Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ» Վէպը Այն Գործերէն Մէկն Է, Որ Արժանի Է Վերարժեւորուելու «Ազդակ»-ին Ըսաւ Յարութիւն Քիւրքճեան

October 17, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

20151007_183234-f_10-17-15

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Համազգային հրատարակչականը լոյս ընծայած է Լեւոն Մեսրոպի 1930-ական տարիներուն գրած «Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ» վէպը, ձեր յառաջաբանով: Կրնա՞ք լուսաբանել մեզ այս հրատարակումին առթիւ    շարժառիթներ եւ նպատակ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ընկերացող գրախօսական յօդուածը կարծեմ բաւականաչափ կ՛ընէ այդ լուսաբանումը: Հոս միայն կրնամ արագ թուել գործի ընտրութեան շարժառիթները կամ նպատակը, ինչպէս կ՛ըսէ՛ք:

– Վէպը, ատենին, գրական մամուլի մէջ լոյս տեսած է: Անոր պատմագրական ընդհանուր խորքը առաջին համաշխարհային պատերազմն է, որուն հարիւրամեակը նշուեցաւ դեռ նոր: Բայց մանաւանդ հոն կեդրոնական թեմայ է Հայոց ցեղասպանութիւնը, նոյնպէս հարիւրամեայ, ներկայացուած երկու գլխաւոր երեսներով, նախ` յուսահատ գոյամարտ մը` Ուրֆայինը, ապա` նոյնքան ցնցիչ դրուագներ Տէր Զօրի դժոխքէն:

– Երկրորդ, անոր էջերուն կը ծաւալի իրական կեանք մը, իրական մարդոցմով, նախորդ դարասկիզբի մերձաւոր արեւելեան աշխարհը` Պարսկաստանը, որուն լաւ ծանօթ է եղած հեղինակը, ե՛ւ տեղացի ժողովուրդին, ե՛ւ պատերազմի արեւելէան ճակատի (Պարսկաստանի կողքին` Թուրքիա, Իրաք, Սուրիա) կրակներուն մէջ նետուած եւրոպացիներու խումբեր` գերմանացի, ռուս, անգլիացի, եւն., որոնց կարգին գլխաւոր հերոսը` կէս զուիցերիացի եւ կէս հայ երիտասարդ մը:

Հ.- Այս յատկութիւնները բաւարար տուեալներ կը նկատէք ուրեմն գիրքը յանձնարարելու…

Պ.- Անպայմա՛ն: Մանաւանդ որ այս «գործողութիւն-վէպը» (action novel), այսպիսի կենդանի բովանդակութեամբ, նաեւ շարադրուած է կայտառ, վառվռուն ոճով, հիւմորով, զգացումներով թրթռուն: Անիկա կը կարդացուի հեւիհեւ, եւ հակառակ ժամանակի անցքին, չէ հինցած բնաւ: Իր գրական արժէքը քննարկուած է գրախօսականիս մէջ, հոս չեմ ծանրանար: Բայց ճի՜շդ յարմար գործն էր, կամ գործերէն մէկը, որ արժանի էր վերարժեւորուելու եւ հարիւրամեակի առթիւ հրամցուելու մեր հասարակութեան, որ դժբախտաբար շատ չի կարդար…

Հ.- Այս վերջին մտահոգութեան ուղղութեամբ ի՞նչ կրնաք յանձնարարել…

Պ.- Համազգային հրատարակչականը, այս մտահոգութեամբ, օգտակար մտածումը ունեցած է այս գործը ընտրելու իբր աշակերտական  միջ դպրոցական մրցանքի նիւթ, կարծեմ նաեւ չափահասներու մասնակցութեան ընտրանքով մըն ալ: Կը բաժնեմ ե՛ւ մտահոգութիւնը, ե՛ւ  կատարուած ընտրանքը: Երանի այսպիսի վառ գործեր, կեանքի բովէն հանուած, աւելի հրամցուին մեր հասարակութեան, զինք քիչ մը աւելի ընթերցող դարձնելով:

Նաեւ ուրախ եմ, որ այսպիսի օգտաշատ նախաձեռնութիւններ կը գտնեն իրենց հովանաւորները, ինչպէս` այս պարագային` տէր եւ տիկին Յարութ Շահպազեանները:

 

 

Նախորդը

Հին, Բայց Ապրող Հրատարակութեան Մը Առթիւ. Ֆրէտ Հարթման Եւ Տատա Ռօսթէմ Կամ Ա. Աշխարհամարտի Արեւելեան Ճակատը Եւ Հայ Գողգոթան Պատմաքաղաքական Վէպի Մը Լայն Պաստառին Վրայ

Յաջորդը

«Համաշխարհային Մակարդակով Ճանչցուած «Սալթեք» Մնայուն Կերպով Իր Որակը Եւ Ընթացքը Զարգացնելու Առաքելութեան Մէջ Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Կարօ Սալխանեան

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.