Պատմական. Քորէայի Տագնապին Լոյսին Տակ
Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու Կազմաւորումը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քորէայի բաժանման վտանգը առնելու նպատակով հարաւի մէջ սկսած շարժումը հետզհետէ լայն ծաւալ ստացաւ: Ճեճու կղզիին բնակիչները 3 ապրիլ 1948-ին ապստամբեցան: Աշխատանքային կուսակցութեան շուրջ 500 հրոսակներ եւ երեք հազար համակիրներ յարձակեցան կղզիին ոստիկանական քսանչորս կեդրոններէն մէկ մասին վրայ եւ ոստիկանական երեսուն սպաներ սպաննեցին: Ճեճուի ոստիկան զօրաց հրամանատար զօրավար Քիմ Իք-ռոլ բանակցութեան մտաւ ըմբոստներուն հետ...

















