Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Հարիւրամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան. Հետեւանքներ Եւ Յառաջադրանքներ

Մարտ 9, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

haygazian_030916fՀայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, 31 յունուար – 1 փետրուար 2015-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով` «Հարիւրամեակ Հայոց ցեղասպանութեան. հետեւանքներ եւ յառաջադրանքներ» խորագիրով: Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Հայկազեան համալսարանին եւ հարիւրամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին միացեալ ճիգերով: Գիտաժողովին արծարծուած նիւթերը հրապարակուեցան առանձին հատորով, բաղկացած` 235 էջերէ:

Գիրքը կը բացուի Անդրանիկ Տագէսեանի «Երկու խօսք»-ով, այնուհետեւ` Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ յանուն Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին` Շահան Գանտահարեանի բարի գալուստի խօսքերն են:

* * *

Մասուուտ Տահէր արաբերէնով կը ներկայացնէ «Հայկական հարցը համաշխարհայնացումի դարաշրջանին. ներկան եւ հեռանկարները» նիւթը: Ան կ՛ըսէ, թէ Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, հայերը թափով կը շարունակեն պայքարը, հակառակ անոր որ Ցեղասպանութեան դատապարտման խնդիրով մեծ պետութիւնները ազդու չէին, իսկ միջազգային ընտանիքին գործելաձեւը` կրաւորական: Ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ արիւնոտ վէրք ըլլալ հայութեան համար եւ` միջազգային խղճին:

Այդուհանդերձ, խոստմնալից հեռանկարներ կա՛ն Հայկական հարցին խաղաղ լուծման համար: Արդարեւ, հայ ժողովուրդը  խաղա՛ղ լուծում կը փնտռէ իր արդար դատին: Ան կ՛ուզէ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ: Վերջինիս կեցուածքները, սակայն, կը միտին տէ ֆաքթոյի պայմանները պարտադրել:

Տահէր կը շարունակէ ըսելով, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կ՛ենթադրէ վերջինիս ճանաչումն ու հատուցումը Հայոց ցեղասպանութեան եւ վերադարձուիլը`  հայութեան աշխարհագրական, պատմա-մշակութային եւ կրօնական խորհրդանիշներուն: Ճիշդ հո՛ս է անհրաժեշտութիւնը քաղաքակիրթ պայքարին գերակշռումին` համաշխարհային առումով: Արդարեւ, հայը իր արդար իրաւունքները կը պահանջէ, ըստ Մարդկային Իրաւանց սկզբունքներուն: Եւ եթէ Թուրքիան այսօր կը փափաքի նոր էջ բանալ Հայկական հարցին լուծման, ապա ան պարտի ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցել Ցեղասպանութեան զոհերուն համար: Ասիկա կը սկսի Թուրքիոյ Հանրապետութեան` ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Ուխտին ստորագրումով:

Տահէր իր խօսքը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ հայերը կը պայքարին, որ աշխարհը միանգամընդմիշտ ճանչնայ իրենց դատին արդարութիւնը, որով սկիզբ դրուի համաշխարհային արդարութեան եւ պատժուին բոլո՛ր անոնք, որոնք Ցեղասպանութիւն գործեցին ազգերու եւ ժողովուրդներու հանդէպ` աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ: Պայքարի հայ յառաջամարտիկները շատոնց գիտակցեցան, որ մեծ պետութիւններուն վստահիլը պարզապէս խաբկանք է, որովհետեւ վերջիններս միայն իրենց շահերը կը հետապնդեն:

Տահէր կը հաստատէ, որ ապագան մի՛շտ կը պատկանի այն ժողովուրդներուն, որոնք կը տենչան ու կառչած կը մնան իրենց ճակատագիրին տնօրինման արդար իրաւունքին:

* * *

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ, որ մեր գիտաժողովները նպատակ չունին փաստելու, որ Ցեղասպանութիւնը իրական է պատմականօրէն: Օտարներուն համար, որոնք կրնան չգիտնալ այդ` պէտք ունինք փաստելու, ճիշդ է: Սակայն, մենք մեզի համար փաստելու կարիք չունինք, քանի որ մենք վերապրած ականատեսներու զաւակներն ու թոռներն ենք: Մենք, մեզի համար պէտք ունինք փաստելու, որ այդ Ցեղասպանութեան տարողութիւն-ազդեցութիւնը որքան ծա՛նր եղած է, որովհետեւ մեր պահանջը ըստ այնմ պէտք է ներկայացնենք: Յանցանքին ծանրութենէն կախեալ պիտի ըլլայ այն, թէ այդ յանցանքին դիմաց` հատուցումը որքա՛ն ծանրօրէն եւ ի՛նչ տարողութեամբ պիտի պահանջենք: Մեր գիտական աշխատանքը ատոր մէջ եւ ատոր վրայ պէտք է կեդրոնանայ, եւ ատիկա ընելը շատ ալ դժուար չէ, քանի որ պատմական տուեալներ` թիւերով ու քանակով, արդէն շատ կան: Մեզի համար իրական պարտականութիւն պէտք է սեպենք, որ այս բոլորը քով քովի բերենք, որպէսզի Ցեղասպանութեան հասկացութիւնը մեզի համար, մեր զաւակներուն համար, մարդկութեան ապագային համար եւս վերածուի իրական դաստիարակութեան: Որպէսզի ատով մենք մեզ կարենանք դաստիարակել այնպէս` որ չյոգնի՛նք, չձանձրանա՛նք արդարութիւնը պահանջելէ:

«Որոշ դիտարկումներ Հայոց ցեղասպանութեան ժողովրդագրական, աշխարհագրական, մշակութային, տնտեսական, քաղաքական եւ հոգեբանական հետեւանքներու շուրջ» նիւթով հանդէս կու գայ Սուրէն Մանուկեան: Ան կ՛ըսէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու տարբեր թիւեր շրջանառութեան մէջ են եւ Մեծ եղեռնի մէկ միլիոնի հասնող զոհերու թիւին մասին առաջին անգամ յիշատակուած է 1919 մարտին Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին հայկական պատուիրակութեան ներկայացուած յուշագիրին մէջ: Ան կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներէն է նաեւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը:

Մանուկեան կը շեշտէ ըսելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան մեծագոյն հետեւանքներէն է հայրենազրկումը:  Ան կը նկատէ, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայազրկումը դարձաւ թրքական հանրապետութեան ստեղծման հիմք:

«Օսմանեան կայսրութեան միջազգային իրաւական պարտաւորութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ» նիւթով հանդէս կու գայ Վլատիմիր Վարդանեան: Ան կ՛ըսէ, որ մեր հետազօտութիւններուն մէջ մենք պէտք է վեր հանենք եւ ցոյց տանք, որ Օսմանեան կայսրութիւնը իբրեւ պետութիւն ունէր իրաւական պարտաւորութիւն միջազգային հանրութեան հանդէպ` թոյլ չտալու մարդկային խումբերու ոչնչացումը:

Ան կը շեշտէ, որ մարդկային խումբերու ոչնչացումը կը նկատուի միջազգային հակաիրաւական արարք, եւ Օսմանեան կայսրութիւնը պարտաւորուած էր միջազգային իրաւունքով առնուազն չիրականացնել հայերու ոչնչացումը:

* * *

«Միջազգային համայնքին հակազդը` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք» նիւթով, անգլերէնով, հանդէս կու գայ Զաւէն Մսըրլեան: Ան կ՛ըսէ, որ թուրք պետական ղեկավար շրջանակներու մէջ հայոց նկատմամբ ցեղասպանական միտումները գոյ էին Պերլինի վեհաժողովէն ետք: Նոյնիսկ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը 1895-96-ի ջարդերը ողջակիզում կոչած էր: 1909-ի Ատանայի ջարդը նախաճաշակ մըն էր Մեծ եղեռնի 1915-23-ի Հայոց ցեղասպանութեան: Թուրքիոյ ղեկավար խմբակը շատ լաւ գիտէր, թէ տեղահանութիւն հրահանգելով ազգի մը ցեղասպանումին վճիռը կ՛արձակէր:

1915 մայիսի սկիզբին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե. կը դիմէր մեծ պետութեանց` կասեցնելու հայոց ջարդը: 22 մայիս 1915-ի դաշնակից պետութիւններու ազդարարութիւնը` թուրք ղեկավարներուն, թէ` մարդկութեան դէմ ոճիրներու համար անձնապէս պատասխանատու պիտի ըլլան` շատ կարեւոր է, քանի որ այդ ազդարարութիւնը օգտագործուեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք որպէս նախընթաց` դատելու համար նացի եւ ճափոնցի պատերազմական ոճրագործները եւ հիմք կազմեց Նիւրեմպերկի եւ Թոքիոյի հրովարտակներուն, մանաւանդ որ Սեւրի դաշնագիրին յօդուած 230-ին մէջ ալ ամրագրուած էր:

Մսըրլեան կը շարունակէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեա՛ն իսկ ընթացքին Օսմանեան Թուրքիոյ դաշնակիցները, չէզոք եւ թշնամի պետութիւնները գիտէի՜ն, թէ կատարուածը ազգի մը բնաջնջումն է:

Հռոմի Պենետիկտոս ԺԵ. պապը, Մեքքէի Շերիֆ Հիւսէյնը իրենց նամակներով, չէզոք եւ պատերազմիկ երկիրներու մեծերը իրենց անդրադարձով, պետական դէմքերը իրենց յայտարարութիւններով գիտէին եղածը: Դաշնակից երկիրներու ղեկավարներ խոստումներ տուին հայոց եւ չգործադրեցին: Ընդհակառակը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ճգնաժամին անոնք ո՛չ միայն օգնութեան չհասան, այլ նաեւ փորձեցին զայն շահագործել: Օսմանեան պետութեան յետպատերազմեան սկզբնական կեցուածքը (քննութիւն, դատ, մամուլի մէջ բացայայտումներ) շրջադարձ ունեցաւ քեմալականներու իշխանութեան գալով:

Մսըրլեան կ՛եզրափակէ, որ միջազգային օրէնքի հիմամբ պէտք է հետապնդել հողային, նիւթական եւ բարոյական հատուցման հարցը` օգտագործելով ազգի մը հողին տիրելու համար ազգի մը բնաջնջումը ծրագրելու եւ գործադրելու փաստը:

* * *

«Հայոց ցեղասպանութեան չարաշահումը` պետութիւններու կողմէ Թուրքիոյ դէմ» նիւթով, արաբերէնով, հանդէս կու գայ Սալեհ Զահրէտտին: Ան լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայոց ցեղասպանութեան չարաշահումը շրջանային թէ մեծ պետութիւններու կողմէ, որոնք զայն օգտագործած են եւ կ՛օգտագործեն իբրեւ ճնշամիջոց` Թուրքիոյ դէմ: Ճնշամիջոցի այս քաղաքականութիւնը կը տարբերի ըստ երկրի, ժամանակի եւ շահերու բախման չափի:

Զահրէտտին կը վերլուծէ ճնշամիջոցի այս քաղաքականութեան վերաձեւաւորումը` Պաղ Պատերազմի աւարտէն,  Ծոցի Երկրորդ պատերազմէն, Պերլինի պատի փլուզումէն եւ Գերմանիոյ միացումէն ետք, ծանրանալով անոր քաղաքական, տնտեսական, զինուորական եւ դիւանագիտական դրսեւորումներուն վրայ:

Դոկտ. Զահրէտտին կը թուարկէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Յունաստանի չարաշահումի` այս քաղաքականութիւնը ներկայացնելով իւրաքանչիւր երկրի առանձին դրսեւորումներու օրինակներ` թէ՛ ներթրքական, եւ թէ միջպետական յարաբերութիւններու եւ շփումներու ծիրին մէջ: Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան միանալու խնդրով վերջինիս վարած երկակի քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ քիւրտերու` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութեան:

Դոկտ. Զահրէտտին կ՛եզրակացնէ, որ վերոյիշեալ քաղաքական միաւորներուն կողմէ որդեգրուած բռնաճնշումի այս քաղաքականութիւնը հիմնուած է անոնց շահերուն վրայ:

* * *

«Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1991-2014» նիւթով հանդէս կու գայ Արսէն Աւագեան: Ան կ՛ըսէ, որ բանակցային գործընթացի մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ կայ տնտեսական բաղադրիչը: Ան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ թրքական հասարակութեան մէջ կան դրական տեղաշարժեր: Այդ հասարակութիւնը կը տեսնէ, որ Թուրքիա պէտք է փոխէ իր քաղաքական գիծը:

«Հայ-թուրք ոչ պաշտօնական շփումները» նիւթով հանդէս կու գայ Թաթուլ Յակոբեան: Ան կ՛ըսէ, որ հայ-թրքական ոչ-պաշտօնական, հասարակական շփումները անցած են տարբեր հանգրուաններ` սերտ համագործակցութենէն մինչեւ տեղատուութեան շրջաններ, սակայն անոնք չեն ազդած Հայաստան-Թուրքիա պաշտօնական շփումներուն եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն վրայ:

Յակոբեան կը նշէ, որ 1991-էն ի վեր, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզման իբրեւ արդիւնք Հայաստան անկախացաւ, տեղի ունեցած են հայ-թրքական ոչ պաշտօնական բազմաթիւ շփումներ:

1990-ական տարիներու վերջաւորութեան սկսան հայ-թրքական ոչ պաշտօնական շփումները հասարակական կազմակերպութիւններու, լրագրական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական ներկայացուցիչներու միջեւ:

2003-ին Անգարա երկխօսութիւն նախաձեռնեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու հայկական կազմակերպութիւններու հետ:

Երբ 2010-ին տեղի պիտի ունենար Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ առաջին պատարագը, Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակը հրաւէրներ ուղարկեց սփիւռքի բազմաթիւ լրատուամիջոցներու` խոստանալով փակել բոլոր ծախսերը, բայց ոչ մէկ լրատուամիջոց չընդունեց հրաւէրը:

Յարաբերութիւններ հաստատելու փորձեր եղած են համալսարաններու միջեւ: Հանդիպումներ եւ քննարկումներ ունեցած են նաեւ ակադեմականները:

Հայ-թրքական հասարակական շփումներու ամէնէն աշխուժ շրջանը սկսաւ 2008-ին, երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները նախաձեռնեցին հայ-թրքական ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը:

Թաթուլ Յակոբեան կը հաստատէ, որ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը հայ-թրքական հասարակական շփումներու հարցով, առնուազն հրապարակային յարաբերութիւններու մակարդակով, միշտ եղած է դրական եւ կառուցողական:

Հայ-թրքական ոչ պաշտօնական շփումներու նկատմամբ պաշտօնական Անգարայի դիրքորոշումը շատ աւելի դրական է եւ երբեմն` քաջալերական: Թրքական կողմին պէտք են միայն քննարկումներ, անվերջ երկխօսութիւն, սակայն ոչ վերջնական արդիւնք: Թուրքիա խոչընդոտներ կը ստեղծէ թուրք-հայկական հասարակական շփումներու համար, երբ առաջընթացը ակնյայտ կը դառնայ: Այսինքն, Անգարա կողմ է բոլոր քննարկումներու եւ քայլերու, բայց երբ գործը կը հասնի սահման բանալուն կամ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելուն` արդէն դէմ կ՛ըլլայ:

Յակոբեան եզրափակելով կ՛ըսէ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները չեն թելադրուած երկու հասարակութիւններու պահանջարկով: Այդ շփումներու մեծագոյն մասի մղիչ ուժը արեւմտեան դրամաշնորհներն են:

Հայ-թրքական հասարակական շփումները կենդանի պահելու հարցով շահագրգռուածութիւն ցուցաբերած են արեւմտեան պետութիւններն ու կազմակերպութիւնները, առաջին հերթին` Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը: Ռուսիա, Իրան եւ Վրաստան չեն քաջալերած Երեւան-Անգարա համագործակցութիւնը: Ազրպէյճան ամէն հնարաւոր եղանակով կը ձգտի խոչընդոտել հայ-թրքական իւրաքանչիւր ձեռնարկ` ըլլայ պաշտօնական թէ անպաշտօն:

***

«Թուրքիոյ Հանրապետութեան կեցուածքը` իր փոքրամասնութիւններուն հանդէպ (1923-2014)» նիւթով, անգլերէն, հանդէս կու գայ Պիւլենթ Պիլմէզ: Ան կը լուսաբանէ թուրք ժողովուրդի կերտումին մէջ ոչ-իսլամ եւ ոչ-թուրք խումբերու դերին եւ տեղին, իբրեւ հետեւանք ձուլումի, ցեղային մաքրագործումի եւ կամ ոչնչացումի, որուն սկիզբը կը հանդիսանայ Հայոց 1915-ի ցեղասպանութիւնը: Ան կը վերլուծէ այս հասարակաց ոճիրին դերը` նոր ազգապետութեան հիմնումին մէջ եւ իր ազդեցութիւնը իսլամ բնակչութեան վրայ:

Պիլմէզ կը հաւաստէ, թէ Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնը խորապէս արմատաւորուած է ոչ միայն ժողովուրդներու, այլեւ ընդդիմադիր քաղաքացիական-մտաւորական շարժումներու դէմ` Օսմանեան պետութեան անհաւասար քաղաքականութեան մէջ: Ան կ՛եզրակացնէ, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու հանդէպ քաղաքականութեան ժողովրդավարացումը խոչընդոտող գլխաւոր գործօն մըն է Թուրքիոյ իսլամ մեծամասնութեան մէջ տիրող հաւասարազօրութեան վախի, որ կը ներկայացուի իսլամամէտ ներկայ կառավարութեամբ:

«Հայերու կարգավիճակը ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ. իսլամաց(ու)ած հայեր» նիւթով հանդէս կու գայ Հրանուշ Խառատեան, անդրադառնալով ինքնութեան խնդիրներուն, Տէրսիմի 1937-1938-ի ջարդերուն, վերականգնուող ինքնութեան եւ Թուրքիոյ բնակչութեան ազգային ու կրօնական դիմագիծին:

Խանլարեան կը հաստատէ, որ Թուրքիոյ մէջ դժուար է հասկնալ, թէ թրքական ինքնութեան կրողը ո՞վ է: Մատներու վրայ կարելի է հաշուել մաքուր օղուզական ծագում ունեցող մարդիկ. իւրաքանչիւրի ծնողներու, պապերու մէջ անպայման յոյներ կան, հրեաներ, սերպեր, առնաուտներ, լազեր, չերքէզներ, թուրքմէն ալեւիներ, զազա ալեւիներ, քիւրտեր, ալեւի եւ սիւննի արաբներ:

Թուրքիոյ մէջ «հայ» համարուողներու լեզուն ամէնէն աւելի յաճախ քրտերէնն է, թրքերէնը, երբեմն` արաբերէնը: Իսլամացուած բոլոր հայերու նկատմամբ, սակայն, ամէնէն յաճախ կ՛օգտագործուի «թրքացած» բառը, որուն համար առարկայական հիմք կայ, քանի որ Թուրքիոյ մէջ բոլոր իսլամները, յատկապէս սիւննի իսլամները պաշտօնապէս թուրք են: Սոյն «առարկայական» հաւաքականութենէն դուրս կը մնան ալեւիացած հայերը, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ ալեւիականութիւնը իսլամութիւն չի նկատուիր:

Հայերու կողմէ վերջին տարիներուն վերականգնուող ինքնութիւններու դէպքերը հանրային ուշադրութեան առարկայ են: Կազմակերպուած են գիտաժողովներ, փակ ու բաց քննարկումներ եւ հարցազրոյցներ: Ինքնութիւնները կը վերականգնին գլխաւորաբար քրտական միջավայրերու մէջ իսլամացածներու կողմէ եւ յատկապէս` Պոլսոյ մէջ: Վերաքրիստոնէացումը դժուար որոշում է: Այլեւայլ հանգամանքներէ բացի, կայ նաեւ «հայկական գործօն»-ը:

Պոլսոյ մէջ քրիստոնեայ հայերը շատ դժուարութեամբ կը հաշտուին – երբեմն ալ չեն հաշտուիր – վերաքրիստոնէացած հայերը իրենցմէ համարելու գաղափարին եւ անոնք կը յայտնուին թէ՛ իսլամ եւ թէ՛ հայ համայնքներու լուսանցքին վրայ:

Թուրքիոյ մէջ ապրող շատերու մօտ ամրացած է այն համոզումը, որ հայերու նկատմամբ պետութեան թշնամանքը պատճառներէն մէկն է, որ մարդիկ ջանացած են խոր թաղել իրենց հայկական արմատները, եւ այսօր շատերը նոյնիսկ այդ մասին գաղափար անգամ չունին: Ոմանք շատ ուշ, միայն վերջին տարիներուն յայտնաբերած են իրենց հայկական ինքնութիւնը: Անոնք համոզուած են, որ պէտք է խիստ զգուշ ըլլալ, իշխանութիւններուն եւ նոյնիսկ հասարակութեան չվստահիլ: Այնքան բան զոհաբերուած է իսլամ համարուելու, առաւել եւս` հայկական անցեալը թաքցնելու, մոռցնելու համար, եւ այնքան դիւրին է իյնալ իշխանութեան համար ատելի հայկական ցանկերու մէջ:

Թուրքիոյ մէջ ինքնութեամբ հետաքրքրուիլը «քաղաքական այլախոհութիւն» է: 2011 փետրուարին Եւրոպական Խորհուրդի` ընդդէմ ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողութեան յանձնախումբը հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ իր զեկոյցը, ուր առաջին անգամ ըլլալով փորձ կը կատարուի տարբեր աղբիւրներէ քաղուած տուեալներու հիման վրայ թիւերով ներկայացնել Թուրքիոյ բնակչութեան ազգային եւ կրօնական դիմագիծը: Այդ տուեալներուն համաձայն, Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն թիւը 12-էն 15 միլիոն է, ալեւիներունը` 4-էն մինչեւ 24 միլիոն, գնչուները մօտաւորապէս 2 միլիոն 700 հազար են, չերքէզները` 750 հազարէն 3 միլիոն, լազերը` մէկուկէս միլիոն: Հայերու թիւը ներկայացուած է 50 հազարէն 93 հազար: Կարելի է ենթադրել, որ հայերու պարագային հաշուառուած են միայն քրիստոնեաները, իսկ համշէնցի հայերը ներառուած են թրքական համարուող խումբի մէջ: Հաւանական է, որ յանձնախումբին կողմէ թիւերուն նուազագոյնները պետական մարմիններու առաջարկած թիւերն են, առաւելագոյնները` փորձագէտներու: Եթէ առաւելագոյնները նկատի ունենանք, Թուրքիոյ մէջ իրենք զիրենք թուրք համարողները փոքրամասնութիւն են:

Եզրակացնելով, հայերու կարգավիճակը ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ եւ իսլամացուած հայերը, կարելի է հաստատել, որ հայերու կարգավիճակը վախն է եւ կամ կը շարունակէ մնալ վախը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1966)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?