Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Արեւի Բնակավայրը» (Հեղինակ` Սպարտակ Ղարաբաղցեան)

August 2, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայրը» գիրքը, բաղկացած` 335 էջերէ: Խմբագիր` Արշակ Բանուչեան: Հեղինակը գիրքը ձօնած է դստեր` Նազենիի անմար յիշատակին:

Ընծայականը գրած է Թորոս Թորանեան. ան կ՛ըսէ, որ հեղինակը լաւ գիտէ իր նիւթը, երկրին շունչով կ՛ապրի, անոր ձեռքը ժողովուրդի բազկերակին վրայ է:

Իր կարգին Ֆելիքս Բախչինեան կ՛ըսէ, որ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայրը», Երեւանն է` տուն դարձած իր հարազատներով, հայութեան ու հայկականութեան տիպական կերպարներով: Վերջապէս «Արեւի բնակավայրը» այն է, որ գրականութեան եւ գրականագիտութեան մէջ կ՛որակուին իբրեւ իրականութեան ճշմարտացի նկարագրութիւն, ակնարկագրութիւն եւ լրագրողական արհեստավարժութիւն:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ երբ Աստուած ստեղծեց ազգերը, ամէն մէկուն իր բաժին հող ու ջուրով, եւ ուղարկեց երկիր բազմանալու ու շատնալու, իր առջինեկին` հայուն պատուիրեց ըսելով որ «Քու թշնամիներդ շատ պիտի ըլլան, բարին կամեցողները` քիչ, ատոր համար ալ քու երկիրդ անառիկ պահելու համար քեզի բաժին հանած եմ լեռներն ու ձորերը` մեծ լերան երկիրը, գնա եւ հոն բնակիր»:

Հեղինակը լաւ ճանչցած ու ներկայացուցած է սփիւռքը: Ներկայացուած են շարք մը հերոսներ ու հայրենադարձներ:

Ղարաբաղցեան կ՛ըսէ, որ բազմալեզու մեծ ընտանիք մը կը յիշեցնէր մեր հին թաղը: Սպահանէն ներագաղթած Սերոժենք Օմար Խայեամի երգեցիկ պարսկերէնը բերած էին, Արժանթինէն քեռի Լեւոնենք` սպաներէնը, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն եկածները` արաբերէնն ու թրքերէնը, Աթէնքէն ներգաղթած Զմպոյեաններու գերդաստանը` յունարէնը: Այս բոլորը, սակայն, Հայաստանն ու հայերէնն էր հաւաքած այստեղ: Ինչ փառահեղ է պոլսահայ Ասատուրի արեւմտահայերէնը: Զմպոյեաններու հայերէնին մէջ ծովի հանդարտութիւն ու նաեւ փոթորիկ կար, իսկ հալէպցի Յակոբի հայերէնը համեմուած էր սասունցիի խրոխտ բարբառով:

Ղարաբաղցեան կը շարունակէ ըսելով որ սեփական տուներէն բացի, թաղին մէջ իրարու նման, կողք կողքի շարուած տուներ կային, աւելի շուտ` կացարաններ, որոնք կառուցուած էին գերմանացի ռազմագերիներու կողմէ: Այդ կացարաններուն մէջ ալ տեղաւորուած էին հայրենադարձ հայութեան բեկորներ, թէեւ անոնց իսկական հայրենիքը ուրիշ տեղ էր` Արարատէն այն կողմ… բայց այդ տարիներուն ո՞վ կրնար բարձրաձայն խօսիլ այդ մասին:

Հիմա ոչ անոնք կան, ոչ ալ գերմանացի ռազմագերիներու կառուցած տուն-կացարանները: Փոխարէնը` հարթ, տեղ-տեղ տնամերձներու վերածուած հողակտորներ, ուր լոլիկ ու վարունգ կ՛աճեցնեն թաղի հին սեփականատէրերը:

Քիչ անդին ղարաբաղցեան կը խօսի Սուրիա իր ուղեւորութեան ու տպաւորութիւններու մասին, կը գրէ հայաբնակ գիւղեր իր այցելութեան մասին: Ան կ՛ըսէ. Եագուպիէ, Ղնեմիէ, Արամօ. կտրուած մարգարտաշարի պէս այս լեռներուն վրայ հատ-հատ ցրուած են գիւղեր… որ տան դարպասն ալ հրես, քու հարազատիդ, քու արիւնակիցիդ, քու եղբօրդ ու քրոջդ կը գտնես… մի՛ վարանիր. բարեւէ քու նախնիներու լեզուով ու կը տեսնես, թէ ինչպէս այդ մէկ հատիկ բառէն կը պղտորին դիմացինիդ աչքերը:

Տէր Զօրի մասին հեղինակը կ՛ըսէ. Տէր Զօրը խաչբառի դատարկ վանդակները լեցնող բառ չէ սոսկ. դատարկ վանդակները աւազով լեցուեցան, տաք եւ աղեխարշ մահաբոյր աւազով: Տէր Զօրը խաչբառի դատարակ վանդակները լրացնող բառ ըլլալէ զատ` դատարկ ակնախոռոչ է, արեւի տակ քայքայուող մարդկային գանկ, գիշերուայ թանձր խաւարի մէջ լոյս արձակող ճերմակ ոսկոր: Տէր Զօրի անծաղիկ աւազուտներուն մէջ արդարութեան խելագարուած քրքիջ է ու մարդկութեան բռնաբարուած խիղճը:

Իսկ Հալէպի մասին Ղարաբաղցեան կ՛ըսէ. մեծահոգի ու հիւրընկալ քաղաք է Հալէպը: Մեր հին ու նոր իմաստուն մագաղաթներուն էջերուն մէջ բազմիցս յիշատակուած է այս քաղաքին անունը: Այս հինաւուրց քաղաքին մէջ մեղուափեթակ յիշեցնող փոքրիկ Հայաստան մը կայ:

Ղարաբաղցեան կը շարունակէ. Հալէպ, պահէ ու պահպանէ ցեղիս ոգին քու ծալքերուն մէջ, ու մենք սերունդէ սերունդ կ՛օրհնենք քեզ, պահէ ու պահպանէ զօրացող մեր բեկորները քու գիրկիդ մէջ, որովհետեւ անոնք միմիայն քեզ կը շէնցնեն ու բարութեանդ բարութեամբ կը հատուցեն: Անոնք ուխտ ունին, Հալէպ, անոնք ճանապարհ ունին երթալու, տուն ու երկիր, նպատակ ունին:

Այնուհետեւ «Երախտիքի արահետն» է: հեղինակը կը խօսի Գառնիի հրաշագեղ ձորի մասին ու կ՛ըսէ. այս քարառատ ձորերուն մէջ խաղողի հրաշք այգիներ եղած են` Գառնիի ճրագի պէս վառող խաղողը. այս ձորերուն մէջ աճած է թուղթի պէս բարակ կեղեւով Գառնիի նշանաւոր ընկոյզը: Կը պատմեն ու լսողի մօտ ակամայ հարց կը ծագի` ո՞ւր են, ի՞նչ եղան, գետնին տա՞կը անցան:

Գառնիի ձորերուն մէջ ժամանակին թուզ ու նուռ կ՛աճէր, նուշ ու արքայախնձոր: Ժամանակին Գառնիի ձորերը սրտցաւ տէրեր ունէին, որովհետեւ ժամանակին Գառնիի ձորերը անուն ու ազգանուն ունէին` Թորգոմի ձոր, Ղազոյի ձոր, Գեւոյի ձոր, Աւէի ձոր, Սիրոյի ձոր… Գեւոյի, Սերոյի թոռներն ու ծոռները, Գառնիի վեց հազար բնակիչները, ու հիմա անոնք կ՛ուզեն տէր կանգնիլ իրենց յիշողութեան, կ՛ուզեն, որ հողը չանիծուի:

Գառնիի մէջ երկրաշարժէն տուներ չեն քանդուած, բայց ուրիշ երկրաշարժ մը եղած է ու այդ երկրաշարժէն ոչ միայն Հայաստանի հացաբոյր գիւղերը ամայացած են, այլեւ մեր բուռ մը երկրի հարիւրաւոր գիւղեր:

Այնուհետեւ «Ակնարկներ» բաժինն է: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ քաղաքները շէնքեր, փողոցներ, հրապարակներ ու շատրուաններ ունենալէ զատ բոյր ալ ունին, ու երբ երկար ժամանակով կը բացակայիս, յանկարծ այդ բոյրը կ՛արթննայ մէջդ, որ քու քաղաքիդ է, եւ աշխարհի մէջ ուրիշ ոչ մէկ քաղաք չունի ատիկա:

Քիչ անդին Ղարաբաղցեան կը խօսի հին Խնձորեսկի` առասպելներու ու հերոսապատումներու երկրի մասին: Ան կ՛ըսէ, որ արծիւներն անգամ կը նախանձէին Խնձորեսկի ու հիմա անոնք ալ տխուր են, որ գիւղին դատարակ ակնախոռոչներուն մէջ յաւերժական մութը թանձրացած է: Հիմա քաղաքէն եկող խնձորեսկցիները երկար կը կանգնին, կը փնտռեն արծիւներու բոյները, ուր իրենք ծնած են, աղբիւրները, որոնցմէ ջուր խմած են, նեղլիկ, լեռներու շուրթերէն հազիւ նշմարուող կածանները, որոնցմէ անցած են քարայծերը:

Հին Խնձորեսկը անհնազանդ էր ու բռնակալի առջեւ երբեք չէր խոնարհեր: Պարսից շահը, տեսնելով որ չի կրնար ծունկի բերել անհնազանդ խնձորեսկցիները, կը հրամայէ իր զօրավարներէն մէկուն այրել գիւղը եւ չխոնարհող արծիւները թեւակել: Զօրավարը զարմացած կը պատասխանէ. «լեռները ինչպէ՞ս այրեմ, անոնց ունեցածը լեռն է ու քարը»:

Ղարաբաղցեան կ՛աւելցնէ ըսելով. դարերու ու քարերու երկիր կը նկատեն Հայաստանը. ուրիշ ի՛նչ անուն տան, երբ այս երկրի միակ հարստութիւնը դարն է ու քարը: Երկիր, որուն քարեղէն մաշկէն մագաղաթի հոտը դեռ կը բուրէ, երկիր, որ հազար դաշտ ու արօտ տուած է, բերդ ու քաղաք կորսնցուցած է, որ միայն հաւատքի ու լեզուի բերդը անառիկ պահէ: Եւ ջրհեղեղէն մինչեւ հիմա այս երկիրը մէկ լեզուով կը խօսի` հայերէն:

 

 

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Գիրս Մնայ Յիշատակող» (Հեղինակ` Նազենի Ղարաբաղցեան)

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի 6-րդ Փուլը

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.