ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
100-ամեայ Երթ Մը` Տարօն-Տուրուբերանի
Հայրենակցական Միութիւնը
Պատկառելի տարիք մը բոլորած մեր հայրենակցական միութիւններու խմբակին գլուխը պէտք է դնել Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւնը:
Անիկա ներկայիս գործօն մասնաճիւղեր ունի Լոս Անճելըսի, Հալէպի, Պէյրութի (Սասնոյ հայրենակցական միութիւն անուան տակ) եւ Ֆրանսայի մէջ: Երեւանի մէջ կայ Սասուն-Տարօն հայրենակցական միութիւն մը: Այս բոլորին կողքին, վերջին տարիներուն, Տարօնի, Մշոյ կամ Սասունի անունով ընկերակցութիւններ հիմնուեցան Թուրքիոյ մէջ ալ (Պոլիս եւ գաւառ)` համախմբելով թրքախօս, քրտախօս ու կրօնափոխ տարօնցիները, որոնք հիմա իրենց ինքնութեան եւ արմատներուն վերադառնալու բուռն ձգտումը ունին: Այս ընկերակցութիւնները մէկ կողմէ կ՛ուզեն փրկել Տարօնի նիւթական հարստութիւններէն մնացած չնչին մասնիկներ (հին գերեզմանատուն մը, աւերակ վանքի մը մնացորդները եւ այլն), միւս կողմէ ալ` կապ ու շփում կը փափաքին հաստատել Հայաստանի հետ:
2017-ն յոբելենական թուական մըն է Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան համար, որովհետեւ ան կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, ինչ որ փառաւոր ու նշանակալից փուլ մըն է անշուշտ:
Նախ դիտել տանք, որ այս միութեան երդիքին տակ համախմբուած են գլխաւորաբար ՍԱՍՈՒՆՑԻՆԵՐԸ, աւելի ճիշդ` սասունցիներու շառաւիղները, բայց նաեւ` մշեցիներ, պիթլիսցիներ, խնուսցիներ, ախլաթցիներ, մանազկերտցիներ, սղերդցիներ, պշերիկցիներ:
Միութիւնը հիմնուած է 1917-ին, Միացեալ Նահանգներու Կրանիթ Սիթի քաղաքին մէջ (Իլինոյ նահանգ): Երեք անձեր` Արիս Տէր Իսրայէլեան (Էջմիածնայ Գէորգեան ճեմարանի երբեմնի ուսանողներէն), Հայկ Մալոյեան եւ Հրանդ Փարիզեան, երեքն ալ` Եղեռնէն առաջ Ամերիկա գաղթած տարօնցիներ, նախաձեռնողներն ու բուն հիմնադիրները կը նկատուին այս միութեան:
Երկու տարի ետք, 1919-ին, Էքրըն քաղաքին մէջ (Օհայօ նահանգ) գումարուած է նորակազմ միութեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, եւ որ մշակած ու վաւերացուցած է հայրենակցական այս մարմինին ծրագիր-կանոնագիրը, ընտրած է կեդրոնական վարչութիւն` Ֆրեզնոն նստավայր յայտարարելով: Հետզհետէ մասնաճիւղեր սկսեր են կազմուիլ Ամերիկայի հայաշատ նահանգներուն մէջ ու Քանատա, նաեւ` Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Պուլկարիա, Յունաստան ու Ֆրանսա:
Շատ տպաւորիչ ու խորիմաստ է Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան զինանշանը, որ մտայղացուած է 30-ական թուականներուն:
Հոն կը տեսնենք Տարօնի թեւաբաց արծիւը` ժայռէ բարձրադիր պատուանդանի մը վրայ կանգնած: Մագիլներուն մէջ ունի ուղղահայեաց մերկ սուր մը, որուն բռնակոթին տակ ամրօրէն սեղմած է օձի մը մարմինը` զայն երկուքի բաժնելէ ետք: Իսկ պատուանդանին վրայ գրաբարով արձանագրուած է դարերու խորքէն եկող «Մամիկոնէից ուխտ»-ը, որ կ՛ըսէ. «Քաջութեամբ մեռցուք ի վերայ աշխարհիս մեր եւ ի վերայ ազգիս մեր, եւ մի տեսցեն աչք մեր կոխան ոտից պղծալից լեալ զսրբարանս մեր» (թարգմանութիւնը` քաջութեամբ մեռնինք մեր աշխարհին ու մեր ազգին համար, եւ թող մեր աչքերը չտեսնեն մեր սրբարաններուն ոտնակոխ ըլլալն ու պղծուիլը):
Կը թուի, թէ միութիւնը իր ամէնէն եռանդուն ու նախանձելի շրջանը ապրեր է 30-ական ու 40-ական թուականներէն ետք, մինչեւ 60-ականներ: Ասիկա այն ժամանակաշրջանն է, երբ սփիւռքահայ տարածքին կարելի էր համրել մեծաթիւ տարօնցի մտաւորականներ, որոնք ո՛չ միայն կը պանծացնէին Տարօնի անունը, այլեւ առանցքային դեր կ՛ունենային գաղութներու գրական-մշակութային ընդհանրական կեանքին մէջ:
Օրինակ, Պէյրութի մէջ կը գործէին Կարօ Սասունին, «Ազդարար»-ի խմբագիր Մանուկ Ասլանեանը, Սիմոն Սիմոնեանը` իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթով, Հմայեակ Գրանեանը, Եդուարդ Տարօնեանը, Օննիկ Սարգիսեանը, «Յեղափոխական ալպոմ»-ի հրատարակիչ Աւոն, Գէորգ Աճեմեանը, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը եւ այլք: Հալէպի մէջ էին Մկրտիչ Ա. քհնյ. Մուրատեանը, տոքթ. Գարեգին Երէցեանն ու Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Իրաքէն յիշենք Լեւոն Գարմէնը, Պոլսէն` Նարոյեան Մեսրոպ պատրիարքը, գրագէտ-ուսուցիչ Արփիար Տէր Մարգարեանն ու տոքթ. Պաղտասար Մանուէլեանը: Ամերիկայի մէջ էին` գրագէտ Սմբատ Շահնազարեանը, Անուշ Գրիգորեանը, բժ. Արմենակ Ալիխանեանը, Սուրէն Ա. քհնյ. Բաբախեանը, Եղիշէ Մելիքեանը, Աղան Տարօնեցին, Գեղամ-Գեղակը եւ ուրիշներ: Ֆրանսայի մէջ կրթական ու գրական աշխատանքի լծուած էր Մխիթարեան հայրերէն Սահակ վրդ. Տէր Մովսէսեանը:
Հայրենակիցներու այսքան պատկառելի հոյլի մը դիմաց` Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւնը կրնա՞ր ինքզինք հպարտ ու ամուր չզգալ:
Տասնամեակներ ետք, ա՛յսօր, տխուր է անդրադառնալ` որ այս զմայլելի սերունդը իր յաջորդները չունեցաւ: Հրապարակը ամայացաւ կատարելապէս…
Այդ երանելի տարիներուն է նաեւ, որ լոյս ընծայուեցաւ «Տարօնի Արծիւ» պարբերականը` որպէս միութեան պաշտօնաթերթ կամ իբրեւ «Օրկան տարօնական ոգիի»:
«Տարօնի Արծիւ»-ով կարծէք կը վերայայտնուէր ԺԹ. դարու կէսերուն Խրիմեանի ու Սրուանձտեանցի կողմէ Մշոյ Ս. Կարապետի վանքին տպարանէն թռիչք առած «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթը:
Առ այսօր, հայ մամուլով զբաղող մեր բանասէրները դեռ ամբողջական լուսարձակ չեն բացած այս հետաքրքրական պարբերաթերթին վրայ, որուն Ա. թիւը հրապարակ հանուեցաւ 1938 ապրիլին, ՍոՖիայի մէջ (Պուլկարիա): Տարի մը անց, «Տարօնի Արծիւ»-ը ճեղքելով Ատլանտեան ովկիանոսը` ճախրեց դէպի Ամերիկա, իսկ անոր վերջին մէկ թիւը տպուեցաւ Հալէպ, 1952-ին:
Հայրենակցական այս պարբերաթերթին առաջին տարուան (12 թիւեր) խմբագիրը Հայկ Ասատրեանն էր (1900-1956), պուլկարաբնակ տարօնցի փայլուն մտաւորական մը, որ 1944-ին, երկրին համայնավարացումի օրերուն, շատերու նման ի՛նք եւս ձերբակալուելով` տասը տարի բանտարկուեցաւ խորհրդային արգելարաններու մէջ:
Երբ «Արծիւ»-ը Նիւ Եորք փոխադրուեցաւ, 1940-ին, խմբագրի պաշտօնը ձեռնհասօրէն ստանձնեց բժ. Արմենակ Ալիխանեանը (1890-1977): Ան բնիկ մշեցի էր ու իր հայագիտական պաշարը ստացած էր Վենետիկ, Մխիթարեաններու մօտ: Կանոնաւոր աշխատակիցն էր Պոսթընի «Հայրենիք»-ին` «Մուսասիրցի» գրչանունով:
Պարբերաթերթին յաջորդ խմբագիրները եղան, 1945-էն սկսեալ, նախ` Գեղամ- Գեղակ (Գէորգեան) եւ ապա` Սմբատ Շահնազարեան (1895-1985), երկուքն ալ` բնիկ մշեցի գրչի սպասաւորներ: Իսկ Հալէպ տպուած վերջին թիւը, 158 էջանի բովանդակալից հանդէս մը, խմբագրուեցաւ սասունցի դաստիարակ եւ ուսուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանի (1918-2002) կողմէ:
Միով բանիւ` «Տարօնի Արծիւ»-ը գոյատեւեց 14 տարի, որոշ ընդհատումներով եւ 32 թիւերու (ոմանք` միացեալ) հանրագումարով: 1952-էն ետք պարբերաթերթը վերակենդանացնելու ցանկութիւնն ու փորձերը մնացին ապարդիւն:
«Տարօնի Արծիւ»-ի սկզբնական շրջանին հետ սերտօրէն կ՛առնչուի այն գաղափարական շարժումը, որ ծանօթ է «Տարօնականութիւն» անունով, եւ որուն մասին առանձին ուսումնասիրութիւններ հրատարակուեցան Հայաստանի մէջ, Մուշեղ Լալայեանի կողմէ, 90-ականներուն:
Թէ՛ «Տարօնի Արծիւ»-ի առաջին տարուան թիւերով եւ թէ՛ Փլովտիւի «Ռազմիկ» թերթին (1937-44) ճամբով, կարճ շրջան մը գաղութներու մէջ լայն տարածում գտած այս շարժումին հիմնական գաղափարախօսներն էին` Հայկ Ասատրեան, Ներսէս Աստուածատուրեան, Արիս Տէր Իսրայէլեան եւ Գարեգին Նժդեհ: Այս անուններէն առաջին երեքը տարօնցի էին, իսկ Նժդեհ, ինչպէս ծանօթ է, Նախիջեւանի գաւառէն էր:
Շարժումը ունէր ազգային հոգեվերանորոգչական յախուռն շեշտ մը ու շատ նման էր 30-ական թուականներուն Նժդեհի ղեկավարած Ցեղակրօն ուխտին:
«Տարօնականութիւն»-ը բացարձակապէս «տարօնցիութիւն» չէր նշանակեր. այսինքն Տարօնի գերակայութիւնը չէ՛ր շեփորեր` Հայաստանի միւս նահանգներուն նկատմամբ, այլ կը ջանար ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆԱՑՆԵԼ Տարօն աշխարհին մէջ ստեղծուած յաւիտենական արժէքները:
– Տարօնը թէ՛ հեթանոսական Հայաստանի եւ թէ՛ քրիստոնեայ Հայաստանի հոգեւոր գլխաւոր կեդրոնն էր:
– Տարօնի մէջ ստեղծուած էր «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը:
– Տարօնի ծնունդ էին հայ դպրութեան երկու հսկաները` այբուբենի գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոցն ու պատմահայր Մովսէս Խորենացին:
– Տարօնը ծննդավայրն ու բնօրրանն էր հայոց ռազմուժի ասպետներուն` Մամիկոնեաններուն:
– Տարօնը արեւմտահայ ազատագրական պայքարի հնոցն էր, ուր թրծուած էր փաղանգը մեր անմահանուն հայդուկներուն:
Բայց այսպիսի ինքնուրոյն գաղափարախօսութիւն մը հաշտ աչքով չդիտուեցաւ կարգ մը թերթերու կամ հանրային գործիչներու կողմէ, նոյնիսկ սխալ մեկնաբանուեցաւ: Փարիզի «Վէմ» հանդէսին մէջ (1938, թիւ 22) Սիմոն Վրացեան հակադրուեցաւ անոր բացայայտօրէն: Յետոյ արդէն շարժումը խամրեցաւ, որովհետեւ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւնն իսկ պաշտօնապէս հրաժարեցաւ (կամ հարկադրուեցաւ հրաժարիլ) անոր յենարան դառնալէ:
Միութիւնը իր փառքի օրերուն զարկ տուաւ հրատարակչական աշխատանքներու ալ: Հալէպի մէջ լոյսին բերուեցան «Սասուն» եւ «Տարօն» տարեգիրքերու մէկական թիւեր (1948\1949), իսկ Կեդր. վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 1957-ին Պէյրութի մէջ հրատարակուեցաւ «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի» ծաւալուն հատորը` Կարօ Սասունիի խմբագրութեամբ: Անկէ առաջ նոյն վարչութեան հովանիով հրատարակուած էին նաեւ մշեցի վաղամեռիկ գրող Գալուստ Անդրէասեանի «Ամբողջական գործեր»-ը (Պէյրութ, 1951), Հ. Համազասպ Ոսկեանի «Տարօն-Տուրուբերանի վանքերը» (Վիեննա, 1953) եւ երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեանի տարօնցիներու ձօնած «Լուսաբերդ» հատորը (Փարիզ, 1956):
Միութեան վերջին հրատարակութիւններէն մէկն է, հաւանաբար, Սմբատ Շահնազարեանի «Մշոյ բարբառը եւ իր ժողովուրդին դիմաստուերը» ժողովածուն (Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1972):
(Շար. 2)