ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
Մէկ կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշնակից ուժերը օդային ռմբակոծումներ կը կատարեն Սուրիոյ վրայ, միւս կողմէ` վերջերս ռուսական զինուորական ուժերը ցամաքային, ծովային եւ օդային գործողութիւններ կ՛իրականացնեն: Այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութեան» (ՏԱՀԵՇ) եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար Սուրիոյ գերիշխանութիւնը խախտած ու զինուորական միջամտութիւն կատարող կողմերը, միջազգային օրէնքին համաձայն, իրաւական հիմքեր ունի՞ն նման գործողութիւններու ձեռնարկելու: Նշեալ գործողութիւնները ուժի՞ օրէնքին, թէ՞ օրէնքի ուժին տրամադրութիւններուն համաձայն կը կատարուին: Իրաւական ինչպիսի՞ հիմնաւորումներ գոյութիւն ունին միջազգային օրէնքին մէջ նմանատիպ զինուորական գործողութիւններ կատարելու համար:
Միջազգային օրէնքի երեք սկզբունքներու համաձայն, կարելի է ներկայացնել վերոնշեալ հարցադրումներուն պատասխանները: Առաջին իրաւական հիմնաւորումը աւանդական ու պատմական սկզբունքն է, իսկ երկրորդն ու երրորդը աւելի ժամանակակից ու արդիական են:
Սկսինք աւանդական սկզբունքով, որ միջազգային օրէնքին մէջ կը կոչուի «reprisal(s)». փորձենք հայերէնով գործածել` «ճնշամիջոց». թէեւ բառացիօրէն նշեալ եզրը կը նշանակէ` փոխհատուցում, փոխվրէժ, վերառում, փոխարինութիւն (1): Պատմականօրէն, երբ պետութիւններ Զինեալ հակամարտութիւններու միջազգային օրէնքի (International Law of Armed Conflicts) (2) բացայայտ խախտումներ կը կատարեն (օրինակ` պատերազմական ոճիրներ կը գործեն, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կը կատարեն) միջազգային ընտանիքը «ճնշամիջոց»-ի կը դիմէ: «Ճնշամիջոց»-ի սկզբունքը իրաւունք կու տայ պետութեան մը հակադարձելու ապօրինի արարք գործող այլ պետութեան մը` դիմելով այնպիսի քայլերու, որոնք հակաօրինական կ՛ըլլային միջազգային օրէնքին համաձայն, եթէ այդ քայլերուն նպատակը իսկական օրինազանց պետութիւնը կարգուկանոնի վերադարձնելու եւ գործած ոճիրները կասեցնելու համար չըլլային: Այսինքն պետութիւն մը կամ պետութիւններ կրնան զինուորական միջամտութիւններ կատարել այլ պետութեան մը մէջ, եթէ նպատակը վերջինիս գործած ապօրինի արարքները կասեցնել է:
Այս սկզբունքը բաւականին արդարացուած էր 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն, սակայն 20-րդ դարուն անիկա լուրջ քննադատութիւններու արժանացաւ, որովհետեւ յաճախ այս սկզբունքին կիրարկումը անօգուտ էր եւ յաւելեալ հակամարտութիւններու եւ զինուորական մագլցումներու դուռ կը բանար: Այս պատճառով ալ դաշնագիրներու եւ Սովորութական միջազգային օրէնքին (Customary International Law) միջոցով բազմաթիւ պետութիւններ կա՛մ վերացուցին «ճնշամիջոց»-ը իբրեւ իրաւական քայլ զինեալ հակամարտութիւններու միջազգային օրէնքի խախտումներուն հակադարձելու, կա՛մ ալ խստօրէն սահմանափակեցին այն պարագաները, որոնց մէջ արտօնուած է «ճնշամիջոց»-ի դիմելը: Այդ սահմանափակումները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.
Ա. Ճնշամիջոցը պէտք է հակադարձէ նախապէս գործուած օրէնքի լուրջ խախտումներուն ի պատասխան` միայն նպատակ ունենալով կարգի բերել օրինազանց կողմը:
Բ. Ճնշամիջոցը պէտք է առնուած քայլերուն ամէնէն վերջինը ըլլայ, եւ անոր նախորդեն օրինազանց կողմին հասցէագրուած բազմաթիւ զգուշացումներ:
Գ. Ճնշամիջոցը պէտք է համաչափ ըլլայ գործուած օրինազանցութիւններուն:
Դ. Ճնշամիջոցի դիմելու որոշումը, չափն ու ձեւը պէտք է ճշդուին պետութեան գերագոյն մարմիններուն կամ ՄԱԿ-ի գերագոյն մարմիններուն կողմէ:
Ե. Ճնշամիջոցը պէտք է դադրի գործադրուելէ, երբ օրինազանց կողմը վերջ կու տայ իր ապօրինի արարքներուն եւ օրէնքի սահմաններուն կը վերադառնայ:
Զ. 1949-ի Ժընեւի պայմանագրութիւններուն համաձայն, ճնշամիջոցներու չեն ենթարկուիր վիրաւորուած, հիւանդ, բժշկական ծառայութիւն մատուցող անհատները, առողջապահական կեդրոնները, պատերազմի գերիները, պաշտպանուած քաղաքացիներն ու իրենց կալուածները:
Առաջին հայեացքով կարելի է մտածել, թէ որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ը իր արարքներով Զինեալ հակամարտութիւններու միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտումներ կը կատարէ, ուրեմն պետութիւնները կրնան ճնշամիջոցի դիմել, որպէսզի ՏԱՀԵՇ դադրեցնէ իր արարքները: Սակայն, ինչ կը վերաբերի ՏԱՀԵՇ-ին, այստեղ լուրջ հարց կայ: Վերոնշեալ ճնշամիջոցի սկզբունքը կարելի է գործադրել Միջազգային զինեալ հակամարտութիւններու (International Armed Conflicts) ժամանակ, պետութիւններու միջեւ, օրինազանց պետութեան մը նկատմամբ, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմը միջազգային զինեալ հակամարտութիւն չէ՛, այլ` Ոչ միջազգային զինեալ հակամարտութիւն (Non-International Armed Conflict) (3): ՏԱՀԵՇ-ը իրաւական ու ճանչցուած պետութիւն չէ, անիկա ոչ պետական դերակատար է (non state actor), եւ Սովորութական մարդասիրական միջազգային օրէնքին (Customary International Humaniterian Law) համաձայն, Ոչ միջազգային զինեալ հակամարտութեան առնչակիցները զինուորական ճնշամիջոցի դիմելու իրաւունք չունին, երբ օրինազանց կողմը պետութիւն չէ: Հետեւաբար միջազգային օրէնքին ճշդած այս սկզբունքը իրաւականօրէն չ՛արդարացներ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ կողմէ կատարուած զինուորական միջամտութիւնները:
Ինչ կը վերաբերի միջազգային օրէնքին ճշդած երկրորդ սկզբունքին, անիկա յատկապէս վերջին տասնամեակներուն, Ռուանտայի ցեղասպանութենէն եւ Պոսնիոյ մէջ պատահած դէպքերէն ետք զարգացաւ, ինչ որ իր ընդհանուր պարունակին մէջ կարելի է վերագրել «Պաշտպանելու պատասխանատուութեան» (Responsibility to Protect) սկզբունքին: Այսօր պետութիւնները բացարձակ գերիշխանութիւն չեն վայելեր, ինչպէս որ կը վայելէին քանի մը տասնամեակներ առաջ: «Պաշտպանելու պատասխանատուութեան» սկզբունքը լիազօրութիւն կու տայ միջազգային ընտանիքին ներխուժելու այլ պետութիւններու սահմանները` տուեալ երկրին բնակչութիւնը ցեղասպանութենէ, պատերազմական ոճիրներէ, մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններէ եւ կամ ցեղային մաքրագործումներէ փրկելու համար:
Այսօր միջազգային օրէնքը կ՛արտօնէ պետութեան մը կամ պետութիւններու դաշնակցութեան մը զինուորական միջամտութիւն կատարել այլ պետութեան մը տարածքներուն մէջ, եթէ վերջինիս իշխանութիւնները նման միջամտութիւն պահանջեն: Հետեւաբար «Պաշտպանելու պատասխանատուութեան» սկզբունքը կարելի է երեք կէտերու վրայ հիմնաւորել (4).
Ա. Պետութիւնը հիմնական պատասխանատուն է իր բնակչութիւնը ցեղասպանութենէ, պատերազմական ոճիրներէ, մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններէ եւ կամ ցեղային մաքրագործումներէ ու անոնց հրահրումներէն փրկելու համար:
Բ. Միջազգային ընտանիքը պատասխանատուութիւն ունի պետութիւնները քաջալերելու եւ օգնելու Ա. կէտին մէջ նշուած պատասխանատուութիւնը իրագործելու:
Գ. Միջազգային ընտանիքը պատասխանատուութիւն ունի համապատասխան դիւանագիտական, մարդասիրական եւ այլ միջոցներու դիմելու` պաշտպանելու համար հաւաքականութիւնները Ա. կէտին մէջ նշուած ոճիրներէն: Եթէ պետութիւնը ակնյայտօրէն կը ձախողի պաշտպանել իր բնակչութիւնը նշեալ ոճիրներէն, միջազգային ընտանիքը հաւաքական գործողութեան պէտք է դիմէ պաշտպանելու համար հաւաքականութիւնները ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան համաձայն:
Երբ այս սկզբունքը նկատի առած` կը սերտենք Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի, իսկ Ռուսիոյ կողմէ` Սուրիոյ վրայ կատարուած զինուորական յարձակումները, ապա հետեւեալ իրաւական հիմնաւորումները կարելի է կատարել.
Ա. Միացեալ Նահանգները եւ անոնց դաշնակից ուժերը կը ռմբակոծեն Իրաքը` իրաքեան կառավարութեան պահանջին ընդառաջելով, իսկ Ռուսիան կը ռմբակոծէ Սուրիան` սուրիական իշխանութիւններուն պահանջին հիման վրայ: Սուրիոյ եւ Իրաքի իշխանութիւնները անջատաբար դիմած են միջազգային ընտանիքի զանազան կողմերու, որովհետեւ անոնք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին մէջ միջազգային ընտանիքին անմիջական օգնութեան կարիքը ունին: Հետեւաբար իրաւականօրէն հիմնաւորուած են Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու, իսկ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ կատարած զինուորական միջամտութիւնները, որովհետեւ անոնք կ՛իրականանան այս երկիրներու իշխանութիւններուն իրաւական պահանջով:
Այս ծիրին մէջ հարց մը կը ծագի: Եթէ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու կատարած զինուորական միջամտութիւնը արդարացուած է իրաքեան կառավարութեան պահանջին պատճառով, ինչպէ՞ս կարելի է Սուրիոյ վրայ Միացեալ Նահանգներուն կատարած յարձակումները բացատրել: Այսինքն ո՛չ սուրիական իշխանութիւնները, ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ուղղակիօրէն արտօնած են Միացեալ Նահանգներուն Սուրիոյ մէջ ռմբակոծումներ կատարել, բայց իրաւական ի՞նչ հիմքի վրայ յենած` Միացեալ Նահանգները եւ իրենց դաշնակիցները Սուրիոյ մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնները կը հարուածեն: Ասիկա կարելի է բացատրել Իրաքի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի ծիրին մէջ: Այսինքն միջազգային օրէնքը իրաւասութիւն կու տայ պետութիւններուն կանխահաս, լուրջ եւ անմիջական վտանգի մը գոյութեան պարագային ինքնապաշտպանութեան դիմելու եւ այլ երկրի մը մէջ յարձակում կատարելով` այդ վտանգը վերացնելու: Ուրեմն, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ը լուրջ եւ անմիջական սպառնալիք է Իրաքի անվտանգութեան, տեսականօրէն Իրաք իրաւունք ունի անկէ պաշտպանուելու համար Սուրիոյ մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի խմբաւորումները հարուածել. սակայն որովհետեւ Իրաքի կառավարութիւնը ակնյայտօրէն կը ձախողի իր բնակչութիւնը պաշտպանելու (5) ՏԱՀԵՇ-ի ոճիրներէն եւ դիմած է միջազգային ընտանիքին, այս պարագային` Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն, որպէսզի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին, ուրեմն Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները Իրաքի իշխանութիւններուն փոխարէն կրնան նոյնինքն Իրաքի ինքնապաշտպանութեան դերակատարութիւնը կատարել եւ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարել:
Բ. «Պաշտպանութեան պատասխանատուութեան» սկզբունքին մէջ խնդրայարոյց այլ կէտ մը կայ, որ երկու տեսակի` աւանդական եւ ժամանակակից բացատրութիւն ունի: Վերը նշուած «Պաշտպանութեան պատասխանատուութեան» սկզբունքին հիմքերուն մէջ ըսուեցաւ, որ պետութիւններ իրենք կրնան խնդրել այլ պետութիւններու միջամտութիւնը: Օրինակ` Եմէնի կառավարութիւնը Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութենէն խնդրեց, որ վերջինս զինուորական միջամտութեամբ հուսիներուն դէմ պայքարի: Երկու տարի առաջ Ֆրանսան Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան կառավարութեան պահանջին հիմամբ զինուորական միջամտութիւն կատարեց փրկելու համար հանրապետութեան քաղաքացիները «Սելեքա»-ի ձեռնարկած զինուորական գործողութիւններէն: Ուրեմն աւանդական մօտեցումը միայն պետութիւններու իշխանութիւններուն արտօնութիւն կու տայ այլ պետութենէ մը զինուորական միջամտութիւն խնդրելու:
Իսկ ժամանակակից իրաւագէտներ եւ միջազգայնագէտներ կը քննարկեն, թէ օգնութիւն եւ միջամտութիւն խնդրելու լիազօրութիւնը, իշխանութեան կողքին, ժողովուրդին կամ ընդդիմութեան ալ պէտք է տրուի, մանաւանդ` այն պարագաներուն, երբ դաժան ոճիրներ գործող կողմը նոյնինքն իշխանութիւնն է, որովհետեւ «Պաշտպանութեան պատասխանատուութեան» սկզբունքին հիմնական նպատակը քաղաքացիներու պաշտպանութիւնն է դաժան ոճիրներէն եւ ո՛չ թէ իշխանութիւններուն նեցուկ ու զօրավիգ կանգնիլը: Այս քննարկումները իրաւականօրէն տակաւին չեն հասունցած, որովհետեւ մինչ օրս «Պաշտպանութեան պատասխանատուութեան» սկզբունքը գոնէ իրաւականօրէն միա՛յն պետութիւններու պահանջին հիման վրայ կարելի է օգտագործել եւ` ո՛չ քաղաքացիներուն կամ իշխանութիւններուն ընդդիմադիր կողմերուն պահանջին: Պետութեան մը քաղաքացիներուն կամ ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ արտաքին միջամտութեան պահանջը մարդասիրական ու քաղաքական նկատառումներէ մեկնած` կարելի է ՄԱԿ-ի անդամ այլ պետութեան մը կողմէ ներկայացուիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ միայն Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած որոշումէն ետք կարելի է միջամտութիւն կատարել:
Միւս կողմէ, երբ պետութիւններ դաժան ոճիրներ (atrocity crimes) կը գործեն իրենց քաղաքացիներուն նկատմամբ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ազդու մարդասիրական գործողութիւն (forcible humanitarian action) անունին տակ կամ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան եօթներորդ գլուխին տրամադրութիւններուն համաձայն, կրնայ գործողութիւններու եւ զինուորական միջամտութիւններու ձեռնարկել, սակայն այս մէկը կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ երկիրներուն հաւանութիւնը, ինչ որ քաղաքական հաշուարկներու ենթակայ է եւ` ոչ իրաւական:
Երրորդ սկզբունքը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կատարուած յարձակումները իրաւականօրէն հիմնաւորելու` կարելի է Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն մեկնած բացատրել: Օրինակ այնպէս, ինչպէս որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը վերջերս յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ մեր օդային հարուածներուն նպատակը մեր ժողովուրդը պաշտպանելն է, իսկ ատիկա աւելի լաւ է մեր սահմաններէն դուրս կատարել» (6): Այլ արդարացում է նաեւ միջազգային ընտանիքին ձեռնարկած ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ տեսնել Սուրիոյ եւ Իրաքի վրայ կատարուած յարձակումները: Այսինքն, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ն ու «այլ զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումներ» ահաբեկչական կազմակերպութիւններ են (7), իսկ ահաբեկչութիւնը լուրջ եւ անմիջական սպառնալիք է Միացեալ Նահանգներուն, անոնց դաշնակիցներուն եւ Ռուսիոյ, ուրեմն անոնք ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն մեկնած` կրնան հարուածել Սուրիոյ մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնները:
Վերոնշեալ բացատրութիւններէն մեկնած` կարելի է եզրակացնել, որ Սուրիոյ մէջ կատարուած զինուորական միջամտութիւնները թէեւ իրականութեան մէջ ուժի օրէնքին տրամադրութեան եւ գերհզօր պետութիւններուն շրջանային ու սեփական շահերուն համաձայն կը կատարուին, սակայն անոնք այս կամ այն ձեւով իրաւական հիմնաւորումներ ունին միջազգային օրէնքին մէջ, իսկ այս հիմնաւորումները որոշ չափով զսպիչ դերակատարութիւն ունին քաոսային ու աղէտալի զարգացումներէ հեռու մնալու, ինչպէս նաեւ պատերազմներուն, մարդկային զոհերուն, աւերածութիւններուն եւ կործանումներուն տարողութիւնը ըստ կարելւոյն սահմանափակելու եւ մեղմացնելու համար:
Ամէն պարագայի, երբ զինուորական այս միջամտութիւններուն ունենալիք արդիւնաւէտութեան եւ օգուտին մասին անդրադարձուի, ապա դժուար է կանխատեսել յառաջիկայ զարգացումները: Սուրիական տագնապին մէջ բազմաթիւ ու հակասական կողմերու ուղղակի ներգրաւումը կրնայ աւելի բարդացնել կացութիւնը եւ աւելի երկար ու լայնածաւալ պատերազմներու դուռ բանալ. կամ ճիշդ հակառակը` կարճ ժամանակ ետք զինուորական այս միջամտութիւնները կրնան քաղաքական լուծումներու, արդիւնաւէտ երկխօսութիւններու եւ անցումային հանգրուաններու ճամբան հարթել: Ամիսներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ կատարուած զինուորական միջամտութիւնը փաստօրէն ապարդիւն էր ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու կամ տկարացնելու եւ շրջանին մէջ արիւնահոսութիւնը կասեցնելու իմաստով: Սպասե՛նք ռուսական միջամտութեան արդիւնքներուն:
1) http://www.nayiri.com/search?l=hy_LB&dt=EN_HY&r=0&query=reprisal
2) https://www.icrc.org/eng/assets/files/other/law1_final.pdf
3) https://www.icrc.org/eng/assets/files/other/opinion-paper-armed-conflict.pdf
4) http://www.un.org/en/preventgenocide/adviser/responsibility.shtml
5) Պաշտպանելու պատասխանատուութեան երեք հիմնական կէտերուն Գ. կէտը:
6) https://www.aztagdaily.com/archives/261878
7) «Այլ զինեալ ընդդիմադիր խմբաւորումներ»-ու պիտակաւորման մէջ անհամաձայնութիւն կայ Արեւմուտքին եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ըստ արեւմտեան երկիրներու, անոնց մէկ մասը զինեալ չափաւորական խումբեր են, որոնք զինուած, մարզուած ու ֆինանսաւորուած են արեւմտեան ու սահմանակից երկիրներու կողմէ եւ, հետեւաբար, ըստ իրենց, ապօրինի է զանոնք թիրախ ընտրելը ռուսական ուժերուն կողմէ, իսկ ռուսական համոզումով նոյն այս խումբերը ահաբեկչական կազմակերպութիւններ են, որովհետեւ բազմաթիւ ահաբեկչական արարքներ ու ոճիրներ գործած են, հետեւաբար (ՏԱՀԵՇ) նման սպառնալիք են, եւ իրաւացի է այդ խումբերը թիրախ դարձնելը: