Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր . Հոգեւոր Ծաղկաստան (Հեղինակ` Յարութիւն Ե. Տէր Պալեան)

July 19, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի «Շիրակ» տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ Յարութիւն Ե. Տէր Պալեանի «Հոգեւոր ծաղկաստան»-ը, իբրեւ Քրիստոսով ապրուած հոգեւոր Սուրբ կեանքի ճշմարտութիւններու եւ օրհնութիւններու ծաղկեփունջ մը: Գիրքը բաղկացած է 237 էջերէ:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ Քրիստոսի խաչը Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին առանցքն է, կեդրոնը, ուրկէ կը բխի մարդկութեան փրկութեան, մեղքերու թողութեան, յաւիտենական կեանքին, երանութեան եւ այլ օրհնութիւններու աղբիւրը: Քրիստոսի խաչին վրայ կատարուած քաւութիւնով է որ մենք հաւատքով մեղքերու թողութիւն եւ վստահութիւն կ՛ունենանք, Աստուծոյ որդիներ, Աստուծոյ ժառանգ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ կը դառնանք:

Յարութիւն Տէր Պալեան կը շարունակէ ըսելով որ փիլիսոփայութիւնը, մշակոյթը, դպրոցը, ուսուցումը, դաստիարակութիւնը չկրցան իրենց վարդապետութիւններով բարելաւել մարդը եւ բարձրացնել զայն իր ինկած վիճակէն, յոռի բնութենէն, նկարագիրէն:

Տէր Պալեան կը նշէ, որ արդարացումը ներումէ, թողութենէ, մաքրագործումէ աւելի բան մըն է: Ներումը ժխտական կողմն է, այսինքն` մեր մեղքերը մէկդի դրուած են, կարծես թէ մենք մեղք չենք գործած: Իսկ  արդարացումը դրական է: Քրիստոսի արիւնը զօրութիւնը ունի խղճմտանքը մաքրելու մեռած գործերէն:

Այնուհետեւ հեղինակը կ՛ըսէ, որ հոգեւոր կեանքի մէջ դասընթացք մը կայ, պարզ եւ խորունկ, զայն պէտք է լաւ սորվիլ յառաջանալու համար: Ասիկա խոնարհութեան, անձը ուրանալու դասն է: Բազմաթիւ հաւատացեալներ, սուրբեր, այս դասընթացքով հոգեւոր կեանքի բարձունքները հասած են: Ասիկա բանալին է հոգեւոր կեանքի յաղթութեան եւ յաջողութեան: Ասիկա հոգեւոր կեանքի խորունկ վիճակ մըն է, ինքզինք ուրանալու, անտեսելու, ոչնչանալու, ունայնանալու փորձառութիւնը:

Յարութիւն Տէր Պալեան կ՛ընդգծէ ըսելով որ Աստուած հայ ազգը ընտրած է իր փառքին համար: Աստուած մեծ նպատակներ ու ակնկալութիւններ ունի հայ ազգէն: Հայ ազգը պարտաւորութիւն ու պատասխանատուութիւն ունի Քրիստոսի հնազանդելու: Տէրը օժտած է հայ ազգը տաղանդներով: Աստուած մեզի շնորհներ, օրհնութիւններ, պարգեւներ պատրաստած, երբ զինք սիրենք եւ իր խօսքին համեմատ ապրինք: Հայ ազգը զարդարուած է անուանի, նուիրական, սուրբ հայրապետներու, սուրբերու շառաւիղներով` Լուսաւորիչի, Մեսրոպի, Շնորհալիի, Նարեկացիի եւ այլ պատուական սուրբերով: Վկայ են մեր սուրբերը, որոնք մարգարէացան, պատերազմեցան իրենց հաւատքին համար, հեթանոս, կռապաշտ թագաւորութիւններու դէմ, եւ յաղթական` մեզի աւանդեցին իրենց սուրբ հաւատքը: Մեր պարտականութիւնն է այդ հաւատքը հաստատ բռնել եւ  յաւերժացնել: Առանց քրիստոնէական սուրբ հաւատքի, մեր ազգը շատոնց լուծուած ու անհետացած էր աշխարհէն ու քարտէսէն:

Այնուհետեւ Տէր Պալեան կ՛ըսէ, որ փրկութեան, վերստին ծնունդի, մեղքերու թողութեան վստահութեան` ուրախ, խաղաղ, երջանիկ, բոցավառ, տաք, եռանդուն, վկայելու համարձակութեան շրջանին կը յաջորդէ լուռ, անապատային, ինքնիրմէ քաշուած, ամփոփուած շրջան մը: Վերստին ծնունդով սուրբ հոգին մարդուն հոգիին մէջ կու գայ բնակելու, սորվեցնելու, առաջնորդելու եւ պատրաստելու: Պէտք է շունչը հոգիէն բաժնուի, որպէսզի հոգին իշխէ շունչին եւ մարմինին վրայ: Աստուած հոգի է, ի բնէ յաւիտենական էութիւն, անծին, անսահման, կատարեալ եւ անփոփոխ է զօրութեամբ, իմաստութեամբ, գիտութեամբ, ամէնուրեքութեամբ, արդարութեամբ, սրբութեամբ, ճշմարտութեամբ, բարութեամբ եւ ողորմութեամբ:

Գիտութեան, զարգացումի եւ յառաջդիմութեան 21-րդ դարուն մէջ, տակաւին բազմաթիւ ազգեր եւ ժողովուրդներ աւելորդապաշտութեան, նախապաշարումներու, սխալ, սուտ առասպելներու, աւանդութիւններու, դիւային ու կախարդական ուսուցումներու մէջ կը մոլորին եւ կը մոլորեցնեն: Նոյնիսկ քրիստոնեայ զարգացած ազգեր, իրենց նախահայրերուն լուսաւորեալ ջահը մէկդի դրած, տգիտութեան, խաւարի, նիւթապաշտութեան եւ մարմնաւորի աստիճանին իջած են:

Յարութիւն Տէր Պալեան կ՛աւելցնէ ըսելով որ հայ ազգը աղօթող, Տիրոջ հետ մարտնչող, Աստուծոյ սիրելի զաւակներու պէտք ունի: Որպէսզի ազգը թօթափէ իր վրայէն բոլոր դժուարութիւնները, խոչընդոտները, նեղութիւնները եւ քաջաբար յաղթանակէ յաղթանակ յառաջանայ, մինչեւ որ Տէրը ազգին բարութեան, օրհնութեան եւ յաղթութեան բոլոր օրհնութիւնները թափէ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1967)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Նախնական Եկեղեցու Մտքի Զարգացման Պատմական Պատկերը» (Հեղինակ` Ներսէս Աւագ Քահանայ Ներսէսեան)

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.