամասէր բռնակալ նկատեցին, իսկ հայ պատմիչները զայն անուանեցին հայրենասէր եւ ազատասէր հերոս:

Ան իմաստուն դիւանագէտ եւ քաջ ղեկավար Օշին Պայլն է:

Ան փորձեց Կիլիկիան ազատել օտար ազդեցութենէ որեւէ գնով, բայց իր դաշնակիցներն ու բարեկամները իրեն դաւաճանեցին:

Իր համակիր իշխանները իրեն ստիպեցին ամուսնանալ Օշին թագաւորի այրի կնոջ հետ եւ իրեն սպաննել տուին նախորդ թագաւորին թագուհի քոյրը` Զապէլը եւ վերջինիս երկու զաւակները:

Ան պատանի Լեւոն թագաւորին հոգեհայր ձեռնադրուեցաւ եւ փորձեց զայն հայասէր դարձնել, բայց իր զատած դաստիարակը դաւաճանեց իրեն ու թագաւորը օտարասիրութեամբ դաստիարակեց իր անձնական շահախնդրութեան պատճառով:

Ուրեմն ի՞նչ էր Պայլին սխալը, որ անոր սպանութեան պատճառ եղաւ:

Կարծես իր կարճատեսութիւնը եւ զգացական մտածելակերպը իր տկար կողմերն էին:

Լեւոն Շանթ զգուշօրէն հիւսեց Օշին Պայլի անունով գեղեցիկ պատմական թատերակը:

Կորիկոսի բերդ

Ան Կորիկոսի ծովեզերքը սիրոյ գեղեցիկ պատմութիւն մը կը հիւսէ Օշին իշխանին պայլ ձեռնադրումին վերաբերեալ` իր երկրի դիմագրաւած պատերազմական դժուար կացութեան վտանգներուն լոյսին տակ:

Երկրի իշխանները կիսուած էին երկուքի, մաս մը Հռոմի խաչակիրներուն կողմին, իսկ միւս մասը արմատական հայութեան կողմին` Օշին Բ. թագաւորի կողմին կը հակի:

Մեմլուքներուն դէմ քանի մը յաղթանակներէ ետք Օշին կը սկսի իր իշխանութիւնը ամրապնդել:

Ան զօրաւոր բանակ մը կ՛ուզէ ստեղծել, բայց իշխանները կը մերժեն իրեն օգնել` թագուհին սպաննելուն պատճառով:

Վերջապէս ան իր սիրած իշխանուհիին հետ կը սպաննուի հակառակորդ իշխաններուն ձեռքով:

Թատերակը կը ներկայացնէ հայ ազգի պատմութեան յաւիտենական թշնամիները` բաժանումը եւ անմիասնականութիւնը, օտար ազգերէ կախեալ մնալը եւ մեր անձնական ուժերու անտեսումը:

Հայը հայուն բուն թշնամին եղած է դարերու ընթացքին, Շանթ յաւիտենական այս թշնամիէն խուսափիլը կը կապէ ժամանակին եւ ճակատագիրին:

Երբ պահը յարմար ըլլայ, այն ժամանակ մեր միասնականութեան եւ ազատութեան մեծ երազը պիտի իրականանայ, բսյց կարեւորը հայ տարրը պահպանելն է:

Կը սիրենք Պայլը, սակայն կը ցաւինք իր ձախողութեան եւ իր կարճատես ու զգացական ընթացքին համար:

Իսկ իր բարեկամներն ու թշնամիները կը մարմնաւորեն մեր այսօրուան հայ կեանքի ձուլուած ու տկարացած սփիւռքի ու Հայաստանի վիճակը` իր բոլոր դժուարութիւններով ու մարտահրաւէրներով:

Շանթ իր կեանքի ընթացքին այս սկզբունքը փորձեց իրագործել` Համազգային միութեան ստեղծումով: Միութիւնը դպրոցներ, գիրքեր եւ հայապահպանման նպատակով մշակութային տարբեր ձեռնարկներ հովանաւորեց` սպասելով յարմար ժամանակի գալուն եւ հայրենիքի վերածննդեան:

Բայց Օշինի երազած այդ յարմար ժամանակը երբեք չեկաւ: Արդեօք սխալա՞ծ էր Օշին, թէ՞ Շանթ ուրիշ բան մը կ՛ուզէր մեզի ըսել իր թատերակին ընդմէջէն:

Կը կարծեմ, որ ան ճիշդ հակառակը կ՛ուզէր ըսել. մի՛ սպասէք ճակատագիրին ու յարմար ժամանակին, այլ ձեր ճակատագիրը ձեր ձեռքով կերտեցէք հիմա եւ ոչ թէ` յետոյ:

Օշին մեռաւ իր յանձնուողականութէան պատճառով, ան պէտք էր Ռիթային խօսքը մտիկ ընէր եւ շարունակէր պայքարիլ` յանձնուելու փոխարէն:

Ուրեմն Շանթ մեզի կ՛ըսէ` մի՛ յանձնուիք, մի՛ սպասէք ճակատագիրին եւ յարմար ժամանակի գալուն, այլ կռուեցէ՛ք ձեր ամբողջ ուժով ամէն վայրկեան:

Պայլի մահէն ետք հայութիւնը կորսնցուց իր պետականութիւնը:

Պայլի պատմութենէն կը սորվինք, որ չի բաւեր հաւատարիմ ու հայրենասէր ըլլալ, այլ պէտք է ըլլալ միշտ յամառ եւ անյաղթ:

Հայաստան եւ Արցախ

Շանթի թատերակը մեր օրերու պայլերուն  դասեր կը սորվեցնէ Օշին Պայլի ողբերգութենէն, որպէսզի ներկայիս Արցախի եւ Հայաստանի դիմագրաւած օրհասական տագնապները Կիլիկիոյ վախճանին չհասցնեն մեր պետականութիւնը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Օգտակար Խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութեան` Ամերիկեան Լոպիական Ընկերութիւն Վարձակալելու Լոյսին Տակ

Յաջորդը

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.