Հանդիպում Նիքէայի Քաղաքապետին Հետ
Նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէին, Չորեքշաբթի 16 Նոյեմբեր 2022-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը Նիքէայի քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիսի եւ գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Քաղաքապետութեան կողմէ ներկայ եղան նաեւ քաղաքապետի տիկինը եւ փոխքաղաքապետներ, իսկ գաղութին կողմէ ներկայութիւն ունեցան Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի անդամներ, «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Հ.Կ.Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական ու սկաուտական մասնաճիւղերու եւ Համազգայինի...




















