Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
125 Պատանիներ Խոստացան Ըլլալ Տիպար Հայորդիներ
125 պատանիներ իրենց պատանեկան խոստման արարողութիւնը կատարեցին կիրակի, 6 նոյեմբերին: Անոնք ներկայացուցին հատուածներ իրենց դաստիարակչական ծրագիրէն` հանդիսատեսին հրամցնելով գեղարուեստական հարուստ յայտագիր մը:
Հանդիսութեան կազմակերպիչ մարմինը` Սուրիոյ Պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինը, ընտրած էր «Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ» խորագիրը` հաւատալով, որ պայքարը պիտի առաջնորդէ զիրենք գալիք յաղթանակներու:
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով հանդէս եկող պատանիները ներկայացուցին հայրենիքի, զոհողութեան եւ հայրենասիրութեան նշանակութիւնը հայ պատանիին համար:
Դաշնակցական պատանիի խոստման արարողութեան կնքահայրն էր Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի նախկին տնօրէն Վահէ Ղազարեանը: Ան ներկայացուց պատանեկան միութեան հիմնադրութեան նպատակը` դիտել տալով, որ միութիւնը իր ընկերային- դաստիարակչական ծրագիրով կը միտի հայ պատանիներուն հաղորդակից դարձնել հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակութային արժէքներուն, հայ յեղափոխութեան պատմութեան ու ազգային արժէքներուն:
Ապա իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն` ան յորդորեց կարեւորութեամբ ըմբռնել միութեան երկու կարեւոր հիմերը` կանոնագիրն ու ազգային կեանքին մէջ գործունեայ դեր ունենալու հեռանկարը:
«Կանոնագիրը,- շեշտեց Ղազարեան,- կը սորվեցնէ կարգապահութիւն, կարգ ու կանոն, որ յատուկ է յառաջդիմած ազգերու, իսկ պատանեկան միութեան մէջ պատրաստուող հայ պատանին այդ գիտելիքները միայն իրեն պիտի չվերապահէ, այլ զանոնք հարկ է ծառայեցնել մեր ազգային, հաւաքական կեանքին, աշխատիլ համայնքի տարբեր մարզերուն մէջ ու ներդրում բերել համայնքի բարելաւման, ինչպէս նաեւ ծառայել հայրենիքին` իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, իր գիտելիքներով ու կարողութիւններով»:
Ապա ան արտասանեց խոստումը, իսկ պատանիները կրկնեցին զայն` խոստանալով ըլլալ դաշնակցական, տիպար պատանիներ եւ ծառայել ազգին ու հայրենիքին:
Աւարտին խօսք առաւ Բերիոյ հայոց թեմի հայրապետական նուիրակ Մակար եպս. Աշգարեան, որ յիշելով իր պատանեկան օրերը` յայտնեց, որ ինք եւս այս խոստումը տուած է օրին, իսկ այդ խոստումը մինչեւ այսօր կ՛արձագանգէ իր սրտին եւ հոգիին մէջ: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց պատանիներն ու անոնց ծնողները եւ գնահատեց պատանիներուն ճիգերով պատրաստուած օրուան յայտագիրը: Ան շեշտեց, որ այսօրուան խոստումին հիմնական արժէքը հաւատարմութիւնն է` հանդէպ ազգին, հայրենիքին ու բոլոր այն արժէքներուն, որոնք տարիներու ընթացքին պատասխանատուները սերմանեցին:
«Այսօր պատահական չէր ձեր ուխտին եւ հալէպահայ երեք նահատակներու հոգեհանգիստին Բ. տարելիցին զուգադիպումը: Անոնք ալ խոստում տուած էին ծառայելու: Կը մաղթեմ, որ ծառայութեան ձեր գիտակցութիւնը աստիճանաբար ձեր մէջ բոցավառի որպէս կրակ ու հոգեւոր, ազգային արժէքներու, քրիստոնէական հաւատքի պահպանման փոթորիկի վերածուի»:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Կիպրոս
Վարդգէս Մահտեսեանի Հանդիպումը Երիտասարդներու Հետ
Երեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2022-ի առաւօտուն Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան հանդիպում մը ունեցաւ ծագումով կիպրացի, յոյն, հայ եւ եգիպտացի 20-27 տարեկան երիտասարդներու հետ, որոնք մասնակցութիւն կը բերեն Erasmus+-ի Միջազգային երիտասարդական համախմբումին Կիպրոսի մէջ, օրակարգ ունենալով` «Ազգային փոքրամասնութիւններ, թիւով` նուազ, բայց հաւասար պատեհութիւններով» նիւթը: Ուսանողներու կեցութիւնը հովանաւորող մարմինն է «Աղրոս գիւղի Անտառի բարեկամներ» ընկերակցութիւնը:
Վերոյիշեալ հանդիպումը կայացաւ խորհրդարանին մէջ, ուր Վ. Մահտեսեան պատուիրակները դիմաւորելէ ետք ամփոփ կերպով զեկուցեց կիպրահայ գաղութին մասին:
Օման
Հայկական Առաջին Պատարագը Օմանի Մէջ
5 նոյեմբերին առաջին անգամ ըլլալով պատարագ մատուցուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի տարածաշրջանէն ներս գտնուող Մասքաթ քաղաքին մէջ:
Թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան Օման իր առաջին երկօրեայ այցելութեան ընթացքին ծանօթացաւ Մասքաթի հայութեան, քննարկեց գաղութին կազմակերպման գործընթացը եւ ծանօթացաւ Լիբանանի դեսպանին հետ: Նորակազմ այս գաղութը յառաջիկայ ամիսներուն անմիջական հսկողութեան ու յաճախակի այցելութեամբ կանոնաւոր եկեղեցական ու ազգային կեանք պիտի ունենայ, թեմի միւս գաղութներու նման:
Իրան
Մշակութային Ժառանգութեան, Ձեռարուեստի Եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Սեյետ Էզաթոլլահ Զարղամի Այցելութիւնը Ս. Սարգիս Եկեղեցի
2 նոյեմբերին եզակի դէպք մը պատահեցաւ իրանահայութեան պատմութեան էջերուն համար: Արդարեւ, Իրանի խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի հրաւէրով Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ Թեհրանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեց մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան նախարար սէյիտ Էզաթոլլահ Զարղամին:
Նախարարը այցելելով Ս. Սարգիս եկեղեցի` իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց նպաստելու Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն: Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նորայր Արամեան զեկուցեց եկեղեցւոյ գմբէթի վերանորոգման աշխատանքներու անհրաժեշտութեան եւ ընթացող գործընթացներուն մասին, նախարարն ալ իր կարգին խոստացաւ հետամուտ ըլլալ աշխատանքներու արդիւնաւորման:
Նախարար Զարղամի այնուհետեւ այցելեց Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի գրասենեակը, ուր զինք յուզած է գրասենեակին մէջ տեղադրուած լուսանկարները, որոնց շարքին` Իսլամական յեղափոխութեան հիմնադիր առաջնորդ իմամ Խոմէյնիի եւ այաթ. սէյետ Ալի Խամենէիի լուսանկարը: Ան յայտնած է Արա Շահվերդեանին, որ գրասենեակը իրեն կը փոխանցէ յեղափոխականութեան իրական ոգին:
Արա Շահվերդեանը նոյնպէս իր յուզմունքը չթաքցնելով եւ որպէս երախտագիտութեան քայլ նախարարի բացառիկ այցելութեան եւ իրանահայութեան նկատմամբ դրսեւորած յարգանքին, 3 լուսանկարները նուիրած է նախարարին` ընդգծելով, որ նախարարը ինքզինք կրնայ զգալ իր տան մէջ եւ ան իրանահայութեան մօտ յարատեւ սպասուած հիւր է:
Միացեալ Նահանգներ
«Արցախի Հետ, Արցախի Համար» Նշանաբանով Հաւաք
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան, Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբին եւ ՀԵԴ պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան վարչութեան, 9 նոյեմբերին Կլենտէյլի քաղաքապետարանի «Փերքինս» հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի հետ, Արցախի համար» նշանաբանով հաւաք, նախ` յարգելու արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած նահատակներու յիշատակը եւ միաժամանակ զօրակցութիւն յայտնելու արցախահայութեան:
Օրուան հանդիսավար Շանթ Սասունեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուածներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու քայլերգները` կատարողութեամբ Դրօ Գրիգորեանի:
Կլենտէյլի քաղաքապետ Արդի Քասախեան իր ելոյթին մէջ կեդրոնացաւ Արցախի ներկայ ծանր պայմաններուն եւ արցախահայութեան աջակցելու անհրաժեշտութեան հրամայականին վրայ:
Ժպիտ Մելքոնեան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով կարդաց օրուան առիթով ՀԵԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ սրբազանին կողմէ ձեռնարկին ներկայ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախը բնաւ չէ եղած Ազրպէյճանի կազմին մէջ եւ ոչ ալ պիտի ըլլայ: Քահանայ հայրը հրաւիրեց ներկաները Տէրունական աղօթքով խաղաղութիւն հայցելու արցախեան պատերազմի զոհերու հոգիներուն խաղաղութեան համար: ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան: Ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի միջոցով Արցախի մէջ իրականացուած նախագիծներուն եւ շեշտելով արցախահայութեան աջակցելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծեց, որ ՀՕՄ-ի կողմէն Արցախին ցուցաբերուող օժանդակութիւններն ու իրականացուող նախագիծները պիտի շարունակուին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովիկ Սալիպա իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ներկաներուն մասնակցութիւնը եւ անդրադարձաւ միասնութեան կարեւորութեան` աւելցնելով, որ այդ միասնութիւնը պիտի ձեւաւորուի երեք կարեւոր գործօններու շուրջ, որոնք են` Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը, հայկական պետականութեան ամրապնդումը եւ զօրակցութիւն արցախեան ազատագրական պայքարին:
Յովիկ Սալիպան յայտարարեց, որ հանրահաւաքի կազմակերպիչներուն անունով պատրաստուած է յայտարարութիւն, եւ յոյս յայտնեց, որ միասնութեան հանրահաւաքէն բացակայող կառոյցները եւս կը միանան այդ յայտարարութեան:
Ապա պատանեկան միութեան խօսքը արտասանեց միութեան անդամ Ամարաս Օվայեան:
Միասնութեան հանրահաւաքի աւարտին ներկաները մոմեր վառելով` յարգեցին արցախեան գոյամարտերու եւ մասնաւորապէս 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ինկած հերոսներուն յիշատակը:
Ռիթա Գաբրիէլեան Պարգեւատրուեցաւ Ս. Մեսրոպ Շքանշանով
4 նոյեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ձեռամբ, Ազգային առաջնորդարանի մէջ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ վաստակաշատ կրթական մշակ Ռիթա Գաբրիէլեանը: Հայրապետական կոնդակի ընթերցումը կատարեց Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան:
Առաջնորդ սրբազանը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ռիթա Գաբրիէլեանի` իբրեւ ուսուցիչի եւ կրթական մշակի աւելի քան չորս տասնամեակի ուսուցչական եւ կրթական ծառայութիւնը` Լիբանանի Ազգային Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն սկսեալ մինչեւ Լոս Անճելըսի Ազգային Շամլեան վարժարանի փոխտնօրէնի պաշտօնը:
Խնամակալ մարմինի սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Պարա, իսկ Ազգային Շամլեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Քարկոտորեան Ռիթա Գաբրիէլեանին պարգեւատրումը նկատեց հայ մշակոյթի նուիրեալներու ուղղուած գնահատանքի բարձրագոյն արտայայտութիւն:
Իր կարգին, պարգեւատրեալը շնորհակալական խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազանին, բոլոր խօսք առնողներուն եւ իր անսահման ուրախութիւնը յայտնեց ամբողջ 41 տարի իր անձն ու ժամանակը նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան գործին նուիրաբերած ըլլալուն համար:
Քանատա
Թորոնթոյի Մէջ Մոմավառութիւն` Ի Յիշատակ Արցախեան Պատերազմին Նահատակուած Հերոսներուն
9 նոյեմբերին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ կայացաւ մոմավառութեան հաւաք` ի յիշատակ արցախեան պատերազմին նահատակուած հերոսներուն: Հաւաքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան (ՔԵՄ) «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին կողմէ: Ի զօրակցութիւն Թորոնթոյի հայ համայնքին, ներկայ էին` Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Ժան Եիփ եւ Մայքըլ Քոթօ, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Վինսընթ Քէ, Մարքամի փոխքաղաքապետ Մայքըլ Չան, Տոն Վալի Նորթի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Շելի Քարոլ:
Յանուն ՀՅԴ ՔԵՄ-ի` անգլերէն ուղերձով հանդէս եկաւ Մէյրի Չաթալեան, իսկ հայերէնով` Արմէն Արթին:
«Մենք կը գիտակցինք, որ մեր հայրենիքի տարածքներուն ազատագրման եւ պաշտպանութեան համար նահատակուած են բազմահազար հերոսներ, եւ որպէսզի ազատագրենք եւ պահենք մեզի պատկանող բոլոր տարածքները, հարկաւոր է սեփական ուժերով պայքարիլ: Ո՛չ մէկ դաւադիր համաձայնագիր եւ ո՛չ մէկ դաւաճանի ձեռք պիտի կարենայ մեզ մեր իրաւունքներուն համար պայքարէն շեղել: Մեր այսօրուան մոմավառութիւնը սգոյ հանդէս չէ, այլ` մեր ուխտի վերանորոգման ու մեր ազգային գաղափարական սուրբ իտէալներուն կառչած մնալու հաւաքական կամքի դրսեւորում», իր խօսքին մէջ յայտնեց Արմէն Արթին:
Արցախեան պատերազմին նուիրուած Րաֆֆի Սարգիսեանի «Ցասում» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Լոռի Պէրպէրեան: Արցախեան պատերազմին նահատակուած զինուորներու եւ հերոսներու լուսանկարներու պաստառին դիմաց ՀՅԴ ՔԵՄ-ի անդամները մոմավառութեան արարողութիւնը կատարելով` վերանորոգեցին Արցախին եւ հայրենիքին համար պայքարելու ուխտը:
Լիթուանիա
Աշխարհահռչակ Արուեստագէտներ Կոստանդին Օրբէլեանն Ու Յասմիկ Գրիգորեանը Համերգ Տուին 6000 Հանդիսատեսներու Համար
Նշանաւոր խմբավար եւ դաշնակահար Կոստանդին Օրբէլեան եւ օփերային բեմի երիտասարդ աստղ Յասմիկ Գրիգորեան հերթական համատեղ համերգ մը ունեցան Լիթուանիոյ Քաունաս քաղաքի նշանաւոր Զալքիրիս բեմահարթակին վրայ` տաղանդաշատ երգիչ Քարլ Մակնուս-Ֆրետրիքսընի մասնակցութեամբ, որ ցնծութեամբ ընդունուեցաւ դասական երաժշտութեան սիրահարներուն կողմէ, որոնց թիւը հասաւ շուրջ 6 հազարի:
Բացառիկ համերգային երեկոն լաւագոյն նուէրն էր բարձր արուեստը գնահատող հանդիսատեսին համար: Այս առիթով յատուկ Քաունաս ժամանած էին դասական երաժշտութեան սիրահարներ` աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Ի պատասխան այն հարցումին, թէ դասական երաժշտութիւնը որքանո՛վ կարեւոր կը նկատուի մերօրեայ պատերազմական թոհուբոհին մէջ, մայեսթրօ Կոստանդին Օրբէլեան նշեց. «Դասական երաժշտութեան շնորհիւ` այսօր աշխարհը առաւելաբար կարիք ունի արժեհամակարգի վերանայման, մեզ շրջապատող իրականութիւնը այլ հայեացքով դիտարկելու եւ բարութեան կաթիլը աւելցնելու: Կը վստահեցնեմ, որ այս հարցով դասական երաժշտութիւնը առաւելագոյնը կրնայ ընել: Ի վերջոյ, աշխարհին պէտք է խաղաղութիւն, իսկ երաժշտութիւնը այդ հարցով կրնայ նեցուկ հանդիսանալ»:
Ներկայիս Կ. Օրբէլեան մեծածաւալ աշխատանք կ՛իրականացնէ Քաունասի թատրոնին մէջ` զուգահեռաբար կատարելով նաեւ Նիւ Եորքի քաղաքային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարի եւ գլխաւոր խմբավարի աշխատանքը:
Յիշեցնենք, որ մինչ այդ Կ. Օրբէլեան աւելի քան 5 տարի է կը ղեկավարէր Երեւանի օփերայի եւ պալէի թատրոնը եւ այդ ընթացքին կ՛իրագործէր մեծածաւալ ծրագիրներ: Իր գործունէութեան ընթացքին ան պարբերաբար ելոյթներ կ՛ունենայ հայ արուեստագէտներու հետ, իսկ Յասմիկ Գրիգորեանի հետ համագործակցութիւնը արդէն քանի մը տարուան պատմութիւն ունի: Տարիներ առաջ, երբ մայեսթրօ Օրբէլեանը Երեւանի մէջ նախաձեռնեց Յասմիկ Գրիգորեանի հօր` աշխարհահռչակ օփերային երգիչ Գեղամ Գրիգորեանի յիշատակին նուիրուած համերգին, երգչուհին իր աննկարագրելի կատարումով սիրուեցաւ նաեւ հայաստանեան հանդիսատեսին կողմէ: Վառ են տպաւորութիւնները Յասմիկի կատարած տիգրանեանական «Անուշ»-ի հատուածներէն: Կոստանդին Օրբէլեան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի մէջ կը ներկայացուի Յասմիկ Գրիգորեանի կատարմամբ Արմէն Տիգրանեանի նշանաւոր օփերան` ամբողջական տարբերակով:


