Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համաշխարհային Մակարդակով Ճանչցուած «Սալթեք» Մնայուն Կերպով Իր Որակը Եւ Ընթացքը Զարգացնելու Առաքելութեան Մէջ Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Կարօ Սալխանեան

October 17, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

IMG_2420-f

Լիբանանահայ գործարարները ներկայացնելու եւ անոնց կերտած յաջողութիւններն ու նուաճումները ծանօթացնելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց «Սալթեք» հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Կարօ Սալխանեանին հետ:

«Սալթեք» հաստատութեան հիմնադրութեան մասին խօսելով` Կ. Սալխանեան յայտնեց, որ իրենք 1977-ին սկսած են փուռերու կազմածներ պատրաստել եւ միայն այդ արհեստով շարունակած են իրենց ընթացքը` զայն դարձնելով իրենց մասնագիտութիւնը:

Փուռերու կազմածներու պատրաստութեան մարզին ակնարկելով` Կ. Սալխանեան հաստատեց, որ իրենց սկսած օրէն մինչեւ այսօր առաջին դիրքի վրայ կը գտնուին: Լիբանանի մէջ առաջնութեան պատճառը այն է, որ այդ արհեստը իրենցմով սկսած է եւ որակը պահած` ցայսօր, իսկ աւելի ուշ համաշհարհային մակարդակի վրայ ալ իրենց առաջնութիւնը արձանագրած են եւ կը մնան նոյն դիրքին վրայ:

«1977-ին լիբանանեան շուկան նման տեսակի փուռերու պահանջը ունէր եւ պայմանները յարմար էին, որ մենք այս ասպարէզը ընտրենք եւ յաջողինք անոր մէջ», ըսաւ ան:

Կ. Սալխանեան նշեց, թէ որեւէ աշխատանքի սկսելու համար երկու հանգրուան պէտք է նկատի ունենալ. առաջին հերթին այդ աշխատանքին միտքը եւ ապա` գործադրութեան ձեւը:

«Միտքեր կան, որոնք դիւրին են, սակայն գործադրութեան ձեւը` դժուար: Իսկ միտքեր կան, որոնք դժուար են, սակայն գործադրութեան ձեւերը` համեմատաբար աւելի դիւրին: «Սալթեք» հաստատութիւնը կը պատկանի երկրորդ խմբաւորումին:

image2_saltek_10-17-15

Այս աշխատանքը սկսած ենք համեստ կարողութիւններով: Այդ օրերուն պահանջուած պայմաններուն առաստաղը բաւական ցած էր, շուկային մէջ զօրաւոր մրցակցութիւն ալ գոյութիւն չունէր: Իսկ մեր ներկայութիւնը, մեր մարդուժը, իրենց հետ ապրիլը եւ իրենց հետ զգալը դարձեալ իր նպաստը ունեցաւ մեր ձեռնարկած աշխատանքին յաջողութեան», յայտնեց ան:

Կ. Սալխանեան ընդգծեց, որ շուկային պահանջը ըմբռնելն ու անոր ընդառաջելը բանալին եղած է իրենց յաջողութեան: «Անշուշտ այդ իրականութեան կողքին կայ նաեւ աշխատելաձեւը: Մենք խիստ, սակայն միաժամանակ չարքաշ եւ ճկուն կերպով կ՛աշխատէինք եւ բացարձակապէս ձախողութեան հաւանականութեան մասին չէինք մտածեր: Մեր աշխատանքին համար ոչ մէկ ճիգ կը խնայէինք եւ յամառօրէն որոշած էինք յաջողիլ: Աշխտանքին համար ի՛նչ որ անհրաժեշտ էր, կատարեցինք, ինչպէս նաեւ չվարանեցանք մեր թերութիւններն ու բացթողումները  բարոյական կերպով ծածկելու: Յաւելեալ աշխատանքի պարագային եւս չթերացանք, ընդհակառակն, հասանք այնպիսի մակարդակի, որ մեր յաճախորդներուն լիակատար գոհացում ապահովեցինք` զանոնք ափ ի բերան ձգելով», շեշտեց ան:

Փուռերու կազմածներու այս աշխատանքին եւ անոր բարգաւաճման ընդհանուր ընթացքին մասին «Սալթեք» հաստատութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին անդրադառնալով` Կ. Սալխանեան շեշտեց, որ պատահած է երբեմն, երբ իրենք գտնուած են այնպիսի հարցերու դիմաց, որ իրենց կարողութիւններէն վեր կը նկատուէր` թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ արհեստագիտական առումով, «սակայն այս հարցերը առաւել աշխատանքով եւ բարոյական ճիգերով կրցանք յաղթահարել` մեր յաճախորդը միշտ գոհ պահելով: Հոս կու գայ մեր նուաճումներուն վրայ աւելնալու յաճախորդը միշտ գոհ պահելու եւ անոր հանդէպ հաւատարիմ գտնուելու մեր յատկանիշը, որ դարձեալ յաջողութեան կարեւոր պայմաններէն մէկն է», ըսաւ ան:

Կ. Սալխանեան հաստատեց, որ ոեւէ յաճախորդի պարագային արձանագրուած որեւէ բողոք կարելի չէ անտեսել, անպայման անոր լուծումը կը գտնուի, եւ յաճախորդը իր կարգին կը վաւերացնէ, թէ ինք գոհ է եւ «Սալթեք»-ի աշխատանքը կատարեալ է ու գոհացուցիչ:

Կ. Սալխանեան նշեց, որ իրենք աշխատանքը սկսած են Պուրճ Համուտի մէջ` ունենալով շատ փոքր տարածք մը, այն աստիճան, որ մարդիկ չէին կրնար երեւակայել, որ այդ հսկայ կազմածները շինուած են այդ փոքր վայրին մէջ:

factory_Saltek_10-17-15

Պուրճ Համուտէն ետք «Սալթեք»-ի գործարանը փոխադրուած է Տորա, իսկ 2009-էն սկսեալ ան կը գործէ Մազրաաթ Եաշուհի մէջ:

«Սալթեք» անուանումը կու գայ Սալխանեան թեքնիք բառերէն, նկատի ունենալով, որ անիկա ընտանեկան գործ մըն է, որ ցարդ այդպէս ալ կը շարունակէ:

«Յետպատերազմեան շրջանին պայմանները փոխուեցան, հետզհետէ լիբանանեան շուկան սկսաւ զարգանալ, եւ մենք ունեցանք մրցակիցներ, որոնք սակայն ոչ մէկ անգամ կրցան մեզմէ խլել առաջին դիրքի վրայ ըլլալու ճշմարտութիւնը», շեշտեց ան:

Կ. Սալխանեան ըսաւ, որ «Սալթեք»-ի եւ անոր մրցակիցներուն միջեւ դրուած բաղդատութիւնները միշտ ցոյց կու տան, թէ որակի յստակ տարբերութիւն մը կայ: «Մենք մեր աշխատանքին որակը միշտ պահած ենք եւ մնայուն կերպով` բարելաւած զայն. այս իրականութիւն մըն է, որ կարելի չէ անտեսել ու շրջանցել», ըսաւ ան:

Կ. Սալխանեան նշեց, որ առաջնահերթ ըլլալը եւս իր պարտաւորութիւնները ունի, աւելցնելով, որ իրենք ամբողջացուցած են նաեւ այդ պարտաւորութիւնները եւ ոչ մէկ անգամ յուսախաբ դարձուցած` իրենց յաճախորդները, որոնց բոլորին վստահութիւնը կը վայելեն եւ բնաւ չեն արտօներ, որ այդ վստահութիւնը խախտելու առիթ մը ստեղծուի:

«Սալթեք»-ի աշխատանքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կ. Սալխանեան շեշտեց, որ իրենք կը պատրաստեն հացի յատուկ փուռեր, հիմնականին մէջ` լիբանանեան եւ արաբական հաց եւ ընդհանրապէս տափակ հացի փուռեր:

pita_bread_machine_10-17-15

«Սալթեք» հաստատութիւնը կ՛արտադրէ այդ հացերուն պատրաստութեան յատուկ մեքենաներ, որոնք ամբողջ աշխարհին մէջ թիւ մէկն են:

«Լիբանանեան շուկայն ծածկելու համար մենք մեր արտադրութեան 6,5 առ հարիւրը միայն կը տրամադրենք: Մեր աշխատանքին այս համեմատութիւնը բաւարար է արդէն լիբանանեան շուկային 90 առ հարիւրին հասնելու` ապահովելով շուկային մէջ փայլած եւ վարկ վայելող բոլոր փուռերուն յաճախորդութիւնը: Առաջին կարգի հաց արտադրող փուռերուն մեծամասնութիւնը մեր յաճախորդներն են», ըսաւ Կ. Սալխանեան:

Ան հաստատեց, որ «Սալթեք»-ի արտադրութեան մնացեալ տոկոսը միջազգային շուկային պահանջներուն ընդառաջելու համար կը կատարուի: «Մեր հաստատութիւնը միակն է, որ կրնայ միջազգային շուկային համար արտադրութիւն տրամադրել` յարգելով առկայ բոլոր չափանիշները, որոնցմէ է, օրինակի համար, մեր ստացած վկայականը, որուն հիման վրայ կը հաստատուի, թէ մենք կ՛ամբողջացնենք եւրոպական չափանիշները եւ համապատասխան կարողութիւններով օժտուած ենք: Այս մէկը ինքնին շատ կարեւոր է մեր աշխատանքին մէջ, որովհետեւ անիկա հաշուի կ՛առնուի եւրոպական եւ միջազգային զանազան միութիւններու կողմէ, ինչպէս նաեւ կը մղէ զանոնք մեր արտադրութիւնները գնելու», շեշտեց ան:

Իր որակը պահպանելով հանդերձ, արհեստագիտական բոլոր զարգացումներուն հետ քայլ պահելու իմաստով տարուած աշխատանքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կ. Սալխանեան ինքնաբուխ կերպով ըսաւ. «Զերոյէն հարիւր»: Ապա ան բացատրեց, որ հասած են տեղ մը, ուր կարելի չէ բաղդատութիւններ կատարել: «Մենք այսօր եւրոպական չափանիշներով, սկզբունքներով եւ օրէնքներով կը գործենք: Մեր յարաբերութիւնը մեր մարդուժին հետ բոլորովին տարբեր է, շատ արդիական է եւ մօտեցումով` շատ մարդկային:

«Մենք համոզուած ենք, որ աշխատանքին մէջ մարդկային եւ արդար ըլլալը չի հակադրուիր մեր շահերուն: Կը հաւատանք, որ հետդ աշխատող պաշտօնեան անկեղծ եւ սրտանց պէտք է աշխատի, եւ այդ պատճառով ալ կը փորձենք պատրաստել իր արժանապատուութիւնը իր էութեան հետ կապող պաշտօնեաներ, անձեր, որոնք տալու հաճոյքը ապրին իրենց աշխատանքին ընթացքին: Այս իմաստով մենք բարձր կանոններով կը գործենք եւ ունինք բաւական յառաջացած կազմ մը, որ մարդուժի կառավարման պատասխանատու է: Այս շրջագծին մէջ մնայուն կերպով վարժանիստեր ու վարժողական ծրագիրներ կը կազմակերպենք` պահելու համար այդ չափանիշները», շեշտեց ան:

Լիբանանեան ճարտարարուեստի մակարդակին վրայ «Սալթեք» ստացած է տնտեսութեան նախարարութեան գնահատագիր մը, ինչպէս նաեւ կը վայելէ կարգ մը առաձնաշնորհներ:

«Անշուշտ մաս կը կազմենք նաեւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն միութեան եւ այդ միութեան անդամ առաջին 50 գործարաններու դասաւորումին մէջ կը գտնուինք», ըսաւ Կ. Սալխանեան:

Ան կարեւորութեամբ շեշտեց արհեստի կարեւորութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով Ազգային միացեալ վարժարանին ունենալիք դերակատարութիւնը հայ նոր սերունդներու կազմաւորման մէջ:

«Իբրեւ լիբանանահայութիւն` անիկա պիտի ըլլայ միջոց մը` մեր վարկը բարձրացնելու: Այդ ծրագիրը յաջողցնելը մեծ պատասխանատուութիւն է, սակայն ես մեր գաղութին վրայ վստահութիւն ունիմ այդ իմաստով: Այս ծրագիրը լիբանանեան մակարդակի վրայ կարեւոր մշակոյթ մըն է: Յարգելով բոլոր արհեստաւորները, բայց ես կը կարծեմ, որ այդ համալիրէն աւարտող աշակերտին ընթացքը իր կեանքի ասպարէզին մէջ տարբեր պիտի ըլլայ: Երբ գիտութիւն, արհեստ, փորձառութիւն, առաւել` օրինական դաստիարակութիւնը, այսինքն` օրէնքներու, իրաւունքներու ու պարտականութիւններու գիտակցութիւն հաւասարապէս կ՛ընթանան, անպայման յաջողութիւնները կը բազմանան եւ աւելի արագ թափով կ՛արձանագրուին», ըսաւ ան:

Կ. Սալխանեան հաստատեց ուսման կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ ուսումը եւ ապագային գործի փորձառութիւնը զիրար կ՛ամբողջացնեն: «Այո՛, փորձառութիւնը կարեւոր է, սակայն նաեւ անիկա առողջ հիմք պէտք է ունենայ: Մարդ պէտք է գիտութիւնը յարգէ, նոր գիտելիքները յարգէ», նշեց ան:

Հարցազրոյցին աւարտին Կ. Սալխանեան շեշտեց, որ համաշխարհային մակարդակի վրայ չկայ հացի ասպարէզին մէջ գործող հաստատութիւն մը, որ չճանչնայ «Սալթեք»-ը, որովհետեւ իրենք յարգած են որակը, չափանիշները, իրենց յաճախորդները, ընդհանրացուցած են իրենց յարաբերութիւնները եւ լիովին կատարած` իրենց աշխատանքները, առանց որեւէ թերացումի: «Մենք մնայուն ներկայութիւն ենք համաշխարհային ծանուցողական աշխարհին մէջ: Կը մասնակցինք համաշխարհային մակարդակով տեղի ունեցող մեծագոյն ցուցահանդէսներուն: 15 տարիէ ի վեր անդամ ենք համաշխարհային մակարդակի վրայ հացով զբաղող կազմակերպութիւններուն, որոնց խորհրդաժողովներուն միշտ մեր մասնակցութիւնը կը բերենք: Այս բոլորին համատեղ «Սալթեք» իր որակը եւ ընթացքը զարգացնելու առաքելութեան մէջ է, որովհետեւ առանց անոր` անկարելի է պահել մեր դիրքը եւ առողջ յարաբերութիւններ ունենալ աշխարհին հետ», եզրափակեց Կարօ Սալխանեան:

«Սալթեք» հաստատութիւնը այս ձեւով դիմաւորեց «Ազդակ»-ի նախաձեռնութիւնը
«Սալթեք» հաստատութիւնը այս ձեւով դիմաւորեց «Ազդակ»-ի նախաձեռնութիւնը

 

 

Նախորդը

«Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ» Վէպը Այն Գործերէն Մէկն Է, Որ Արժանի Է Վերարժեւորուելու «Ազդակ»-ին Ըսաւ Յարութիւն Քիւրքճեան

Յաջորդը

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.