Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. Կէս Կատակ Կէս Լուրջ. «Իմ Քանդակս` Ռաշմոր Լերան Վրայ»

August 4, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Արդէն անցած են վեց ամիսներ Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնած օրէն: Անոր գործունէութեան գնահատականը տարաբնոյթ եղած է, իսկ արտասանած խօսքերն ու նոյնիսկ կատակները հեգնանքի առարկայ դարձած են յատկապէս ընկերային ցանցերուն մէջ: Թրամփի վերջին «կատակը» Ռաշմոր լերան վրայ նախկին չորս նախագահներու կողքին  իր դիմաքանդակը տեսնելու ցանկութեան մասին էր: Աւելորդ է ըսել, թէ ինչպէ՛ս բռնկեցան ընկերային ցանցերը, «Թուիթըր»-ը, մամուլը… (Այս մասին մեր ներկայացուցած հատուածը «Թելեկրաֆ» թերթէն է):

Ն.

Թրամփ. «Իմ Քանդակս`
Ռաշմոր Լերան Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Օհայօ նահանգին մէջ վերջերս արտասանած իր խօսքին ընթացքին կատակեց` ըսելով, որ իր քանդակը եւս պէտք է յայտնուի հանրածանօթ Ռաշմոր լերան վրայ` նախագահներ Ճորճ Ուաշինկթընի, Թոմաս ճեֆըրսոնի, Թէոտոր Ռուզվելթի եւ Աբրահամ Լինքոլնի դիմաքանդակներու կողքին:

«Ռաշմոր լերան վրայ եղող իւրաքանչիւր նախագահ հաւատացած է ամերիկեան ճարտարարուեստը պահպանելու անհրաժեշտութեան», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Հետաքրքրական է` դուք կը կարծէ՞ք, որ օր մը ես կը յայտնուիմ Ռաշմոր լերան վրայ: Գիտէ՞ք` խնդիրը ի՛նչ է. ես ասիկա միայն կատակով, հաճոյքի համար կ՛ըսեմ, իսկ կեղծ լուրերու  տարածումով զբաղող լրատու միջոցները կը գրեն, որ` «ան կը հաւատայ, թէ իր տեղը Ռաշմոր լերան վրայ է», ուրեմն ես կը խուսափիմ այդ նիւթին շուրջը որեւէ բան ըսելէ», նշեց Թրամփ:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը բառացի չըսաւ, որ կ՛ուզէ Ռաշմորի վրայ յայտնուիլ, այդուհանդերձ, համացանցը ողողուեցաւ այս նիւթին շուրջ տեսակէտներով, հեգնանքով եւ ֆոթոշոփերով մշակուած զաւեշտալի երգիծանկարներով, երեւակայելով, թէ ասոր իրականացումը ինչպէս պիտի ըլլայ:

Ընկերային ցանցերը օգտագործողներու մէկ մասը

նշեց, որ Թրամփ կրնայ լերան մէջ իր անունով պանդոկ  բանալ եւ ապա վերացնել միւս նախագահներու դիմաքանդակները` ձգելով միայն իրը:

Թրամփ Ռաշմոր Լերան Վրայ

«Թրամփ Ինթերնէյշընըլ», հանդիսաւոր բացում Ռաշմոր լերան վրայ

–  «Թրամփ կը սկսի պատմութիւն մը հանգուցեալ նախագահ Ուիլիըմ Մաքինլիի մասին, ապա կը հարցնէ. «Դուք գիտէ՞ք Ուիլիըմ Մաքինլին: Մէկը գիտէ՞, թէ անիծեալ Ուիլիըմ Մաքինլին ո՛վ է»:

–  «Թրամփ կ՛ըսէ, որ կ՛ուզէ կատակելով հարցնել, թէ ինք երբեւիցէ պիտի յայտնուի՞ Ռաշմոր լերան վրայ, բայց կողմնակալ լրատու միջոցները ատիկա լուրջի պիտի առնեն, ուրեմն ինք չ՛ըսեր»:

–  «Պարոն Թրամփ օրէ օր աւելի հիասթափ կը դառնայ»:

«Թրամփ ստիպուած էր հսկայ շրջադարձ ընել` միանալու համար Միացեալ Նահանգներու առաւել բարձր գնահատուած նախագահներու շարքերուն: Պաշտօնավարութեան վեց ամսուան ընթացքին ան ունի հիմնական օրէնսդրական զերօ նուաճումներ եւ այս պահու դրութեամբ ամենացած վարկը` հարցախոյզներու 70 տարուան պատմութեան մէջ»:

«Կազմուած է քարացած կեղտէ, այդպէս չէ՞»

–  «Այդպէս պէտք է եղած ըլլայ, որովհետեւ իսկական արժանապատիւ Ռաշմոր լեռը ամբողջացած է, կատարեալ, եւ ոչ ոք պիտի քուէարկէ հոն տեղադրելու համար ուտիճը»:

–  «Իրականութեան մէջ անոնք արդարացուցած են Թրամփի ի նպաստ քուէարկելը: Ան պաշտօնի վրայ է` ներկայացուելով որպէս նոր օրերու Կիւրոս, քաղաքակրթական պատերազմի իրենց կորուստները հատուցելու համար»:

–  «Եւ ես համաձայն եմ անոնց հետ. Թրամփ համեմատելի Է Կիւրոսի, եթէ ըսել կ՛ուզես Մայլի կամ Սայրըս Պինը»:

– «Գայթակղեցնող համեմատութիւն. Սայրըս Պինը գրաւիչ, մաքիաւելական ոճրագործ է. այնպէս կը թուի, որ յարմար է»:

– «Կը հասկնամ: Անոնց արդարացումի ծրագիրները պատմական իսկական անձնաւորութեան մը` Մեծն Կիւրոս, որ սքանչելի կերպար մըն է` բաղդատած Թրամփի»:

– «Տխուր է ըսել, որ ինչպիսի արդիւնաւէտ ղեկավար էր Կիւրոս, իրականութեան մէջ Կիւրոս ղեկավար էր եւ գիտէր իր որոշումներուն հետեւանքներուն յետին արժէքը»:

– «Ես գիտեմ, թէ Թրամփի բոլոր հետեւորդները իրենց արձակուրդը ո՛ւր պիտի անցընեն. Աղբաբերան լերան վրայ(Mount Trashmouth)»:

– «Ո՛չ, ան քծնող ծեր Թրամփն է: Ան պիտի օգտագործէ 1980-ականներու Թրամփի պատկերը, այն, որուն միջոցով Մարլան ունեցաւ»:

– «Օ՜ Աստուած իմ, անոր նոր գաղափարներ մի՛ տար… քանի մը երկվայրկեանէն կեանքի կը կոչէ»:

– «Ռուսիամո՞ր լեռ, Թրամփմո՞ր լեռ: Ես աւելի կը նախընտրեմ Առանց Թրամփի լեռ…»:

– «Ես աւելի կ՛ուզեմ լեռը պայթած տեսնել, քան` Թրամփը ատոր վրայ»:

– «O՜հ Աստուած իմ, դուն անոր յիմար գաղափար մը եւս տուած ես: Ան այնքան սնապարծ է, որ այսպիսի վայրագութիւն մը որեւէ վայրի մէջ կ՛իրականացնէ»:

– «Դո՞ւն, Ռաշմոր լերան վրա՞յ: Ատիկա մեծ մարդոց համար է, ոչ թէ մեծ աւանակներու»:

– «Մենք այժմ ունինք իսկական նախագահ մը` առանց օրինական ենթահողի: Այս յիմարը Ճեֆըրսընի նման խելացի չէ, յառաջադէմ մտածող չէ Լինքոլնի պէս, կամ քաջ` ինչպէս Ճորճը… եւ չի կրնար Ռուզվելթին քրտինքը սրբել»:

– «Յայտնուիլ Ռաշմոր լերան վրա՞յ: Դժո՛խք: Ան նոյնիսկ ատոր տակը թաղուելու որակը չունի»:

– «Մենք արդեօք չե՞նք կրնար Թրամփի զբօսանաւն ալ Ռաշմոր լերան վրայ դնել»:

– «Պարզապէս զինք վեր հանեցէ՛ք եւ հոն ձգեցէ՛ք»:

– «Ռաշմոր լերան վրայ եթէ յայտնուի Թրամփի քանդակը, կը խորհիմ, որ շրջանին մէջ զբօսաշրջիկներու թիւի անկում պիտի արձանագրուի, բայց միւս կողմէ, նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները յիմարներ են, կրնայ զբօսաշրջիկներու աճ արձանագրուիլ»:

– «Օ՜, չըլլայ, որ այս գաղափարները անոր տաք»:

– «Ռաշմոր լեռը արժանի չէ այս պատիւին»:

– «Ուրեմն Թրամփ կ՛ուզէ իր դիմաքանդակը Ռաշմոր լերան վրայ տեսնել: Մեծ մայրս երբ լսեց ըսաւ. «Ինչո՞ւ մէկը զինք լերան վրայ չի ձգեր, որպէսզի հոն մնայ եւ այլեւս ազատինք իրմէ»:

Նախորդը

Փութին Ձգողականութիւն Ունի՞ Թրամփի Համար

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Հարաւային Կովկասը` Թեհրանէն Դիտուած

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.