Շաբաթ, 12 նոյեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց երկար տարիներու դաստիարակ եւ գործիչ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանը:
Կենսաքիմիական ու միջուկային կենսաբանութեան դոկտոր փրոֆեսէօր Մ. Մարկոսեան 1975-ին կը հանդիսանայ առաջին հայ գիտնականը, որ կը ստանայ Ամերիկեան սրտաբանական ընկերակցութեան աւագ գիտաշխատողի «Established Investigator» մրցանակը` հինգ տարուան ֆոնտ, կատարելու շարք մը հիմնական քննարկումներ մկանային սպիտակուցներու կենսաբնագիտական յատկութիւնները յստակացնելու եւ սերտելու անոնց փոխազդեցութիւնը մկանային պրկումներու մեքանիզմին վրայ:
1987-ին, իբրեւ այցելու փրոֆեսէօր, կը հրաւիրուի Բրիտանական սրտաբանական ընկերակցութեան կողմէ` տալու շարք մը դասախօսութիւններ Պիրմինկհեմի բժշկագիտական համալսարանին մէջ:
1991-ի օգոստոսին կ՛այցելէ Երեւան` իբրեւ հիւրը Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կենսաբնագիտութեան բաժնին: Անդամ էր ամերիկեան ու միջազգային շարք մը կենսաբանական ու կենսաբնագիտական ընկերակցութիւններու: Շրջանաւարտ է Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն, ինչպէս նաեւ` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: 1980-1988 գործակցած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ, նախկին պատրիարք Երուսաղէմի հայոց` Թորգոմ արքեպիսկոպոսին հետ, առաջնորդարանին մէջ մշակութային ձեռնարկներու իբրեւ վարիչ: 1988-ին առաջնորդ սրբազանին կողմէ նշանակուած է առաջնորդարանի «Ղարաբաղ» կոմիտէի նախագահ` մինչեւ մարտ 15, երբ մուտք կը գործէ ՀՅԴ-ի շարքերը Նիւ Եորքի «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան մէջ: Գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր ու հասարակական գործիչ: Աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին` «Նայիրի»-ին, «Յառաջ»-ին, «Ազդակ»-ին, «Ասպարէզ»-ին եւ «Դրօշակ»-ին: Հեղինակ է թարգմանական արձակ ու չափածոյ հատորներու, ինչպէս` «Հայ բանաստեղծութեան ծաղկաքաղ»-ին, Վահան Թէքէեանի, Չարենցի, Շէն-Մահի, Թորգոմ արքեպիսկոպոսի, Անդրանիկ Ծառուկեանի եւ այլոց աշխատանքներուն, որոնց ընտրութիւնը, թարգմանութիւնը եւ վերջնական խմբագրումը իրն են կարգ մը լեզուական սրբագրութիւններէ ետք` քանի մը աշխատակիցներու հետ:
1997-2001 եղած է Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան ազգային վարժարանի տնօրէն:
Հեղինակ է շարք մը յօդուածներու` հայ գրականութեան գրողներու եւ կենսագրութիւններու «20-րդ դարուն գրականութեան համաշխարհային համայնագիտարան»-ին համար: Կատարած է նաեւ խմբագրական աշխատանք:


