ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Պօղոս Սնապեանի «Գիրքերու հետ» գրախօսականներ Ա. հատորը, բաղկացած` 191 էջերէ: Հատորը լոյս կը տեսնէ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ քահանայ Լաքիսեանի մեկենասութեամբ: Գիրքը ձօնուած է Պօղոս Սնապեանի ծննդեան 90-ամեակին: Խմբագրական աշխատանքը եւ սրբագրութիւնը կատարած է Թամար Սնապեան-Սուրճեան:
Նշան Պէշիկթաշլեանի «Մոմիաներ» գիրքի հրատարակութեան առիթով գրած իր գրախօսականին մէջ Պօղոս Սնապեան կ՛ըսէ, որ քննադատ մըն է երգիծաբանը բառին լաւագոյն առումով: Արուեստի, գիտութեան, ընկերային եւ հոգեբանական հարցերուն, օրէնքներուն լաւատեղեակ ներկայացուցիչն է տակաւին ան: Հմտութիւն, քննադատական միտք, սրամիտ կարողութիւն եւ զուարթ ոճ մը: Ասոնք են երգիծաբանին բնորոշ տարրերը: Ամենատես աչք մը ունի Պէշիկթաշլեան եւ ամենահաս միտք մը: Բացատրութիւններ ունի Պէշիկթաշլեան, որոնք կը հիացնեն, նոր բառեր կը կերտէ, որոնք հորիզոններ կը բանան ընթերցողին առջեւ, սրամտութիւններ կ՛ընէ, որոնք կը դիմանան:
Արամ Հայկազի «Ցեղին ձայնը» գիրքին մասին Սնապեան կ՛ըսէ, որ Արամ Հայկազի գրականութիւնը կը քալէ իր անձին հետ: Կը սկսի գիւղէն, ատեն մը կանգ կ՛առնէ «Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» եւ ապա խարիսխ կը նետէ Ամերիկա: Մեր ժողովուրդին հետ սերտօրէն կապ ունեցող յիշեալ միջավայրերէն վկայութիւններ տուած է անիկա: Իր գիրքերը վկայարաններ են այդ ուղղութեամբ: Առանց ծրագիրի գրող մըն է Արամ Հայկազ: Արուեստէն առաջ կեանքին մասին կը մտածէ ան ու իր տուած կեանքին մէջ կը մոռցնէ ընթերցողին արուեստի պահանջը:
Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով»-ի Ա. հատորի հրատարակութեան առիթով Սնապեան կը գրէ, որ «Կեանքի ուղիներով»-ը իր խորքով յուշագրութեան կալուածին մէջ կ՛իյնայ, բայց ձեւով մը կը մօտենայ գեղեցիկ դպրութեան: Մանկութեան, երիտասարդութեան ու հասուն տարիքի ապրումներով ողողուած կենսագրավէպ մըն է հատորը: Անոր մէջ կայ Հայաստանը մեր տարագիր սրտերը լեցնող երեւոյթներով, մեր արիւնը խռովող պատկերներով: Հայաստանի, Հայաստանի փառքը կազմող մշակութային դէմքերուն, Հայաստանի համար անկրկնելի քաջերուն եւ անոր կարօտովը տոչորող պանդուխտ հայերուն յուշարձանն է «Կեանքի ուղիներով»-ը:
Արսէն Երկաթի «Եգիպտականք» գիրքի հրատարակութեան առիթով Սնաապեան կ՛ըսէ, որ Արսէն Երկաթ կը հաշուըուի սակաւաթիւ այն անձերէն, որոնք կ՛ապրին արուեստագէտին ճշմարիտ կոչումով` «ապրելով»:
Կ՛երկնէ առանց չորս դին նայելու, մարդերէն բան մը սպասելու: Կը տառապի տալիքին հաշուոյն: Առանց դափնեպսակի ակնկալութեան եւ մանաւանդ առանց մարդոց ժլատութենէն յուսաբեկելու` երգած, վաստկած մարդն է ան, որ կը շարունակէ իր տպաւորութիւններն ու տեսիլքները թուղթին յանձնել, երբեմն արձակով, երբեմն յանգով ու երբեմն առանց յանգի ու չափի բռնութեան:
Մատթէոս Զարիֆեանի «Ամբողջական գործեր»-ու հրատարակութեան առիթով Սնապեան կը գրէ, որ Զարիֆեան նուրբ զգացումներ քնարերգող բանաստեղծ մըն է: Կեանքը ընդգրկելու ատեն այդքան չենք կրնար նրբանալ հիմա: Ծովուն, ծառերուն, ծաղիկներուն ու աղջիկներուն նայելու քնարական այդ տրամադրութիւնը կը պակսի մեզի: Աւելի խուճապային է մեր հոգին: Աւելի տենդոտ է մեր առօրեան եւ իրերուն ու բնութեան նրբութիւնները հետախուզելու արարքներուն փոխարէն, ընդհանուր մարդկութեան հետ, նետուած ենք մարդուն ճակատագիրը լուծելու գաղափարական յորձանապտոյտի մը մէջ: Այդ հարցերը ընդգրկող բանաստեղծները միայն կրնան գրաւել մեր հոգիները:
Վահրամ Մավեանի «Յամեցող վերադարձին» ակնարկելով Սնապեան կ՛ըսէ, որ խոստումէ մը աւելին բերող երիտասարդ մըն է «Յամեցող վերադարձ»-ին հեղինակը: Շիտակ կը գրէ մեր լեզուն: Նուրբ է իր ճաշակը եւ հիւանդագին ըլլալու աստիճան զօրաւոր է իր բծախնդրութիւնը իր մէջ: Ոտանաւորները կը կառուցանէ հազիւ զգալի նուաղումներով:
Նշան Պէշիկթաշլեանի «Լուսաբերդ»-ին գծով Սնապեան կ՛ըսէ, որ «Կռուող կրօնականներուն», «սարսափ սփռած հռչակ» ունեցողներուն, «հրեշտակային հոգիով եւ սադայէլական գործունէութեամբ» կտրիճներուն, «գայլամարդերու որսորդ» քաջերուն հոգեկան ճառագայթներով կառուցուած գիրք մըն է «Լուսաբերդ»-ը: Տարօնի գերընտիր զաւակներուն յուշարձանը:
Կարօ Սասունիի հեղինակած «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի» գիրքին հրատարակութեան առիթով Սնապեան կ՛ըսէ, թէ որ գլուխէն ալ որ սկսինք, որ մասին վրայ ալ որ կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը, որքան ալ զեղչեր կատարենք, մեր հետաքրքրութեան սահմաններէն մասեր դուրս ձգենք եւ կարեւորներուն մէջ կարեւորագոյնին միայն անդրադառնալու որոշում տանք` դարձեալ կարելի չէ պարփակուիլ տրամադրելի էջերուն սահմանին մէջ:
Արամ Հայկազի հեղինակած «Շապին Գարահիսար ու իր հերոսամարտը» գիրքին հրատարակութեան առիթով Սնապեան կը գրէ, որ տասնհինգամեայ տղայ մըն էր Արամ Հայկազ երբ սկսաւ Շապին Գարահիսարի դիւցազնամարտը եւ յիսունը անց է` երբ գրեց անոր պատմութիւնը: Այդ երկար տարիներու ընթացքին ոչինչ փոխուած է, ոչինչ տժգունած է, ոչ մէկ յիշատակ աղօտած է իր հոգիին ու գրիչին տակ:
Նշան Պէշիկթաշլեանի «Հրաշագործ հայը» գիրքին մասին Սնապեան կը գրէ, որ սպանդի օրերուն որբացած, անապատը տեսած եւ Սուրիոյ որբանոցներուն մէջ ատեն մը պատսպարուելէ ետք Արեւմուտք անցած, յաջողած, հարստացած, բայց իրենց հոգիներուն մէջ ծննդավայրին կարօտը անմար պահած հայերուն մէկ տիպարն է «հրաշագործ հայը»: «Հրաշագործ հայը» արարքներ գործելէ աւելի, թուրքին թրքօրէն վայրագ բարքերը կը նկարագրէ:
Եդուարդ Պօյաճեանի «Թուղթ առ զաւակներուս» գիրքին հրատարակութեան առիթով Սնապեան կը գրէ, որ հայր մըն է այս «թուղթ»-ին հեղինակը, առաւել` հայ մարդ մը, առաւել` ուսուցիչ մը, եւս առաւել` գրագէտ մը եւ աշխարհը ալեկոծող հարցերուն դիմաց առաւելագոյն անձկութեան մատնուած անձկագին մարդու մը կանչը:
Արսէն Երկաթի «Քերթուածներ»-ուն անդրադառնալով Սնապեան կ՛ըսէ, որ շուտ ներշնչուող եւ իր ներշնչումը շատ շուտ գրի առնող բանաստեղծ մը ճանչցուած է Արսէն Երկաթ: Խաղաղածուփ են անոր երգերը եւ պայծառ: Կրակ չեն ու չեն շիկնեցներ, բայց մեր «առօրեայ» կոչուած ձմեռուան ու ցուրտին վրայ երազաբեր ջերմութեան յաղթանակ մըն են անոնք:
Կարօ Փօլատեանի «Զրոյց»-ին անդրադառնալով Սնապեան կ՛ըսէ, որ գրական, իմացական, պատմական հարցերուն առնչութեամբ իր մէջ գոյացած հարցականներուն ու թնճուկներուն ըստ ամենայնի լուծում մը տալու շահագրգռութեամբ ճամբայ կ՛ելլէ Փօլատեան եւ զրոյցի կը նստի համապատասխան մարզերուն մէջ հռչակ շինած լուսաւոր դէմքերուն հետ: Փօլատեան առած է իր հերոսները հիացումով ու յափշտակութիւններով կազմուած շրջանակէ մը ներս ու համարեա՛ վիպական մթնոլորտի մէջ կը վազցնէ զանոնք էջերուն վրայ, անոնց ետեւէն հեւ ի հեւ տանելով ընթերցողը:
Բիւզանդ Թօփալեանի «Արձանագիր»-ին մասին Սնապեան կը գրէ, որ անոր բոլոր բանաստեղծութիւնները կ՛ընթանան հակասութիւններով: Կառուցում եւ փլուզում: Ոճիր եւ արդարութեան ծարաւ: Առատութիւն եւ աւեր: Բռնութիւն եւ անկաշառ մտածում: Լոյս եւ ստուեր: Սպանդ ու ապրելու յամառութիւն: Գիտութիւն ու շփոթ: Իրականութենէն վերցուած այս շաղախով կը սկսի կառուցանել իր քերթուածները եւ իր անձի` մտածումներուն եւ զգացումներուն մասնակցութեամբ կը շինէ աշխարհ մը, որ կը բռնէ ընթերցողը եւ շատ մը կէտերու վրայ կը կապէ իրեն:
Մուշեղ Իշխանի «Ոսկի աշուն», «Հացի եւ սիրոյ համար», եւ «Ողջոյն քեզ կեանք» գիրքերուն հրատարակութեան առիթով Պօղոս Սնապեան կը գրէ, որ «Ոսկի աշուն»-ը, իր մեծ մասով, սփիւռքի մեր ապրումներէն բիւրեղացած վկայութիւններ կը բերէ եւ կը նուիրագործէ խառնուածք մը: «Հացի եւ սիրոյ համար»-ին էջերուն մէջ միայն գոհունակութեամբ ու ապրումով կը հետեւինք արձակագիր Մուշեղ Իշխանին: Իսկ «Ողջոյն քեզ կեանք»-ը պատասխանի մը, վէճի մը բնոյթը ունի եւ խարսխուած է լաւատեսութեան մը վրայ:
Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» գիրքին անդրադառնալով Սնապեան կը գրէ, որ սրտոտ, խելացի, հնարամիտ, ըմբռնելու եւ կիրարկելու գործողութիւններուն մէջ արագ, կարգապահ ու գաղտնապահ Արշաւիր Շիրակեան եղաւ ահաբեկչական գործին ամբողջական մարդը, որ ճիշդ ժամանակին երեւցաւ հայ կեանքին մէջ եւ գործեց ճիշդ ժամանակին:
Զարեհ Որբունիի «Եւ եղաւ մարդ» գիրքին մասին Սնապեան կը գրէ, որ գրագէտի արիութեան տէր գրող մըն է Որբունին եւ շնորհիւ այդ յատկութեան` ան կը պատռէ բարութեան, ազնուութեան, քաւութեան եւ այլ առաքինութիւններով բեմ եկող մարդոց պատմուճանները, կ՛որոնէ իւրաքանչիւր մղումի ակունքը, կը տարրալուծէ շարժառիթները եւ համոզիչ արարքներու թուումով կը ցուցաբերէ անոնց ներքին իրականութիւնը:
Համաստեղի «Քաջն Նազար եւ 13 պատմուածքներ» գիրքին հրատարակութեան առիթով Սնապեան կը գրէ, որ հատորին ե՛ւ մթնոլորտը, ե՛ւ հերոսները բաղկացած են երկու տարբեր կլիմաներէ: Առաջինը` երկիրն է ու երկրի մարդը, երկրորդը` Ամերիկան է ու ամերիկացին: Հողին կապուած ու հայկական բարքերով ամուր կառչած նախանձախնդիր, հաստատ նկարագրով մարդեր են բոլորն ալ, տրուած` մեծ վարպետութեամբ: Մարմնով Ամերիկա ու հոգիով հայրենիք ապրող տարագիրներ են անոնք: Համաստեղ կարդալով` մարդ անգամ մը եւս կը գիտակցի, թէ իրապէ՛ս իմաստ մը ունի գրականութիւնը:
Իսկ Համաստեղի «Այծետոմար եւ ուրիշ բանաստեղծութիւններ» գիրքին անդրադառնալով Սնապեան կ՛ըսէ, որ «Այծետոմար»-ին մէջ այծ չկայ եւ ոչ ալ խաչ կայ: Կայ մարդը միայն, առեղծուածային իր յաւիտենական նկարագիրով, միջավայրէ միջավայր, խառնուածքէ խառնուածք, արիւնէ արիւն տարբեր մարդը, խաղաղ, բռնակալ, շինարար, արիւնարբու:
Բիւզանդ Կռանեանի «Հայկական կատակերգութիւն» գիրքի հրատարակութեան առիթով Սնապեան կ՛ըսէ, որ անցեալին, պատմութենէն, աւանդութիւններէն փոխանցուած ժառանգութիւններուն, եւ նոր իրականութենէ բխած զգայնութիւններուն բախումը իրենց հոգիներուն ուժգնօրէն ապրող սերունդին պատմութիւնն է վէպը:
Արամ Հայկազի «Պանդոկ»-ին մասին Սնապեան կը գրէ, որ հեղինակին յայտնաբերած տիրական յատկանիշը «Ցեղին ձայն»-ին հաղորդած որակն է, որ մեր պատմութեան վերիվայրումներուն հետ ունի յարաբերական ելեւէջ մը. խաղաղ, շինարար, արդար մարդու մեղեդի է մերթ անիկա, անիրաւուած, աքսորուած, ջարդուած բազմութիւններու ողբ, ապրելու իրաւունքը կեանքին պարտադրած, յաղթանակած, դրօշակ պարզած հրաշագործներու որոտընդոստ աղաղակ:
Իսկ Յակոբ Օշականի «Ծակ պտուկը», «Հաճի Մուրատ» եւ «Հաճի Ապտուլլահ» գիրքերուն մասին Սնապեան կը գրէ, որ այս երեք վէպերուն մէջ տեսարան եկած են երկու ժողովուրդներ, հայն ու թուրքը, իրենց բոլոր երեսներով, զգայնութեանց ստոյգ տարբերացումներով ու նրբերանգներու ապշեցուցիչ առատութեամբ: