Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այստե՞ղ Է Գրաւոր Սպաներէնի Ծննդավայրը

Յունիս 21, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աւելի քան 1000 տարի առաջ Սպանիոյ Լա Ռիոխա շրջանին մէջ վանականներ նոթեր արձանագրած են լատինական գրութիւններու լուսանցքներուն վրայ: Լեզուաբաններ կը հաւատան, որ ասոնք գրաւոր սպաներէնի ծնունդի առաջին քայլերն են:

Սան Միլան տէ լա Քոկոլլա փոքր գիւղին մօտակայ բլուրին վրայ կը գտնուի Սուսօ վանքը: Ճգնաւոր Սուրբ Միլան վանականին կողմէ վեցերորդ դարուն հիմնադրուած վանքը կարծես թէ կը զգայ, որ այլ ժամանակի եւ այլ վայրի կը պատկանի: Այս առանձնացած կէտէն, որ շրջապատուած է անտառներով, կարելի է տեսնել Քարտենաս հովիտը եւ հեռուն` Սան Լոնենզօ լերան գագաթը:

Վանքին մօտ զանգակածաղիկներ կը զարդարեն մուտքերը  սարալանջի քարայրներու, ուր վանականներ ապրած են Սուսոյի կառուցումէն շատ առաջ:

Ասիկա Սպանիոյ Լա Ռիոխա շրջանն է, երկրին այն  վայրը, ուր բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կու գան հռչակաւոր խաղողի այգիներուն համար եւ` Քամինօ տը Սանթիակօ ուխտավայրը երթալու:

Հետաքրքրական է գիտնալը, թէ շրջանը ինչպէ՛ս կազմաւորեց ուղին, որով աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ իրարու հետ կը հաղորդակցին:

Այս վայրին մէջ կը զգաս պատերուն խոր արձագանգը` լեզուական պատմութեան

Երբ կը քալես վանքին ցուրտ ու մութ միջանցքներուն մէջ, կը զգաս պատերուն խոր արձագանգը` լեզուական պատմութեան:

Լռութեան մէջ կեցած` դիւրին է պատկերացնել լատինական ձեռագիրներու վրայ հակած վանականները, որոնք աւելի քան 1000 տարի առաջ տեղական լեզուով արձանագրութիւններ կ՛ընեն մագաղաթներու լուսանցքներուն մէջ:

Այդ լեզուն այժմ մենք սպաներէն կ՛անուանենք:

Լա Ռիոխայի մէջ Սուսօ վանքը, ըստ լեզուաբաններու, գրաւոր սպաներէնի ծննդավայրն է:

Պաշտօնական լեզուն 20 երկիրներու մէջ եւ մայրենին` աշխարհի մէջ 480 միլիոն մարդոց, սպաներէնը երկրորդ ամէնէն շատ խօսուող բնիկ լեզուն է մոլորակին վրայ, չինարէն մանտարինէն ետք, ըստ սպաներէնի «Սերվանթես» հիմնարկին:

Սան Միլան տէ լա Քոկոլլայի մէջ կը լսէք բնիկներու բերնէն արագ յաջորդականութեամբ հոսող բառերը( երբ անոնք կը խօսին եղանակին, լուրերու եւ ընտանիքներու հարցերու մասին), այնպէս, կարծես այս բարդ լեզուն միշտ գոյութիւն ունեցած է:

Մատրիտի Ալքալա համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Ճայրօ Սանչես սպաներէնի արմատները, ծագումը կը գտնէ գռեհիկ լատիներէնի մէջ:

– «Գռեհիկ»-ը, այսինքն` ընդհանրացած, խօսակցական լեզուն, եւ ոչ գրաւոր, գրական, դասական լատիներէնը»,- կը բացատրէ ան:

Լատիներէնը իպերեան թերակղզի (Սպանիա, Փորթուգալ) եկած է հռոմէացիներու միջոցով, փիւնիկեան երկրորդ պատերազմի ատեն, Քրիստոսէ առաջ Գ. դարուն, երբ սկսաւ կազմութիւնը իպերա-ռոմանական լեզուին, որ զարգացաւ իպերեան թերակղզիին վրայ:

Այս եղափոխական հոլովոյթը տեղի ունեցաւ, երբ բնիկները որդեգրեցին լատիներէնը եւ զայն միաձուլեցին իրենց տեղական լեզուին. ձայնաբանութիւն, հնչիւնաբանութիւն, բառապաշար:

Մինչ չկայ յստակ պահ մը, որուն մէջ լատիներէնը կը մեռնի, եւ սպաներէնը կը ծնի: Ըստ Սանչեսի, ծննդավայր մը, սկիզբ մը կարելի է նկատել ամէնէն հին գրաւոր կասթելլանօ-ն կամ կասթիլլան-ը, սպաներէնի կազմաւորումը իպերեան թերակղզիէն:

Սուսոյի վանականներու ամէնէն հռչակաւոր նոթերը հրատարակուած են «Լաս Կլոսաս Էմիլիանենսես» ծաղկաքաղին մէջ

Սպաներէնի ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոնի մասնագէտ Քլոտիօ Կարսիա Թուրզա աւելի քան 40 տարիներ յատկացուցած է` ուսումնասիրելու եւ դասաւանդելու սպաներէն Լա Ռիոխա համալսարանին մէջ:

Ան յաճախ կ՛այցելէ հսկայ Եուսօ` Սուսոյի աւելի մեծ եւ վիթխարի քոյր վանքը, բլուրի ստորոտին: Երկու վանքերն ալ 1997 թուականէն  կը գտնուին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ:

Կարսիա Թուրզա կը բացատրէ. «Ժ. դարուն վանքին վանականներէն մէկը սկսած է քարոզներ եւ աղօթքներ (բոլորն ալ գրուած եւ արտասանուած` լատիներէն, որ այն ժամանակ արդէն անհասկնալի էր) թարգմանել տեղական իպերա-ռոմանական բարբառի, որպէսզի միւս վանականները հասկնան: Ան նոթեր ձգած է բնագիրներու լուսանցքներուն վրայ: Այս թարգմանական նոթերը, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորները հրատարակուած են «Լաս Կլոսաս Էմիլիանենսես» ծաղկաքաղին մէջ,  լեզուի ամէնէն առաջին քայլերն են դէպի էջերը»:

«Այդ նոթերը  կը ներկայացնեն նշոյլ մը, թէ լեզուն այնքան դարեր առաջ ինչպէ՛ս խօսուած է, ժամանակի մը մէջ, երբ ժողովուրդին մեծ մասը անգրագէտ էր»:

«Լաս Կլոսաս Էմիլիանենսես»-ի կրկնօրինակը կը ցուցադրուի Եուսօ վանքին մէջ

Սուսօ վանքին դերակատարութիւնը սպաներէնի զարգացման մէջ հոս չ՛աւարտիր:

Քանի մը դար ետք, բանաստեղծ Կոնզալօ տը Պերսէօ բնակեցաւ վանքին մէջ, ուր գրեց քերթուածներ, որոնք ներառեցին նախապէս չտեսնուած եզրեր: Ճանչցուած իբրեւ սպաներէնի առաջին բանաստեղծ` տը Պերսէօ իր կեանքի ընթացքին  ընդարձակեց սպաներէնի բառապաշարը աւելի քան 2000 բառերով:

Սուսօ եւ Եուսօ վանքերը տարեկան 100 հազար այցելուներ կ՛ունենան: Ութ վանականներ տակաւին կը բնակին Եուսոյի մէկ թեւին մէջ եւ այցելուներուն բացատրութիւններ կու տան վանքի պարոք ճարտարապետութեան մասին: Երբ կը շրջագայիք խաղաղ համալիրին մէջ, բարձրադիր դարակներու վրայ կը նշմարէք  հսկայ ցուլի մորթէ պատրաստուած երգչախումբի գիրքեր, իւրաքանչիւրը` 20-60 քկ ծանրութեամբ:

Վանքին այլ գանձերէն մէկը, թէեւ այցելուներուն հազուադէպ կը ցուցադրուի, գրադարանն է, որ ունի 11-18-րդ դարերու աւելի քան 10 հազար գիրքեր, ներառեալ` գիրք մը, ուր շրջանին անունը Ռիոխա(տեղւոյն Ռիօ Օխա գետի անունէն),  վաւերագրուած է առաջին անգամ:

Եուսօ վանքին մէջ նոյնպէս կը ցուցադրուի  կրկնանկարը «Լաս Կլոսաս Էմիլիանենսես»¬ին( թարգմանութիւններուն նախատիպը այժմ կը գտնուի Պատմութեան Արքայական տաճարին մէջ, Մատրիտ):

Եուսօ վանքը այսօր ունի 10 հազար գիրք` 11-18-րդ դարերէն

Իպերա-ռոմանական լեզուի գրաւոր այլ առաջին օրինակներ, ներառեալ` «Քարթուկարիոս տը Վալփուեսթան»` իպերա-ռոմանական բառեր պարունակող միջնադարեան փաստաթուղթերը, գտնուած են Սանթա Մարիա տը Վալփուեսթա վանքին մէջ, դրացի Պուրկոս նահանգին մէջ:

Մասնագէտներ կը հաստատեն, որ բոլոր հին գրութիւնները արժէքաւոր են` ցոյց տալու համար իպերա-ռոմանական լեզուի եղափոխութեան պատմութիւնը:

Ըստ լեզուաբաններու, դժուար է ըսել, թէ ո՛ր գրութիւնը առաջինը գրուած է ռոմաներէն, որովհետեւ ատիկա կախեալ է այն չափանիշներէն, որոնք կը գործածուին սահմանելու համար, թէ ինչ բան է գրաւոր ռոմաներէնը:

Ատիկա բառերու տուն է, բայց նախ եւ առաջ բանասիրութեան տուն է 

Կասկած չկայ, որ Սուսօ վանքը կենսական դերակատարութիւն ունեցած է սպաներէնի զարգացման մէջ: Կարսիա Թուրզա ատիկա անուանած է «բառերու տուն, բայց նախ եւ առաջ` բանասիրութեան տուն»:

Ըստ անոր, վանականներու նոթերէն ամէնէն երկարը կը կոչուի «Քլոզա 89», որ իպրա-ռոմաներէն առաջին համապարփակ գրութիւնն է, ուր «բառերու յաջորդականութիւն մը…իրարու հիւսուած է, յարաբերակցուած, հաղորդելու համար պատգամ մը»:

Ատիկա աւելի բազմազանութեան օրինակ եղող առաջին ամբողջական գրութիւնն է, ուր լեզուաբանական մակարդակները արտայայտուած են ոչ միայն բառերով, այլեւ` քերականութեամբ եւ շարահիւսութեամբ:

Կարսիա Թուրզա կ՛ըսէ.« Եթէ Սուսօ վանքին վանականները իպերա-ռոմաներէնի ձայները էջին վրայ արձանագրող առաջին անձերն էին,  անոնք նոյնպէս պատասխանատու են սպաներէնի գիրերու ստեղծումին»:

Ուրեմն հասկնալի է, թէ 20-րդ դարու աշխարահռչակ սպանացի բանաստեղծ եւ բանասէր Տամասօ Ալոնսօ, «Քլոսա 89»-ը ինչո՛ւ անուանած է   «el primer vagido de nuestra lengua», կամ «մեր լեզուին առաջին ճիչը»:

Իսկ մինչ «Սերվանթես» հաստատութիւնը կ՛ենթադրէ, որ 2050 թուականին 756 միլիոն սպանախօսներ պիտի ըլլան, մէկ բան վստահօրէն կարելի է ըսել. մենք տակաւին շատ հեռու ենք  վերջին խօսքը լսելէ:

Օգտագործուած աղբիւր՝
«ԹՐԱՒԸԼ»

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սխալներէն Սորվիլ

Յաջորդը

Լեւոն Զաքի. «Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Սուրիայէն Եւ Արեւելքէն Քրիստոնեաներու Գաղթէն Միակ Օգտուողներն Են»

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?