Մշակութային եւ Այլազան

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Եկեղեցիներ Վերականգնող Ճարտարապետներու Պատուիրակութիւնը

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Եկեղեցիներ Վերականգնող Ճարտարապետներու Պատուիրակութիւնը

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ 22 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ եկեղեցիներու վերականգնման աշխատանքներ իրականացնող ճարտարապետներու պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին իտալահայ Արա Զարեանը, իտալացի Քրիսթին Լամուրը եւ Ալեքսանտր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան Ազգային թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Աշոտ Գրիգորեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց հայկական մշակութային...

Հայրենի Կեանք

«Եանքտեքս» Եւ «Ուպըր» Կը Միանան Հայաստանի Եւ 5 Այլ Երկիրներու

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ «Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ «Եանտեքս» եւ «Ուպըր» ընկերութիւնները որոշած են թաքսի պատուիրելու առցանց ձեռնարկութիւնները միաւորել Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Ղազախստանի մէջ: Երկու ընկերութիւններուն միացումով ստեղծուած կառոյցին մէջ «Ուպըր» պիտի ներդնէ 225 միլիոն տոլար, իսկ «Եանտեքս»` 100 միլիոն տոլար: Միաւորուած ընկերութիւնը կը գնահատուի 3,725 միլիառ տոլար: Գործարկութեան աւարտէն ետք ընկերութեան 59,3 տոկոսը պիտի պատկանի «Եանտեքս»-ի,...

Չինաստանի Մեքենաշինական Կազմակերպութիւնը Կ՛ուզէ Ներդրումներ Կատարել Հայաստանի Մէջ

Չինաստանի Մեքենաշինական Կազմակերպութիւնը Կ՛ուզէ Ներդրումներ Կատարել Հայաստանի Մէջ

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը 13 յուլիսին հանդիպում ոնեցած է Չինաստանի մեքենաշինական կազմակերպութեան Երեւան գտնուող պատուիրակութեան հետ: Նախարարին ներկայացուած է ընկերութեան հիմնական գործունէութիւնը շինարարութեան եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ` ելեկտրակայաններու, ջերմակայաններու, ջրակայաններու, շէնքերու եւ ճամբաներու կառուցում եւ շինարարութիւն: «Չայնա մաշինըրի էնճինիրինկ քորփորէյշըն»-ի ներկայացուցիչ Ճէյմս Տոնկ Սուրէն Կարայեանին յայտնած է, որ ընկերութիւնը հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ...

Հայաստանի Մէջ Աւելցած Է Պանդոկներու Թիւը. Որքա՜ն Շքեղ Սենեակներ Կան Հայաստանի Պանդոկներու Մէջ

Հայաստանի Մէջ Աւելցած Է Պանդոկներու Թիւը. Որքա՜ն Շքեղ Սենեակներ Կան Հայաստանի Պանդոկներու Մէջ

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Հայաստանի մէջ 2016-ին աշխատանք ծաւալած է տարբեր չափի եւ տեսակի 551 պանդոկ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, վկայակոչելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալները, անոնցմէ 302-ը կը գտնուի Երեւանի մէջ: 2014-ին պանդոկային համակարգին մէջ գործող կեդրոններու թիւը կը կազմէր 409, իսկ 2015-ին` 474: 2014-ի համեմատութեամբ, անոնց թիւը աւելցած է 142-ով, իսկ 2015-ի համեմատութեամբ` 77-ով: Նոյն ժամանակաշրջանին աւելցած է նաեւ պանդոկներու...

Մալալա Եուսուֆզայ Աւարտեց Դպրոցը

Մալալա Եուսուֆզայ Աւարտեց Դպրոցը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մալալա տարիներով պայքարեցաւ աշխարհի մէջ աղջիկներու ուսանելու իրաւունքին համար, այժմ յաղթահարած է իր դէմ ցցուած արգելքը եւ աւարտած` դպրոցը: Կիներու իրաւունքներու համար պայքարող փաքիստանուհի Մալալա Եուսուֆզայ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում նուաճած է հայրենիքին մէջ յանուն կիներու կրթութեան իրաւունքի եւ այլ անարդարութիւններու դէմ պայքարելով, տեղեկացուց, որ աւարտած է դպրոցը: 20-ամեայ իրաւապաշտպանը այս մասին յայտնած է թուիթըրեան...

Ստացուած Գիրքեր.  «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967) Կեանքի Մը Երաժշտացումը»  (Հեղինակ` Անդրանիկ Տագէսեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967) Կեանքի Մը Երաժշտացումը» (Հեղինակ` Անդրանիկ Տագէսեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայկազեան համալսարանի մամուլէն լոյս տեսաւ Անդրանիկ Տագէսեանի աշխատասիրած «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967) կեանքի մը երաժշտացումը» հատորը, բաղկացած` 669 էջերէ: Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ Բարսեղ Կանաչեան հայութեան յետ-եղեռնեան վերակերտումին, վերարտադրութեան տեսիլքին մասնակիցն է: Իր իսկ փափաքով Կոմիտաս վարդապետ զինք որդեգրեր էր, սակայն Եղեռնը անաւարտ ձգած էր ուսուցիչին յղկումի աշխատանքը: Տագէսեան կը շարունակէ ըսելով, որ Պէյրութի մէջ Կանաչեանի մատուցուած գործօններուն...

Ստացուած Գիրքեր. Թուրքիոյ Գեհենէն Տարագրութեան Յուշք Նամականի (Ականատես Վկայագրող` Տոքթ. Յովհաննէս Յակոբ Սրապեան)

Ստացուած Գիրքեր. Թուրքիոյ Գեհենէն Տարագրութեան Յուշք Նամականի (Ականատես Վկայագրող` Տոքթ. Յովհաննէս Յակոբ Սրապեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ «Թուրքիոյ գեհենէն տարագրութիւն յուշք նամականի» գիրքը, ականատես վկայագրող` տոքթ. Յովհաննէս Յակոբ Սրապեան: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է տոքթ. Հրայր Յովհաննէս Սրապեան: Յովհաննէս Սրապեան ծնած է 1899-ին, Խարբերդի մօտակայ Հիւսենիկ գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի բողոքականներու դպրոցին մէջ, որմէ ետք յաճախած է Խարբերդի Եփրատ քոլեճը: Հիւսենիկ գիւղին տարագրութիւնը սկսաւ 4 յուլիս 1915-ին: Ոստիկանները...

«Այֆոն» 10 Տարեկան. Ինչպէ՞ս Փոխեց Աշխարհը

«Այֆոն» 10 Տարեկան. Ինչպէ՞ս Փոխեց Աշխարհը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այֆոն 7 Էփըլի հիմնադիրներէն Սթիվ Ճոպս առաջին այՖոնը հրապարակեց Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ,  2007-ին: Տասը տարի առաջ յունիսի վերջին շաբաթը այՖոն-ը տարածուեցաւ Միացեալ Նահանգներու վաճառատուներուն մէջ: Թուղթի վրայ սարքը յատկանշական չէր, անիկա զուրկ էր 3Ճի. հաղորդակցական կապէն, որ սկսած էր չափանիշ դառնալ գրեթէ ամբողջ աշխարհի մէջ: ԱյՖոն-ի բարդը (պաթըրին) չէր կրնար 24 ժամ դիմանալ, եւ նկարչական սարքը հազիւ...

Ստացուած Գիրքեր.  Գալէմքեարեաններ –  Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ (Հեղինակ-Կազմող` Հրազդան Թոքմաճեան)

Ստացուած Գիրքեր. Գալէմքեարեաններ – Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ (Հեղինակ-Կազմող` Հրազդան Թոքմաճեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հալէպի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ» գիրքը, մեկենասութեամբ` Միմի եւ Արմէն Յարութիւնեաններուն: Գիրքը նուիրուած է հայոց Մեծ եղեռնի հարիւրերորդ տարելիցին: Հեղինակ-կազմող` Հրազդան Թոքմաճեան, խմբագիր` Սվետլանա Պօղոսեան: Գիրքը բաղկացած է հայերէն եւ անգլերէն բաժիններէ: Գալէմքեարեանները պղինձի եւ արծաթի մշակման մեծ վարպետներ եղած են Այնթապի մէջ: Աւանդութեան համաձայն անոնց նախահայրը` դերձակ Յակոբ Ջուղա քաղաքէն եղած է: Յակոբի...

Միս Հայաստան

Միս Հայաստան

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Պատմութիւն Արդէն քանի մը տարի է, որ Հայաստանի մէջ այլեւս չէր կազմակերպուեր «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան մրցումը: «Միս Հայաստան» մրցումը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 1996 թուականին, որմէ ետք որոշ ընդմիջումներով կազմակերպուած է մինչեւ 2012 թուական: Կը ներկայացնենք «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան տիտղոսը նուաճողները.   «Միս Հայաստան 2012» Աննա Առաքելեան: Ան այժմ կ՛աշխատի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ:   «Միս Հայաստան...

Ստացուած Գիրքեր.  «Լիբանանի Հայերը (Բ.) Գիտաժողովի Նիւթեր  (14 – 16 Մայիս 2014)»

Ստացուած Գիրքեր. «Լիբանանի Հայերը (Բ.) Գիտաժողովի Նիւթեր (14 – 16 Մայիս 2014)»

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայկազեան համալսարանի մամուլէն, հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի միջոցներով 2017-ին լոյս տեսաւ «Լիբանանի հայերը (Բ.) գիտաժողովի նիւթեր (14 - 16 մայիս 2014)» հատորը, բաղկացած` 365 էջերէ, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Հատորը երկրորդ գիրքն է կեդրոնի «Հայկական սփիւռք» մատենաշարին: «Հայ լիբանանեան դաշինքներ խաչակիրներու շրջանին» նիւթով հանդէս կու գայ Քլոտ Մութաֆեան: Ան կ՛ըսէ, որ ԺԱ. դարուն Կիլիկիոյ հայ իշխանները շփում...

1960-ականներուն  Հազարաւոր Պատանիներ Ինչո՞ւ Փախուստ Տուած Են Իրենց Տուներէն

1960-ականներուն Հազարաւոր Պատանիներ Ինչո՞ւ Փախուստ Տուած Են Իրենց Տուներէն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Պիթըլզ» խումբի «Շի՛զ լիվինկ հոմ» երգը կը ցոլացնէ 1960-ականներու վերջաւորութիւնը, երբ  հազարաւոր պատանիներ խոյս տուած են իրենց տուներէն` ապրելու համար ցնորական ընկերութիւններու մէջ (Utopian communities): «Պի.Պի.Սի.»-ի կայքը հրապարակած է Պենճամին Ռամի յետադարձ ակնարկ ընող յօդուածը, որ կը ներկայացնենք թարգմանաբար: Յիսուն տարի առաջ Բրիտանիոյ երգերու դասաւորման ցուցակին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց երգ մը, որ կ՛արտայայտէր ծնողներու մտավախութիւնները: «Պիթըլզ»...

Ստացուած Գիրքեր.  «Բարեւներ Այնճարէն» (Հեղինակ` Մովսէս Թ. Հերկելեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Բարեւներ Այնճարէն» (Հեղինակ` Մովսէս Թ. Հերկելեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2015-ին լոյս տեսաւ Մովսէս Թ. Հերկելեանի «Բարեւներ Այնճարէն» գիրքը, բաղկացած` 216 էջերէ: Նախաբանը, «Մուսալեռցի էր հայ ըլլալէ առաջ» խորագիրով,  գրած է Վարուժան արք. Հերկելեան: Ան կ՛ըսէ, որ պատմելու շնորհը Հերկելեանները ժառանգած են իրենց մուսալեռցի պապերէն: Գիրքը բաղկացած է Այնճարէն եւ այնճարցիներու կեանքէն առնուած շարք մը պատմուածքներէ: «Վարդանիկը» պատմուածքին մէջ կ՛ըսուի, որ հայերը զէնք ունեցած են 1890-ին...

Ստացուած Գիրքեր. Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը`  Սիմոն Սիմոնեան (Հեղինակ` Լեւոն Շառոյեան)

Ստացուած Գիրքեր. Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Հեղինակ` Լեւոն Շառոյեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Լեւոն Շառոյեանի հեղինակած «Լեռնականներու վերջին շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան» գիրքը, բաղկացած` 67 էջերէ: Հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան կը ներկայացնէ վաստակաշատ գրող, կրթական մշակ, գրահրատարակիչ, խմբագիր, մշակութային եւ հասարակական գործիչ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքին գլխաւոր փուլերը եւ անոր գրական ժառանգութիւնը: Խօսելով Սիմոնեանի պատրաստած հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մասին Շառոյեան կ՛ըսէ, որ սերունդներ իրենց անցեալի փառաւոր պատմութեան հետ հաղորդուեցան...

Ստացուած Գիրքեր. «Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Թոռներուն Մէջ Կը Շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Երկիր Երթալն Է Ճիշդ»  (Հեղինակ` Թորոս Թորանեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Թոռներուն Մէջ Կը Շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Երկիր Երթալն Է Ճիշդ» (Հեղինակ` Թորոս Թորանեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2015-ին լոյս տեսաւ Թորոս Թորանեանի «Մեծ եղեռնի նահատակներու թոռներուն մէջ կը շարունակուի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ երկիր երթալն է ճիշդ» գիրքը, բաղկացած` 45 էջերէ: Գիրքին առաջին մասը` «Մեծ եղեռնի նահատակներու թոռներուն մէջ կը շարունակուի Հայոց ցեղասպանութիւնը», պատմած է Յարութիւն Խորոզեան եւ խմբագրած Թորոս Թորանեան: Յարութիւն Խորոզեան, մարաշցի, թրքախօս ընտանիքի զաւակ, վկայութիւն կու տայ իր ընտանիքի գողգոթայի եւ...

Նամականի

Անդրադարձ. Վերյիշելով 1950-1970-ի Պէյրութը Եւ Շրջակայքը Գ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Փոքր բերդաքաղաք` պատմական Պէյրութը ունէր միայն շուրջ 240 հազար քառ. մեթր ուղղանկիւն տարածութիւն` արեւելքէն արեւմուտք շուրջ 400 մեթր լայնքով, իսկ հարաւէն հիւսիս, ծով` շուրջ 600 մեթր երկայնքով եւ ութ դարպասներով: Մօտաւորապէս այժմ Պիէլի վերածուած ու անհետացած Այն Մրէյսիի եւ Զէյթունիյէի ծովեզերքէն` Նորմանտի պանդոկի շրջանի Աւընիւ Ֆրանսեզէն մինչեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ, Կրանտ Թէաթր եւ Ազարիէ շէնքեր: 1870-ական Պէյրութ բերդաքաղաքէն...

Արհեստագիտական Նորարարութիւններ Եւ Լուրեր

Արհեստագիտական Նորարարութիւններ Եւ Լուրեր

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Համացանցի Մէջ Յայտնուած Է «Կալաքսի Նոթ 8»-ի Նկարը Համացանցին մէջ  հրապարակուած է հարաւքորէական «Սամսունկ» ընկերութեան ապագայ սմարթֆոնի` «Կալաքսի նոթ 8»-ի ենթադրեալ նկարը, որուն մէջ պատկերուած սարքը ներկայացուած կապոյտ գոյնով: Լուսանկարը կրկին կը հաստատէ տարաձայնութիւնները այն մասին, որ սմարթֆոնի «ԹաչԱյՏի»-ն տեղադրուած կ՛ըլլայ ոչ թէ ետեւի երեսին, ինչպէս «Կալաքսի էս7»-ի պարագային, այլ դիմացի երեսին` տիսփլէյի տակ: Կը սպասուի, որ...

Ստացուած Գիրքեր.  Ս. Վահագն (Գրիգոր Նալպանտեան)  (Հեղինակ` Եղիկ Ճերէճեան)

Ստացուած Գիրքեր. Ս. Վահագն (Գրիգոր Նալպանտեան) (Հեղինակ` Եղիկ Ճերէճեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ, «Հրասիրտները» մատենաշարով լոյս տեսաւ Եղիկ Ճերէճեանի «Ս. Վահագն» (Գրիգոր Նալպանտեան) գիրքը, բաղկացած` 222 էջերէ: «Հերոսի յարութիւնը» խորագրեալ նախաբանով հանդէս կու գայ Գրիգոր Ջանիբէկեան: Գիրքը բաժնուած է 12 գլուխներու: Առաջին գլուխով հեղինակը կը ներկայացնէ Ս. Վահագնի ծնունդը, պատանեկութիւնը եւ ընտանեկան միջավայրը: Գրիգոր Նալպանտեան ծնած է Սեբաստիա, 1872-ին, բազմանդամ եւ բարեկեցիկ գերդաստանի մը մէջ: Երկրորդ գլուխը յատկացուած է...

Ստացուած Գիրքեր. Հայ Գաղթականութիւնը Եւ Հայրենիք – Սփիւռք Կապերը 1918-1985 Թթ.  (Միջազգային Գիտաժողովի Զեկուցումներ)

Ստացուած Գիրքեր. Հայ Գաղթականութիւնը Եւ Հայրենիք – Սփիւռք Կապերը 1918-1985 Թթ. (Միջազգային Գիտաժողովի Զեկուցումներ)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2011-ին լոյս տեսաւ «Հայ գաղթականութիւնը եւ հայրենիք-սփիւռք կապերը 1918-1985 թթ. միջազգային գիտաժողովի զեկուցումները» հատորը, բաղկացած` 138 էջերէ: Գիտաժողովը տեղի ունեցած է 8-10 հոկտեմբեր 2010-ին, Ծաղկաձորի մէջ: Գիտական աշխատութիւններու ժողովածուն կը լուսաբանէ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականութեան վիճակը, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ 1918-1985 տարիներուն հաստատուած կապերը: Ներգաղթի, հայրենադարձութեան եւ Հայաստան - սփիւռք յարաբերութիւններուն կ՛անդրադառնայ պատմական գիտութիւններու...

Ստացուած Գիրքեր. «Սայաթ Նովա. Խաղեր»  (Խմբագիր` Թովմաս Պօղոսեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Սայաթ Նովա. Խաղեր» (Խմբագիր` Թովմաս Պօղոսեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ, «Սայաթ Նովա» մշակութային միութեան միջոցներով լոյս տեսաւ «Սայաթ Նովա. խաղեր» հատորը, բաղկացած` 67 էջերէ: Խմբագիր` Թովմաս Պօղոսեան: «Մի խօսք ունեմ» ներածականով Թովմաս Պօղոսեան կ՛ըսէ, որ Սայաթ Նովա հայ ժողովուրդի մեծ զաւակներէն է. անոր սքանչելի արուեստով ապրած է ու կ՛ապրի մեր ժողովուրդը եւ հպարտութեամբ կրնայ ներկայացնել համամարդկային քաղաքակրթութեան: Պօղոսեան կը շարունակէ ըսելով, որ ինչպէս հայ աշուղական երգը,...

Page 22 of 35 1 … 21 22 23 … 35

Արխիւներ