Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օրիորդ մը փողոցէն քալած ատեն երիտասարդ մը կը հարցնէ.
– Ուրկէ՞ կու գաս, քոյրի՛կ:
Օրիորդը կը պատասխանէ.
– Գեղեցկութեան տունէն:
– Անպայման փակ էր, հա՞,-կ՛ըսէ երիտասարդը:
Պարզ է, որ գեղեցկութեան հանդէպ մարդոց ապրումները, ձգտումները, ըմբռնումներն ու տեսակէտները այլազան են, ոմանք` մակերեսային, ոմանք` խորունկ: Արուեստով գեղեցկութիւն ստեղծողներու կողքին, կան արհեստագիտութեամբ գեղեցկութիւն «շինել» փորձողներ, որոնք այս օրերուն բաւական «կոկիկ» գումարներ կը շահին, մինչ գեղեցիկ արուեստներ ստեղծողներէն շատեր խեղճ պայմաններու մէջ ապրած են:
Իտալացի գեղանկարիչ Պոթիչելլիի (1445-1510) ստեղծագործութիւններու «Վիքթորիա եւ Ալպերթ» թանգարանի (V&A) ցուցահանդէսին բացման (5 մարտ 2016) նախօրեակին «Կարտիըն» միջազգային չորս մասնագէտներու հարցուցած է, թէ գեղեցկութիւնը անձամբ իրենց համար ի՞նչ կը նշանակէ:

Օրլան, Տէյվիտ Լաչափել,
Անճելիքա Քաւունի, Նիխոր Փոլ
Արուեստագէտ Օրլան (1947, Փարիզ)
Երբ ես 1990 թուականին ձեռնամուխ եղայ իմ նախագիծիս` «Սուրբ Օրլանի հոգեփոխութիւնը», ես ենթարկուեցայ շարք մը վիրահատական գործողութիւններու, որոնցմէ զերծ մնացած էի նախապէս: Ես գեղագիտական վիրահատութիւնը չէի օգտագործեր, որպէսզի աւելի մօտենամ գեղեցիկի տիպարին: Ես կ՛ուզէի ընթացակարգ մը, որ կը խափանէ գեղեցկութեան պատկերացումը, գաղափարը: Առաջին բանը, որ համաձայնեցայ վիրաբուժին հետ, այն էր, որ ոչ մէկ ցաւ պիտի ըլլայ: Աւելի քան 9 վիրահատութիւններէ եւ հինգ տարի ետք ես խնդրեցի, որ ունենամ Պոթիչելլի ստեղծագործած Վեներային կզակը, Ֆրանսուա Պուշերի «Եւրոպա»-ին շուրթերը եւ տա Վինչիի ստեղծագործած Մոնա Լիզային ճակատը:
Փոքր փոփոխութիւնները, որոնք իմ դէմքիս վրայ ըրի, բաւական բամբասանք յառաջացուցին: Մարդիկ յաճախ կեդրոնացան քունքերուս վրայ, 1993 թուականին արհեստական տեղադրումներուն վրայ, որոնք կը ծառայէին մնայուն կերպով բարձրացնելու, պրկելու այտերս, սակայն ես ատոնք տեղադրել տուած էի ճակտիս երկու կողմերուն : Երբ մարդիկ զիս կը նկարագրեն առանց զիս տեսնելու, ես անբաղձալի հրէշի մը տպաւորութիւնը կը ձգեմ: Բայց երբ անոնք զիս անձամբ կը տեսնեն, տպաւորութիւնը այլ է:
Արուեստը պարզապէս բնակարաններու ձեւաւորումը, յարդարումը չէ: Մենք արդէն ունինք անձեռոցիկներ, վարագոյրներ եւ կահոյք: Ատիկա պէտք է ըլլայ գիտակցուած դիրքաւորում մը արուեստի պատմութեան մէջ: Երբ ես վիրաբուժէն խնդրեցի զիս օժտել Պոթիչելլիի Վեներային կզակով, ատիկա քաղաքական արարք մըն էր: Ես Պոթիչելլին յայտնաբերեցի գրադարանին մէջ կարդացած արուեստի պատմութեան գիրքերու մէջ, երբ տակաւին պատանի էի: Պոթիչելլի իր վրձիններով ըրած է այն, որ ժամանակակից լուսանկարիչները կ՛ընեն նկարներու համակարգչային ծրագիրով (photoshop): Ան մարմնի որոշ մասեր երկարած է, այլ մասեր` ողորկ դարձուցած եւ մէջտեղէն վերցուցած է բոլոր թերութիւնները` բիծեր, կնճիռներ, աւելորդ մազեր: «Վեներայի ծնունդը» գեղանկարին մէջ Վեներան շրջապատող կերպարները շարժումով լեցուն են` ի տարբերութիւն Վեներայի կայուն դիրքին: Անոնք կարծես թէ անպատւուած են իր մերկութենէն եւ վերարկու մը բռնած` կ՛առաջարկեն, որ ինքզինք ծածկէ: Արուեստի իմ գործերէս մէկուն մէջ ես «Ֆոթոշոփ» օգտագործելով ստեղծեցի «Վեներայի ծնունդը»: Փոխանակ զայն իտէալականացնելու, ես օգտագործելով համակարգչային ծրագիրներ` իր եւ իմ միջեւ խառնածին բան մը ստեղծեցի: Ես որոշեցի պոռալ եւ ինծի հետ զինք պոռացնել` ընդդէմ ճնշումներու, որոնք կ՛իշխեն իմ եւ իր մարմիններուն, ճնշումը, որպէսզի պատշաճի իտէալականի մը: Գեղեցկութիւնը մարմինին մէջ քանդակուած գաղափարաբանութիւն մըն է: Ատիկա կը տարբերի` ըստ տեղի եւ ժամանակի: Պարզապէս նայեցէ՛ք տարբերութիւնները մարմիններուն, որոնք պատկերուած են Ռենուարի, Կրանաչի, Ռուպենսի գեղանկարներուն, կամ` Տէյվիտ Համիլթընի լուսանկարչութեան մէջ: Երբ կը տեսնեմ վաղ ժամանակաշրջանի ազգագրական լուսանկարը սուրմա ժողովուրդին, անոնց շուրթերու ափսէները, կամ` փատանուկ կիներ, որոնք պարանոցի օղակներ կը կրեն, ես կը կարծեմ, որ այս կիները ինքնավստահ եւ գրաւիչ են: Սակայն եթէ արեւմուտքի մէջ կիներ այսօր տեղադրեն շուրթերու այդ փոքր ափսէները կամ կրեն այդ օղակները, անոնք տգեղ հրէշներ պիտի նկատուին:
Ժամանակի ընթացքին քաղաքակրթութիւնները վերաերեւակայած են մարմինը դաջուածքներու եւ գանկի սարսափազդու փոփոխութիւններու միջոցով: Այժմ մենք կրնանք փոխարինել մեր ակռաները, երբ անոնք կ՛իյնան, կամ` ձեւաւորել շրթունք եւ այլ արատ. բնութեան սարսափները: Բնութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ամբողջական վերափոխութիւնը ի՛նչ բանի կը նմանի: Երեխայի մը գլուխը կը դառնայ պատանիի մը գլուխ, եւ չափահասի մը գլուխը` ծեր կնոջ կամ մարդու մը գլուխը: Մէկու մը մարմինը վերափոխելը, այրերուն` կիներու, կիներուն` այրերու հագուստ հագցնելը, մէկու մը մազերուն գոյնը փոխելը ինծի այնքան տարբեր չի թուիր:
Լուսանկարիչ. Տէյվիտ Լաչափել(1963, – )
Ես ճանչցուած եմ նորաձեւութեան աշխարհին մէջ աշխատելուս համար: Նորաձեւութիւնը ճարտարարուստի մարզ մըն է, որ կը խթանէ որոշ տեսլականներ: Բայց վերջաւորութեան(այդ աշխատանքը դադրեցուցի 2006-ին) ես կը հարցնէի, թէ ի՛նչ կ՛ընեմ: Ատիկա այլեւս ճիշդ չէր թուեր: Ծանուցումի, քարոզչութեան արշաւները եւ թերթի աշխատանքը ծանր են, խստապահանջ, եւ դուք պէտք է մնաք յարաչափութեանց ծիրին մէջ, թէ տուեալ ժամանակին գեղեցիկի հասկացողութիւնը ի՛նչ է: Իսկ գեղեցկութեան մեր սահմանումը պարբերաբար կրկնուող է: Վերածնունդէն մինչեւ 1990-ականներու թափառող պուպրիկներ եւ կոր գիծերով Պարպի, մի՛շտ յարափոփոխ: Երբ ես իմ սեփական աշխատանքս կը ստեղծեմ, կրնամ սահմանել, թէ գեղեցկութիւն ինչ կը նշանակէ: Ես ատիկա կը գտնեմ անսպասելիին եւ անկատարին մէջ: Երբ խօսքը կը վերաբերի մարդոց, առողջ մարդիկ աւելի գեղեցիկ են (անոնք որոշ ձեւով մը կը փայլին), եւ մենք կ՛արձագանգենք առողջ մարդոց: Ծերանալու հոլովոյթը եւս կրնայ գեղեցիկ ըլլալ: Մայրս եւ ես շատ մօտիկ, մտերիմ էինք, եւ ես զինք ամէնէն գեղեցիկ անձը նկատեցի ընդհուպ մինչեւ վերջ, երբ ան մահացաւ վերջին Սուրբ Ծնունդին:
Ես Պոթիչելիի ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ ապշած դիտեցի 2000 թուականին: Ազգային պատկերասրահին մէջ լռութիւն էր, եւ ես առանձին մնացի Վեներայի եւ Արէսի (Մարս, պատերազմի աստուած) հետ: Այնպէս զգացի, թէ յաւիտեան կանգնած եմ ատոր առջեւ: Զիս տպաւորած է պատերազմի աստուծոյ եւ սիրոյ աստուածուհիին միասին ըլլալու յունական գաղափարը, եւ թէ` մեր հիմնական բնոյթը որքա՛ն նոյնն է. ագահութիւն եւ պատերազմ` ընդդէմ սիրոյ եւ գեղեցկութեան: Կարդալէ ետք Ափրիկէի ոսկիի հանքերուն եւ այդ ցամաքամասին վրայ մարդկային տառապանքներուն եւ հողի սրբապղծութեան մասին, ես ստեղծեցի «Ափրիկէի բռնաբարութիւն»-ը, որ հիմնուած է Պոթիչելիի այդ գեղանկարին վրայ: Ինծի հարցուցած են, թէ Վեներան ներկայացնելու համար ինչո՞ւ օգտագործած եմ հռչակաւոր բնորդուհի Նաոմի Քամփպելը: Պարզապէս, որովհետեւ ան մեր ժամանակի մեծ գեղեցկուհի մըն է:
Գեղեցկութեան մեր հասկացողութիւնները արմատապէս փոխուած են վերջին 10 տարիներու ընթացքին: Ընկերային ցանցերու եւ զանգուածային լրատու միջոցներու տարածումով, մարդոց համար ընդունելի եղած է լուսանկարել հարիւրաւոր նկարներ, շտկրտել ատոնք եւ տեղադրել ընկերային ցանցերու վրայ, որպէսզի ամբողջ աշխարհը տեսնէ: Այս վարքը, որ ժամանակին կրնար իբրեւ նարգիսականութիւն եւ սին նկատուիլ, այժմ բնականոն կ՛ընդունուի: Մենք մեզ նախապաշարող եղած ենք:
Վիրաբուժ (Գեղագիտական).
Անճելիքա Քաւունի (1968, Անգլիա)
Երբ մենք կը խորհրդակցինք մեզի դիմողին հետ, միշտ այնպէս չէ, որ անոնք կ՛ուզեն «գեղեցիկ» տեսք ունենալ` իբրեւ այդպիսին: Ի վերջոյ, մենք կը փորձենք ճշդել, թէ անհատը ի՛նչ բան տհաճ կը գտնէ իր մասին: Կրնայ քիթի կորութիւն մը ունենալ, կամ` այլ «թերութիւն» մը, որով գոհ է, բայց չի հաւնիր այլ բաներ, ինչպէս` դէմքի վրայի գիծերը: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա խորապէս անքակտելի է. մենք գիտենք, թէ գեղեցկութիւնը ի՛նչ է, երբ կը նայինք ատոր, բայց նաեւ կան բազմաթիւ այլ գործօններ, որոնք ատոր վրայ ճնշումներ կը բանեցնեն: Գեղեցկութիւնը բան մըն է, որ ձեզի լաւ զգացում կը փոխանցէ: Երբ դուք գեղեցիկ դէմքի մը կը նայիք, լաւատեսութիւն կը զգաք, դրական, երջանիկ եւ այլն: Այլապէս դժուար է դասակարգել, որովհետեւ կան բազմաթիւ տարբերակներ: Կան տարբեր դասական պատկերացումներ` համաչափութեան, բարձր ճակատի, այդ աչքերու ձեւի մասին, բայց դուք նաեւ պէտք է նկատի առնէք տարիքի, սեռի, ցեղային եւ մշակութային ազդեցութիւնները: Ատիկա շատ կը բարդանայ: Վերջերս հակում մը կայ դէպի աւելի նիհար, առողջ, մարզական տեսքի մը: Եւ նոյնիսկ հռչակաւոր բնորդուհիներ, ինչպէս` Քէյթ Մոսս կամ Քարա Տելեւիյն, ունին «հետաքրքրական» յատկանիշներ, ոչ իբրեւ դասական գեղեցկութիւն, նման` Քրիսթի Թուրլինկթընի:
Մեզի դիմող անհատը երբեմն կ՛ուզէ բան մը, որ պարզապէս չի համապատասխաներ իր դէմքին: Ուռած շուրթերը տարածուած օրինակ է: Ոմանք կը ցանկան համապատասխանել իտէալականին, նոյնիսկ եթէ իրենց ատիկա չի յարմարիր: Իրենց կ՛ըսեմ, որ չեմ ուզեր ընել ատիկա, բայց մտիկ չեն ըներ եւ կը գտնեն այլ բժիշկ մը, որ կ՛ընէ իրենց ուզածը: Նման անհատներուն մէկ երրորդը հաւանաբար ճիշդ այդպէս կ՛ընէ: Իբրեւ գեղագէտ-վիրաբուժ աշխատիլը հաւանաբար զիս կը մղէ մտածելու իմ տեսքիս մասին: Ես սնապարծ եմ եւ խնամուած տեսք կ՛ուզեմ ունենալ: Բայց կը կարծեմ, որ ատիկա շրջանակաձեւ է: Եթէ դուք լաւ զգաք, արտաքնապէս լաւ տեսք կ՛ունենաք, եւ եթէ նայիք հայելիին եւ տեսնէք ատիկա, դուք աւելի լաւ կը զգաք: Ես շատ աշխատած եմ սիտայով վարակուած հիւանդներու հետ: Առաջին դեղերը, բուժումները կրնան յատկանշական այլանդակութիւն պատճառել, եւ կայ կմախքի կերպարանք առնելու խայտառակութիւնը: Մարդիկ կրնան վիճիլ, թէ գործողութիւնը գեղագիտական է, բայց ատիկա կտրուկ բարելաւեց անոնց կեանքի որակը: Ատիկա ոչ թէ յաւելեալ լրացուցիչ մըն էր, այլ կեդրոնական գործօն մը` անոնց նկարագիրին:
Բնորդուհի: Նիխոր Փոլ (1989,Սուտան)
Այլեւս չ՛ակնկալուիր, որ բնորդները լուռ մարմիններ ըլլան: Մենք նոյնպէս գործիչներ ենք: Ես Հարաւային Սուտանէն իբրեւ ներգաղթեալ եկայ Նեպրասքա եւ կը կատակէի, որ Նեպրասքայի մէջ ինքզինքս բնորդուհիի մը նման զգացած եմ, որովհետեւ ցցուած եմ: Բարձր հասակով, երկար սրունքներով, սեւ մորթով երբ կը քալէի փողոցին մէջ, ես անմիջապէս կը նշմարուէի: Բայց ես երբեք չեմ կասկածած իմ գեղեցկութեանս: Ատիկա կու գայ ինքնավստահութենէ, ներքինիդ վրայ կեդրոնանալէ: Լրատու միջոցներու մէջ անշուշտ տակաւին կայ «կապուտաչեայ եւ դեղնորակ» սահմանումը գեղեցկութեան, բայց փողոցին մէջ մենք բոլորս ալ գիտենք, որ ատիկա ուրիշ պատմութիւն մըն է: Երբ ես Ինսթակրամի մէջ ըսի, որ` «յոգնած եմ դիմայարդարներուն ներողութիւն յայտնելէ սեւամորթ ըլլալուս համար», ատիկա զայրոյթի պատճառով էր: Եթէ դիմայարդար մը իր երանգապնակին մէջ սխալ գոյնով կը մօտենայ ինծի, ատիկա ուսուցողական-մանկավարժական հոլովոյթի կը վերածուի: Ես կ՛առաջարկեմ, որ ան նայի իմ մորթիս երանգներուն, կ՛առաջարկեմ կարմիրի, նարնջագոյնի կաթիլ մը աւելցնել: Ես բնորդուհի եմ, բայց ես կը խօսիմ:
Տակաւին դժուար է սեւամորթ բնորդուհիի մը համար աշխատանք գտնելը, բայց ես զգացած եմ, որ զօրակցութիւն կը վայելեմ արտայայտուելուս համար: Այս ճարտարարուեստին մէջ մարդիկ սկսած են իրենց աչքերը բանալ տարբեր տեսակի գեղեցկութեանց: Այլեւս մեզ լուռ մարմիններ չեն համարեր: Մենք նաեւ գործիչներ ենք, տիպար օրինակներ: Եւ ես կը սիրեմ այն տեղը, ուր կ՛ուղղուինք: Մենք պէտք է օգտագործենք մեր գեղեցկութիւնը, որ ճիշդ ատոր համար է: