Մշակութային եւ Այլազան

Երեխան Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Առցանց Վտանգներէն

Երեխան Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Առցանց Վտանգներէն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բնականաբար արհեստագիտական գլխապտոյտ պատճառող նորութիւնները, իրենց օգուտներուն կողքին, ունին նոյնպէս անխուսափելի վտանգներ, որոնք առաջին հերթին կը հարուածեն ամէնէն անպաշտպան հաւաքականութիւնները, որոնց շարքին` երեխաները: Ծնողներ պաշտպանելու համար իրենց զաւակները հաւանական աղէտէն` կ՛որդեգրեն միջոցառումներ, որոնք կրնան անպայման ազդեցիկ չըլլալ: Պատիժը կամ խստութիւնը լուծումներ չեն: Լաւագոյնը երեխային հետ զրուցելն է: «Պի.Պի.Սի.» երկու յօդուածով անդրադարձած է այս հարցին եւ հրատարակած է...

Ստացուած Գիրքեր.  «Գրիգոր Նարեկացիի Գանձարանը Վերծանութիւն Եւ Քննութիւն»  (Հեղինակ` Հենրիկ Բախչինեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Գրիգոր Նարեկացիի Գանձարանը Վերծանութիւն Եւ Քննութիւն» (Հեղինակ` Հենրիկ Բախչինեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ, Շիրակ տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ Հենրիկ Բախչինեանի «Գրիգոր Նարեկացու գանձարանը. վերծանութիւն եւ քննութիւն» գիրքը, բաղկացած` 373 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸՄ-ի Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամի միջոցներով: Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր ընկերներ` վաստակաշատ նարեկացիագէտներ Արշալոյս Ղազինեանի եւ Պօղոս Խաչատրեանի յիշատակին: Գիրքը կ՛ընդգրկէ Գրիգոր Նարեկացիի Գանձարանը` ուսումնասիրողի վերակազմութեամբ: Բնագիրներուն կից կատարուած են անոնց վերծանութիւնները, բովանդակային մեկնութիւններն ու...

Ստացուած Գիրքեր. «Անմար Կանթեղը Լուսոյ»  (Հեղինակ` Պայծիկ Արապեան-Գալայճեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Անմար Կանթեղը Լուսոյ» (Հեղինակ` Պայծիկ Արապեան-Գալայճեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Պայծիկ Արապեան-Գալայճեանի «Անմար կանթեղը լուսոյ» գիրքը, բաղկացած` 176 էջերէ եւ հինգ մասերէ: Պայծիկ Արապեան-Գալայճեան կ՛ըսէ, որ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման որոշումէն (2004) մինչեւ այսօր, այդ որոշումին իսկական շարժառիթին հետ առնչուած հասարակաց համոզում մը դեռ չէ գոյացած: Եօթանասուն եւ ինը տարի շարունակ անդուլ ղօղանջեցին լուսոյ տաճար` Մելգոնեան կրթական հաստատութեան զանգակները: Անոնք ղօղանջեցին խորհրդաւոր ուժգնութեամբ`...

Թրամփ. Կէս Կատակ Կէս Լուրջ. «Իմ Քանդակս` Ռաշմոր Լերան Վրայ»

Թրամփ. Կէս Կատակ Կէս Լուրջ. «Իմ Քանդակս` Ռաշմոր Լերան Վրայ»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Արդէն անցած են վեց ամիսներ Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնած օրէն: Անոր գործունէութեան գնահատականը տարաբնոյթ եղած է, իսկ արտասանած խօսքերն ու նոյնիսկ կատակները հեգնանքի առարկայ դարձած են յատկապէս ընկերային ցանցերուն մէջ: Թրամփի վերջին «կատակը» Ռաշմոր լերան վրայ նախկին չորս նախագահներու կողքին  իր դիմաքանդակը տեսնելու ցանկութեան մասին էր: Աւելորդ է ըսել, թէ ինչպէ՛ս բռնկեցան ընկերային ցանցերը,...

Փութին Ձգողականութիւն Ունի՞ Թրամփի Համար

Փութին Ձգողականութիւն Ունի՞ Թրամփի Համար

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Պի.Պի.Սի.»-ի Մոսկուայի թղթակից Սթիվ Ռոզենպերկ անդրադարձաւ Փութին-Թրամփ յարաբերութեան: Ն. Ժպիտներու ետին շօշափելի ի՞նչ արդիւնք պիտի տայ Փութին-Թրամփ յարաբերութիւնը Սպիտակ տան մէջ Տանըլտ Թրամփի հաստատուելէն վեց ամիս ետք ռուսերը սկսած են զգալ, որ իրենց երկիրը որոշ առաւելութիւն մը կը վայելէ Միացեալ Նահանգներու վրայ: Եւ ո՞վ կրնայ մեղադրել զանոնք այդպէս խորհելու համար: Յատկապէս` այն պնդումներու եւ լոյսին տակ, որ...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Տարօն Եւ Տարօնցիք (Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան 100-ամեակին Առիթով

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ 100-ամեայ Երթ Մը` Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւնը Տարօն Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւնը կը պատուէ իր երէց անդամները (Հալէպ, 26 փետրուար 1994) Նկարին մէջ կ՛երեւին ձախէն աջ` տիարք Գէորգ Արոյեան, Խաչիկ Շառոյեան, Հայկ Աւետիսեան, Տիգրանն Մակարեան, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեան, Լեւոն Ղազէլ, Յարութիւն Շարոյեան, Անդրանիկ Գաբրիէլեան եւ Գասպար Կարապետեան Պատկառելի տարիք մը բոլորած մեր հայրենակցական միութիւններու խմբակին գլուխը պէտք...

Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն

Տարօն Եւ Տարօնցիք (Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան 100-ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ «Տարօնի-Արծիւ» պարբերաթերթին վերջին թիւը Հայ սփիւռքի պատմութեան հետաքրքրական երեսներէն մէկն է, անկասկած, հայրենակցական միութիւններու գոյառումը, անոնց աստիճանական վերելքն ու գործունէութիւնը: Մեծ եղեռնէն անմիջապէս ետք, 20-ական թուականներու առաջին տարիներուն, երբ կեանքի կը կոչուէին գաղութային մեր առաջին կառոյցները` փայտաշէն մատուռներ, թիթեղածածկ դպրոցներ, համեստ ակումբներ, անոնց քովն ի վեր այնքա՜ն եռանդով կը կազմուէին նաեւ երփներանգ անուններ կրող բազմաթիւ հայրենակցական միութիւններ: Ասոնք...

Ստացուած Գիրքեր.  «Արեւի Բնակավայրը» (Հեղինակ` Սպարտակ Ղարաբաղցեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Արեւի Բնակավայրը» (Հեղինակ` Սպարտակ Ղարաբաղցեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայրը» գիրքը, բաղկացած` 335 էջերէ: Խմբագիր` Արշակ Բանուչեան: Հեղինակը գիրքը ձօնած է դստեր` Նազենիի անմար յիշատակին: Ընծայականը գրած է Թորոս Թորանեան. ան կ՛ըսէ, որ հեղինակը լաւ գիտէ իր նիւթը, երկրին շունչով կ՛ապրի, անոր ձեռքը ժողովուրդի բազկերակին վրայ է: Իր կարգին Ֆելիքս Բախչինեան կ՛ըսէ, որ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայրը», Երեւանն է`...

Ստացուած Գիրքեր. «Գիրս Մնայ Յիշատակող» (Հեղինակ` Նազենի Ղարաբաղցեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Գիրս Մնայ Յիշատակող» (Հեղինակ` Նազենի Ղարաբաղցեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Նազենի Ղարաբաղցեանի «Գիրս մնայ յիշատակող» գիրքը, բաղկացած` 91 էջերէ: «Լոյսի եւ յաւերժութեան ճամբորդը» խորագիրով ներածականին մէջ Ֆելիքս Բախչինեան կ՛ըսէ, որ արեւային որքան յոյզերով լեցուած է հայուհի այս մտաւորականին սիրտն ու հոգին, որ Արարիչի անուան կողքին մեծատառով գրած է Արեւ, լոյս, բարութիւն եւ յաւերժութիւն բառերը: Անշուշտ, լոյսն ու յաւերժութիւնը անոր իմանալի եւ հասանելի եղած...

Ստացուած Գիրքեր. «Անի Եւ Ջուղա»  (Հեղինակ` Նազենի Ղարաբաղցեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Անի Եւ Ջուղա» (Հեղինակ` Նազենի Ղարաբաղցեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Նազենի Ղարաբաղցեանի «Անի եւ Ջուղա» ալպոմը: Նկարները առնուած են Արտաշէս Վրոյրի անձնական արխիւէն: Յառաջաբանը գրած է Արշակ Բանուչեան: Նազենի Ղարաբաղցեան կ՛ըսէ, որ Անին համաշխարհային քաղաքի իր երթը սկսաւ 10-րդ դարուն, երբ Աշոտ Գ. Ողորմած թագաւորին օրով Բագրատունեանց մայրաքաղաքը դարձաւ: Թշնամիներու յարձակումէն ու քոչուոր ցեղերու արշաւանքներէն քաղաքը պաշտպանուած էր կրկնակի պարիսպներով, որոնք կառուցող թագաւորներու անուններով...

Փտածութիւնը Փորձութեան Կը Մղէ  Պուտտայականները

Փտածութիւնը Փորձութեան Կը Մղէ Պուտտայականները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Աշխարհի մէջ երբ բոլոր արժէքները խախտած են, եւ մարդոց մէկ կարեւոր մասը մակերեսային եւ եսակեդրոն դարձած է, այլեւս բնաւ զարմանալի չեն թուիր անբարոյականութեան եւ  փտածութեան բացայայտումները, նոյնիսկ այնպիսիներու, որոնք կոչուած են ատոնցմէ զերծ մնալու, ատոնց դէմ պայքարելու: Այլեւս որքա՜ն դժուար դարձած է սկզբունքներու հաւատալը եւ մանաւանդ` այդ սկզբունքներուն չդաւաճանելը: Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»-ի Պանքոքի աշխատակից Ճոնաթան Հետ յօդուածով մը...

Ստացուած Գիրքեր.  «Գիրքերու Հետ» Գրախօսականներ Ա. Հատոր (Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Գիրքերու Հետ» Գրախօսականներ Ա. Հատոր (Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Պօղոս Սնապեանի «Գիրքերու հետ» գրախօսականներ Ա. հատորը, բաղկացած` 191 էջերէ: Հատորը լոյս կը տեսնէ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ քահանայ Լաքիսեանի մեկենասութեամբ: Գիրքը ձօնուած է Պօղոս Սնապեանի ծննդեան 90-ամեակին: Խմբագրական աշխատանքը եւ սրբագրութիւնը կատարած է Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Նշան Պէշիկթաշլեանի «Մոմիաներ» գիրքի հրատարակութեան առիթով գրած իր գրախօսականին մէջ...

Ստացուած Գիրքեր. «Գլաձորի Համալսարանի Տեղորոշման Նոր Վարկած»  (Հեղինակ` Տիգրան Մկրտչեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Գլաձորի Համալսարանի Տեղորոշման Նոր Վարկած» (Հեղինակ` Տիգրան Մկրտչեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւան, Մուղնի հրատարակութենէն 2016-ին լոյս տեսաւ Տիգրան Մկրտչեանի «Գլաձորի համալսարանի տեղորոշման նոր վարկած» հատորը, բաղկացած` 71 էջերէ: «Երկու խօսք»-ին մէջ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Կարէն Մաթեւոսեան կ՛ըսէ, որ Գլաձորի համալսարանի գտնուելու ստոյգ վայրը հայ մշակոյթի պատմութեան  չբացուած էջերէն մէկն է, ուստի հարցին ուսումնասիրութիւնը այժմէական է հայագիտութեան համար: Համալսարանի գտնուելու վայրի մասին պահպանուած են բազմաթիւ վկայութիւններ հոն գրուած ձեռագիրներու յիշատակարաններուն...

Քուէարկենք Ի Նպաստ Այնճարի

Քուէարկենք Ի Նպաստ Այնճարի

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Թարգմանաբար կը ներկայացնենք «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի պատրաստած Այնճարի մասին յօդուածը: Լիբանանցիներուն նախասիրած գիւղը. #1 Այնճար, երազելու համար խաղաղութեան եւ Օմայեատներու մասին.... Երկրորդ տարին ըլլալով` «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի ընթերցողները Լիբանանի եւ աշխարհի մէջ պիտի քուէարկեն ի նպաստ «լիբանանցիներուն նախասիրած գիւղի»-ն : Այս տարի 10 նոր գիւղեր առաջադրուած են: Իւրաքանչիւրը կը ներկայացուի զեկոյցով եւ տեսերիզով մը, որոնք ձեզի պիտի...

Փիթըր Քէօշկերեան. «Ինքզինքս Վտանգի Տակ Կը Դնեմ, Երբեք Հարց Չունիմ Ես Զիս Ծաղրելու»

Փիթըր Քէօշկերեան. «Ինքզինքս Վտանգի Տակ Կը Դնեմ, Երբեք Հարց Չունիմ Ես Զիս Ծաղրելու»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մենք կատակասէր չենք ծնիր, այլ կը դառնանք: Ոչինչ նուազ համոզիչ է երիտասարդ մենախօս-կատակերգակին համար, որ փոքր տարիքէն նուիրուած է հիւմըրի: Ինչպէ՞ս դառնալ կատակերգակ: Անսովոր ուղի մը: Առօրեան պատմող, մենախօս- կատակերգակ, բայց նաեւ «ԱԼՊԱ» համալսարանի ուսանող Փիթըր Քէօշկերեան կը զարմացնէ իր հոգիի հասունութեամբ եւ բնականութեամբ: Այցելեցէ՛ք Ժեմայզէի անկիւնաւոր սրճարան մը: Վայր մը, ուր սովորութիւն ունի աշխատելու, կը գրէ...

Երեւանի Մէջ Կանաչ Տարածքներու Քանակը Վերջին Տարիներուն Աւելցած Է

Երեւանի Մէջ Կանաչ Տարածքներու Քանակը Վերջին Տարիներուն Աւելցած Է

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ «Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ իւրաքանչիւր կրճատում հիմնաւորուած է եւ չի կրնար ինքնանպատակ ըլլալ», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեանը` շեշտելով, որ Երեւանի լիաժամ պաշտօնեաներու կազմը կը համապատասխանէ լիազօրութիւններու այն ծաւալին եւ բեռին, որ դրուած է օրէնքով Երեւանի քաղաքապետարանին առջեւ: «Եթէ միջոցները չեն բաւարարեր, լիազօրութիւնը թերի կը մնայ», ըսաւ Արէեան: Երեւանի փոխքաղաքապետը դժգոհ չէ, որ...

Գագիկ Մինասեան Հայաստանի Բնակչութեան Թիւի Աճը Կարելի Կը Նկատէ Տնտեսական Բարեփոխման Եւ Ներգաղթի Միջոցով

Գագիկ Մինասեան Հայաստանի Բնակչութեան Թիւի Աճը Կարելի Կը Նկատէ Տնտեսական Բարեփոխման Եւ Ներգաղթի Միջոցով

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ 2 3 յունիսին լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի ելեւմտավարկային պիւտճէական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մինասեանը խօսեցաւ այն մասին, որ ժողովրդագրական պատկերը քրիստոնեայ երկիրներուն մէջ բաւական մտահոգիչ է, իսկ այս լուծման բանալին քրիստոնեայ աշխարհը տակաւին չէ գտած:Անորհամաձայն, փորձը ցոյց կու տայ, որ եթէ որեւէ քրիստոնեայ երկրի մէջ, ուր կայ նաեւ ոչ քրիստոնեայ հատուած, եւ աշխատանք կը տարուի...

Ստացուած Գիրքեր.  «Նախնական Եկեղեցու Մտքի Զարգացման Պատմական Պատկերը»  (Հեղինակ` Ներսէս Աւագ Քահանայ Ներսէսեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Նախնական Եկեղեցու Մտքի Զարգացման Պատմական Պատկերը» (Հեղինակ` Ներսէս Աւագ Քահանայ Ներսէսեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ Ներսէս աւագ քահանայ Ներսէսեանի «Նախնական եկեղեցու մտքի զարգացման պատմական պատկերը» հատորը, բաղկացած` 325 էջերէ: Գիրքը «Արմաշ», «Էջմիածին», «Հասկ», «Սիոն» եւ «Ջանասէր» հանդէսներուն մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւններու ժողովածու մըն է: Գիրքի առաջին մասը, «Համատես աւետարաններու կառուցուածքային յատկանիշերը», բաղկացած է տասներկու գլուխներէ: Ներսէս աւագ քահանայ կ՛ըսէ, որ համատես են Մատթէոսի, Մարկոսի...

Ստացուած Գիրքեր . Հոգեւոր Ծաղկաստան (Հեղինակ` Յարութիւն Ե. Տէր Պալեան)

Ստացուած Գիրքեր . Հոգեւոր Ծաղկաստան (Հեղինակ` Յարութիւն Ե. Տէր Պալեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի «Շիրակ» տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ Յարութիւն Ե. Տէր Պալեանի «Հոգեւոր ծաղկաստան»-ը, իբրեւ Քրիստոսով ապրուած հոգեւոր Սուրբ կեանքի ճշմարտութիւններու եւ օրհնութիւններու ծաղկեփունջ մը: Գիրքը բաղկացած է 237 էջերէ: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ Քրիստոսի խաչը Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին առանցքն է, կեդրոնը, ուրկէ կը բխի մարդկութեան փրկութեան, մեղքերու թողութեան, յաւիտենական կեանքին, երանութեան եւ այլ օրհնութիւններու աղբիւրը: Քրիստոսի խաչին վրայ կատարուած քաւութիւնով...

Գիտնականները Կը Պարզեն. Հայաստանի Եւ Արցախի Կիները Վերջին 8000 Տարիներու Ընթացքին Ծինային Տեսանկիւնէն Գրեթէ Չեն Փոխուած

Գիտնականները Կը Պարզեն. Հայաստանի Եւ Արցախի Կիները Վերջին 8000 Տարիներու Ընթացքին Ծինային Տեսանկիւնէն Գրեթէ Չեն Փոխուած

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Գիտնականները պարզած են, որ Հայաստանի եւ Արցախի կիները վերջին 8.000 տարիներու ընթացքին ծինային տեսանկիւնէն գրեթէ չեն փոխուած: «Քարընթ պայոլոճի» ամսագիրին մէջ հրապարակուած է համապատասխան հետազօտութիւնը, որ հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ «Սել Փրես»: «Մենք չենք կրցած որեւէ փոփոխութիւն յայտնաբերել կիներու ծինային ժառանգական տուեալներուն մէջ` շատ երկար ժամանակաշրջանի ընթացքին: Ատիկա չափազանց հետաքրքրական է, քանի որ այդ նոյն ժամանակաշրջանին տարածքը...

Page 21 of 35 1 … 20 21 22 … 35

Արխիւներ