Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծնողներուն Կոչ Եղած Է Պոյքոթի Ենթարկելու «Վիթեք» Խաղալիքները

February 19, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

IMG1_021916

Կասկած չկայ, որ առաջին մարդն իսկ իր նորածինը զբաղեցնելիք առարկայ մը փորձած է ստեղծել, մանուկին համար խաղալիք մը հնարել, բնազդաբար զգալով, որ երեխաներուն համար կենսական է խաղալը:Յաճախ նշմարած էք, որ նուէրը երբ տրուած է մանուկին, ան սկիզբը աւելի ժամանակ յատկացուցած է տուփին եւ ժապաւէնին, քան` մէջի խաղալիքին: Դարերու ընթացքին անշուշտ  խաղալիքները իրենց ձեւը, բնոյթն ու բովանդակութիւնը փոխեցին` «քայլ պահելով» ժամանակի պայմաններուն, ատոնք ստեղծողներուն երեւակայութեան, նկարագիրին, քաղաքական հայեացքներուն, մանկավարժական ըմբռնումներուն եւ մանաւանդ նոր արհեստագիտութեան եւ… սպառողական շուկային հետ: Այսօր ունինք «ՎիԹեք» (VTech) խաղալիքները, որոնք օրէ օր կը կատարելագործուին, սակայն ինչպէս բոլոր արհեստագիտական սարքերը, նաեւ ունին իրենց անպատեհութիւնները: Այսպիսի երեւոյթի մը վերջերս անդրադարձած է Պի.Պի.Սի.ի մեկնաբան Լէօ Քելիոն:

IMG2_021916

Համացանցային կիպերանվտանգութեան (cybersecurity) մասնագէտները ըսին, որ ծնողներ պէտք է պոյքոթի ենթարկեն կամ առնուազն ուշադիր ըլլան «ՎիԹեք»-ի ելեկտրոնային խաղալիքներուն, կայքահենային յարձակումներէ պաշտպանուելու համար անոր գործողութիւններուն պատճառով: Մասնագէտները այդ թելադրութիւնը ըրին, երբ բացայայտուեցան «ՎիԹեք»-ի նոր եզրերն ու պայմանները, ըստ որոնց, ծնողնե՛րը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն յառաջիկայ խախտումներուն համար: Շուրջ 6,5 միլիոն երեխաներու համացանցային օգտատէրերուն վնասներ պատճառեց անցեալ տարուան խզումը, որ յանցագործներուն համար մատչելի դարձուց նկարներն ու զրոյցներու արձանագրութիւնները:

«ՎիԹեք» կ’ըսէ, թէ ինք ճշդուած պայմաններուն կը կառչի: Ընկերութեան բանբերը ըսաւ. «ՎիԹեք» երբ տեղեկացաւ, որ իր տուեալներու շտեմարանները (databases) ցանցահէնային յարձակումներու ենթարկուած են, մեծ ջանք ի գործ դրաւ իր կայքերուն եւ ծառայութիւններուն մէջ անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար, ինչպէս նաեւ` պաշտպանելու յաճախորդին տեղեկութիւնները: Բայց առցանց գործող ոչ մէկ ընկերութիւն կրնայ 100 տոկոսով երաշխաւորել, որ ցանցահէնային յարձակումի պիտի չենթարկուի: Ճշդուած եզրերով եւ պայմաններով, բազմաթիւ կայքերու եւ ծառայութիւններու համար, կը սահմանափակուի ընկերութեան պատասխանատուութիւնը  երրորդ կողմերու` յատկապէս ցանցահէններու գործողութիւններուն վերաբերեալ: Այսպիսի սահմանափակումներ սովորական երեւոյթ են համացանցին վրայ»: Սակայն կիպերյարձակումի անվտանգութեան մասնագէտ մը մանրամասնեց «ՎիԹեք»-ի արտադրութեանց յաւելեալ սպրդումները` պնդելով, որ  ընկերութիւնը ապակողմնորոշում կ’ընէ, երբ յարձակումները «խեղաթիւրուած» կ’անուանէ:

Ընկերութիւնը իր հրապարակած նոր եզրերով եւ պայմաններով ծնողներուն կ՛ըսէ.

«Դուք կ՛ընդունիք եւ կը համաձայնիք, որ պատասխանատուութիւն կը կրէք ձեր օգտագործած կայքին եւ որեւէ ծրագիր կամ որոնուած նիւթ ներբեռնելու (download) համար»:

«Դուք կ’ընդունիք եւ կը համաձայնիք, որ կայքի օգտագործման ատեն որեւէ տեղեկութիւն, որ կը ղրկէք կամ կը ստանաք, կրնայ անվտանգ չըլլալ եւ կողմնակի անձերու կողմէ կրնայ խափանուիլ»:

«Դուք կ’ընդունիք եւ կը համաձայնիք, որ վտանգի ձեր պատասխանատուութեամբ կ՛օգտագործէք որեւէ կայք, կամ կը ներբեռնէք որեւէ ծրագիր»:

IMG3_021916

Ըստ անվտանգութեան հետազօտութիւն կատարող մասնագէտ Սքոթ Հելմի, մարդիկ նոյնիսկ չեն կարդար այս պայմանները: «Եթէ «ՎիԹեք» անկեղծօրէն կը զգայ, որ անձնական տուեալներ եւ տեղեկութիւններ պաշտպանելու ատակ չէ, լաւ կ’ըլլայ, որ ատիկա նշէ տուփին վրայ, թոյլ տալով, որ գնողները գիտակցաբար նկատի առնեն վտանգի հաւանականութիւնը, այլ ոչ թէ կուրօրէն ընտրեն «զերօ հաշուետուողականութեան» դրոյթը»: Անոր այս դատապարտումին ձայնակցեցան առնուազն չորս այլ մասնագէտներ, որոնցմէ Քեն Մոնրօ ըսաւ. «Ընկերութեան կողմէ ասիկա անհաւատալիօրէն ամբարտաւան եւ նուաստացուցիչ պատասխան մըն է` նկատի ունենալով տուեալներու անվտանգութեան անոնց փորձառութիւնը:Եթէ «ՎիԹեք» կը կարծէ, որ այս պայմանները կը լուծեն իր խնդիրները, պէտք է աւելի մեծ խնդիրներ յառաջացնել. պոյքոթի՛ ենթարկեցէք զայն եւ ձեր դրամները այլ բաներու ծախսեցէք»:

Իսկ կիպերանվտանգութեան բրիտանական հետազօտական գիտական հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Անժելա Սասս աւելցուց, որ ինք «պիտի զգուշանայ» ընկերութեան բոլոր արտադրութիւններէն: Փաստաբան մը «ՎիԹեք»-ի մօտեցումը «արտառոց» անուանեց:

IMG4_021916

Բոլորն ալ տարօրինակ կը տեսնեն սպառողական համաձայնագիրներու մէջ այդպիսի պայմաններ, եւ կասկածին, որ ատոնք  կը գործադրուին: Մինչ «ՎիԹեք»-ի հարստութիւնը պիտի աճի, որովհետեւ համաձայնած է գնել Միացեալ Նահանգներու իր մրցակից Լիփֆրոկ ընկերութիւնը: Բայց ընկերութեան գործունէութեան հետեւող մեկնաբան մը հաստատեց, որ այդ ազդեցութիւնը նոյնիսկ աւելի հեռու կ՛երթայ:«Լուսարձակները կեդրոնացած են «ՎիԹեք»-ի վրայ, որովհետեւ խաղալիքներու ճարտարարուեստին մէջ այս ծաւալով ոչինչ եղած էր», ըսաւ  «Թոյ Նիւզ» ամսաթերթի խմբագիր Պիլլի  Լանկզուորթի` աւելցնելով.

«Խաղալիքներու ընկերութիւնները պէտք է գիտակցին, որ այսպիս կիպեր յարձակումներ աւելի յաճախակի եւ ընդհանրական պիտի դառնան, ուրեմն անվտանգութեան ճիշդ եւ խիստ միջոցառումներ պէտք է որդեգրուին»:

երեւոյթի մը վերջերս անդրադարձած է Պի.Պի.Սի.ի մեկնաբան Լէօ Քելիոն:

 

Օգտագործուած աղբիւներ` «Կարտիըն» եւ «Պի.Պի.Սի»

 

Նախորդը

«Վրիպակ 53»-ի Դէմ Զայրոյթը Կ՛աճի, Երբ Apple-ի Ծրագիրի Թարմացումը Կը Սպառնայ Սպաննել Iphone 6-ը»

Յաջորդը

Անգամ Մը Եւս Հայ Գեղանկարչութիւնը Կը Հասնի Ծայրագոյն Արեւելք

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.