Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի Կայսերապաշտութիւնը Մինչեւ Ո՞ւր

Մարտ 29, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՔՄԷՐԵԱՆ

Կիրակի, 31 մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընկերութիւն: Արդէն իսկ քաղաքական բաւական տաք մթնոլորտի մէջ նախագահ Ռ.Թ.Էրտողան նախընտրական քարոզարշաւներն ու հարցազրոյցները առաւելագոյն հմտութեամբ կ՛օգտագործէ իր կուսակցութեան թեկնածուներուն ի նպաստ գետին ստեղծելու համար: Եկեղեցիները մզկիթի վերածելու թրքական քաղաքականութիւնը անշուշտ նորութիւն չէ, իսկ Ս.Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու ցանկութեան մասին խօսելով` Էրտողան նոր երգ չ՛երգեր, այլ հինը կը կրկնէ:

«Հիւրրիեթ» եւ «Էրմենիհապեր» կայքերը այս մասին յօդուածներ հրապարակած են:

Ն.     

Այա Սոֆիայի թանգարանի կարգավիճակը կը փոխենք, անունը Այա Սոֆիայի մզկիթ կը դնենք».Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իրենք կը փոխեն Պոլսոյ մէջ  գտնուող բիւզանդական Սուրբ Սոֆիա (Այա Սոֆիա) քրիստոնէական տաճարին կարգավիճակը` թանգարանէն վերածելով մզկիթի:

Էրտողանը այս մասին յայտարարեց` պատասխանելով լրագրողի մը  այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք այժմ թանգարանի կարգավիճակ ունեցող Այա Սոֆիայի մուտքը քաղաքացիներու համար կրնայ անվճար դառնալ:

«Կարելի է: Անկարելի ոչինչ կայ, շատ լաւ ալ կրնայ ըլլալ: Աւելի՛ն. մենք այս խնդիրով կրնանք  այնպէս զբաղիլ, որ ատոր անունը արդէն ոչ թէ թանգարան ըլլայ, այլ` մզկիթ: Երբ զբօսաշրջիկները կ՛այցելեն Սուլթանահմեթ մզկիթ, որեւէ վճարում կ՛ընե՞ն: Ո՛չ: Կ՛այցելեն Սուլթանահմեթ, Սիւլէյմանիյէ, Ֆաթիհ մզկիթներ: Նոյն բանը Այա Սոֆիայի պարագային կ՛ընենք` թանգարանի կարգավիճակէն դուրս կը բերենք: Արդէն աւելի ուշ ժամանակաշրջանի մէջ, 1935թուականին, այդ կարգավիճակը տրուած է: Այդ ալ ԺՀԿ-ական (Աթաթիւրքի հիմնադրած Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւն) մտածողութեամբ առնուած քայլ մըն է: ԺՀԿ-ական մտածողութեամբ տրուած այդ որոշումը մենք կը փոխենք», ըսաւ Էրտողան:

Ան նոյնպէս աւելցուցած է, որ այդ փոփոխութիւնը կրնայ տեղի ունենալ Թուրքիոյ մէջ 31 մարտին սպասուող տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութենէն ետք:

Սուրբ Սոֆիա տաճարը կառուցուած է 537 թուականին եւ  յայտնի է յատկապէս իր իւրայատուկ գմբէթով: Այս տաճարը աշխարհի ամէնէն մեծ կառոյցներէն եղած է  եւ կը նկատուի  ճարտարապետութեան գլուխգործոց:

Սուրբ Սոֆիա տաճարը միաժամանակ կը նկատուի բիւզանդական ճարտարապետութեան մարմնաւորում:

Տաճարը իր ստեղծման օրէն` 537-էն մինչեւ 1453 թուականը եղած է Արեւելեան ուղղափառ տաճար եւ հանդիսացած է Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքի նստավայրը: Միայն 1204-1261 թուականներու ընթացքին տաճարը խաչակիրներու կողմէ վերածուած է կաթոլիկ տաճարի, որ այդ օրերուն կը գտնուէր լատինական կայսրութեան տիրապետութեան տակ: 1453 թուականի 29 մայիսին Սուրբ Սոֆիա տաճարը վերածուած է օսմանեան մզկիթի. այս կարգավիճակին մէջ տաճարը մնացած է մինչեւ 1931 թուականը: Այնուհետեւ ատիկա աշխարհիկ դարձուցած են եւ 1935 թուականի 1 փետրուարին դարձած է բաց թանգարան:

Շուրջ հազար տարի Սուրբ Սոֆիա տաճարը նկատուած է աշխարհի ամենամեծ տաճարը, մինչեւ որ 1520 թուականին կառուցուած է Սեւիլիոյ տաճարը:

Սուրբ Սոֆիա տաճարը կառուցուած է յոյն ճարտարապետներ Իսիտոր Միլետացիի եւ Անթեմիուս Թրալացիի կողմէ:

Սոֆիա բառը յունարէն իմաստութիւն բառին լատիներէն հնչիւնական տառադարձումն է: Յունարէն ամբողջական անուն է, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ սուրբ իմաստութեան տաճար»:

1453 թուականին Մեհմեթ Նուաճողը (Ֆաթիհ) գրաւած է Կոստանդնուպոլիսը եւ միացուցած` Օսմանեան կայսրութեան: Ան հրամայած է Սուրբ Սոֆիա տաճարը վերածել մզկիթի: Հակառակ անոր որ  քաղաքի բազմաթիւ շրջաններ կարճ ժամանակի մէջ վնասուած եւ աւերուած են, տաճարը պահպանելու համար անընդհատ գումար յատկացուած է:

Տաճարը իր իւրարայատուկ տեսքով շատ ուժեղ տպաւորութիւն ձգած է օսմանեան ղեկավարներու վրայ, ուրեմն անոնք որոշած են ատիկա մզկիթի վերածել:

Զանգերը, խորանը եւ այլ մասունքներ ոչնչացուած են: Յիսուսը, Մարիամը, քրիստոնեայ սուրբերը եւ հրեշտակները պատկերող խճանկարները նոյն ճակատագիրին արժանացած են, ապա ծեփով ծածկուած են:

Իսլամական կրօնին յատուկ տարրեր աւելցուած են տաճարին` միհրապ (որմնախորշ, որ ցոյց կու  տայ Մեքքայի ուղղութիւնը), մինպար (ամպիոն, որուն վրայէն  իմամը քարոզ կը կարդայ) եւ 4 մինարէ:

Մինչեւ 1931 թուականը Սուրբ Սոֆիա տաճարը եղած է մզկիթ, ատկէ ետք փակ մնացած է չորս տարի:

Տաճարը վերաբացուած է 1935 թուականին որպէս թանգարան` արդէն ժամանակակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ:

Մինչեւ սուլթան Ահմեթ մզկիթի կառուցումը 1616 թուականին,  Սուրբ Սոֆիա տաճարը, որ այդ ժամանակ մզկիթ էր, եղած է Պոլսոյ գլխաւոր եւ հիմնական մզկիթը:

Սուրբ Սոֆիա տաճարը արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութան ցանկին մէջ:

Ինչո՞ւ Էրտողան Կ՛ուզէ
Սուրբ Սոֆիան Մզկիթի Վերածել

Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողան 31մարտին կայանալիք տեղական ինքնակառարվարման ընտրութեան ընդառաջ բաւական վիճայարոյց յայտարարութիւն մը ըրաւ:

Թրքական պատկերասփիւռի կայաններուն մէկուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին Էրտողան նշեց, որ ընտրութենէն ետք  կրնան Սուրբ Սոֆիա (Այա Սոֆիա) տաճարի թանգարանի կարգավիճակը փոխել` դարձնելով մզկիթ:

Թուրքիոյ նախագահին այս յայտարարութեան պատճառները  աւելի լաւ հասկնալու համար խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւնը պէտք է դիտարկել քանի մը տեսանկիւնէ:

Առաջինը այն է, որ Թուրքիոյ նախագահը այդպիսի յայտարարութիւն ըրած է այդ երկրին մէջ տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութենէն շաբաթ մը  առաջ: Այս յայտարարութեամբ իսլամական Էրտողան կրնայ իր կուսակցութեան թեկնածուներուն համար,  յատկապէս` Պոլսոյ մէջ, լրացուցիչ քուէներ ապահովել կրօնական, իսլամական, նաեւ ազգայնամոլական շրջանակներէ: Պատահական չէ, որ Էրտողան նշած է, թէ այդ փոփոխութիւնը կրնայ տեղի ունենալ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու  ընտրութենէն ետք, ընտրութիւն մը, որ Թուրքիոյ մէջ նոյնքան լարուած եւ նոյնքան քաղաքականացած է, որքան` խորհրդարանականը: Իսկ այս ընտրութեան մէջ երկրի ամէնէն մեծ քաղաքին` Պոլսոյ մէջ,  Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քաղաքապետի թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմի եւ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուի` Էքրեմ Իմամօղլուի հնարաւորութիւնները գրեթէ հաւասար կը նկատուին:

Միւս կողմէ` ասիկա պէտք է դիտարկել Օսմանեան կայսրութեան նկատմամբ Էրտողանի ունեցած անթաքոյց հիացմունքի ծիրին մէջ: Յայտնի է, որ երբ օսմանեան սուլթան Մեհմեթ Նուաճողը (Ֆաթիհ) 1453 թուականին գրաւեց Կոստանդնուպոլիսը, այնքան տպաւորուած էր 9 դար առաջ կառուցուած աշխարհի ամէնէն մեծ քրիստոնէական տաճարով, որ հրամայեց ատիկա դարձնել մզկիթ: Եւ 9 դար Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքի նստավայրը հանդիսացած տաճարը այս անգամ ալ աւելի քան մէկուկէս դար ծառայեց որպէս Պոլսոյ գլխաւոր մզկիթ, մինչ կը կառուցուէր Սուլթանահմեթ մզկիթը:

Օսմանեան կայսերական անցեալի, խորհրդանիշներու, նոյնիսկ բառապաշարի նկատմամբ իւրայատուկ վերաբերմունք ունեցող Էրտողանին կողմէ որեւէ յարմար պահու նման քայլի դիմելը կրնայ տեղաւորուիլ կայսրութեան նկատմամբ անոր ունեցած կարօտախտի դրսեւորումներու ծիրին մէջ:

Օսմանեան անցեալի նկատմամբ Էրտողանի ունեցած կարօտախտին կ՛ածանցուի յաջորդ երեւոյթը` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուստաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի նկատմամբ Էրտողանի ունեցած վերաբերմունքը: Թուրքիոյ  նախագահը քանի մը անգամ յայտարարած է, որ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը շատ աւելի փոքր տարածքի մէջ է պարփակուած` անուղղակի մեղադրելով քեմալականները Լոզանի պայմանագրի, Էրտողանի բնորոշումով, ոչ թրքանպաստ դրոյթները ընդունելու մէջ:

Վերջին տարիներուն Էրտողան անընդհատ կը խօսի իր առաջնորդութեամբ  «Նոր Թուրքիա» կառուցելու մասին, որուն  հիմնադրման մասին ան կը պատրաստուի  յայտարարել 2023-ին` Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին:

2023-ին ընդառաջ զանազան շատ մեծ նախագիծներ իրականացնող (աշխարհի ամէնէն մեծ  օդակայան, ամէնէն մեծ նախագահական պալատ, Վոսփորի նեղուցին այլընտրանքային նեղուցի կառուցում եւ այլն) եւ դրացի  երկիրներու տարածքներ ուժեր տեղակայող Էրտողան կարծես հեռակայ մրցակցութեան մէջ ըլլայ Աթաթիւրքին հետ:

1935-ին, Աթաթիւրքի նախաձեռնութեամբ, թանգարանի վերափոխուած Այա Սոֆիայի տաճարը կրկին մզկիթ դարձնելը կարելի է նոյնպէս տեղաւորել այս մրցակցութեան ծիրին մէջ:

Էրտողան անշուշտ ամենեւին ոչ պատահականօրէն շեշտած է, որ Աթաթիւրքի հիմնադրած Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ) միտքը եղած է Այա Սոֆիան դարձնել թանգարան, եւ հիմա իրենք կ՛ուղղեն ԺՀԿ-ականներու այդ քայլը: Այս եւ այլ քայլերով Էրտողան կը փորձէ կասկածի տակ դնել հանրապետութեան հիմնադիր Աթաթիւրքի գործունէութեան անքննելիութիւնը` փորձելով խարխլել Աթաթիւրքի անձի պաշտամունքի սիւները թրքական հասարակութեան մէջ:

Պէտք է նշել, որ Էրտողանին համար կրնայ պարարտ հող ըլլալ այն, որ տարիներ շարունակ Թուրքիոյ հասարակութեան զգալի հատուածի, յատկապէս կրօնամէտ/իսլամական շրջանակներու  կողմէ յաճախակի պահանջներ կ՛ըլլան Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու վերաբերեալ: Զանազան կազմակերպութիւններ եւ խումբեր կամ անհատներ բազմիցս փորձած են նամազ ընել տաճարին մէջ:

Եւ վերջապէս, նուազ կարեւոր չէ նոյնպէս Էրտողանի ձգտումը Թուրքիան դարձնել իսլամական կամ առնուազն սիւննիական աշխարհի առաջնորդող պետութիւնը, ինչպիսին եղած է Օսմանեան կայսրութիւնը: Այստեղ եւս կրնայ խորհրդանշական ըլլալ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելու նախաձեռնութիւնը:

Տրդատ Ճարտարապետի
Միջամտութիւն

Հայոց պատմիչներէն Ստեփանոս Ասողիկ կը  յայտնէ, որ յոյն հմուտ ճարտարապետները շատ կը հոգային վերակառուցման համար, բայց յստակ լուծումներ չէին կրնար առաջարկել: Ուրեմն  հրաւէր կ՛ուղարկուի այդ ժամանակաշրջանին մեծ համբաւ վայելող Տրդատ ճարտարապետին, խնդրելով վերակառուցել Սուրբ Սոֆիայի տաճարին գմբէթը: Տրդատ կը մեկնի Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կ. Պոլիս եւ կ՛ուսումնասիրէ տաճարին վիճակը: Կառուցման աշխատանքները կարգաւորելու համար ան նախապէս կը պատրաստէ եկեղեցւոյ բնօրինակը, որուն վրայ նախ կը լուծէ ճարտարապետական խնդիրները: Այնուհետեւ Տրդատ բարձր փայտամածներ կը կանգնեցէ մինչեւ գմբէթ` այդ լուծումները տաճարին վրայ կիրարկելու համար: Տեղեկութիւններ պահպանուած են, որ այդ փայտամածներուն համար արքունի գանձարանը ծախսած է 1000 ոսկի լիվեր: Հնարաւոր է, որ գմբէթէն բացի` Տրդատ վերակառուցման այլ աշխատանքներ ալ կատարած է, քանի որ, ինչպէս յայտնի է, կառոյցը վերէն վար ճեղք ունեցած էր: Տրդատը գերազանցապէս կատարեց տրուած յանձնառարութիւնը` ցուցադրելով իր փայլուն վարպետութիւնը, որուն մասին կը վկայեն յուշարձանի ոչ միայն ներկայ վիճակը, այլեւ` Ասողիկի վկայութիւնը այն մասին, որ տաճարը վերակառուցումէն ետք աւելի վայելչագեղ տեսք ստացաւ, քան առաջ էր: Կառուցումէն ի վեր, իր բազմաթիւ փլուզումներէ ետք  Տրդատ ճարտարապետի վերակառուցածը ամուր մնաց մինչեւ մեր օրերը, աւելի քան` 1000 տարի:

Նախորդը

Բանաստեղծութիւններ

Յաջորդը

Գրող, Ընթերցող, Գրախօսող, Գրականութիւն, Ազգ Եւ Մենք

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?