Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամենատարեց Ղեկավարները

Դեկտեմբեր 8, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ժամանակի ընթացքին ընդունուած կարգը այն եղած է, որ  պետութիւններու ղեկավարները եւ ընդհանրապէս առաջնորդները ըլլան տարեց: Այս երեւոյթին դէմ անշուշտ միշտ պայքարողներ եղած են: Այսօր տարեցներու հետ նոյնպէս կան բաւական երիտասարդ նախագահներ, ընդհանրապէս` առաջնորդներ, որոնք հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ են:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այսօր ղեկի վրայ եղող ամէնէն տարեց առաջնորդներու խումբ մը:

Ն.

Էլիզապեթ Բ. Թագուհի

Զիմպապուէի նախագահ Ռոպերթ Մուկապէի հրաժարականը Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին դարձուց աշխարհի մէջ  պետութեան ամէնէն տարեց ղեկավարը:

Ըստ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ»-ի, երբ 93-ամեայ Մուկապէ, որ ափրիկեան պետութիւնը կը ղեկավարէր 37 տարի շարունակ, յայտարարեց հրաժարականի մասին, այդ ոչ պաշտօնական կոչումը անցաւ 91-ամեայ Էլիզապեթ Բ.-ին, որ կը գլխաւորէ Միացեալ Թագաւորութիւնը:

Ասիկա վինցորներու միապետական տոհմի ղեկավարի հերթական մրցանիշն է: Սեպտեմբեր 2015-ին Էլիզապեթ գերազանցեց Վիքթորիա թագուհիին թագաւորութիւնը ղեկավարելու երկարամեայ մրցանիշը: Երբ 13 հոկտեմբեր 2016-ին մահացաւ Թայլանտի թագաւոր Փումիփոն Ատուլիատեթը, Էլիզապեթ Բ. դարձաւ ներկայիս ողջ մնացած միապետներու շարքին ամէնէն երկար կառավարածը: Այս տարուան 6 փետրուարին Էլիզապեթ Բ. նշեց իր գահակալութեան 65-ամեակը` ատով դառնալով բրիտանացի միապետներէն առաջինը, որ  յաջողած է նշել «շափիւղեայ» յոբելեանը այդ պաշտօնին մէջ:

20 նոյեմբերին թագուհին իր ամուսինին` Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփի հետ նշեց փլաթին հարսանիքը` ամուսնութեան 70-ամեակը:

Երկրորդ  Դիրքի Վրայ` Թունուզի 90-ամեայ Նախագահը

Թունուզի պատմութեան մէջ առաջին ժողովրդավարական  նախագահական ընտրութեան արդիւնքով 2014 թուականին պետութեան ղեկավար դարձաւ 87-ամեայ հակաիսլամական  քաղաքական գործիչ Պեժի Քայիտ Սեպսին: Ընտրութեան երկրորդ փուլին ան ստացաւ քուէներու 55, 68 առ հարիւրը` առաջ անցնելով իր մրցակից` գործող նախագահ Մոնսեֆ Մարզուքիէէն, որ ստացաւ քուէներու 44,32 առ հարիւրը:

Սեպսի Թունուզի Հանրապետութեան վարչապետն  էր 2011 թուականին: Ան ստանձնած էր պաշտօնանկ եղած նախագահ Զէյն Ապիտին պըն Ալիի կառավարութեան ղեկը: Տարբեր տարիներուն ստանձնած է նախարարական զանազան  պաշտօններ, դիւանագիտական եւ պետական պաշտօններ:

Քուէյթի 88-ամեայ Էմիրը

Երրորդ դիրքին վրայ է Քուէյթի էմիր շէյխ Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահը:

Ան ծնած է 16 յունիս 1929-ին: Շէյխ Սուպահ Քուէյթի ղեկավարութեան կազմին մէջ 1950-ական թուականներու  կէսերէն տարբեր պաշտօններ վարած է: 40 տարի շարունակ (1963-2003) եղած է արտաքին գործոց նախարար, երկար տարիներ ղեկավարած է Քարիւղի գերագոյն խորհուրդը, եղած է տեղեկատուութեան նախարար եւ վարչապետ: 2006 թուականին 76-ամեայ շէյխը երկրի նոր էմիր հռչակուեցաւ եւ դարձաւ 18-րդ դարէն իշխանութեան գլուխ գտնուող Սուպահ գերդաստանի 15-րդ կառավարիչը:

Քետայի Ապտուլ Հալիմ

87-ամեայ ղեկավարը ամէնէն երկար անունը ունի աշխարհի առաջնորդներու շարքին մէջ. պաշտօնապէս արձանագրուած է`  Ալմութասիմու Պիլլահի Մուհիպպուտտին Թուանքու Ալհաժ սըր Ապտուլ Հալիմ Մուատզամ Շաճ Իպնի Ալմարհում Սուլթան Պատլիշահ: Իւրայատուկ դրութեամբ, որդեգրուած 1957-էն ի վեր, պետութեան 9 ժառանգական կառավարիչներ, հինգ տարուան ժամանակամիջոցի համար կը բազմին թագաւորական աթոռին վրայ: Արքայական պաշտօնը մեծապէս արարողական, ծիսական է, որովհետեւ վարչական լիազօրութիւնները վիճակուած են խորհրդարանին եւ վարչապետին:

Քուպայի Ղեկավար Ռաուլ Քասթրօ

Քուպայի Հանրապետութեան պետական խորհուրդի եւ նախարարական խորհուրդի նախագահ Ռաուլ Քասթրօ ծնած է 3 յունիս 1931-ին : Պատանի տարիքէն Ռաուլ աւագ եղբօր` Ֆիտելի ազդեցութեան տակ սկսած է հետաքրքրուիլ յեղափոխական գաղափարներով: 22 տարեկանին ան կը յարձակէր Մոնքատի զօրանոցներուն վրայ, իսկ 25-տարեկանին հռչակաւոր «Կրանմա» զբօսանաւով խարիսխ նետեց Քուպայի ափերուն, որպէսզի հայրենակիցներուն հետ փարթիզանական պատերազմ սկսի: 27 տարեկանին քոմանտանթէ Ռաուլ կը ղեկավարէր ապստամբ ուժերու 6-րդ շարասիւնը, իսկ 28-ին, յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք, ռազմական նախարար դարձաւ եւ 49 տարի այդ պաշտօնը վարեց: 2008-ին ստանձնելով Քուպայի ղեկավարութիւնը` 76-ամեայ Ռաուլ սկսաւ քաղաքական  եւ տնտեսական բարեփոխումներ կատարել, մասնաւորապէս նախաձեռնեց Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացան:

Քամերունի Նախագահ Փոլ Պիա

Քամերունի նախագահ Փոլ Պիա ծնած է 13 փետրուար 1933-ին գիւղական բնակավայրի մէջ: Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է կաթոլիկ վարժարաններու մէջ, կը պատրաստուէր իր կեանքը նուիրել եկեղեցւոյ: 1950-ական թուականներու կէսերուն, երբ Ափրիկէի մէջ սկսաւ ապագաղութացման հոլովոյթը, ապագայ նախագահը քաղաքականութեամբ հրապուրուեցաւ:

Փարիզի մէջ աւարտելով քաղաքագիտութեան հիմնարկը` Փոլ Պիա սկսաւ աշխատիլ Քամերունի առաջին նախագահ Անատու Ահիճոյի գրասենեակին մէջ: Ժամանակի ընթացքին  յաղթահարելով նուիրապետական սանդուխի բոլոր աստիճանները` Պիա ինք ղեկավարեց երկիրը Ահիճոյին պարտադրուած հրաժարականէն ետք: Պետութեան ղեկավարի պաշտօնին ան յաջողած է լուծել Նիկերիոյ հետ գրեթէ յիսնամեայ տարածքային հակամարտութիւնը եւ ատկէ հասնիլ` բնական պաշարներով հարուստ Պաքասի թերակղզիին Քամերունի յանձնուելուն:

Լիբանանի Նախագահ Միշել Աուն

Միշել Նայիմ Աուն ծնած է 1935 թուականին, Պէյրութի Հարըթ Հրէյք արուարձանին մէջ, աղքատ կրօնական ընտանիքի մէջ: 1958-ին աւարտած է զինուորական վարժարանը, 1959-ին` Ֆրանսայի Շալոն սիւր Մարնի զինուորական դպրոցը: 1966 թուականին ուսումը աւարտելէ ետք, ուսանած է Միացեալ Նահանգներու Օքլահոմա նահանգի Ֆորթ Սիլ հրետանային դպրոցին եւ Ֆրանսայի Բարձրագոյն զինուորական դպրոցին մէջ (1978–1980): Կը խօսի` անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ իտալերէն: «Մայրիներու  յեղափոխութենէն» ետք` 2005-ին վերադարձած է Լիբանան: 2005-ի յունիսին խորհրդարանական  ընտրութեան մէջ անոր ստեղծած «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում» համախմբումը  ստացաւ 128 աթոռներէն 21-ը: Աուն դարձաւ խորհրդարանի անդամ: Ան մերժեց մաս կազմել կառավարական համաձայնական դաշինքին եւ մնաց ընդդիմութեան մէջ:

2006-ի փետրուարին ան համաձայնագիր ստորագրեց Ազգային Ազատ հոսանք հայրենասիրական շարժման եւ Հըզպալլայի միջեւ : 31 հոկտեմբեր 2016-ին ան ընտրուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ:

Ճափոնի Կայսր Աքիհիթօ

Ճափոնի կայսր Աքիհիթօ ծնած է 23 դեկտեմբեր 1933-ին: Ներկայիս միակ ղեկավարող կայսրն է աշխարհի մէջ: Ըլլալով թագաժառանգ իշխան` առաջին անգամ շեղած է բազմադարեան աւանդութենէ, ըստ որուն, կայսրերն ու իշխանները պէտք էր ամուսնանային միայն ազնուական կնոջ հետ, եւ 1959-ին ամուսնացած է ալիւր աղացող խոշոր  ընկերութեան մը  նախագահի աղջկան հետ:

1989-ին դարձած է Ճափոնի 125-րդ կայսրը, հօր` Հիրոհիթօ կայսեր մահէն ետք ժառանգելով գահը: Օգոստոս 2016-ին դիմելով ժողովուրդին` կայսրը յայտարարած էր, որ պատկառելի տարիքին պատճառով միապետի պարտականութիւնները կատարելը իրեն համար աւելի դժուար կը դառնայ  (կայսրը անմիջականօրէն չի կրնար յայտնել հեռանալու մասին, քանի որ աւանդաբար չի խառնուիր քաղաքականութեան): Կառավարութեան որոշումվ Աքիհիթօ իր կայսերական լիազօրութիւններէն կը հրաժարի 31 մարտ 2019-ին:

Սէուտական Արաբիոյ Սալման Թագաւորը

Սէուտական Արաբիոյ  թագաւոր Սալման պըն Ապտուլ Ազիզ Ալ Սաուտ (81 տարեկան), երկու սրբութիւններու պահապանն ու Սէուտ գերդաստանի գլխաւորն է: Թագաւոր եւ վարչապետ դարձած է 23 յունուար 2015-ին իր արիւնակից եղբօր` Ապտալլա թագաւորի մահէն ետք:

Սալման Սէուտական Արաբիոյ առաջին թագաւոր Ապտուլ Ազիզ պըն Սէուտի որդին է եւ վեցերորդը` «Սուտայրի եօթնեակէն»: Ան Ֆահտ թագաւորի ամէնէն վստահելի խորհրդատուն էր եւ թագաժառանգ իշխան Սուլթանի ամէնէն մտերիմ եղբայրը: Մինչեւ գահ բարձրանալը եղած է պաշտպանութեան նախարար (2011-2015) եւ Ռիատի նահանգապետ (1963-2011):

Ծնած է 31 դեկտեմբեր 1935–ին` դառնալով պըն Սէուտի 25-րդ որդին: Անոր մայրը Հասա Սուտայրին էր: Սալման մեծցած է Մուրապայի պալատին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ռիատի Արքայական դպրոցին մէջ, որ հիմնադրուած էր պըն Սէուտի կողմէ` իր երեխաներուն համար: Սալման ուսանած է կրօն եւ ժամանակակից գիտութիւն:

Իր եղբօր` թագաժառանգ իշխան Նայեֆ պըն Ապտիւլ Ազիզի մահէն ետք Սալման յունիս 2012-ին Սուէտական Արաբիոյ թագաժառանգ իշխան եւ փոխ վարչապետ նշանակուած է:

Պհումիպոլ Ատուլվատեժ, Թայլանտ

Թայլանտի թագաւորը ամէնէն տարեցներէն չէ, բայց աշխարհի ամէնէն երկար պաշտօնավարող ղեկավարն է: Ան թագադրուած է 1946 թուականին: Lèse–majesté  օրէնքները Թայլանտի մէջ  վտանգաւոր կը դարձնեն ծերացող արքային մասին որեւէ բան գրելը…

Ամէնէն Երկար Իշխած Առաջնորդը

Սոպհուզա Բ. հարաւային  Ափրիկէի Սուազիլենտի թագաւորը եղած է 82 տարի 254 օր. պատմութեան մէջ արձանագրուած ամէնէն երկարատեւ իշխողը (22 յուլիս 1899-21 օգոստոս 1982)` Սոպհուզա ծնած է 22 յուլիս 1899-ին, եւ միայն 4 ամսական էր, երբ  հայրը` Նկուանա Ե. թագաւորը յանկարծամահ եղաւ: Սոպհուզա թագաւոր եղաւ, իսկ մեծ մայրը եւ հօրեղբայրը երկիրը ղեկավարեցին մինչեւ որ ան 21 տարիքը թեւակոխեց: Սոպհուզա գահին վրայ մնաց մինչեւ իր մահը` 1982: Անոր յաջորդեց երիտասարդ տղան` Թֆուալա, որ թագադրուեցաւ 1986-ին:

Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Տէյլի Մէյլ», «ԹԱԱՍ», «Պի. Պի. Սի.»:

Նախորդը

Մայրս Տիեզերք

Յաջորդը

127-ամեայ Երիտասարդը…

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?