Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Ճուլիըն Ասանժը Փնտռուած Մարդ Է

Ապրիլ 19, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ճուլիըն Ասանժ ապաստան խնդրած էր Էքուատորի դեսպանատան մէջ, որպէսզի չարտայանձնուի Շուէտին, եւ ինչպէս ինք կը վախնար` Միացեալ Նահանգներուն:

11 ապրիլին Էքուատոր Ասանժը զրկեց ապաստանէն, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոր ձերբակալութեան եւ դատապարտումին` դատարան չներկայանալուն համար:

Բայց ո՞ վ է Ասանժ եւ ինչ յանցանքո՞վ կը մեղադրուի

Ճուլիըն Ասանժ ծնած է Թաունզվիլ, Աւստրալիոյ մէջ, 1971-ին: Անոր ընտանիքը շրջագայող թատրոն մը ունէր, եւ անոր մանկութիւնը լեցուն էր ցնցումներով: 18 տարեկանին դարձաւ հայր` հետագային զաւկին հոգատարութեան իրաւունքի վէճերուն մէջ խեղդուելով:

Ան համակարգչային հմտութիւններ ցուցաբերեց եւ հազարաւոր աւստրալիական տոլարներու տուգանքի ենթարկուեցաւ` հեքինկ գործունէութեան մեղադրանքով: Ասանժ խուսափեցաւ բանտէն` պայմանով, որ նորէն չխախտէ օրէնքը:

Ան օգնեց գրելու գիրք մը համացանցին մասին, նախքան ուսանիլը բնագիտութիւն եւ թուաբանութիւն Մելպըրն համալսարանին մէջ:

2006-ին Ասանժ համահիմնադիրը դարձաւ «Ուիքիլիքս» կայքէջին, համացանցին մէջ նման միտք ունեցող խումբ մը անձերու հետ:

Ի՞նչ պատահեցաւ «Ուիքիլիքս»-ին

Կայքէջը հրապարակեց հազարաւոր գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ընդգրկէին ամէն ինչ, ներառեալ նիւթեր շարժապատկերի մարզին, ազգային ապահովութեան եւ պատերազմի մասին: Անոր ամէնէն ուշագրաւ հրապարակումը տեղի ունեցաւ 2010-ին, երբ կայքէջը հրապարակեց ամերիկեան զինուորական ուղղաթիռէն նկարուած վիտէօ մը, որ ցոյց կու տայ Պաղտատի մէջ 18 քաղաքացիներու սպանութիւնը:

Նոյն տարուան ընթացքին «Ուիքիլիքս» հրապարակեց հազարաւոր փաստաթուղթեր` երեւան հանուած ամերիկեան բանակի նախկին հետախուզութեան վերլուծաբան Չելսի Մենինկի կողմէ:

Անոնք ցոյց կու տային, որ ինչպէ՛ս ամերիկացի զինունորները սպաննած էին հարիւրաւոր քաղաքացիներ Աֆղանիստան պատերազմին չյայտարարուած դէպքերու ընթացքին:

Իրաքէն ծրարներ ցոյց կու տային, որ թէ 66.000 քաղաքացիներ սպաննուած են, եւ բանտարկեալները կը չարչարուէին իրաքեան ուժերուն կողմէ:

Այդ ժամանակ, ամերիկեան կառավարութիւնը յստակ դարձուց, որ ինք պիտի հետապնդէ Ասանժը այդ գաղտնի փաստաթուղթերու սպրդումին համար:

Ինչպէ՞ս Շուէտը ներգրաւուեցաւ

Շուէտ հրապարակեց միջազգային ձերբակալութեան հրամանագիր Ասանժի դէմ` 2010-ին սեռային ենթադրեալ մեղադրանքներուն համար: Ան ձերբակալուեցաւ Բրիտանիոյ մէջ եւ աւելի ուշ ազատեցաւ այդ մեղադրանքներէն:

Անոր հետեւեցան պնդումներ, որոնք կ՛ըսէին, թէ երբ Ասանժ Սթոքհոլմ գացած էր դասախօսութիւն տալու, ան բռնաբարած էր կին մը եւ սեռային բռնութեան ենթարկած եւ պարտադրած էր ուրիշի մը: Ասանժ ըսաւ, որ երկու դէպքերն ալ փոխադարձ հաւանութեամբ տեղի ունեցած են եւ իրեն դէմ ուղղուած շուէտական ջանքերը զրպարտութեան քարոզարշաւի մաս կը կազմեն:

Ինչո՞ւ ան մտաւ Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատուն

Դատական երկար վէճէ մը ետք «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիրը ապաստան ստացաւ Էքուատորի դեսպանատան մէջ, 2012 թուականին, որպէսզի խուսափի հարցաքննութեան համար Շուէտ տեղափոխուելէ:

Ան յայտնեց, որ կրնայ նաեւ Միացեալ Նահանգներուն արտայանձնուիլ եւ դատի ենթարկուիլ` ամերիկեան գաղտնի փաստաթուղթեր հրապարակած ըլլալուն համար:

Էքուատորեան դեսպանատունը յստակ ընտրանք մըն էր, որովհետեւ երկրին այն օրուան նախագահը` Ռաֆայէլ Քորեա, ուժեղ ջատագով էր «Ուիքիլիքս»-ի:

Շուէտ իրաւաբանները դադրեցուցին բռնաբարութեան հետաքննութիւնը Ասանժի դէմ 2017 թուականին, քանի որ չկրցան պաշտօնապէս իրեն փոխանցել մեղադրանքները` անոր դեսպանատուն գտնուած ժամանակ:

Երկու այլ մեղադրանքները` բռնաբարութեան եւ սեռային պարտադրանքի, դադրեցան 2015 թուականին, քանի որ ժամանակը աւարտած էր:

Բայց նոյնիսկ երբ Շուէտ մեղադրանքները ետ քաշեց, Ասանժ մնաց դեսպանատան մէջ, քանի որ տակաւին կը դիմագրաւէր անգլիական մեղադրանքը` դատարան չներկայանալու համար:

Իշխանութիւնները ի՞նչ կ՛ըսեն

Ասանժի եւ էքուատորեան կառավարութեան միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացան, երբ նախագահ ընտրուեցաւ Լենին Մորենօ, 2017-ին:

Նախքան Ասանժը ապաստանէ զրկելը, Էքուատոր զինք մեղադրեց ոչ պատշաճ վարքագիծի, այլ երկիրներու գործերուն մէջ միջամտութեան եւ լրտեսութեան մէջ:

Վարչապետ Թերեզա Մէյ ողջունեց Ասանժի ձերբակալութիւնը` ըսելով, որ ատիկա ցոյց կու տայ, թէ «ոչ ոք օրէնքէն բարձր է» Անգլիոյ մէջ:

Բայց Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Ճերեմի Քորպին յայտնեց, որ Ասանժ յայտնաբերած էր «Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ վայրագութիւններու փաստը», եւ անոր արտայանձնումը Միացեալ Նահանգներուն պէտք է մերժուի բրիտանական կառավարութեան կողմէ:

Ի՞նչ կ՛ըսեն անոր կողմնակիցները

Ասանժի փաստաբան Ճենիֆըր Ռոպինսըն յայտնեց, որ պիտի պայքարին Միացեալ Նահանգներուն արտայանձնումի պահանջքին դէմ:

Ան նշեց, որ ատիկա «վտանգաւոր նախադէպ» է, ուր ոեւէ լրագրող կրնայ ամերիկեան մեղադրանքներուն դէմ յանդիման գտնուիլ` «հրապարակելով ճշդգրիտ տեղեկութիւններ Միացեալ Նահանգներու մասին»:

Ի՞նչ պիտի պատահի անոր հիմա

Ասանժ կը դիմագրաւէ դատական գործեր երեք երկիրներու մէջ – Բրիտանիա, Շուէտ եւ Միացեալ Նահանգներ:

Բրիտանիոյ Ուեթմինսթըրի դատաւորներու դատարանը զինք մեղաւոր ճանչցաւ դատարան չներկայանալուն համար: Կրնայ մինչեւ 12 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Մինչ շուէտական իշխանութիւնները ըսին, որ իրենք կը մտածեն վերսկսիլ Ասանժի դէմ հետաքննութեան` սեռային բռնութեան ենթադրութիւններուն համար:

Միացեալ Նահանգներ արդէն իսկ մեղադրած է 47-ամեայ Ասանժը` հետախուզութեան համակարգիչները կոտրելուն եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ խնդրայարոյց հետախուզական գործողութիւններ յայտնաբերելուն համար:

Բայց ան յաւելեալ մեղադրանքներ պիտի ստանայ, եթէ արտայանձնուի Միացեալ Նահանգներուն է որոշում մը, որ պիտի տրուի դատախազի մը եւ Բրիտանիոյ ներքին գործոց պետական քարտուղարին կողմէ: Եթէ Շուէտ նոյնպէս արտայանձման պահանջք ներկայացնէ, ներքին գործոց պետական քարտուղարը կ՛որոշէ, ո՛ր պահանջքին նախապատուութիւն տալ:

Ասանժը Էքուատորի Դեսպանատան Մէջ.
Ժամանակացոյց

– Օգոստոս 2010.- Շուէտ դատախազներու գրասենեակը նախ կը հրապարակէ ձերբակալման հրամանագիր` Ասանժի դէմ: Հրամանագիրին մէջ կը նշուին երկու մեղադրանքներ. մէկը  բռնաբարութեան, իսկ միւսը` տառապանք պատճառելու մասին: Ասանժ կ՛ըսէ, որ ամբաստանութիւնները «անհիմն են»:

– Դեկտեմբեր 2010.- Ասանժը կը ձերբակալուի Լոնտոնի մէջ եւ երկրորդ փորձին երաշխաւորագինով ազատ կ՛արձակուի:

– Մայիս 2012.- Բրիտանիոյ գերագոյն ատեանը կը վճռէ, որ ան պէտք է արտայանձնուի Շուէտի, որպէսզի դատուի:

– Յունիս 2012.- Ասանժը կը մտնէ Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատուն:

– Օգոստոս 2012.- Էքուատոր քաղաքական ապաստանեալի իրաւունք կը շնորհէ Ասանժի` ըսելով, թէ վախ կայ, որ անոր մարդկային իրաւունքները կրնան ոտնակոխուիլ, եթէ ան արտայանձնուի:

– Օգոստոս 2015.-  Շուէտ դատախազներ ետ կը քաշեն սեռային տառապանք պատճառելու եւ ապօրինի պարտադրանքի մասին հետաքննութիւնը, որովհետեւ հարցաքննելու ժամանակը անցած է: Բայց անոր դէմ ուղղուած է բռնաբարութեան աւելի լուրջ ամբաստանութիւն մը:

– Հոկտեմբեր 2015.- Լոնտոնի ոստիկանութիւնը կը յայտարարէ, որ Էքուատորի դեսպանատան դուրսը այլեւս ոստիկաններ պիտի չտեղակայուին:

– Փետրուար 2016.- ՄԱԿ-ի ատեան մը կը վճռէ, որ Ասանժը «կամայականօրէն կալանաւորուած է» Բրիտանիոյ եւ Շուէտի իշխանութիւններուն կողմէ,  2010 թուականէն ի վեր:

– Մայիս 2017.- Շուէտի ընդհանուր դատախազը կը յայտարարէ, որ Ասանժի դէմ բռնաբարումի ամբաստանութիւնը ջնջուած է:

– Յուլիս 2018.- Բրիտանիա եւ Էքուատոր կը հաստատեն, որ իրենք կը շարունակեն բանակցութիւնները Ասանժի ճակատագիրին շուրջը:

– Հոկտեմբեր 2018.- Էքուատորի դեսպանատան կողմէ Ասանժին կը տրուի տնային օրէնքներու շարք մը:

– Հոկտեմբեր 2018.- Կը բացայայտուի, որ ան դատ պիտի բանայ Էքուատորի կառավարութեան դէմ` զայն ամբաստանելով իր հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնը ոտնակոխելու համար:

– Դեկտեմբեր 2018.- Ասանժին փաստաբանը կը մերժէ Էքուատորի նախագահին յայտարարած համաձայնութիւնը` էքուատորեան դեսպանատունէն անոր հեռացման մասին:

– Փետրուար 2019.- Աւստրալիա Ասանժին կը շնորհէ նոր անցագիր, երբ կը վախցուի, որ Էքուատոր կրնայ դադրեցնել անոր ապաստանեալի արտօնութիւնը:

– Ապրիլ 2019.- Լոնտոնի ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ Ասանժը` 2012 թուականին հրապարակուած հրամանագիրով մը «դատարանին չյանձնուելուն» համար:

 Ասանժը Օգտագործած Է Էքուատորի
Դեսպանատունը` «Լրտեսելու» Համար

 Կ՛ըսէ Էքուատորի Նախագահը

«Ճուլիըն Ասանժը օգտագործած է էքուատորեան Լոնտոնի դեսպանատունը` իբրեւ «լրտեսութեան վայր», ըսած է նախագահը:

Լենին Մորենօ նաեւ նշեց, որ ոչ մէկ երկիր ազդած է «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիրը ապաստանէ զրկելու որոշումին վրայ. ըստ անոր, պատճառը Ասանժի խախտումներն են:

Նախագահ Մորենօ յայտնեց, որ Էքուատորի նախկին կառավարութիւնը դիւրութիւններ կ՛ընծայէր դեսպանատան մէջ` այլ երկիրներու գործերուն «միջամուխ ըլլալու»:

Ասանժին փաստաբանը նախապէս մեղադրած էր Էքուատորը` «խայտառակ մեղադրանքներուն» համար:

Նախագահ Մորենօ, որ իշխանութիւնը ստանձնեց 2017-ին, Ասանժի` դեսպանատան մէջ 7 տարուան կեցութիւնը աւարտելու վերաբերեալ ըսաւ. «Ապակայունացման որեւէ փորձ դատապարտելի է Էքուատորի համար, քանի որ մենք ինքնիշխան ազգ ենք եւ կը յարգենք իւրաքանչիւր երկրի քաղաքականութիւնը»:

Ան աւելցուց. «Չենք կրնար արտօնել, որ մեր տունը, որ իր դռները բացաւ, լրտեսութեան կեդրոնի վերածուի»:

Նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Ասանժի վատ ֆիզիքական մաքրութեան մասին մեղադրանքներուն, կատարուած` Էքուատորի ներքին գործոց նախարարին կողմէ:

«Կարծեմ առաջին ըսելիքս պիտի ըլլայ, որ Էքուատոր վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին խայտառակ մեղադրանքներ կ՛ընէ արդարացնելու համար անօրինական եւ արտակարգ դէպքը, որ թոյլ տուաւ բրիտանական ոստիկանութեան դեսպանատուն մտնելու», ըսաւ Ասանժին փաստաբանը:

Ան աւելցուց, որ Ասանժը Միացեալ Նահանգներուն արտայանձնման սպառնալիքի վախը փաստուեցաւ, երբ որ մեղադրանքներ ուղղուեցան, թէ ան կը համագործակցի` «կոտրելու» Փենթակոնի գաղտնի համակարգիչ մը:

47-ամեայ Ասանժին կը սպասէ մինչեւ 12 ամսուան բանտարկութիւն, տրուած ըլլալով, որ ան մեղաւոր ճանչցուած է, խախտելէ ետք իր երաշխաւորութեան պայմանները, երբ մտած է էքուատորեան դեսպանատուն, 2012-ին:

Ան այս քայլին դիմեց, երբ կորսնցուց իր պայքարը արտայանձնուելու Շուէտին, ուր կը դիմագրաւէր բռնաբարութեան մեղադրանքեր:

Այժմ կը սպասուի, որ Ասանժը պայքարի Միացեալ Նահանգներու արտայանձնումին դէմ, քանի որ գործակցած է ամերիկեան բանակի նախկին հետախուզական վերլուծաբան Չելսի Մանինկի հետ` «կոտրելով» պետական գաղտնի համակարգիչ մը:

Ճուլիըն Ասանժին Ձերբակալութիւնը Ի՞նչ Կը Նշանակէ
«Ուիքիլիքս»-ին Եւ Ամերիկեան Ընտրութիւններու Համար

Ի՞նչ կը նշանակէ Ասանժին ձերբակալութիւնը «Ուիքիլիքս»-ի այն դերին համար, որ ան կրնայ խաղալ Միացեալ Նահանգներու ապագայ ընտրութիւններուն միջամուխ ըլլալու վերաբերեալ:

Ազգային ապահովութեան պաշտօնատարները վստահ են, որ արտաքին գործունէութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 2020, բայց ոչ ոք գիտէ, թէ որքա՛ն հարազատ պիտի թուի, որքա՛ն պիտի զարգանայ, կամ «Ուիքիլիքս»-ը առանց Ասանժի կրնա՞յ նոյնանման դեր մը խաղալ:

Պատասխանը, ըստ համացանցի հետեւող մասնագէտներու, հաւանաբար այո է… բայց…

«Ուիքիլիքս» վստահելիութեան համբաւ ունի», ըսաւ Ճէյք Ուիլիամս, Ռենտիշըն ինֆոսէք համացանցային անվտանգութեան  ընկերութեան հիմնադիրը: «Անոնք նաեւ ունին համբաւը` ըլլալու Ռուսիոյ կառավարութեան բանբերը»:

Ըստ անոր, «Ուիքիլիքս» աւելի մեծ է, քան Ասանժը, ունենալով անձնակազմի աւելի քան 100  անդամներ ամբողջ աշխարհի մէջ: Բայց ան ամէնէն համբաւաւոր անդամը եւ հանրային դէմքն է, եւ ան առայժմ  մէկ կողմ դրուած է:

Ասանժը ամբաստանուած է Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան նախկին վերլուծաբան Չելսի Մանինկին օգնելու համար, որպէսզի ան մուտք գործէ Միացեալ Նահանգներու պետական համակարգչային դրութիւն եւ ներբեռնէ գաղտնի նիւթեր:

Ասանժը պէտք է Բրիտանիայէն արտայանձնուի Միացեալ Նահանգներուն, որպէսզի դատավարութիւն տեղի ունենայ Չելսի Մանինկի հետ մեղսակցելուն համար: Այդ հոլովոյթը, եւ ապա` վերջնական դատը, կրնան տեւել ամիսներ ու տարիներ, որոնց ընթացքին ան բացակայ պիտի ըլլայ իր կառուցած կայքէջի աշխատանքէն:

Պարպարա Սթրէյսընթի ազդեցութիւնը

«Նոյնիսկ այդ պարագային, Ասանժին ձերբակալութիւնը կազմակերպութեան վրայ ուշադրութեան աստիճանը կը վերանորոգէ, փոխանակ միայն իր վրայ կեդրոնանալու` կրնայ աւելի համբաւաւոր դարձնել կազմակերպութիւնը», կ՛ըսեն մասնագէտներ` ատիկա նմանցնելով Պարպարա Սթրէյսընթին, որ ծովեզերեայ իր դղեակին վրայ յաւելեալ ուշադրութիւն կեդրոնացնել տուաւ` փորձելով ջնջել անոր նկարները:

Ասանժը ձերբակալելը յաւելեալ ուշադրութիւն կեդրոնացուց «Ուիքիլիքս»-ի վրայ: Զայն դաշտէն հանելը պատճառ դարձաւ, որ շատ աւելի մարդիկ գիտնան «Ուիքիլիքս»-ի մասին, քան` անցեալին:

Աւելի՛ն. աւելի մարդիկ գիտցան, որ «Ուիքիլիքս» ծառայած է 2016-ին իբրեւ ռուսական ռազմական հետախուզութեան գործակալութեան ցանկապատ: Գործակալութիւնը օգտագործեց կիպեր յարձակումներ` գողնալու համար ամերիկացիներէն տեղեկութիւններ, ինչ որ յետոյ տուաւ «Ուիքիլիքս»-ին, որպէսզի հրապարակէ, նկատի ունենալով անոր համբաւը` իբրեւ գաղտնիքներու անկախ իրաւարար:

Ամերիկեան հետախուզական պաշտօնատարները յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն վրայ ազդելու ճիգերը չեն դադրած:

«Մենք կը տեսնենք, որ արտաքին դերակատարներ 2020 թուականի ամերիկեան ընտրութիւնները պիտի տեսնեն իբրեւ առիթ մը` իրենց շահերը յառաջ մղելու», Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Տեն Քոթսը այս տարի  յայտնեց ծերակոյտի յանձնախումբի մը: Ան աւելցուց. «Մենք կը սպասենք, որ անոնք բարելաւեն իրենց կարողութիւնները եւ աւելցնեն նոր միջոցներ, որովհետեւ անոնք կը սորվին իրարու փորձառութիւններէն եւ ճիգերէն»:

«Ուիքիլիքս» շատոնց կը դիտուի իբրեւ ոսկի չափանիշ` հրապարակելու գաղտնի տեղեկութիւններ: Կայքէջը կառուցած է լայն կարելիութիւններ, գործակցած է բազմաթիւ աւանդական լրատուամիջոցներու հետ եւ, ընդհանրապէս` մեծ ճիգ թափած է պահելու համար աղբիւրները», ըսած է Ուիլիըմզ:

«Կազմակերպութիւնը կրնայ նաեւ շահագործել Ասանժին ձերբակալութիւնը` իբրեւ դրամ հաւաքելու ձեւ մը», ըսաւ Տէյվիտ Ֆիտլըր` արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի կիպերանվտանգութեան  մասնագէտ մը:

«Անոնք, որոնք կը զօրակցին «Ուիքիլիքս»-ի անցեալի ըրածներուն, այս ձերբակալութիւնը պիտի առնեն իբրեւ պայքարի ձեւ մը, որ պիտի բարձրացնէ Ասանժին եւ մնացեալ հիմնադիրներուն առաքելութեան արժէքը», ըսաւ Ֆիտլըրը: «Կրնամ ենթադրել, որ անոնք Ասանժը պիտի օգտագործեն իբրեւ ազդանշան տուողը կամ զոհի կերպար մը, որպէսզի աւելցնեն իրենց ըրածին աստիճանը»:

«Ուիքիլիքս» տակաւին կը պահպանէ բարի կամքի բազմաթիւ դրսեւորումներ` ամբողջ աշխարհին մէջ, հիմնուելով այդ փաստաթուղթերէն ստացուող բացայայտումներու վրայ, որոնք ապագային կրնան խթանել գործընկեր ճամբորդներ դէպի այդ նոյն տեսակի բացայայտումները:

Սակայն նկատի առնելով «Ուիքիլիքս»-ի իրական կամ ենթադրեալ կապերը Ռուսիոյ կառավարութեան հետ` Ֆիտերը եւ Ուիլիըմզը կը նշեն, որ եթէ հակառակորդը կ՛ուզէ տեղեկատուութիւնը տարածել Միացեալ Նահանգներու մասին եւ ատիկա առաջնորդել դէպի յաջորդ ընտրութիւնները, կրնայ «Ուիքիլիքս»-էն տարբեր ուղի օգտագործել:

«Ատիկա կրնայ նշանակել նոր միջոց մը ստեղծել, ինչպէս ռուսական գործակալները փորձած են ընել DCLeaks կայքին հետ, կամ` օգտագործել ընկերային ցանցեր եւ այլ կայքէջներ:

«Ես հաւանաբար պիտի խուսափիմ «Ուիքիլիքս»-էն եւ հաւանաբար գործածեմ տեղեկութիւններու տարածման այլ միջոց մը», ըսաւ Ուիլիըմզը: «Ի՞նչ է ատիկա, տակաւին որոշուած չէ»:

Օգտագործուած աղբիւրներ`
Npr.org
bbc

Նախորդը

Անաթոլ Ֆրանս (1844-1924) Հայասիրական Շարժումի Յառաջապահն Ու Հայ Դատի Անկաշառ Իրաւապաշտպանը

Յաջորդը

Արեւմտահայերէնի Անվտանգութեան Երաշխաւորը

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?