ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մայիս 28-ի Վերարժեւորումը
Եւ Եռագոյնը` Ազգային Դրօշ
Արցախեան շարժման իբրեւ հակազդեցութիւն Ազրպէյճանի մէջ հայերու դէմ բռնարարքները, հալածանքները եւ բռնագաղթերը կը շարունակուէին, եւ 1988-ի դեկտեմբերի սկիզբը արդէն շուրջ 100 հազար գաղթական հայեր հասած էին Հայաստան: Միւս կողմէ, խորհրդային բանակին հաստատած խիստ սեղմումներու պայմաններուն տակ Երեւանի մէջ ցոյցերը ընդհատուած եւ Էջմիածնի մէջ վերսկսած էին:
Չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբեր 1988-ի ժամը 11:41-ին ուժգին եւ աղէտալի երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ Լենինական-Սպիտակ-Կիրովական-Ստեփանաւան գօտիին մէջ:
«Ազդակ», 8 դեկտեմբերի թիւով երկրաշարժին լրատուութիւնը կատարելով կ՛ըսէր, որ շուրջ հարիւր զոհեր ինկած են, իսկ կորիզային կայանը չէ վնասուած:
Յաջորդ օրուայ, 9 դեկտեմբերի լրատուութեամբ «Ազդակ» կ՛ըսէր, որ երկրաշարժը աննախընթացօրէն աղէտալի հետեւանքներ ունեցած է, Սպիտակ եւ Լենինական կործանած են, իսկ զոհերուն թիւը անցած է 100 հազարը: Քանի մը օր ետք, զոհերուն պաշտօնական թիւը 60 հազար, այնուհետեւ ալ` շուրջ 25 հազար կը գնահատուէր: Կային մեծաթիւ վիրաւորներ, հաշմանդամներ եւ անդամահատուածներ: Քսանութ գիւղեր հիմնայատակ քանդուած էին:
Փրկութեան աշխատանքները կը շարունակուէին, դեղերու եւ բժշկական արդիական կազմածներու սուր կարիք կար, իսկ միջազգային ընտանիքը օգնութեան ձեռք կ՛երկարէր: Լիբանանի եւ բոլոր գաղութներուն մէջ սուգը համատարած էր. ամէնուրեք հանգանակութեան արշաւներ սկսան եւ օժանդակութիւններ առաքուեցան Հայաստան:
Ահաւոր երկրաշարժին զոհ գացած քաղաքներու բնակիչները Ազրպէյճանէն յղուած շնորհաւորական հեռագիրներ ստացան, որոնց մէջ գրուած էր. «Կը շնորհաւորենք ձեր երկրաշարժը»:
Իր կարգին Միխայիլ Գորբաչով Հայաստան այցելելով եւ իր վշտակցութիւնը յայտնելով թելադրեց. «Մոռցէք Ղարաբաղը»:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս Հայաստան մեկնեցաւ եւ Վազգէն Ա. վեհափառին հետ միասին անոնք այցելեցին երկրաշարժին հետեւանքով քանդուած շրջանները, հանդիպում ունեցան տեղւոյն աղիտեալ ժողովուրդին հետ, ականատես եղան ահաւոր եւ աննկարագրելի քանդումներուն եւ մարդկային ողբերգութեան:
Բնութեան տարերքին դէմ գոյատեւման պայքարը կը շարունակուէր եւ փրկութեան աշխատանքները կանգ չառին մինչեւ վերջին յոյսին ջնջումը:
Այնուհետեւ աղիտեալներու հատուցման եւ վերաշինութեան ծրագիրներ մշակուեցան:
Միւս կողմէ, միաժամանակ Ազրպէյճանէն հայերու բռնագաղթը կը շարունակուէր եւ 1988 դեկտեմբերի վերջաւորութեան Հայաստան հասած գաղթականներուն թիւը հասած էր 170-էն 200 հազարը:
***
«Ազդակ»-ի 1989-ի նոր տարուան բացառիկի պատրաստութեան աշխատանքները գրեթէ իրենց աւարտին հասած էին, երբ պատահեցաւ երկրաշարժը: Հետեւաբար բացառիկին սկիզբը կցուեցաւ յաւելուած մը, ուր կ՛ըսուէր.
«Այնքան ահաւոր է աղէտը, այնքան ծանր է հարուածը, որ լեզուները կը կարկամին եւ գրիչները կը չորնան:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով անհրաժեշտ է դուրս գալ ողբի եւ հեծեծանքի մթնոլորտէն եւ նայիլ դէպի ապագայ: Իսկ ապագան կ՛ուրուագծէ մէկ կողմէ` վերաշինութիւն, իսկ միւս կողմէ` քաղաքական մտածողութեան շարունակուող յառաջդիմութիւն:
«Ազդակ» կը շեշտէր` ըսելով, որ բնական աղէտները կը պատահին ոեւէ մէկուն, որեւէ ատեն. սակայն քաղաքական եւ ազգային պայքարը արկած չէ, այլ` գիտակից նախաձեռնութիւն: 1988-ը լրացաւ համազգային դժբախտութեամբ: Բայց այդ տարուան ընթացքին է որ ծայր տուաւ արցախեան պահանջատիրութիւնը եւ վերահաստատուեցաւ հայ ազգային քաղաքականութիւնը: Աղէտին զոհ գացին տասնեակ հազարաւոր հայեր, բայց հայութեան քաղաքական նահանջին զոհ կրնար երթալ ամէն ինչ:
«Ազդակ» կ՛աւելցնէր` ըսելով, որ կորուստը նուազ կ՛ըլլար, եթէ քաղաքաշինութեան աշխատանքներուն տիրապետած չըլլար գողութիւնը եւ ապիկարութիւնը. աւելի մեծ մարդիկ կը փրկուէին աւերակներուն տակէն, եթէ գոյութիւն ունենար քաղաքային պաշտպանութեան ենթակառոյց, վստահելի կազմակերպութիւն եւ ազդու կառավարութիւն:
Ոչ ոք մեզի պարտադրած է Հայաստանը` իբրեւ հայրենիք: Մենք ենք ընտրած այս հրաբխային, երկրաշարժային, լեռնային, խստաշունչ եւ գրեթէ անբերրի բարձրաւանդակը` իբրեւ գերեզմանը մեր մեռելներուն, նաեւ` ծաղկոցը մեր մանուկներուն, կ՛ըսէր «Ազդակ», աւելցնելով.
Հայոց պատմութիւնը եւ հայուն նկարագիրը ընդելուզուած են Հայաստանի շարժող հողին, ցուրտ ձմրան եւ բարձր սարերուն: Մենք փոքր ենք թիւով, որովհետեւ կառչած ենք այս հողամասին, որ բնական ճամբան է ո՛չ միայն առեւտրական կարաւաններուն, այլ նաեւ` արշաւող եւ քանդող հորդաներուն: Մենք փոքր ենք թիւով, բայց ամուր` մեր ժայռոտ լեռներուն պէս եւ զօրեղ` մեր երկրաշարժներուն չափ:
«Ազդակ» կը հաստատէր ըսելով. մե՛րն է երկրաշարժը, ինչպէս մերն են հրաբուխ Արարատը եւ կործանած Անին: Մենք ենք մեր երկիրը, մեր ցաւն ու ուրախութիւնը: Մենք պիտի թաղենք մեր մեռելները, պիտի շինենք նորը եւ աւելի լաւը եւ պիտի չշեղինք մեր պատմութեան գծած դժուար, բայց հայկական զառիվերէն, յարատեւ վերելքի, յարատեւ կառուցումի, յարատեւ պայքարի ուղիէն:
«Ազդակ» կ՛եզրակացնէր ըսելով. 1988-ը անկիւնադարձային տարի եղաւ արցախեան պահանջատիրութեան եւ ո՛չ թէ երկրաշարժին պատճառով: Պէտք է մերժել աղէտը հանգրուան նկատող մօտեցումը: Անհրաժեշտ է անցնիլ այս դժուարութենէն անդին եւ վերաշինութեան միասնական ճիգին մէջ վերընձիւղուիլ իբրեւ աւելի գիտակից, աւելի մարտունակ եւ յանձնառու ժողովուրդ եւ գաղութներ:
***
Երկրաշարժէն քանի մը օր ետք, դեկտեմբեր 11-15-ին ձերբակալուեցան Ղարաբաղ կոմիտէի անդամները եւ անոնց գործակիցները: Իսկ 8 յունուար 1989-ին ձերբակալուեցան մինչ այդ ազատ մնացած կոմիտէի մնացեալ անդամները եւ անոնց գործակիցները:
Թերացումներու եւ կարգ ու կանոնի խախտման դէպքերուն վրայ հսկողութիւն բանեցուցած չըլլալու ամբաստանութեամբ կուսակցական եւ ներքին գործոց նախարարութեան շարք մը պատասխանատուներ եւ պաշտօնատարներ պաշտօնազրկուեցան:
Հայաստանի վարչապետ Ֆադէյ Սարգսեան 17 յունուար 1989-ին հրաժարեցաւ եւ անոր յաջորդեց Վլատիմիր Մարգարեան: Քանի մը օր ետք պաշտօնանկ եղաւ Ազրպէյճանի վարչապետ Հասան Սէյիտով եւ զայն փոխարինեց Այազ Մութալիպով:
***
Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը 12 յունուար 1989-ի նիստին յատուկ քննարկման ենթարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցը եւ որոշեց կառավարման յատուկ դրութիւն մը ստեղծել, որուն համաձայն ինքնավար մարզը վարչականօրէն պիտի մնար Ազրպէյճանի կազմէն ներս, բայց պիտի կառավարուէր Քրեմլինի կողմէ նշանակուած մարմինի մը կողմէ` Արքատի Վոլսքիի գլխաւորութեամբ: Մարմինի 11 անդամներէն երկուքը հայեր էին: Միւս կողմէ, մարզի առաջին քարտուղար Հենրիկ Պօղոսեան հանգստեան կոչուեցաւ:
Ղարաբաղի հայութիւնը փետրուար 13-ին ընդհանուր գործադուլի դիմեց, պահանջելով մարզային իրաւասութիւններուն վերականգնումը եւ Ղարաբաղ կոմիտէի անդամներուն ազատ արձակումը:
Յաջորդող օրերուն ձերբակալութիւններու նոր արշաւ մը ծայր առաւ:
Երեւանի մէջ կրակմարի դրութիւնը կը շարունակուէր եւ հաւաքները արգիլուած էին: Հակառակ արգելքին, 28 փետրուարին, Սումկայիթի նահատակներու յիշատակին, հարիւր հազարաւոր հայեր տողանցեցին դէպի Ծիծեռնակաբերդ: Նախորդ օր նմանօրինակ հաւաք մը տեղի ունեցած էր Ստեփանակերտի մէջ, ուր անոնց յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը բացուեցաւ:
Քանի մը օր ետք Ստեփանակերտի մէջ գործադուլները վերսկսան:
***
Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին ու կառավարութեան որոշումով, 24 ապրիլ 1989-ը առաջին անգամ ըլլալով մայր հայրենիքին մէջ պաշտօնապէս նշուեցաւ իբրեւ Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օր:
Այս առիթով «Ազդակ» 24 ապրիլ 1989-ի թիւով եւ «Անբաժանելի Հայ դատը նոր հորիզոններու դիմաց» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակումը կու գար քաղաքական նոր խորք տալու Հայ դատին ու անոր դիմաց պարզելու լայնածիր հորիզոններ:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ այդ իրագործումը արդիւնքն է համաժողովրդային այն շարժումին, որ մեր նորագոյն պատմութիւնը կը կերտէր արցախեան պահանջատիրութեան անունով:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ արցախեան պահանջատիրութեան շարժումը եկաւ անտեսումի եւ մոռացութեան քողը պատռելու մեզմէ` հայ ժողովուրդէն խլուած եւ պատմականօրէն ու անառարկելիօրէն հայկական այլ հողամասի մը դատին վրայէն: Արցախեան շարժումն ու անոր յաջորդած` Ցեղասպանութեան յուշատօնին պետականօրէն հաստատումը եկան ցոյց տալու, որ Հայ դատը մէկ է ու անմասնատելի ամբողջութիւն է:
***
Արցախի մէջ ազերիներու ոտնձգութիւնները կը շարունակուէին եւ տարբեր գիւղերու մէջ հայերու դէմ բռնարարքները հետզհետէ կը ծաւալէին: Մայիսին սկսաւ գործադուլը: Կարգ մը շրջաններու մէջ ծայր առին հայ-ազերի բախումներ. ինկան վիրաւորներ:
Միւս կողմէ, մայիսի վերջաւորութեան, Ղարաբաղ կոմիտէի անդամները ազատ արձակուեցան:
***
Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Սուրէն Յարութիւնեան, մայիս 23-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ճանչցան մայիս 28-ը եւ Եռագոյն դրօշակը, իբրեւ հայկական պետականութեան վերականգնումի թուական եւ այդ պետականութիւնը խորհրդանշող ազգային դրօշ: Իր կարգին, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը 27 մայիսին Մայիս 28-ը եւ Եռագոյնը պաշտօնապէս ընդունեց:
Այս առիթով «Ազդակ», 27 մայիս 1989-ի թիւով եւ «Հայաստանի հիմքը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հայկական ուրոյն պետականութեան խորհրդանիշը հանդիսացող եւ Հայ դատը մարմնաւորող գաղափարը անխուսափելիօրէն կը գտնէ իր արժանի արտայայտութիւնը Հայաստանի մէջ:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ Արամ Մանուկեանի երեւանեան անշուք գերեզմանը պիտի վերածուի ուխտավայրի եւ Ռուբէնի, Համազասպի եւ հայրենիք կերտող բոլոր հերոսներուն եւ գործիչներուն արձանները պիտի կանգնին Հայաստանի մէջ, իբրեւ հրամայական ճանաչում ազգային անժամանցելի ճշմարտութեան:
«Ազդակ» կը նշէր, որ արցախեան անտեղիտալի պահանջատիրութեամբ ծայր տուած համաժողովրդային պայքարին շարժումը կը պահանջէ յստակ եւ վերջնական արժեւորում պատմական ճշմարտութիւններուն եւ հայոց արդի պատմութեան յենակէտերուն:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ երբ սրած են ազգամիջեան հակամարտութիւնները եւ կը խլրտին կայսրութիւնները, երբ բնութեան աղէտը եւ տնտեսական ու ընկերային տագնապները կը սպառնան Հայաստանին, բացարձակ անհրաժեշտութիւն դարձած է համազգային զօրակոչը եւ անդուլ ու ստեղծագործ աշխատանքը, բոլոր մակարդակներու վրայ:
Պէ՛տք է փշրել համակերպումի եւ անպարկեշտութեան շղթաները եւ թօթափել ստրկամիտ մտածելակերպը: Պէ՛տք է վերագտնել գաղափարական ճառագայթումը, քաղաքական խորքը եւ նուիրումի ոգին, որպէսզի ազգը միակամ եւ յանձնառու շարքերով քալէ դէպի մէկ գործ, մէկ նպատակ, կ՛ըսէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով.
Մայիս 28-ը կը մարմնաւորէ այդ նպատակին հիմքը եւ ազգային գործին հունը: Ան կը փոխանցէ անցեալի ամրութիւնը եւ գալիքին յոյսը, եւ վեր է բոլոր հատուածներէն ու խմբաւորումներէն: Իրենք զիրենք պարտադրել կրնան այն ժողովուրդները, որոնք գիտեն յարգել իրենց արժէքները: Բացի հայ ժողովուրդէն, ո՛չ մէկ այլ ազգ պիտի արժեւորէ մայիս 28-ը: Բացի հայ ղեկավարութենէն, ո՛չ մէկ այլ պետութիւն կամ կուսակցութիւն պիտի ճանչնայ հայկական քաղաքական հանգանակը: Մայիս 28-ի ճանաչումը եւ արժեւորումը ազգային եւ քաղաքական պարտականութիւն է համայն հայութեան համար, ամէնուրեք:
Իսկ 3 յունիս 1989-ի թիւով եւ «Մայիս 28-ի վերարժեւորումը քաղաքական աքթ է» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր, որ մայիս 28-ին եւ Եռագոյնին հայրենիք վերադարձին պատիւը կ՛երթայ հայ ժողովուրդին: Արցախեան պահանջատիրութեամբ ծայր տուած տարերային շարժումը ներկան կամրջեց անցեալին, պատռեց կեղծիքի եւ նենգափոխումի պետական քողը եւ հայ մարդոց հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ վերականգնեց ազգի եւ հայրենիքի սէրը, ճշմարտութեան հանդէպ յարգանքը եւ Հայ դատի հետապնդման յանձնառութիւնը:
Առանց ինքնավստահ ժողովուրդի եւ ղեկավարութեան, կարելի պիտի չըլլայ մղել արդիւնաւէտ պայքար` թէ՛ Հայաստանի ամբողջական հզօրացումին եւ թէ Հայ դատի արդար լուծումին համար, իսկ ինքնավստահութիւնը կը հիմնուի ճշմարտութեան տէրը ըլլալու պայծառ գիտակցութեան վրայ, կը շեշտէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով.
Մայիս 28-ին եւ Եռագոյնին հայրենիքը վերադարձը կը խորհրդանշէ նոր մեկնում` դէպի նոր հորիզոններ, դէպի ամբողջական Հայաստան եւ ամբողջական հայութիւն:
***
Յունիսի առաջին օրերուն, լարուածութիւնը կը շարունակէր բարձր մնալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ցոյցերը կը շարունակուէին, հակառակ կառավարութեան որդեգրած միջոցառումներուն: Մայիսի սկիզբը ծայր տուած գործադուլը կը շարունակուէր, անդամալուծելով շրջանին առօրեայ կեանքը:
7 յունիս 1989-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին ցուցարարները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Ղարաբաղցիները ազատութիւն կը պահանջեն», «միացում», միայն միացում»: Հաւաքին ընթացքին պարզուած էին նաեւ Եռագոյն դրօշներ:
Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ներկայացուցիչները, իրենց պահանջները վերարծարծելով շեշտեցին, որ շրջանին ընկերային եւ տնտեսական հարցերը միայն քաղաքական լուծումով կարելի է հարթել: